ՅՈՒՇԵՐ՝ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Բա­նաս­տեղծ մը, կար­ծեմ ա­րաբ, կար­դա­լէ ետք Վա­հան Թէ­քէեա­նի «Մէկ Հա­տի­կըս» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ը­սեր է.

«Միւս աչքն ալ հա­նե­ցէք որ­պէս­զի նման գե­ղե­ցիկ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն գրէ» (ի հարկէ բար­բա­րո­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն, սա­կայն միտք բա­նին կ՚ար­դա­րաց­նէ), իր դի­պուկ ո­ճով ը­սաւ Օն­նիկ Սար­գի­սեան ա­շա­կեր­տա­կան օ­րե­րուս:

Ու­սու­ցիչ-ա­շա­կեր­տի փոխյա­րա­բե­րու­թեան մէջ ես կը շեշ­տեմ ա­շա­կեր­տին ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ռանց զան­ցա­ռե­լու ու­սու­ցի­չին կա­րո­ղու­թիւ­նը իր ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ: «Իմ մէկ Հա­տի­կըս» իր աչ­քի կո­րուս­տը ու­նէր քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­ներ. արդ կը յի­շեմ այլ դա­սա­պահ մը, ուր (անգ­լե­րէն լե­զուի պահ) դա­տա­րա­նի հարց կար եւ... «կ՚երդ­նո՞ւս ը­սել ճշմար­տու­թիւ­նը, ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը ու ճշմար­տու­թե­նէն զատ ո­չինչ»: Ի՜նչ ա­ղու­որ է ա­մէն մէ­կուն ի՛ր չափն ու կշիռ­ը տալ ա­ռանց յաւ­ե­լուա­ծի ու զեղչ­ում­ի...:

Ուր­եմն կար­ել­ի է եզ­րա­կացն­ել, որ եր­դում­ի կը կար­օտ­ի ըս­ել­ու հա­մար ինչ որ նշուած է: Այդպ­էս է: Մար­դիկ կը ծած­կ­են զա­նա­զան նկա­տառ­ումն­եր­ով այ­սինչ կամ այ­նինչ եր­եւ­ոյթ­ը, եղ­ել­ու­թիւն­ը, խօսք­ը, եւ այլ բա­ներ, ինչ որ ընդ­հան­ուր­ին կամ կողմ­ի մը հաճ­ել­ի կրնայ չթու­իլ: Սա­կայն գլխա­ւոր­ը՝ գըլ-խա­տած կ՚ըլ­լանք ամբ­ող­ջա­կան ճշմար­տ­ութ­իւն­ը, որ գոյ է: Եւ անժխ­տել­ի:

Ինչ­ո՞ւ ծածկ­ել կամ անց­նիլ ան­տար­բեր, եւ երբ այդ խնդր­­ոյ ա­ռար­կան ալ աչքն է... միա՛յն երկ­ու, ֆիզ­ի­քա­կան տե­սան­կիւն­է...։ Աչ­քի կար­եւ­որ­ութ­եան մա­սին խօս­իլ ան­հեթ­եթ է... ի զ­­ուր չէ, որ գրուած է «Աչ­քի բի­բի պէս զիս պահ­է» (Աս­տուա­ծաշ­ունչ):

Կեան­քի մէջ դի­տան­կիւն­ը շատ կար­եւ­որ է: Չեմ յիշ­եր ո՛ր տար­ին էր, Ալ. Սար­ու­խան Լ­­ի­բա­նան հիւր ե­կած էր ու ել­ոյթ պիտ­ի ուն­ե­նար Յո­վա­կիմ­եան-Մա­ն­ուկ­եան վար­ժա­րա­նի Գալ­ուստ Կիւլ­պէն­կ­եան սրա­հին մէջ. չէի կրնար փախ­ցն­ել այս ա­ռիթ­ը մա­նա­ւանդ այդ շրջա­նին, երբ ա­րեան եր­ի­տա­սար­դա­կան եռ­ք­ը հանգ­իստ չէր թող­ուր, ու ընկ­ե­րա­նալ­ով ընկ­եր Յով­հան­նէս Աղ­պաշ­եա­նին՝ գաց­ինք... թէ ի՛նչ կը յիշ­եմ այդ եր­ե­կոյ­էն՝ սա է. «Թէք­էեան Թ­­էք­էեան կ՚ըս­ենք, ի՞նչ պիտ­ի մնայ որ... շատ-շատ 15-20 հատ»:

Մեր, «Աղղ­պաշ»ին ու իմ նայ­ուածքն­րը ի­րար զար­նու­ե­ցան, մինչ ինք գլխու շարժ­ում­ով հա­մա­ձայն­ութ­իւն կու տար:

Յա­ճախ ը­սած եմ տու­էք ինծ­ի մեծ քերթ­ող­ի մը լա­ւա­գոյն տող­ը ու ես զայն զգ­­ետն­եմ... Զա­րեհ Մելք­ոն­եա­նա­կան ս­­ին­իզմ­ով:

Անց­նինք Մէկ Հատ­իկ­ին.-

1915-ին կ՚ընտր­ու­ի Սահ­մա­նադ­րա­կան Ռամ­կա­վար Կու­սակ­ցու­թեան Ա­ղեք­սանդ­րիոյ Կեդրոնական Վարչ­ութ­եան ան­դամ եւ Միհ­րան Տա­մատ­եա­նի հետ կը հիմն­է «Ա­րեւ» երկ­օր­եան, որ պիտ­ի փո­խադ­րու­էր յետ­ոյ Գահ­իր­է:

1916-ին կու­սակ­ցա­կան հա­կա­մարտութ­իւնն­եր­ու հետ­ե­ւան­քով, կ՚են­թար-կըւ­ի գիշ­ե­րա­յին յար­ձա­կում­ի մը ու կը կորսնցն­է լոյս­ը իր աջ աչ­քին: (Վահ­է-Վահ­եան, «ԲԵՐ­ՔԱ­ՀԱ­ՒԱՔ»):

Ուս­տի գրեց.- «Մէկ Հա­տի­կը­ս»

«Իմ մէկ հա­տի­կը­ս հի­մա, որ կը դի­տե­ս զի­ս վ­հատ,

Հա­յե­լի­ին ջրհո­րէ­ն,

......................

Ե՞ս ար­դե­օք քեզ, թէ դուն զի­ս կը մեղ­քը­նանք ա­ւե­լի­,

Երբ զի­րար լուռ կը դի­տե­նք...

......................

Իմ մէկ հա­տի­՛կս... ոհ, ինչ­պէ­­՜ս սիր­տս վ­րադ կը դո­ղայ,

Երբ կը տես­նեմ քեզ­մով քեզ.

Քու ար­ցուն­քո՛­վըդ քե­զի կը պա­ղա­տիմ ես հի­մա,

Որ դուն ալ զիս չլքես...:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016