ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԸ
Արաբական մեծ քաղաքներէն ներս փոխադրամիջոցներ նստելու սովորութիւններէն դարձած է, որ ուղեւորը մենամարտիկ մը ըլլայ՝ որպէսզի կարենայ բարձրանալ, կամ արեւելեան պարուհի մը՝ որպէսզի կարենայ իջնել, կամ փորձառու քաղաքական գործիչ մը՝ որպէսզի կարենայ իր հաւասարակշռութիւնը պահպանել՝ եթէ կանգնած է: Իսկ իւրայատուկ անձերը, որոնք նախապէս իրենց աթոռներուն վրայ նստած են, ապա Աստուած օգնէ զանոնք կանգնած եւ գլուխները դէպի իրենց կախուած ուղեւորներուն՝ իրենց ուղղուած նայուածքներէն, որովհետեւ արաբը կը նախանձի նստողին, նոյնիսկ եթէ պէտքարանի աթոռին նստած ըլլայ:
Տարօրինակ աշխարհ մը, որու կը միացնէ միայն հանրակառքին պատերը: Մէկը վարորդին կը հայհոյէ, որովհետեւ նախքան իր իջնելը շարժուեցաւ: Ուրիշ մը կը սպառնայ վարորդի օգնականին, որովհետեւ դուռը գոցեց նախքան իր բարձրանալը:
Տիկին մը, որու հագուստը չի ծածկեր՝ ինչքան ամէն ինչ ցոյց կու տայ, թշնամութեամբ կը նայի իր շուրջիններուն, կարծէք պատասխանատու ըլլային, որովհետեւ ֆիլմ արտադրողները ուշադրութիւն չեն դարձուցած իրեն եւ հերոսի դերակատարութիւն չեն տուած իրեն մինչեւ հիմա: Ուրիշ կին մը, ճիշդ ասոր հակառակը, իր երկար թեւերով հագուստներուն մէջ ծածկուած կը մտմտայ, նախքան տոմսեր ծախողին դողացող մատներով՝ հազիւ երեւցող, գումար տալը, ճիշդ ընդդիմադիրներու մատներուն նման՝ արաբական խորհրդարաններէն ներս:
Բոլորը լուռ են եւ իրարու փակած, եւ իւրաքանչիւրը միւսի գլուխին կը նայի, կամ անոր դիմաց կ՚օրօրայ, բացի ծեր կինէ մը, եռանդոտ լեզուով, քիչ ակռաներով, մէկ վայրկեան իսկ չլռեց՝ կարծես ուղիղ հեռարձակումի կայանի մը խօսնակուհի մը ըլլայ, խրատ խրատի ետեւէ կու տայ՝ ձերբազատելու համար խճողումէն, ինչպէս նաեւ նստելու եւ կանգնելու կարգ կանոնէն. այս բոլորին ծածուկ նպատակը իր սեռի աղջիկներու նստելու տեղ մը ապահովելն է, բոլորին բարեմաղթելով քաջառողութիւնը եւ երկար մնալ այլ կեանքին մէջ, բայց ո՛չ անշուշտ այս հանրակառքին մէջ: Երբ տեսաւ, որ ո՛չ ոք արձագանգեց իր խնդրանքին, իր ամբողջ բարկութիւնը սկսաւ թափել այս օրերու ուղեւորներուն եւ վարորդներուն, իր առջեւը նստողին ուսին զարնելով՝ կարծես ամպիոն ըլլար: Եւ երբ ան ձեւով մը կրցաւ ազատիլ իր ձեռքի զարկէն ու անոր խրատներէն, ան ուրիշ մը գտաւ եւ սկսաւ անոր պատմել, թէ այն օրերուն ինչպիսին էր նոյնիսկ վարորդը, որ իր տեղը կու տար իրապէս այս ծերին կամ այն կնոջ, ան գոնէ նուազագոյնը կ՚առաջարկէր իր տեղը անոնց: Հառաչելով փափաքեցաւ հին հանրակառքերուն եւ զանգակներով ձիակառքերուն վերադարձը: Եւ երբ ո՛չ ոք արձագանգեց իր փափաքներուն կամ որդեգրեց իր խրատները, ան երկար շունչ մը քաշեց. ոմանք մտավախութիւնը ունեցան, որ ան զայն աւարտէ երկու տուն աթապայով (երգի տեսակ, որ նման է ողբերգի)՝ անցեալի կարօտը առնելու համար:
Յանկարծ, նստարաններէն մէկը ազատուեցաւ իր նստողէն, ան անմիջապէս իր աչքերով ու ձեռքերով ուղղուեցաւ դէպի այդ աթոռը, որպէսզի պահէ ու պահպանէ զայն, ո՛չ թէ որ ինք նստի, այլ՝ որպէսզի զայն առաջարկէ յղի կնոջ մը, որ նոր հանրակառք բարձրացած էր, մինչ ինք շարունակեց կանգնած մնալ իր կռացած մէջքով եւ երակները ցցուած ձեռքերով բան մը կը փնտռէր՝ որմէ բռնուէր այս հանրակառքին մէջ, ու այս կեանքին մէջ: Ան տալու մոլեռանդ մըն է, կարծէք ափիոն ըլլայ իր արեան մը, կամ «խաթ» (բոյսի տեսակ մը, որ դառն կ՚ըլլայ): Սակայն, այլեւս ոչինչ ունի այս հայրենիքին տալու, բացի խրատներէն, այն բանէն ետք, երբ իր միակ զաւակը որ մնացած էր իրեն այս աշխարհին մէջ՝ տուաւ անոր:
Միաժամանակ, կար ուրիշ վախ պատճառող ուղեւոր մը, որու գլուխը Պոֆորի1 (ալ-Շաքիֆ) բերդին նման էր, կը կանգնէր իր նստարանէն ու կը նստէր, հագուստները թափ կու տար եւ իր նստարանին տակ բան մը կը փնտռէր՝ արդէն տասներորդ անգամ. ան միւս ուղեւորներուն ոտքերը բարձրացնել կու տար մէկ առ մէկ՝ անասնաբոյժի մը նման, ան փոքրի մետաղադրամ մը կը փնտռէր, որ ինկած էր իրմէ՝ տոմս գնելու ընթացքին: Անոր շնչելէն ու արտաշնչելէն ոմանց թուաց, թէ ան հանրակառքը իր գլուխին վրայ պիտի շալկէ ու հարուածէ զայն իր ուղեւորներով միասին, եթէ չգտնէ այդ փոքրի մետաղադրամը, որ հայրենիքի հողին վրայ կորսնցուց: Ա՜խ, եթէ այս ուղեւորը գիտնար, կամ այդ բոլոր ուղեւորները գիտնային, որ ան մայրն է այն նահատակին, որուն նկարները լեցուցած են փողոցներուն պատերը եւ կառավարական շէնքերուն մուտքերը, ապա անոր ամենէն լաւ նստարանը պիտի տրամադրէին հանրակառքին մէջ՝ փափուկ նստատեղով ու յետնամասով, որովհետեւ իր ներկայանալի հագուստներով, իր կռացած կռնակով, ինչպէս նաեւ երակաւորվ ձեռքերով՝ որոնք բռնելու բան մը կը փնտռեն այս հանրակառքին ու այս կեանքին մէջ, ան արժանի էր բոլոր ուղեւորներէն եւ վարորդէն առաջ, նոյնիսկ փոխադրամիջոցներու նախարարէն առաջ նստելու:
Ճիշդ է, որ մինչեւ հիմա ան չի՛ գիտեր, թէ իր տղան ինչո՞ւ համար նահատակուեցաւ, որովհետեւ անոր թաղման օրը մէկը ըսաւ, թէ ան նահատակուեցաւ Լիբանանի վրայ դաւադրութիւն մը տապալելուն համար, ուրիշ մը ըսաւ, թէ Ծոցի արաբականութիւնը պահպանելու համար, երրորդ մը, թէ Չատի մէջ յեղափոխութեան համար, չորրորդ մը, թէ անոր արիւնը փարոս մըն է միութեան ճամբուն վրայ, հինգերորդ մը, թէ ան որակական փոփոխութիւն մըն էր ազատագրութեան ճամբուն, կամ ուրիշ ճամբաներու վրայ: Այլեւս չէր յիշեր: Տակաւին, ան նոյնիսկ չի՛ գիտեր, թէ ո՞ւր նահատակուած է: Ինչ որ գիտէ այն է, որ զայն բերած էին տարբեր դրօշակներով փաթթուած եւ աճապարանքով՝ ճամբորդութեան ընթացքին մատուցուող ուտելիքներուն նման:
Սակայն, անպայման որ մե՜ծ նպատակներու համար նահատակուած է, որ ժողովուրդը ըստ արժանւոյն պիտի արժեւորէ: Այդ պատճառով, անոր համար գերեզման մը պիտի կառուցէ, որու մասին պիտի խօսին մեռելները՝ ողջերէն առաջ… պիտի զարդարէ զայն նախշերով եւ ազնիւ համարներով, գեղեցիկ ոտանաւորներով՝ որ զինք մեծարելու համար ըսուած էին: Ապա սկսաւ ձեռնել իր դրամներուն տոպրակը, որ շահած էր՝ ուրիշներուն ծառայելով, եւ որ մինչեւ հիմա իր կուրծքին տակ պահուած էր: Յանկարծ, գոյնը փոխուեցաւ եւ մատները սառեցան ուր որ էին:
Եւ մինչ ան մութ գիշերին առանձինն պառկած էր փողոցի մը մայթերէն մէկուն վրայ եւ իր ձեռքը իր այտին էր, [հեռուն], այդ հանրակառքի ուղեւորներէն երկու հոգի կը քակէին գիւղական ծիծաղելի այդ կապոցը եւ կը հաշուէին անոր մէջ եղած գումարը՝ հարցադրելով, թէ ո՞ր սրճարանին կամ գինետան մէջ պիտի անցընէին իրենց այս գիշերը այդ դրամներով, այս հանգրուանին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 39
Վաղարշապատ
1 Լիբանանի հարաւը գտնուող բերդ մը, Պէյրութ մայրաքաղաքէն 100 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ: Կառուցուած է 12-րդ դարուն՝ խաչակիրներուն կողմէ: