ՀԱՐՍԱՆԻԹ-ԿԱՐՄՐԱԽՏ MEASLES-RUBEOLA

Հարսանիթը հանրածանօթ հիւանդութիւն մըն է: Ան գոյութիւն ունեցած է հին ժամանակներուն: 9-րդ դարուն պարսիկ բժիշկ մը մանրամասնօրէն նկարարագրած է հարսանիթը:

Հակառակ որ այս հիւանդութիւնը վերջին քսան տարիներուն նկատուած էր անհետացած հիւանդութիւն մը, վերջին քանի մը ամիսներուն միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնները զգուշացումի յայտարարութիւններ կատարեցին շատ մը երկիրներու մէջ հարսանիթի վերայայտնումին մասին: Ուստի որոշեցինք գրել այս հիւանդութեան մասին՝ նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը:

Հարսանիթը կամ կարմրախտը ժահրային (viral) փոխանցիկ-տարափոխիկ (contageous) հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչ ժահրը կը կոչուի «Morbilivirus»: Ան կը պատահի առաւելաբար ձմեռ եւ գարուն եղանակներուն: Ան ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն մըն է, սակայն կը պատահի նաեւ չափահասներու մօտ: «Morbilivirus» ժահրը կ՚ապրի վարակուած անձին քիթին, բերանին եւ ըմբանին խլնաթաղանթին վրայ: Վարակուած անձը հազալով, փռնգտալով եւ խնչելով կը տարածէ հարսանիթի ժահրերը օդին մէջ եւ կամ իր մօտ գտնուող անհատին մորթին վրայ: Անոնք օդին մէջ եւ կամ մորթի մակերեսին վրայ կը մնան գործուն վիճակի մէջ երկու ժամ: Այսինքն առողջ անձ մը, որ անցեալին չէ պատուաստուած, հարսանիթի պատուաստով շուտով կը վարակուի, երբ կը գտնուի հիւանդին մօտ եւ կամ կը դպչի անոր: Ուրեմն վարակումը կ՚ըլլայ օդին մէջ գտնուած հարսանիթի ժահրերու ներշնչումով եւ կամ ուղղակի դպչելով հիւանդին: Այլ խօսքով, առողջ անձը դպնալէ ետք վարակուած հիւանդին, ինքզինք կը վարակէ, երբ իր մատներով եւ ձեռքով կը շփէ իր բերանը, քիթը եւ աչքերը:

Հարսանիթի ժահրին թխսաւորումը (incubation period) կը տեւէ 7-14 օր: Այսինքն ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 7-14 օրեր ետք:

Հարսանիթի նախնական ախտանշանները կը նմանին պարզ հարբուխի եւ կամ ինֆլուենզայի ախտանշաններուն: Թեթեւ ջերմութիւն, քթահոսք, փռնգտուք, կոկորդի ցաւ եւ անտրամադրութիւն՝ առաջին ախտանշաններն են: Ասոնց կը յաջորդեն՝ բարձր ջերմ, կոկորդի ուժգին ցաւ, դիւրագրգռութիւն (irritability), աչքերու կարմրութիւն, ակնազօդաբորբ (conjunctivitis), լոյսի անհանդուրժողականութիւն (photosensitivity) եւ գրգռիչ ու չոր հազ:

Հարսանիթը կը յայտնուի յատուկ մորթացանով (rash), շատ բարձր ջերմութեամբ: Մորթացանը կը սկսի երեսէն եւ յաջորդաբար կը տեսնուի վիզին, ուսերուն, թեւերուն, ձեռքերուն, փորին, սրունքներուն եւ ոտքերուն վրայ: Մորթացանը յատկանշական է կարմիր փշտիկներով, որոնց կեդրոնը կ՚ունենայ ճերմակ բաժին մը:

