Տ. ԱՐԻՍ ԱՐՔ. ՇԻՐՎԱՆԵԱՆ. «ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ԱՄԵՆԱԽԱՂԱՂԱՐԱՐՆ Է»

Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան Երուսաղէմի միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն մին է: Միաբան, որուն հովուական գործունէութեան կարեւոր մէկ հատուածը, չըսելու համար կարեւորագոյնը, անցած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի կամարներուն ներքեւ:

Երուսաղէմի շուրջ վերջերս ծաւալած վէճին ու զարգացումներուն առընթեր առիթ եղաւ հանդիպիլ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը ունենալ նորին սրբազանութեան հետ: Նախապայմաններ չկային ու զրոյցը այնքան յագեցած էր, որ ժամանակի սղութեան պատճառով ալ չկարողացանք  կարեւոր փակագիծներ բանալ  Երուսաղէմի հայոց վանքի ու միաբանութիւնը յուզող հիմնահարցերուն մասին, այդպէսով ալ աւելի «հանգիստ» ձգելով սրբազան հայրը ու վստահօրէն հող մը պատրաստելով յառաջիկային կայացուելիք հարցազրոյցի մը համար: Թերեւս այս օրերուն աւելի նպատակասլաց ու շահեկան էր խօսիլ Երուսաղէմի մօտիկ անցեալին, հայոց պատմական ժառանգութեան, ապագայի մտավախութիւններուն, ինչպէս նաեւ սրբազան հօր ականատեսի վկայութիւններուն մասին, որոնք կը բխին այդ սուրբ եւ հզօր քաղաքի մօտիկ անցեալի քուլիսային պահերէն:

Ապահով ենք, որ Տ. Արիս սրբազան իր տեսակով, էութեամբ եւ հայոց պատմական վանքին հանդէպ իր ունեցած նախանձախնդրութեամբ, որպէս վսեմագոյն օրինակ կը ծառայէ աշխարհով մէկ սփռուած Հայոց Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն:

*

-Սրբազան հայր, գիտենք որ ծնած էք Հայֆա ու ականատես եղած էք կարեւոր հանգրուանի մը: Դուք տակաւին պատանի էիք, երբ Իսրայէլի պետութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը: Մեր ընթերցողներուն շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ լսել, ձեւով մը, ականատեսի ձեր վկայութիւնները:

-1947-ին, ՄԱԿ-ը որոշում մը ընդունեց, որու հիման վրայ հռչակուեցաւ Իսրայէլի պետութիւնը: Այդ որոշումը բնականաբար չընդունուեցաւ արաբական պետութիւններուն կողմէ, որոնց համար կտրականապէս մերժելի էր, որ շրջանին մէջ Իսրայէլ անունով պետութիւն մը գոյանայ: Այդ օրերուն մասին իմ հանդիպած պատմական տուեալները կը վկայեն, որ արաբները մեծամասնութիւն էին: Եթէ թիւերով խօսինք, այդ շրջանին արաբ բնակչութեան թիւը կը հասնէր մէկուկէս միլիոնի, իսկ հրեաներուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուէր չորս հարիւր հազարով: ՄԱԿ -ի որոշումէն ետք անմիջապէս բախումներ սկսան. մէկ կողմէ հրեայ զինեալներու, իսկ միւս կողմէ՝ տեղացի պաղեստինցի զինեալներու միջեւ: Նոյն տարուան ընթացքին էր նաեւ, որ դէպի Հայաստան ներգաղթը սկսաւ ու ես լաւ կը յիշեմ, որ Հայֆա ապրող մեր դրացիներէն շատեր նախընտրեցին ներգաղթի ճամբան եւ հեռացան դէպի Հայաստան: Կը յիշեմ նաեւ, որ Պոպեթա նաւը Եգիպտոսէն ճամբայ ելած էր դէպի Սեւ ծով եւ ստիպուած եղաւ մեր կողմերը վերադառնալ, որպէսզի իր հետ Հայաստան փոխադրէ այն հայերը, որոնք աւելի վաղ իրենց անունները արձանագրած էին եւ որոշած՝ վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ: Նաեւ լաւ կը մտաբերեմ, որ իմ ներգաղթող սերընդակիցները այդ օրերուն եղած բախումներուն ականատես չդարձան: Ես կը վերյիշեմ մասնաւորաբար Հայֆայի մէջ եղած դէպքերը եւ յատկապէս 1948 թուականի Ապրիլ ամիսը, երբ իսրայէլեան բանակը ամբողջութեամբ իր տիրապետութեան տակ առաւ Հայֆան: Ատկէ շրջան մը ետք՝ 15 Մայիս, 1948-ին, Պենկորիոնը, որ Իսրայէլի Ազգային խորհուրդի նախագահն էր, Իսրայէլի պետութեան անկախութիւնը հռչակեց: Ճիշդ այդ թուականին՝ 1948-ի Մայիսին Մեծն Բրիտանիոյ որպէս հոգատար երկիր գերիշխանութիւնը կը հասնէր իր աւարտին, որմէ ետք ալ, ինչպէս ըսի, Իսրայէլ դարձաւ անկախ պետութիւն մը:

Հայրս, որպէս պաղեստինեան բանակի զինուոր կը մասնակցէր շրջանին մէջ տեղի ունեցող ինքնապաշտպանութեան եւ մինչեւ հիմա ալ կը յիշեմ, որ մենք ամէն գիշեր կը լսէինք հրացանաձգութիւններ եւ շատ յաճախ մինչեւ առաւօտ լուսցնելով՝ կը սպասէինք հայրիկիս ողջ-առողջ տունդարձին:

-Սրբազան հայր, ըսիք որ ձեր հայրը կը մասնակցէր այդ զինուորական գործողութիւններուն։ Ինչո՞ւ մաս կը կազմէր արաբ պաղեստինեան բանակին:

-Պատասխանս շատ յստակ է, որովհետեւ Հայֆայի մեր տունը կը գտնուէր արաբական թաղամասին մէջ, հետեւաբար հայրս ալ ստիպուած էր, որպէս այդ թաղամասի բնակիչ, մասնակցիլ եւ տարազ հագուելով պահակութիւն ընել՝ պաշպանելու համար այդ շրջանները իսրայէլեան բանակի յարձակումներէն:

-Գիտենք, որ այդ դէպքերէն ետք դուք շրջան մը Պէյրութ ապաստան գտաք։ Ինչպէ՞ս եղաւ այդ մէկը:

-Գիտէք Հայֆայի դէպքերու աւարտին մենք ստիպուած եղանք, ինչպէս նաեւ մեր հարեւանները, ամէն ինչ ձգելով, գիշերով, փախչիլ եւ ապաստանիլ քաղաքին մէջ գտնուող կաթողիկէ վանքի մը մէջ, որ մայրապետանոց էր ու հոն ալ շուրջ մէկ ամիս մնացինք: Մայրապետներն էին, որ կը հոգային մեր սնունդը՝ մինչեւ որ մեծերուն որոշումով բոլորս միասին՝ նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն հետ մեկնեցանք Հայֆայի նաւահանգիստ, ուր թրքական նաւով մը հեռացանք դէպի Պէյրութ: Կը յիշեմ, որ ձկնորսական նաւ մըն էր եւ բաւական դժուար ճանապարհ մը կտրելէ ետք ապահով կերպով Պէյրութ հասանք:

Բնականաբար որոշ գումար մըն ալ տրամադրեցինք այդ ճամբորդութիւնը իրականացնելու համար եւ նաւուն մէջ ոչ թէ միայն հայեր, այլ կային քրիստոնեայ եւ իսլամ արաբներ: Այդ թուականը պաղեստինցիներու համար կարեւոր տարի մը կը համարուի եւ անոնք զայն անուանած են «Ալ-Նաքպա», որ կը նշանակէ աղէտ: Իրօք եղածը աղէտ մըն էր եւ մենք մեր ինչքերը, մեր ունեցուածքը, մեր բնակարանը թողլով, որպէս գաղթական այս անգամ յայտնուեցանք Լիբանան:

-Ձեզ ինչպէ՞ս ընդունեցին Լիբանանի իշխանութիւնները, ի՞նչ է ձեր առաջին տպաւորութիւնը Լիբանանէն:

-Ճիշդը, կը յիշեմ, որ երբ մեր նաւը խարսխեց Պէյրութի ափերուն, Լիբանանի իշխանութիւնները յատուկ կարգադրութիւններ ըրած էին եւ անոնք մեզ ընդունեցին յատուկ ճամբարի մը մէջ, որուն «Քարանթինա» անունը կու տային: Հոն է, որ մենք շուրջ ամիս մը մնացինք եւ մեզ անմիջապէս պատուաստեցին, սնունդ տուին, հոգացին, յետոյ՝ անոնք որ ազգականներ ունէին՝ իրենց ազգականներուն մօտ ապաստանեցան, իսկ ուրիշներ ալ, շատերուն նման, այդ օրերուն տակաւին նոր գոյացող պաղեստինեան գաղթակայաններու մէջ հաստատուեցան: Այսքանը կը յիշեմ այդ հանգրուանէն:

-Այդ փուլէն ետք, ե՞րբ Երուսաղէմ վերադարձաք:

