ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Թ.

ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35):

Մեկնութիւն. երկու պատճառով կը հարցնէ. նախ՝ որպէսզի փնտռելու պատճառ տայ, թէ ո՞վ է Աստուծոյ Որդին: Երկրորդ՝ որպէսզի ըսած խօսքերով վկայէ, ինչպէս նոր մկրտուածին կը հարցնենք, թէ՝ կը հաւատա՞ս Քրիստոսին: Ու չըսաւ՝ դուն կը հաւատա՞ս ինծի, այլ՝ Աստուծոյ Որդիին, փառասիրութեան ախտը վերցնելու համար: Տակաւին չըսաւ՝ կը հաւատա՞ս Անոր, որ կաւով աչքերդ ծեփեց, քանի որ գիտէր անոր սիրտին մէջին եղածին հաստատուն ըլլալը, այլ, թէ՝ Աստուծոյ Որդիին, այդ պատճառով հրեաներուն հետ կը հակառակէր:

Յօժարութեամբ պատասխանեց.

Խօսք. «Տէ՛ր, ո՞վ է, որպէսզի հաւատամ Անոր» (Յհ 9.36):

Մեկնութիւն. նախ՝ մարդ մը, ապա մարգարէ մը, եւ ապա Աստուծմէ է վկայեց, իսկ հիմա՝ Տէր դաւանեցաւ: «Ո՞վ է» երկու անձայն եւ ձայնաւոր գիրերը կը ցուցնեն երկու բնութիւններէ միացած Քրիստոսը, իսկ է՝ յաւիտեաններէն, քանի որ անսկիզբ է Աստուածութեամբ եւ անվախճան՝ մարդկութեամբ:

Երեք դէմք է հաւատալուն, այսինքն՝ հաւատալ Իրեն, հաւատալ Անոր, եւ Անոր հաւատալ: Արդ, հաւատալ Իրեն լեզուով է, իսկ հաւատալ Անոր, այսինքն՝ Անոր խօսքերուն, իսկ Անոր հաւատալ, այսինքն՝ սիրտով հաւատալ ու սիրով Անոր կապուիլ, այդ պատճառով դաւանութեան մէջ կ՚ըսենք. «Կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ, եւ մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսին եւ Սուրբ Հոգիին»:

Ասիկա ըստ մասի տեսութիւն, եւ ըստ բոլորին երեք պատճառով կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ է». նախ՝ կը հարցնէ, քանի որ Քրիստոսին ըստ կերպարանքի չէր ճանչնար: Երկրորդ՝ սիրտին փափաքիլը կը ցուցնէ: Երրորդ՝ քանի որ տեսութեան միայն կը սպասէր եւ ոչ թէ քննութեան կամ ուսման, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ:

Խօսք. «Դուն արդէն տեսար զԱյն. քեզի հետ խօսողն է» (Յհ 9.37):

Մեկնութիւն. որմէ որ հարցուցիր թէ ո՞վ է, սա՛ է, որուն կը տեսնես եւ որ քեզի հետ կը խօսի:

Հինգ պատճառով միասին կը դնէ տեսնելն ու լսելը. նախ՝ որպէսզի իր տեսածներէն ուրիշ մէկը չկարծէ, այլ՝ ստոյգ զԻնք, որ կը խօսի: Երկրորդ՝ որպէսզի իր մարմինին ու հոգիին մէջ կրէ ուրախութիւնը՝ աչքերով ու լսելիներով: Երրորդ՝ որպէսզի մարմինով եւ հոգիով հաւատայ, որ Աստուծոյ Որդին է Ան: Չորրորդ՝ Քրիստոսի մարմինը [որպէս] Աստուած տեսաւ եւ հոգին՝ Աստուած ու ատով բաժնուեցաւ հրեաներէն, որ զԻնք սոսկ մարդ կը տեսնէին: Հինգերորդ՝ Ան նաեւ այն է, անբաժանելի միութիւնը կը ցուցնէ մարդկութեան եւ Աստուծութեան, այսինքն. «Մարդացեալ Բանին մէկ անձը եւ միաւորուած մէկ բնութիւնը», ինչպէս կ՚ըսեն Սուրբ Կիւրեղն ու Սուրբ Աթանասը, քանի որ չըսաւ զանոնք, որ երկու անձ կը ցուցնէ ըստ Նեստորի, եւ ո՛չ ալ ըսաւ՝ Անոր մէջ, որ կը ցուցնէ երկու բնութիւն ըստ Քաղկեդոնի:

Եւ անիկա անմիջապէս հաւատաց, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» (Յհ 9.38):

Մեկնութիւն. երեք բան կը ցուցնէ. նախ՝ ներկայական է՝ կը հաւատամ, քանի որ այնտեղ գործերէն հաւատաց, իսկ այստեղ՝ խօսքերէն: Երկրորդ՝ որովհետեւ սիրտինն է հաւատալը, իսկ բերանինը՝ խոստովանիլը, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ով սիրտով կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, իսկ ով բերանով կը խոստովանի՝ կը փրկուի» (տե՛ս Հռ 10.10): Երրորդ՝ երեւելի մարմինդ Տէր եւ Աստուած կը հաւատամ ըստ Թովմասին (հմմտ. Յհ 20.26-29), որ տեսաւ ու հաւատաց:

Խօսք. «Եւ երկրպագեց Անոր» (Յհ 9.38):

Մեկնութիւն. նախ՝ հաւատալը հոգին է, իսկ երկրպագութիւնը՝ մարմինին: Երկրորդ՝ մէկը տեսական է, իսկ միւսը՝ գործնական: Երրորդ՝ հաւատալը խօսքին, իսկ մարմինի երկրպագութեամբ շնորհակալութիւն մատուցեց: Չորրորդ՝ զՔրիստոս ճշմարիտ մարդացած Աստուած խոստովանեցաւ, այդ պատճառով երկրպագեց իբր Աստուծոյ:

Ու այստեղ չորս բան իրագործուեցաւ հաւասարութեամբ, թէ Քրիստոս Աստուած է. նախ՝ ի ծնէ կոյրը լուսաւորեց: Երկրորդ՝ երբ ըսաւ. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35): Երրորդ՝ որ Ինքն Իր մասին վկայեց, թէ՝ Ե՛ս եմ Աստուծոյ Որդին: Չորրորդ՝ կոյրին երկրպագութեամբ, որ երկրպագեց Իրեն, եւ ո՛չ թէ անոնց:

Իսկ մենք կոյրին հետ լուսաւորուելով կ՚երկիրպագենք մեր Քրիստոս Աստուծոյ մէկ եւ անբաժանելի միաւորութեան, Իր Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ [միասին]: Ամէն:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Դատաստան ընելու համար եկայ այս աշխարհը» (Յհ 9.39):

Մեկնութիւն. դատաստանը կը ցուցնէ քննութիւնը եւ տեղը [վայրը], որովհետեւ «դատ»ելը քննելն է, իսկ «աստան»՝ ատեանն ու տեղը [վայրը], ինչպէս կ՚ըսենք՝ Հայաստան:

Այս խօսքին մասին երեք բան հարցանելի է.

Առաջին. ինչո՞ւ համար այս աշխարհին մէջ կը դատէ:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ այստեղ կը գործենք բարիքներ ու չարիքներ, այդ պատճառով ալ կը դատուինք: Երկրորդ՝ քանի որ դատաստանը հասարակ վայրի մէջ կ՚ըլլայ, իսկ այս աշխարհը հասարակ է բոլորին: Երրորդ՝ ասիկա միջին վայր է, այսինքն՝ Երկինքի Արքայութեան եւ դժոխքին: Չորրորդ՝ որովհետեւ չորս բան հարկաւոր է դատաստանին համար, այսինքն՝ նախ դատաւորը, երկրորդ՝ տեղը, երրորդ՝ դատուողները, չորրորդ՝ վկաները, եւ ասոնք բոլորն ալ այստեղ են, այդ պատճառով դատաւորը այստեղ կու գայ ու կը դատէ:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար նախապէս ըսաւ. «Աշխարհը դատելու համար չղրկուեցայ, այլ՝ փրկելու» (տե՛ս Յհ 3.17). իսկ հիմա կ՚ըսէ. «Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը» (Յհ 9.39):