Մորթացանը կը մնայ 2-3 օր եւ հանգրուանային ձեւով կ՚անհետանայ՝ սկսելով երեսէն եւ վերջին հանգրուանին՝ ոտքերէն: Մորթացանին հետ հիւանդը կ՚ունենայ քերուըտուք: Մորթացանը չյայտնուած բերնին երկու կողմի խլնաթաղանթին վրայ եւ վարի աղօրի ակռաներուն դիմաց կը տեսնուին յատկանշական ճերմակ աղանման «Քոփլիք» կոչուած մանր վէրքերը (Koplik spots), որոնց կեդրոնը կ՚ըլլայ վարդագոյն: Այս բերանային վէրքերը կը պատճառեն զօրաւոր ցաւ եւ ուտելու դժուարութիւն:

Մորթացանին անհետացումով հիւանդին ջերմութիւնը կը վերադառնայ բնականոն աստիճանի: Հիւանդին ամբողջական ապաքինումը կը տեւէ 2-3 շաբաթ: Վարակուած անձը դպրոց եւ կամ գործի պէտք չէ երթայ մորթացանին նախորդող չորս օրերուն եւ յաջորդ չորս օրերուն, որովհետեւ այս ութ օրերուն առաւելաբար տեղի կ՚ունենայ հարսանիթի ժահրի փոխանցումը եւ հիւանդութեան տարածումը ուրիշներու վրայ: Այլ խօսքով, հիւանդը պէտք է մեկուսացուի, եւ առողջ անձեր պէտք չէ այցելեն անոր:

Հարսանիթով վարակուած անհատներուն 90 տոկոսը ամբողջութեամբ կ՚ապաքինի: Սակայն հիւանդութեան ընթացքին կրնան պատահիլ կարգ մը բարդութիւններ, որոնք տեղի կ՚ունենան առաւելաբար 5 տարեկանէն վար մանուկներուն մօտ: Յաճախակի բարդութիւններն են՝ ականջի բորբոքում, ցնցղատապ (bronchitis), խռչափողատապ (laryngitis), մղձկահազ (croup), թոքատապ (pneumonia), ուղեղատապ (encephalitis): Ուղեղատապը հազուադէպ է եւ կը պատահի հիւանդութենէն անմիջապէս ետք եւ կամ ամիսներ ետք: Վարակուած յղի կիներ կ՚ունենան կանխահաս ծննդաբերութիւն, պզտիկ նորածիններ եւ նոյն իսկ կրնան մահանալ: Այս բարդութիւններու պարագային, հիւանդը կը կարօտի հիւանդանոցային խնամքի:

Հարսանիթի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս դիւրին է: Ախտաճանաչումը կը կատարուի՝ լսելով հիւանդին պատմականը, տեսնելով անոր ախտանշանները եւ կատարելով բժշկական քննութիւն: Հարսանիթի ժահրի գոյութիւնը կը փաստարկուի՝ կատարելով արեան եւ մէզի տարրալուծարանային յատուկ քննութիւններ եւ կոկորդաջնջան-կոկորդաքսուկ (throat swab):

Կարմրախտը յատուկ դարման չունի: Այսինքն անոր ժահրին դէմ հակաժահրային դեղ տակաւին գոյութիւն չունի: Սակայն հիւանդը յարաբերաբար հանգիստ վիճակի մէջ պահելու, ախտանշանները մեղմացնելու եւ բարդութիւններ չունենալու համար կը կիրարկուին կարգ մը միջոցառումներ: Հիւանդը կը պահուի տնային հանգիստ վիճակի մէջ, կը տրուի առատ հեղուկ, սննդարար կերակուր, ցաւազերծող (pain killer) եւ հակաջերմ դեղեր:

Հարսանիթով չվարակուելու միակ միջոցը հարսանիթի դէմ պատուաստումն է: Պատ-ւաստը ապահով, անվտանգ եւ խիստ կարեւոր է: Ժողովուրդին մէջ կան սխալ տարաձայնութիւններ՝ հանդէպ այս պատուաստին: Անտեղի եւ սխալ տարաձայնութիւններէն մէկը հետեւեալն է՝ ան անբնական ջղազարգացում - օթիզմ (autism) կը յառաջացնէ մանուկներու մօտ:

Պատուաստը մանուկներուն կը տրուի երկու փուլերով: Առաջին պատուաստը կը տրուի 12-15 ամսու շրջանին: Ան 93 տոկոս ապահովութիւն կու տայ հարսանիթի դէմ: Երկրորդ պատուաստը կը տրուի 4-5 տարեկանին, ան մինչեւ 98 տոկոս ապահովութիւն կու տայ մանուկին:

Հարսանիթի պատուաստը կը տրուի եռեակ պատուաստումի ձեւով (MMR), այսինքն պատուաստը կը տրուի մանկական երեք հիւանդութիւններու համար՝ հարսանիթ, ունկնանկ-խոզուկ (mumps) եւ գերմանական հարսանիթ (rubella):

Չափահասները պէտք է պատուաստուին հարսանիթի դէմ, եթէ անցեալին չեն պատուաստուած եւ դէմ յանդիման կը գտնուին եւ կամ պիտի գտնուին վարակուած անձի մը հետ:

Հարսանիթի պատուաստումի հաստատագիր չունեցող չափահասներ, որոնք քոլէճ կամ համալսարան պիտի յաճախեն, պիտի ճամբորդեն եւ կամ հիւանդանոցի ու առողջապահական կեդրոններու մէջ պիտի աշխատին, պէտք է պատուաստուին հարսանիթի պատուաստով:

1957-էն ետք ծնած անձեր, որոնք չեն պատուաստուած մանկութեան շրջանին, պէտք է պատուաստուին:

1957-էն առաջ ծնող անձեր պէտք չունին պատուաստուելու, որովհետեւ անոնք շատ հաւանաբար մանկութեան շրջանին հարսանիթ ունենալով՝ զարգացուցած կ՚ըլլան իրենց մէջ հարսանիթի դիմադրողականութիւն: Այս խումբէն դուրս բոլոր անհատները, որոնք չեն պատուաստուած եւ պիտի հանդիպին վարակուած անձի մը, պէտք է, որ պատուաստուին:

1757-ին սկովտիացի բժիշկ մը՝ Ֆրանսիս Հոմ փաստած է, որ այս հիւանդութիւնը հետեւանք է մարդու արեան մէջ գտնուած բորբոքում յառաջացնող որոշ մարմինի մը:

1912-ին ամերիկեան կառավարութիւնը պարտադրած է բժիշկներուն, որ արձանագրեն պետական առողջապահական տոմարներուն մէջ բոլոր հարսանիթի պարագաները: Այդ տարին արդէն Ամերիկայի տարածքին արձանագրուած է վեց հազար մահ՝ հարսանիթի պատճառով:

1954-ին Ճոն Ֆ. Էնտըրզ եւ իր գործակիցները Ամերիկայի մէջ գտած են հարսանիթով վարակուած հիւանդի մը արեան մէջ հարսանիթի ժահրը:

1963-ին Ճոն Ֆ. Էնտըրզ կը հնարէ պատուաստը՝ իր գտած ժահրին միջոցով: Այս թուականէն առաջ Ամերիկայի մէջ տարեկան 3-4 միլիոն անձեր վարակուած են հարսանիթով, 400-500 մահ տեղի ունեցած է, հազար ուղեղատապի պարագաներ եղած են եւ 48 հազար հիւանդներ հիւանդանոցային խնամք ստացած են:

1968-ին Մորիս Հիլմըն երկրորդ պատուաստ մը պատրաստած է Ամերիկայի մէջ:

1978-ին ամերիկեան կառավարութիւնը որոշած է հարսանիթը ամբողջապէս ոչնչացնել (eradicate) Ամերիկայի մէջ, մինչեւ 1982-ը:

2000-ին ամերիկեան կառավարութիւնը յայտարարած է, որ հարսանիթը վերջնականապէս անհետացած է Ամերիկայի տարածքին: Սակայն 2014-ին 644 պարագաներ արձանագրուած են պաշտօնապէս:

Ըստ փանամերիկեան կազմակերպութեան՝

- 2018-ին 74 վենեզուելացիներ մահացած են հարսանիթի պատճաոռվ:

- Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ 2019-ի առաջին երկու ամիսներուն տեղի ունեցած են 283 հարսանիթի պարագաներ:

Ըստ Գանատայի պետական առողջապահական գրասենեակին՝

- Գանատայի մէջ առաջին անգամ պատուաստը ներկայացուած է 1960-ին:

- Գանատայի մէջ պատուաստի սկսելէ առաջ պատահած են տարեկան 300-400 հազար հարսանիթի պարագաներ:

- 1926-ին 900 քանատացիներ մահացած են հարսանիթի պատճառով:

- Գանատայի մէջ 1998-էն ետք բոլորովին անհետացած է հարսանիթը, սակայն՝

- 2013-ին 83 պարագաներ 7 նահանգներու մէջ տեսնուած են, որոնց մեծամասնութիւնը եղած են մանուկներ:

- 2014-ին 418 հարսանիթի պարագաներ տեսնուած են հինգ նահանգներու մէջ:

- 2015-ին 196 հարսանիթի պարագաներ չորս նահանգներու մէջ պատահած են, ասոնցմէ 163-ը չեն պատուաստուած անցեալին:

- 2018-ին արձանագրուած են 29 հարսանիթի պարագաներ:

Ըստ Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան ամբողջ աշխարհի տարածքին՝

- 1980-էն առաջ, երբ պատուաստ գոյութիւն չունէր, տարեկան մահացած են 2.6 միլիոն անձ:

- 2013-ին 145 հազար մահեր պատահած է հարսանիթի պատճառով:

- 2017-ին ամբողջ աշխարհի մէջ մահացած է 110 հազար անձ՝ հարսանիթի պատճառով:

- Ֆիլիփփինի մէջ այս տարուան վերջին չորս ամիսներուն մահացած են 261 անձեր՝ հարսանիթի պատճառով:

- Մատակասքարի մէջ վերջին ինն ամիսներու ընթացքին հազար անձեր մահացած են հարսանիթի պատճառով:

- Ուքրայնոյ մէջ 2018-ին 30.338 հարսանիթի պարագաներ տեսնուած, իսկ 2019-ի առաջին երկու ամիսներուն՝ 24.042 պարագաներ: 2017-էն ի վեր մահացած են 30 անձեր՝ հարսանիթի պատճառով:

- Վենեզուելայի մէջ 2019-ի առաջին երկու ամիսներուն 283 հարսանիթի պարագաներ տեսնուած են, իսկ 2018-ին 74 մահեր պատահած են հարսանիթի պատճառով:

- Իտալիոյ մէջ 2019 յունուարին հարսանիթի 165 պարագաներ պատահած են:

- Ֆրանսայի մէջ նոյն շրջանին հարսանիթի 124 պարագաներ արձանագրուած են:

- Եպրոպական Միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ 2018-ին 2.913 հարսանիթի պարագաներ տեսնուած են՝ եւ 35 մահեր արձանագրուած են հարսանիթի պատճառով:

- Ճաբոնի մէջ 2019-ի առաջին երկու ամիսներուն հարսանիթի 170 պարագաներ պատահած են:

Վերոյիշեալ վիճակագրութիւնները տեսնելէ ետք կրնանք ըսել, որ հարսանիթը բոլորովին չէ անհետացած նոյնիսկ յառաջացած-զարգացած երկիրներու մէջ: Ան գոյութիւն ունի Երկրորդ աշխարհի զարգացող երկիրներու մէջ: Իսկ զարգացած երկիրներու քաղաքացիները զարգացող երկիրներ երթալով՝ կրնան վարակուիլ հարսանիթի ժահրով եւ, վերադառնալէ ետք իրենց երկիրները, կ՚ունենան հարսանիթի ախտանշաններու յայտնաբերումը, եւ անոնք կը տարածեն հարսանիթի ժահրը իրենց շրջապատին մէջ:

Մեր թելադրանքն է՝ անպայման պատուաստել մեր երեխաները հարսանիթի պատուաստով, որպէսզի անոնք հեռու մնան հարսանիթի բարդութիւններէն, որոնք կրնան մահացու ըլլալ:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019