-Ուրեմն, մինչ այդ, բախումները շարունակուեցան շուրջ տարի մը եւ 1949-ին կնքուեցաւ դաշինք մը՝ մէկ կողմէ Իսրայէլի պետութեան եւ միւս կողմէ Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ անշուշտ տեղւոյն պաղեստինցիներուն միջեւ: Կ՚ուզեմ նաեւ շատ կարեւոր բան մը շեշտել ու ըսել, որ այդ տարիներուն Երուսաղէմի մէջ մեծ ներկայութիւն եղող զինուորական բանակը կը պատկանէր Յորդանանին, այսինքն մեծ թիւով յորդանանեան ուժեր տեղակայուած էին Երուսաղէմի մէջ:

Ու այդ հանգրուանին էր, որ Երուսաղէմը գործնականին մէջ բաժնուեցաւ երկու հատուածներու, մին արաբական, իսկ միւսը՝ իսրայէլեան: Այդ գոյավիճակը տեւեց տասնութ տարի՝ մինչեւ 1967 թուականը:

-1947-1967 թուականներու միջեւ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին ի՞նչ կրնաք փոխանցել մեզի: Տրուած ըլլալով, որ ինչպէս գիտենք, դուք 1952-ին Պէյրութէն դարձեալ վերադարձաք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանք ու կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաք եւ ժամանակ մըն ալ որպէս աբեղայ, գործեցիք միաբանութենէն ներս:

-Ճիշդ էք, 1952-ին ես վերադարձայ Երուսաղէմ, ինչպէս նշեցինք, այդ հան-գըրւանին Երուսաղէմի հին հատուածը կը գտնուէր յորդանանեան ուժերու տիրապետութեան տակ: Հինգ տարի ուսումս ստանալէ ետք՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Ներսոյեան սրբազանի ձեռնադրուեցայ աբեղայ՝ վերակոչուելով Արիս Աբեղայ Շիրվանեան: Նշեմ, որ անկէ շրջան մըն ալ առաջ ես սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացած էի՝ ձեռամբ Եղիշէ սրբազանին, որ ապագային ալ դարձաւ Երուսաղէմի պատրիարքը: Այս ընթացքին ես կը յիշեմ այն սուր պայքարի օրերը այս երկու կարող եւ ազդեցիկ միաբաններու միչեւ եւ կը յիշեմ նաեւ, թէ ինչպէս Եղիշէ պատրիարք յաջողեցաւ նստիլ Երուսաղէմի աթոռին վրայ, նեցուկովը Յորդանանի իշխանութիւններուն: Անշուշտ գիտենք, թէ 1960 թուականին էր, որ Եղիշէ սրբազան դարձաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը:

Եթէ փորձեմ տողերու մէջ ներկայացնել այս հանգրուանը՝ քաղաքական իմաստով, զինադադարի հանգրուան մըն էր: Ճիշդ է, որ քաղաքը բաժնուած էր երկուքի, բայց համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ մը կը տիրէր եւ պատկերացուցէք, որ պատ մը կար եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձէին յորդանանեան բաժինէն դէպի միւս կողմը անցնիլ՝ իսրայէլեան բանակի կրակոցներուն թիրախ կը դառնային, բայց ինչպէս ըսի, համեմատաբար հանգիստ եւ խաղաղ շրջան մը կարելի է համարել Երուսաղէմի պատմութեան մէջ:

-Սրբազան հայր, ինչպէս ըսիք, մօտաւորապէս քսան տարի Երուսաղէմը ապրեցաւ համեմատաբար խաղաղութեան մէջ, իսկ 1968-ին՝ Երուսաղէմի պայքարը նոր փուլ մը մտաւ։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ էր պատճառը, որ մինչեւ այդ թուականը համեմատաբար հանգիստ պայմաններու մէջ ապրող պաղեստինցիները դարձեալ զինեալ պայքարի ձեռնարկեցին: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով:

