ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ  ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Ամերիկայի մէջ եւ հաւանաբար ալ այլուր սովորութիւն դարձած է, որ երկրորդական վարժարաններու ամավերջի  հանդէսներուն հրաժեշտի ուղերձը կարդայ դասարանի առաջնութիւնը շահող աշակերտը, որ կը կոչուի Valedictorian:

Այս տարի Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի East Wake երկրորդական վարժարանը, որ կը գտնուի Ռելի քաղաքին մօտերը, որոշած է առաջնութիւնը շահող աշակերտին Valedictorian կոչումը շնորհելու փոխարէն՝ յիշատակել առաջնահերթ աշակերտները։ Վարժարանը, հետեւելով Լատինական պատուոյ յիշատակութեան, պիտի շնորհէ summa cum laude եւ magna cum laude կոչումները։

Բայց առաջնութիւնը շահող աշակերտին հայրը շատ յուսախաբ եղած է վերոյիշեալ կոչումներու փոփոխութենէն եւ կարծես վրէժը լուծելու համար, որմազդ մը վարձած է մի քանի շաբաթուան համար, որ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ճաշ Ալմըն, դուն միշտ պիտի ըլլաս մեր Valedictorian-ը 2018-ի շրջանաւարտներուն մէջ»:

Այդ որմազդը (4x14 մեթր) զետեղուած է վարժարանին մօտակայ ազատուղիին վրայ, որուն համար Ճաշի հայրը վճարած է 1.800 տոլար… Հոս պէտք է աւելցնենք, որ Ճաշ իսկապէս առաջնութիւնը շահած է վարժարանի 270 աշակերտներուն մէջէն՝ իր հաւաքած 5.31 grade point average նիշով։ Առաւել ան կարդացած է իր ուղերձը շրջանաւարտից հանդէսին։

Հիմա ոմանք պիտի ըսեն, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը «կոչում»ին անուան, անգլերէն եղեր է թէ լատիներէն։ Կարեւորը առաջնութիւն շահիլն է եւ առ այդ՝ ուղերձը կարդալը, չէ՞։ Սակայն երբ տարիներէ ի վեր կը սպասես այդ կոչումին եւ յանկարծ վարժարանը կը զլանայ զայն, կրնաս յուսախաբ ըլլալ եւ տարօրինակ միջոցներու դիմել, առ ի վրէժխնդրութիւն:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԸ

Երկրի մը դրոշմաթուղթին վրայ սովորական է տեսնել բնութիւնը ներկայացնող տեսարաններ, արուեստագէտներ, գիտնականներ, ինչպէս նաեւ երկրին թռչնազգիները եւ այլն։

Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել այս տարուան դրոշմաթուղթերէն Սելի Ռայտի դրոշմաթուղթը։ Իսկ ո՞վ է Սելի Ռայտ։ Ան գիտնական մըն է, որ 1983 թուականին դարձաւ առաջին կին աստղանաւորդը եւ շրջեցաւ անհուն անջրպետը։ Այս գիտնականը արժանի է, որ դրոշմաթուղթով մը յաւերժացուի իր յիշատակը, չէ՞ք խորհիր։

Ուրիշ ազդու օրինակ մը տալու համար կարելի է յիշել անցեալ տարուան դրոշմաթուղթերէն՝ նախագահ Ճոն Քենետիի դրոշմաթուղթը։ Վստահ եմ՝ չէք մոռցած, որ ան 1963 թուականի Նոյեմբեր ամսուն նահատակուեցաւ Թեքսասի Տալլաս քաղաքին մէջ՝ զոհ երթալով ոճրագործի մը գնդակին…

Հիմա եկէք ասոնց կողքին քննարկենք, թէ ո՛րն է Միացեալ Նահանգներու նորագոյն դրոշմաթուղթը, որ հրապարակ իջաւ այս տարուան յունիսին։ Շատ վստահ եմ, որ պիտի զարմանաք, երբ բացայայտեմ այդ դրոշմաթուղթին ինքնութիւնը։

Արդարեւ, հրապարակ իջած այս նոր դրոշմաթուղթը կը կրէ ցպիկով պաղպաղակներու (popsicle) շարք մը, որոնք համեմուած են ամառնային եղանակը յատկանշող պտուղներով։ Նկարին մէջ երեւցող առաջին պաղպաղակը, վստահ եմ, կռահեցիք, կը ներկայացնէ ձմերուկը։

Աւելի՛ն. վերոյիշեալ դրոշմաթուղթերու շարքը հնարող եւ հրապարակ իջեցնող պատասխանատուները յոխորտանքով կ՚արտայայտուին, որ եթէ  դրոշմաթուղթի վրայի պտուղը թեթեւ մը քերթես եւ հոտոտես, այդ պտուղին բուրումը պիտի վայելես։

Ապացուցանելու համար վերոյիշեալ յայտարարութիւնը գնեցի այդ դրոշմաթուղթերէն մի քանին, քերթեցի վրայի պտուղը եւ հոտոտեցի… Հիմա պիտի զարմանաք, երբ ըսեմ, որ իսկապէս այդ պտուղին բոյրն էր, որ պարուրեց քթիս ռունգերը։ Զարմանալի, բայց իրաւ: Տարօրինակ, բայց ճիշդ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018