Պատասխան. կրկնակի կերպով կ՚ըլլայ դատաստանը. նախ՝ դատաստան բաժանման: Երկրորդ՝ դատաստան հատուցման: Արդ, Քրիստոս Իր առաջին գալուստին հաւատացեալները անհաւատներէն բաժնելու դատաստան ըրաւ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր եւ բաժանում» (տե՛ս Մտ 10.34-35), իսկ հատւցումի դատաստանը հանդերձեալին պիտի ընէ՝ երկրորդ գալուստին, ուր ոմանց պիտի դատապարտէ եւ ոմանց ալ՝ վարձատրէ, իսկ ան որ կ՚ըսէ դատաստան ընելու, եւ ո՛չ միայն դատելու, նախ՝ կը ցուցնէ մերձաւորը, երկրորդ՝ շատուորները, երրորդ՝ նշանաւորը, չորրորդ՝ յայտնին:

Երրորդ հարցում. ի՞նչ է. «Որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան» (Յհ 9.39):

Պատասխան. բազմաթիւ է տեսութիւնը, եւ տասը կերպով կ՚ըսենք.

Նախ՝ ինչպէս հրեաները լուսաւորուածին տաճարէն հանցեցին, այդպէս ալ Քրիստոս զանոնք տաճարէն հանեց, նախ՝ օրինակէն եւ ապա՝ ճշմարիտէն, այսինքն՝ նախ չուանէ խարազանով եւ ապա Տիտոսին ձեռքով:

Երկրորդ՝ կոյրը մարմնապէս լուսաւորուեցաւ, իսկ հրեաներուն աչքերը առագաստանալով ծածկուեցան, որոնք կ՚ուզէին քար նետել:

Երրորդ՝ կոյրը մարմինով եւ հաւատքով լուսաւորուեցաւ՝ հեթանոս ազգերուն որպէս օրինակ:

Չորրորդ՝ հրեայ ազգը կուրցաւ, որ աստուածատես կը կոչուէր, իսկ լուսաւորուեցան հեթանոսները, որոնք խաւարին մէջ կը նստէին, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ [Նանա]:

Հինգերորդ՝ սատանան կուրցաւ, որովհետեւ Քրիստոսի տնօրէնութիւնը չճանչցաւ, ինչպէս Յոբ կ՚ըսէ. «Անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ» (Յոբ 28.7), իսկ մադկութիւնը տեսաւ ու փրկուեցաւ:

Վեցերորդ՝ դժոխքին մէջ խաւարած հոգիները լուսաւորուեցան, ինչպէս Քրիստոս քարոզեց. «Դուք որ կապանքներու մէջ էք, ելէ՛ք, իսկ որ խաւարի մէջ էք, յայտնուեցէք», իսկ դեւերը կուրցան եւ բանտարկուեցան, ըստ այնմ. «Հզօրները բանտարկեց» (հմմտ. Ղկ 1.52):

Եօթներորդ՝ դպիրներն ու իմաստունները տգէտ դարձան, իսկ պարզամիտ առաքեալները իմաստացան, ըստ այնմ. «Իմաստուններէն ծածկուեցար եւ պարզ մարդոց յայտնուեցար» (տե՛ս Մտ 11.25):

Ութերորդ՝ հերձուածողները ըստ իրենց միտքի քննութիւններուն կուրցան, իսկ հաւատքով ուղղափառները լուսաւորուեցան, ըստ այնմ. «Աստուած այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարացուց, իսկ յիմարութեամբ քարոզութեան փրկեց հաւատացեալները» (տե՛ս Ա. Կր 1.20-21):

Իններորդ՝ Սիմէոնը կ՚ըսէ. «Ասիկա հակառակութեան նշան է» (տե՛ս Ղկ 2.35), այսինքն՝ ոմանց կանգնումին ու ոմանց գլորման, հաստատութեան վէմ եւ գայթակղութեան քար, այսինքն՝ հաւատացեալներուն եւ անհաւատներուն:

Տասներորդ՝ դատաստանի ժամանակ, անոնք որոնք այստեղ երեւելի մեծութեան եւ հպարտութեան մէջ են, այնտեղ պիտի խաւարին, իսկ անոնք որոնք այստեղ՝ խոնարհութեան ու տնանկութեան մէջ են, այնտեղ փառք պիտի տեսնեն ու լուսաւորուին: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

•շար. 92

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021