-Պաղեստինցիներուն համար մեծ երազ էր, այսօր ալ մեծ երազ է՝ ամբողջութեամբ վերատիրանալ պաղեստինեան հողերուն: Մինչեւ 1964 թուականը մենք չէինք լսած «ՊԱԿ»ի (PLO) մասին ու այդ տարիներուն էր, որ տեղի ունեցան խմորումներ, տարբեր խըմ-բաւորումներ՝ իսլամական, համայնավարական եւ այլ խմբաւորումներ, համախմբուեցան եւ ստեղծեցին «Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն»ը՝ «ՊԱԿ»ը, որուն գլխաւոր առաջնորդը եւ ղեկավարը դարձաւ Եասէր Արաֆաթ: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ պաղեստինցիք արտաքին ճակատի վրայ սկսան տարբեր միջոցներով պայքարիլ իրենց նպատակներուն հասնելու համար: Անոնք օդանաւեր առեւանգելով, ահաբեկչական արարքներ կատարելով եւ տարբեր զինուորական ֆետայական շարժումներով փորձեցին իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ պահանջել իրենց հողերը: Այստեղ նաեւ պէտք է նշեմ, որ մինչ այդ օրերուն արաբները եւ յատկապէս պաղեստինցիները կը պահանջէին ամբողջ հողատարածքները, իսկ այսօր իրավիճակը նոյնը չէ: Այսօր նոր դրութեան մը ականատես կ՚ըլլանք եւ պաղեստինեան կողմը, ձեւով մը, առանց յայտարարելու կ՚ընդունի այսօրուան իրավիճակը եւ անոր համար նպատակ դարձած է որոշ ինքնավարութիւն մը ունենալով կերտել պաղեստինեան պետութիւնը: Անշուշտ այս մօտեցումները կապ չունին Երուսաղէմի ընդհանուր վիճակին հետ, որ բոլորովին ուրիշ իւրայատկութիւններ ունեցող քաղաք մըն է, Սուրբ քաղաք մըն է եւ հոն է նաեւ, որ շատ նուրբ կէտեր կան՝ այն իմաստով որ այդ քաղաքը պէտք է պատկանի ո՛չ միայն հրեաներուն կամ պաղեստինցիներուն, կամ իսլամներուն, կամ քրիստոնեաներուն, այլ՝ բոլորին: Ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ Երուսաղէմը պէտք է ճանչցուի որպէս բաց քաղաք՝ բոլորին համար բաց եւ Սուրբ քաղաք:

-Ի՞նչ կրնաք ըսել 1967-ի պատերազմի մասին, որու աւարտին ալ Իսրայէլ յաջողեցաւ գրաւել Երուսաղէմը ու տիրանալ Արեւմտեան ափին:

-Այդ տարիներուն ես կը գտնուէի Միացեալ Նահանգներ: 1966-ին, այդ օրերու Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի հրաւէրով, որպէս հոգեւոր հովիւ մեկնեցայ Միացեալ Նահանգներ, ուր ծառայեցի մինչեւ 1998 թուականը: Բայց կը յիշեմ, որ այդ պատերազմի օրերուն գրեթէ դիմադրութիւն չեղաւ: Ճիշդ է, որ յորդանանեան բանակի կարգ մը սպաներ փորձեցին դիմադրել, բայց ընդհանուր առմամբ յստակ էր, որ չդիմադրելու որոշում մը կար եւ այդ որոշումը կու գար Ամմանէն: Այստեղ բաւական խորհրդաւոր բան մը կայ, թէ ինչո՛ւ այդ ձեւով իսրայէլացիք յաջողեցան մուտք գործել եւ գրեթէ առանց դիմադրութեան գրաւել այդ հողերը:

-Նշեցիք Երուսաղէմի իւրայատուկ քաղաք մը ըլլալու հանգամանքը։ Վերջերս, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշում կայացուց եւ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցաւ՝ մենք ականատես եղանք բողոքի ցոյցերու, որոնք ցարդ ալ կը շարունակուին ու ցայսօր յստակ չէ, թէ ինչ զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ Երուսաղէմի մէջ ու անոր շուրջ: Այստեղ հայութիւնը յուզողը Երուսաղէմի հայկական թաղամասերուն ճակատագի՞րն է. ի՞նչ կրնաք ըսել այս ուղղութեամբ:

-Ես կ՚ուզեմ պատմական վկայութիւն մը տալով աւելի բացատրել, թէ ինչ հանգամանքներու բերումով Երուսաղէմը դարձած է իւրայատուկ յատկանիշներ ունեցող քաղաք մը: Նախ, ինչպէս դուք նշեցիք, այս ամբողջ խնդրին մէջ մեզի համար մտահոգիչը եւ տագնապեցնողը Երուսաղէմի հայկական թաղամասերու ճակատագիրն է: Ես լաւ կը յիշեմ, 2000 թուականին, երբ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Պարաք եւ Պաղեստինի նախագահ Եասէր Արաֆաթ, հրաւէրովը ԱՄՆ-ի նախագահ Պիլ Քլինթընի, Սպիտակ տան մէջ բանակցութիւններ վարեցին եւ այդ բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծուած էր, որ հայկական թաղամասը պիտի միացուի հրէական թաղամասին, այսինքն՝ պիտի գործադրուէր համաձայնութիւն մը Երուսաղէմի համար, որուն հիմքով ալ հայկական թաղամասը պիտի կցուէր հրէականին:

