ՄԱՐԴԱՍԷՐ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ ՄԱՐԴԻԿ

Ա­մե­րի­կա­ցի մար­դա­սէր Անտ­րիւ Քար­նէ­կի ա­ռի­թով մը ը­սած է. « Ոչ ոք ինք­նի­րեն կրնայ հարս­տա­նալ, ա­ռանց ու­րիշ­նե­րը հարս­տաց­նե­լու: Հա­րուստ մա­հա­ցող ան­ձը ան­պա­տիւ կը մեռ­նի»:

Բազ­մա­թիւ յա­ջող ա­ռեւտ­րա­կան­ներ, գոր­ծա­րար­ներ ի­րենց կեան­քի ո­րոշ հանգրուա­նի մը մտա­ծած են բաժ­նեկ­ցե­լու եւ ի­րենց հան­րու­թեան վե­րա­դարձ­նե­լու, մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մաս­նակ­ցե­լու մա­սին: Ո­մանք կ՚ը­սեն ա­տի­կա վե­հանձ­նու­թե­նէ, ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թե­նէ կը բխի, ու­րիշ­ներ կը պնդեն, որ տուր­քե­րէ խու­սա­փե­լու հա­մար է:

Այս­պէս թէ այն­պէս բա­րե­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար ծախ­սուող դրա­մին կա­րի­քը կայ, եւ ա­նի­կա ո­րե­ւէ ձե­ւով մէ­կու մը կեան­քին վրայ կրնայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ:

Ներ­կա­յա­ցուող գոր­ծա­րար­նե­րը կը հա­ւա­տան, որ դրա­մը բաժ­նեկ­ցի­լը հո­գա­տա­րու­թիւն է:

ՏԻԹ­ՄԱՐ ՀՈՓ

Գեր­մա­նա­ցի գոր­ծա­րար Տիթ­մար Հոփ հիմ­նա­դիրն է հա­մա­կար­գի­չի ծրագ­րա­ւոր­ման ՍԱՓ ըն­կե­րու­թեան: Իր հիմ­նադ­րա­մը շուրջ 1 մի­լիառ տո­լար նուի­րած է կրթա­կան, մարմ­նա­մար­զի եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան  ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, իր ծննդա­վայ­րին մէջ: Տիթ­մար Հո­փի հարս­տու­թիւ­նը կը գնա­հատուի 6.3 մի­լիառ տո­լար:

ՓԻԷՌ Օ­ՄԻ­ՏԻԱՐ

Ֆրանս-ի­րա­նեան-ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծա­րա­րը, որ  ֆրանս-ի­րա­նեան ծա­գում ու­նի, հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ այժ­մու տնօ­րէնն է ի­Պէյ-ի: 1998-ին իր կնոջ հետ հիմ­նեց Օ­մե­տիար հիմ­նար­կը, որ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ մար­դա­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, սննդամ­թեր­քի, ճար­տա­րա­գի­տու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու: 2015 թուա­կա­նին Օ­մե­տիար 270 մի­լիոն տո­լար ար­ժող ի­Պէյ-ի բաժ­նե­թուղ­թե­րը նուի­րեց չբա­ցա­յայ­տուած բա­րե­սի­րու­թեան: Ցարդ ան նուի­րած է 1 մի­լիառ տո­լար:

ՄԻ­ՔԱ­ՅԷԼ ՏԵԼԼ

Հա­մա­կարգ­չա­յին ՏԵԼԼ գոր­ծա­րա­նի նա­խա­գա­հը կը սի­րէ ա­ջակ­ցիլ կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին, մարդ­կա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, ա­րուեստ­նե­րու, մշա­կոյ­թի եւ հա­սա­րա­կու­թեան բար­գա­ւաճ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու, ո­րոնց հա­մար ան նուի­րած է 1.1 մի­լիառ տո­լար: Ա­նոր հիմ­նար­կը խոս­տա­ցած է 25 մի­լիոն տո­լար նուի­րել Թեք­սա­սի մէջ 211 ան­կո­ղին­նե­րով հի­ւան­դա­նո­ցի մը կա­ռուց­ման:

ՃԷՅՄՍ ՍԱՅ­ՄԸՆԶ

Ճէյմս Սայ­մընզ նա­խա­գահն է Ռը­նէ­սանզ Թէք­նո­լո­ճի­զի, որ 65 մի­լիառ տո­լար ար­ժող կա­լուած­ներ ու­նի: Իր կնոջ հետ հիմ­նած է Սայ­մընզ հիմ­նադ­րա­մը, որ գլխա­ւո­րա­բար գու­մար­ներ կը յատ­կաց­նէ կրթա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար: Ա­նոնք նոյն­պէս հիմ­նած են եր­կու այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ՝ ի յի­շա­տակ ի­րենց եր­կու զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնք մա­հա­ցած են 1996 եւ 2003 թուա­կան­նե­րուն:

ԹԵՏ ԹԸՐ­ՆԸՐ

Ա­մե­րի­կեան տե­ղե­կա­տուուա­կան ցան­ցի հիմ­նա­դիր Թետ Թըր­նըր 1997 թուա­կա­նին 1 մի­լիառ տո­լար նուի­րած է ՄԱԿ-ի՝ կի­նե­րու, մա­նուկ­նե­րու, բնա­պահ­պա­նու­թեան, հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվը-­տան­գու­թեան հար­ցե­րու օգ­նե­լու նպա­տա­կով: Ա­նոր նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու գու­մա­րը կը հաս­նի 1.2 մի­լիառ տո­լա­րի:

ՃՈՆ ՀԱՆՑ­ՄԱՆ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ փո­լիս­թի­րե­նի ա­մե­նէն խո­շոր ար­տադ­րիչ Հանց­ման Քի­միա­կան ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դի­րը նոյն­պէս մար­դա­սի­րա­կան մեծ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ: Քաղց­կե­ղի ու­սում­նա­սի­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար ա­նոր յատ­կա­ցու­ցած գու­մար­նե­րը կը հաս­նին 1.2 մի­լիառ տո­լա­րի: Հանց­ման ստո­րագ­րած է  «Նուի­րե­լու խոս­տում»ը ար­շաւ մը, ո­րուն նպա­տակն է քա­ջա­լե­րել մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը, որ­պէս­զի յանձ­նա­ռու ըլ­լան ի­րենց հա-րըս­տու­թեան մեծ մա­սը յատ­կաց­նե­լու մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու: Այս ար­շա­ւին նա­խա­ձեռ­նած են Ո­ւո­րըն Պա­ֆեթ եւ Պիլ Կէյց:

ԼԻ ՔԱ-ՇԻՆԿ

Ա­սիոյ ա­մե­նէն հա­րուստ ան­ձե­րէն Լի Քա-Շինկ Հոնք Քոն­կի գոր­ծա­րար­նե­րէն, ներդ­րող­նե­րէն եւ մար­դա­սէր­նե­րէն մէկն է: Ա­նոր հաս­տա­տած հիմ­նադ­րա­մը կ՚օ­ժան­դա­կէ կրթա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու: Լի կը նկա­տուի Ա­սիոյ ա­մենէն ա­ռա­տա­ձեռն մար­դա­սէր­նե­րէն մէ­կը: Ա­նոր նը-ւի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն գու­մա­րը կը հաս­նի 1.2 մի­լիառ տո­լա­րի:

ՓՈԼ Ա­ԼԸՆ

Մայք­րո­սոֆ­թի հա­մա­հիմ­նա­դիր (Պիլ Կէյ­ցի հետ) Փոլ Ա­լըն այժմ նա­խա­գահն է սե­փա­կան ներդ­րու­մա­յին Վուլ­քան ըն­կե­րու­թեան: Ա­նոր հաս­տա­տած ըն­տա­նե­կան հիմ-­նադ­րա­մը մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ յատ­կա­ցու­ցած է հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հար­ցե­րու: Ցարդ ան 2 մի­լիառ տո­լար նուի­րած է բա­րե­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու:

ՃՈՐՃ ՔԱՅ­ԶԸՐ

ՊՈՔ ե­լեւմ­տա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հին հաս­տա­տած ըն­տա­նե­կան հիմ­նադ­րա­մը նուի­րա­տուու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ կրթա­կան, կրօ­նա­կան, ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեանց կեդ­րոն­նե­րու: 2010 թուա­կա­նին ան եւս միա­ցած է «Նուի­րե­լու խոս­տում» շար­ժու­մին: Ցարդ ան նուի­րած է 3.3 մի­լիառ տո­լար:

ՄԻ­ՔԱ­ՅԷԼ ՊԼՈՒՄ­ՊԵՐԿ

Պլում­պերկ լրա­տուա­մի­ջո­ցի հիմ­նա­դիր եւ այժ­մու նա­խա­գահը, Նիւ Եոր­քի նախ­կին կա­ռա­վա­րիչն էր: Ա­նոր հիմ­նադ­րա­մը յատ­կա­ցում­ներ կա­տա­րած է հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու, Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան, դպրոց­նե­րու, հան­րա­յին բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րու: Ան ցարդ նուի­րած է 3 մի­լիառ տո­լար:

Է­ԼԻ ՊՐՈՏ

Զա­նա­զան ճար­տա­րա­րուեստ­նե­րու մէջ հինգ հարիւր յա­ջող ըն­կե­րու­թիւն­ներ կա­ռու­ցած միակ գոր­ծա­րա­րը՝ Է­լի Պրոտ եր­կու հիմ­նադ­րամ­ներ հաս­տա­տած է. Է­լի եւ Է­տի Պրոտ հիմ­նադ­րամ եւ Պրոտ Ա­րուես­տի հիմ­նադ­րամ: Ա­նոնց նուի­րա­տուու­թիւննե­րու գու­մա­րը կը հաս­նի 3.3 մի­լիառ տո­լա­րի:

ՔԱՐ­ԼՈՍ ՍԼԻՄ ՀԵ­ԼՈՒ

Քար­լոս ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ աշ­խար­հի ա­մենէն հա­րուստ մի­լիա­ռա­տէր­նե­րէն է: Ան աշ­խար­հի ա­մե­նէն հա­րուստ ե­րեք ան­ձե­րէն մէկն է: Զա­նա­զան հիմ­նադ­րամ­նե­րու մի­ջո­ցով Քար­լոս Սլիմ Հե­լու 4 մի­լիառ տո­լար նուի­րած է բա­րե­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու:

ԿՈՐ­ՏԸՆ ՄՈՒՐ

Ին­թե­լի հա­մա­հիմ­նա­դիր Կոր­տըն Մուր 2006 թուա­կա­նին հանգս­տեան կո­չուած է վար­չա­կան գոր­ծե­րէ եւ այս օ­րե­րուն իր կնոջ հետ կը զբա­ղի մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քով: Միաս­նա­բար ա­նոնք կը ղե­կա­վա­րեն Կոր­տըն եւ Պե­թի Մուր հիմ­նադ­րա­մը, որ ար­դէն իսկ 5 մի­լիառ տո­լար նուի­րած է բնա­պահ­պա­նու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ գի­տու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րուն:

ՍՈՒ­ԼԷՅ­ՄԱՆ ՊԸՆ ԱՊ­ՏԷԼ Ա­ԶԻԶ ՌԱԺ­ՀԻ

Սու­լէյ­ման իր ե­րեք եղ­բայր­նե­րուն հետ 1957 թուա­կա­նին հիմ­նած է Ալ Ռաժ­հի դրա­մա­տու­նը, որ այժմ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի ա­մենէն խո­շոր դրա­մա­նա­տու­նե­րէն է: Ռաժ­հի ըն­տա­նի­քը Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ոչ ար­քա­յա­կան ա­մե­նէն հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն է: 2011 թուա­կա­նին Սու­լէյ­ման պըն Ապ­տէլ Ա­զիզ Ռաժ­հի յայ­տա­րա­րեց, որ իր 7.7 մի­լիառ տո­լար գնա­հա­տուող հարս­տու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ո­րո­շած է նուի­րել բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տակ­նե­րու: Ցարդ Սու­լէյ­ման նուի­րած է 6 մի­լիառ տո­լար:

ՄԱՐՔ ԶՈՒ­ՔԵՐ­ՊԵՐԿ

Աշ­խար­հի ա­մե­նէն ե­րի­տա­սարդ մի­լիա­ռա­տէր­նե­րէն մէ­կը, որ իր սե­փա­կան աշ­խա­տան­քով հա­սած է ա­տոր: Ֆէյս­պու­քի հիմ­նա­դիր Զու­քեր­պերկ եւս ստո­րագ­րած է «Նուի­րե­լու խոս­տում»ը: Ան խոս­տա­ցած է ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին հարս­տու­թեան առ­նուազն կէ­սը բաժ­նեկ­ցիլ: Ան ար­դէն իսկ մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար նուի­րած է 1.6 մի­լիառ տո­լար: Մարք Զու­քեր­պերկ եւ իր կի­նը ան­ցեալ տա­րի 25 մի­լիոն տո­լար յատ­կա­ցու­ցին Է­պո­լա­յի դէմ պայ­քա­րին հա­մար:

ՇԱՐԼ ՖՐԱՆ­ՍԻՍ ՖԻՆ­ՆԻ

«Մար­դա­սի­րու­թեան Ճէյմս պոն­տը» ա­նուա­նուած Ֆրան­սիս Ֆին­նի հա­մա­հիմ­նա­դիր­նե­րէն է «Տուր­քէ զերծ գնում­ներ խմբաւոր­ման»: Ո­րո­շե­լով իր ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը յատ­կաց­նել մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու, Ֆին­նի ցարդ նուի­րած է 6.7 մի­լիառ տո­լար: Ֆրան­սիս Ֆին­նի հիմ­նադ­րա­մը կ՚ա­ջակ­ցի կրթա­կան, գի­տա­կան, բժշկա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու աս­պա­րէզ­նե­րուն, աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու, նե­րա­ռեալ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Վիեթ­նա­մի եւ Պեր­մու­տա­յի մէջ:

Ա­ԶԻՄ ՓՐԵՄ­ԺԻ

Մար­դա­սէր, ա­ռետ­րա­կան Հնդկաս­տա­նի գոր­ծա­րար Ա­զիմ Փրեմ­ժի նա­խա­գահն է Վիփ­րօ խորհր­դա­տուա­կան ըն­կե­րու­թեան: Ան ա­ռա­ջին հնդիկն է, որ ստո­րագ­րած է  «Նուի­րե­լու խոս­տում»ը։ «Ես հաս­տատ կը հա­ւա­տամ, որ մեզ­մէ ա­նոնք, ո­րոնք ա­ռանձ­նաշ­նոր­հուած են հարս­տու­թիւն ու­նե­նա­լու, պէտք է նշա­նա­կա­լից ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն փոր­ձե­լով ստեղ­ծել ա­ւե­լի լաւ աշ­խարհ մը բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք նուազ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ են», ը­սած է ան ա­ռի­թով մը: Ցարդ ան նուի­րած է 8 մի­լիառ տո­լար:

ՃՈՐՃ ՍՈ­ՐՈՍ

Հուն­գա­րա­ցի գոր­ծա­րար, հե­ղի­նակ եւ մար­դա­սէր Ճորճ Սո­րոս  նա­խա­գահն է Սո­րոս հիմ­նադ­րա­մին: Զայն կ՚ա­նուա­նեն՝ «Մար-­դը, որ սնան­կա­ցուց Անգ­լիոյ դրա­մա­տու­նը», ո­րով­հե­տեւ ան վա­ճա­ռեց 10 մի­լիառ ար­ժո­ղու­թեամբ բրի­տա­նա­կան սթեր­լինկ, ա­պա­հո­վե­լով 1 մի­լիառ տո­լա­րի շահ մը: Ա­տի­կա տե­ղի ու­նե­ցաւ 1992 թուա­կան­նե­րուն՝ Սեւ Չո­րեք­շաբ­թի Բրի­տա­նիոյ ար­ժոյ­թի տագ­նա­պին ըն­թաց­քին: Ան 8 մի­լիառ տո­լար նուի­րած է հա­մայն­քա­յին բար­գա­ւաճ­ման, ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ կրթա­կան աս­պա­րէզ­նե­րուն:

Ո­ՒՈ­ՐԸՆ ՊԱ­ՖԵԹ

Պիրք­շայր Հա­թաուա­յի նա­խա­գա­հը աշ­խար­հի ա­մե­նէն հա­րուստ ա­ռա­տա­ձեռն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն է: Ցարդ ան նուի­րած է 21.5 մի­լիառ տո­լար: 2006 թուա­կա­նին Պա­ֆեթ խոս­տա­ցաւ իր հարս­տու­թեան 85 առ հա­րիւ­րը նուի­րել Պիլ եւ Մե­լին­տա Կէյթս հիմ­նադ­րա­մին եւ այլ հիմ­նադ­րամ­նե­րու, ո­րոնք հաս­տա­տած են ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը:

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ

Ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին Պիլ Կէյթս 27 մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ ը­րած է: Ժա­մա­նա­կին մեծ մա­սը կ՚ան­ցը­նէ ղե­կա­վա­րե­լով մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիր­ներ Պիլ եւ Մե­լին­տա Կէյթ­սի հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Կէյթս զոյ­գը հիմ­նա­դիրն է Մայք­րո­սոֆ­թի, որ հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րա­ւո­րու­մի աշ­խար­հի ա­մենէն խո­շոր ըն­կե­րու­թիւնն է:

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան
Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր՝ «Աֆ­րի­զափ»

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017