Գիտենք, որ Երուսաղէմը կը բաղկանայ չորս գլխաւոր թաղամասերէ՝ հրէական, հայկական, քրիստոնէական եւ իսլամական: Այդ օրերուն էր, որ մենք Թորգոմ պատրիարքի հետ խորհրդակցաբար, արագօրէն ժողովներ գումարեցինք եւ այդ ժողովներու աւարտին ալ հասանք այն եզրակացութեան, թէ եթէ այդ համաձայնութիւնը կիրառուէր ու հայկական թաղամասը կցուէր իսրայէլեանին՝ ապա մենք շատ բան պիտի կորսնցնէինք մեր ինքնավարութենէն, աւելին՝ մտավախութիւն ալ կար, որ Իսրայէլի պետութիւնը հանգրուան առ հանգրուան, դանդաղօրէն իւրացնել փորձէր հայկական հողամասերը: Ժողովներու աւարտին մենք այս մտահոգութիւնը արձանագրելով՝ յատուկ նամակներ յղեցինք թէ՛ Եասէր Արաֆաթին եւ թէ նախագահ Պիլ Քլինթընին՝ յայտնելով, որ Երուսաղէմի հայկական միաբանութիւնը՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքը, կը մերժէ նման որեւէ համաձայնութիւն պահպանելու համար հայկական թաղամասերուն ինքնավարութիւնը եւ իւրայատկութիւնը: Յետոյ, երբ նախագահ Եասէր Արաֆաթ Ռամալլահ վերադարձաւ՝ սկիզբ առաւ երկրորդ «Ինթիֆատա»ն (յեղափոխութիւն) եւ այդ ըմբոստութեան պատրոյգը վառուեցաւ, երբ իսրայէլացիներ փորձեցին մուտք գործել Ալ-Աքսա մզկիթի շրջափակը: Տեղի ունեցան շատ ծանր բախումներ, արձանագրուեցան զոհեր, սակայն իսրայէլեան բանակը՝ շնորհիւ իր արդիական զօրքերուն եւ օդուժին, յաջողեցաւ անգամ մը եւս ճզմել պաղեստինեան ըմբոստութիւնը: Այս բոլորը ըսի ձեր ընթերցողներուն հետ կիսուելու համար, որ ինչն է մեզի համար մտահոգիչը Երուսաղէմի մէջ եւ ինչ քայլերու պէտք է դիմել, որպէսզի հայկական թաղամասերը շարունակեն պահպանել իրենց ինքնավարութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

-Սրբազան հայր, գիտենք, որ 2000 թուականին Բեթղեհէմ քաղաքը պաշարուեցաւ եւ յատկապէս պաշարուած էր Ս. Ծննդեան տաճարը։ Դուք ականատեսն էիք այդ բոլորին: Պիտի խնդրենք, որ անգամ մը եւս վերյիշէք պատմական այդ դէպքը:

-Երկրորդ «Ինթիֆատա»ի օրերուն իսրայէլեան բանակը որոշում առաւ ներխուժել Բեթղեհէմ: Մինչ այդ, պէտք է նշել, որ Բեթղեհէմ յատուկ կարգավիճակ մը ունէր եւ իսրայէլեան ուժերուն համար արգիլուած էր այդ քաղաքը մուտք գործել: Լաւ կը յիշեմ, առաւօտեան ժամը չորսն էր, ահազանգ ստացանք, որ իսրայէլեան զօրքերը հրասայլերով եւ հազարաւոր զինուորներով կը ներխուժեն Բեթղեհէմ: Բնականաբար, մեզի համար մտահոգիչը այդ զինեալ ուժերուն Ս. Ծննդեան տաճար մուտք գործելն էր: Արագօրէն կապ հաստատեցի Երուսաղէմի մօտ Պապական նուիրակին հետ, որ տեղեակ չէր իրողութենէն եւ առաւօտ կանուխ գումարեցինք ժողով մը, որուն նաեւ ներկայ կ՚ըլլային ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի մշտական հինգ անդամ երկիրներու դեսպանները: Մտահոգիչ էր իրավիճակը, որովհետեւ այդ տաճարին մէջ 140 պաղեստինցի զինեալներ կային: Կային նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք վախնալով իսրայէլեան բանակի քայլերէն, փորձած էին ապաստանիլ այդ պատմական տաճարին մէջ: Միջազգային հանրութիւնը մեծ ճնշումներ կը գործադրէր եւ իսրայէլեան բանակը կը հրաժարէր ներխուժել Բեթղեհէմի տաճար: Մեզի համար նոյնպէս մտահոգութիւն էր, որ որեւէ պարագայի, եթէ իսրայէլեան բանակի զինուորներ հոն մուտք գործէին, ապա տաճարը պիտի համարուէր՝ պղծուած:

-Հայեր կայի՞ն Բեթղեհէմի մէջ, ի՞նչ եղաւ անոնց ճակատագիրը:

-Այդ դէպքերուն ընթացքին անկլիքան եպիսկոպոսի մը ընկերակցութեամբ ես յաջողեցայ իսրայէլեան զինուորական պատասխանատու մարմիններէն յատուկ արտօնագիր մը ստանալով մուտք գործել Բեթղեհէմ քաղաքը՝ սնունդ եւ դեղօրայք հասցնել այն հայ ընտանիքներուն, որոնք արգելափակուած կը մնային իրենց տուներուն մէջ: Չմոռնամ ըսելու, որ «պարետային ժամ» յայտարարուած էր Բեթղեհէմի մէջ եւ այն անձերը, որոնք կը համարձակէին իրենց տուներէն դուրս գալ՝ անմիջապէս թիրախ կը դառնային իսրայէլեան բանակի հարուածներուն:

Երկար տեւեց այդ պաշարումը՝ շուրջ քառասուն օր, բայց շնորհիւ այդ յատուկ կարգադրութեան՝ մենք կարողացանք պէտք եղած անհրաժեշտ օժանդակութիւնը հասցնել մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն: Ճիշդ է, որ մենք մարդկային կորուստներ չունեցանք, բայց այդ փուլին էր նաեւ, որ (2002-ին) իսրայէլեան բանակը գրաւեց Պարոնտէր հայկական վանքի ձիթաստանը: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Իսրայէլի պետութիւնը սկսաւ կառուցել Երուսաղէմի շուրջ առկայ յայտնի պատը:

-Սրբազան հայր, որեւէ քայլի ձեռնարկեցի՞ք, վերատիրանալու համար Պարոնտէր վանքի ձիթաստանին:

-Անշուշտ, բողոքի ձայն բարձրացուցինք, դիմեցինք Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան, յատուկ հանդիպումներ ունեցանք, ժողովներ գումարեցինք ու յետոյ բանակցութիւններ վարեցինք Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: Ճիշդ է, որ մեր ձիթաստանը մեծ վնասներ կրեց, որովհետեւ մեր հողերուն վրայ է, որ 9 մեթր բարձրութեամբ այդ պարիսպը կառուցուեցաւ, այդ հողը մեզի չվերադարձուցին, բայց անոր փոխարէն մեծագումար տոյժ մը վճարուեցաւ Երուսաղէմի հայոց վանքին:

Այսօրուայ դրութեամբ Պարոնտէրի մեր հողատարածքին երեք չորրորդը անցած է իսրայէլեան տիրապետութեան տակ, իսկ մէկ չորրորդը կը գտնուի Բեթղեհէմի կամ պաղեստինեան իշխանութիւններու տակ:

-Իսկ ի՞նչ եղաւ այդ 140 զինեալներուն ճակատագիրը։ Ինչպէ՞ս յանձ-նըւեցաւ ի վերջոյ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարը իր իրաւատէրերուն:

-Ինչպէս ըսի, քառասուն օր տեւած այդ պաշարումը վերջ գտաւ համաձայնութեամբ մը, որ գոյացած էր մէկ կողմէ Իսրայէլի եւ միւս կողմէ պաղեստինեան իշխանութիւններու միջեւ եւ մենք ալ որպէս իրաւատէր՝ յոյն, ասորի եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ միասնաբար ներկայ եղանք յանձնման արարողութեան: Իսրայէլի պետութիւնը յարգեց համաձայնութեան գլխաւոր կէտերէն մէկը, որու շնորհիւ ալ զինեալները՝ անշուշտ զինա-թափ վիճակով դուրս եկան մայր տաճարէն եւ անոնց մեծ մասը վերադարձաւ դէպի պաղեստինեան իրենց բնակավայրերը՝ մինչ զինեալներու պարագլուխները երկրէն դուրս աքսորուեցան ու այդպէսով աւարտեցաւ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան պատմական տաճարի քառասուն օր տեւած պաշարումը:

-Սրբազան հայր, ձեր ազգային կրօնական գործունէութեան գլխաւոր մասը Երուսաղէմի մէջ անցուցած էք, բաւական լաւ գիտէք ծալքերը արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան եւ տարբեր փուլերու ալ ականատես եղած էք բաւական ցնցիչ՝ յաճախ անսպասելի, նոյնիսկ վրդովեցուցիչ իրավիճակներու։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ է այս հակամարտութեան բուն պատճառը եւ ո՞ւր կը գտնուին այս հակամարտութեան արմատները: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:

-Նախ ըսեմ, որ երբ այս հակամարտութեան մասին կը խօսինք, պէտք է նկատի առնենք, որ հրեաները՝ Իսրայէլի մէջ բնակող հրեաները, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ այսօրուան Իսրայէլին հաւատացող հրեաները պատմութեան որոշ ժամանակահատուած մը կ՚անտեսեն: Անոնք երեք հազար տարի ետ կ՚երթան եւ կ՚ուզեն վճռել, որ այդքան ժամանակ առաջ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք եղած է եւ անշուշտ կը յիշատակեն սուրբ գրային Դաւիթ թագաւորը, որ եղած է Իսրայէլի մայրաքաղաք՝ Երուսաղէմի թագաւոր: Անոնց համար Դաւիթ եւ Սողոմոն թագաւորները սկզբնակէտ են պատմութեան համար: Նաեւ կ՚անտեսեն, որ այդ ժամանակահատուածին ալ, նոյնիսկ Քրիստոսի օրերուն, իրենք թագաւորութիւն մը, իշխանութիւն մը չեն ունեցած այդ հողերուն վրայ: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Պաղեստինը Հռոմէական կայսրութեան նահանգներէն մէկն էր ու կ՚անտեսեն նաեւ, որ այդ օրերուն Հռոմի կողմէ այդտեղ որպէս թագաւոր նշանակուած Հերովդէսը եթոմացի էր, Եթոմիայէն կու գար՝ հրեայ ալ չէր: Այս բոլոր փաստերը իսրայէլացիք կ՚անտեսեն: Եթոմիան կամ Եթոմը (Edom) այսօրուան Յորդանանի տարածքին մէջ է: Ու այս բոլոր պատմական փաստերը կու գան ցոյց տալու, որ ոչ մէկ անգամ այնտեղ հրէական պետութիւն կամ թագաւորութիւն եղած է ու պէտք չէ մոռնանք, որ նոյն այդ շրջաններուն Երուսաղէմի շուրջ կը բնակէին տասնեակ ցեղեր, որոնցմէ են քանանացիները, եւ ուրիշ ժողովուրդներ: Իսկ գալով պաղեստինեան կողմին՝ կայ տեսութիւն մը, որ ցարդ ալ փաս-տըւած չէ, ըստ որուն այսօրուան պաղեստինցիները կը սերին այդ օրերու Երուսաղէմի շուրջ ապրող քանանացիներէն: Պաղեստինցիներու պարագային նաեւ կ՚ըսուի, որ անոնք Մուհամմէտ մարգարէի 638 թուին Երուսաղէմը գրաւելուն հետեւանքով իսլամացած տեղացիներն են, որոնք մարգարէին Սուրբ քաղաքը գրաւելէն ետք դարձան իսլամներ: Այդ թուականին է նաեւ, որ հայոց Աբրահամ եպիսկոպոսը, որպէս պատրիարք ընդունուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Երուսաղէմի մէջ ու այդ օրերէն ի վեր է, ու ցայսօր մեր պատրիարքութիւնը կը շարունակուի Երուսաղէմի մէջ առանց ընդհատումի: Այս բոլորէն ետք կ՚ուզեմ նաեւ նշել, թէ 1917-ին, երբ «Պելֆորի խոստում»ը հրապարակուեցաւ, որուն շնորհիւ Մեծն Բրիտանիա իրաւունք կու տար հրեաներուն այդ հողերուն վրայ տէրութիւն ընելու եւ հաստատուելու ամբողջ Պաղեստինի տարածքին, հրեաներուն թիւը հազիւ 50 հազար էր:

Այդ օրերուն նաեւ Օսմանեան կայսրութիւնը արգելքներ դրած էր հրեաներու Պաղեստին գալու վերաբերեալ եւ պատմական փաստեր ալ գոյութիւն ունին, որ սիոնիզմի նախահայրը համարուող Թէոտոր Հերթցէլը անձամբ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթանին հետ եւ անկէ արտօնութիւն կը խնդրէ Իսրայէլի մէջ հրեաներու վերաբնակեցումը դիւրացնելու կապակցութեամբ եւ օսմանեան սուլթանը կը մերժէ ընդառաջել Հերթցէլի առաջարկին, հետեւաբար այս բոլորէն անդին «Պէլֆորի խոստում»ը վաւերաթուղթ մը ըլլալէ անդին նաեւ յաղթանակ մըն էր իսրայէլացիներու համար: Անկէ ետք Բրիտանիոյ հոգատարութեան տակ եղած Պաղեստինի առաջին կառավարիչը կը նշանակուի ծագումով հրեայ անձնաւորութիւն մը, որ մեծ ճիգեր կը գործադրէ պաղեստինեան այդ տարածքները հրեաներով վերաբնակեցնելու համար: Այս առումով նաեւ պատմական տուեալներ կան, թէ ինչպէս հրեաները դրամի ուժով պաղեստինցիներէն հող գնել սկսան, ու այդ շրջանէն մինչեւ մեր օրերը, ցայսօր ալ իսրայէլացիք մեծ ճիգեր կը գործադրեն վերաբնակեցնելու համար այդ հողատարածքները:

1920-1947 թուականներու միջեւ այդ էր իրավիճակը, մինչ 20-ականներուն Պաղեստինի մէջ կ՚ապրէին շուրջ 1.5 միլիոն պաղեստինցիներ եւ 400 հազար իսրայէլացիներ, աւելի ուշ այդ մարդագրական ընդհանուր պատկերը կը փոխուէր եւ հրեաներու թիւն ալ կը դառնար պատկառելի: Իսկ այսօր Իսրայէլի բնակչութիւնը կը գնահատուի 8.5 միլիոնով, որուն 3.5 միլիոնը արաբներ են:

-Խօսեցաք վերաբնակեցման ընդհանուր գործընթացներուն մասին, այսօր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ, կը շարունակուի՞ այդ վերաբնակեցումը:

-Այո՛, այսօր ալ կը շարունակուի այդ վերաբնակեցումը եւ այս հանգրուանին ալ Իսրայէլի աչքերը ուղղուած են դէպի Ափրիկեան երկիրներ, ինչպէս նաեւ Հեռաւոր Արեւելք, նոյնիսկ մեծ թիւով սեւամորթներ եւ Ասիոյ բնակիչներ Իսրայէլ կը բերուին եւ որպէս հրեայ կ՚ընդունուին. թէ ինչքանո՞վ անոնք հրեայ են, այդ մասին ոչ ոք կրնայ առարկել, որովհետեւ սա իրենց ներքին խնդիրն է, անշուշտ կը խօսուի նաեւ, որ այդ վերադարձողներուն համար յատուկ դասընթացքներ կը տրուին եւ այդ դասընթացքներու ընթացքին է, որ անոնք ձեւով մը «հրեայ» կը վերամկրտուին:

Գիտէք, վերադառնալով ձեր հարցին եւ այսքան տուեալներ ներկայացնելէ ետք պիտի ըսեմ, որ իսրայէլացիներու համար այսօր, ինչպէս երէկ, եւ վաղն ալ՝ գերագոյն խնդիրը Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալն է եւ այդ մէկը արդէն արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը աւելի կը թէժացնէ, որովհետեւ երկու կողմերն ալ պատրաստ չեն որեւէ համաձայնութեան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին՝ ինչպէս Իսրայէլի, նոյնպէս Պաղեստինի համար Երուսաղէմը կ՚ընդունուի որպէս վերջնական նպատակի մը համար եղած մայրաքաղաք մը ըլլալու դրոյթը եւ այդ երկու կողմերն ալ կը պայքարին այդ նպատակը իրականացնելու համար:

-Այս բոլորէն ետք սրբազան հայր, ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք որպէս հայեր եւ որպէս քրիստոնեաներ՝ կապուած Երուսաղէմի ապագային:

-2004 թուականին, լաւ կը յիշեմ, որովհետեւ ես ալ մասնակից էի այդ յանձնաժողովին, Երուսաղէմի քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները կարեւոր ժողով մը գումարելով յայտարարութիւն մը հրապարակեցին, որուն մէջ բառացիօրէն կը նշուէր, որ Երուսաղէմ քաղաքը կը պատկանի ոչ միայն իսլամներուն կամ քրիստոնեաներուն, այլ կը պատկանի բոլոր երեք կրօններուն՝ իսլամութեան, քրիստոնէութեան եւ յուդայականութեան: Այդ ժողովէն բխած զեկոյցի պատճէնները միաժամանակ ուղարկուեցան թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Պաղեստինի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ Վատիկանը յատուկ շեշտով մը իր դրական կեցուածքը արտայայտեց՝ կապուած այս յայտարարութեան: Յայտարարութեան միտք բանին այն էր, որ Երուսաղէմը որպէս քաղաք, ինչպէս քանի մը անգամ նշեցի այս հարցազրոյցի ընթացքին, պէտք է ունենայ յատուկ կարգավիճակ մը, յատուկ գոյավիճակ մը, որուն հիման վրայ ալ պիտի յայտարարուի որպէս բոլոր երեք կրօններու բաց քաղաք, առանց որեւէ արգելքի, առանց որեւէ կողմին համար տրուած որոշ առաւելութիւններու կամ իրաւասութիւններու եւ դառնայ հաւասարապէս բոլորին քաղաքը, անշուշտ այնտեղ նաեւ կը նշուէր, որ այս Սուրբ քաղաքի ճակատագիրը պէտք է վըճ-ռըւի բանակցութիւններու ճամբով եւ ոչ թէ միակողմանի որոշումներով կամ վճիռներով:

-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ ընթացք կ՚ունենայ Երուսաղէմի այս տագնապը, ի՞նչ հնարաւոր գործընթացներ կրնան տեղի ունենալ եւ ի՞նչ արդիւնքներ կրնան քաղուիլ:

-Գիտէք, այնքան ժամանակ որ այս խնդիրը համաձայնութեան հիմամբ չէ լուծուած, տագնապը պիտի շարունակուի. թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ յառաջիկային՝ կը դժուարանամ ըսել, որովհետեւ տակաւին պատկերը յստակ չէ ու մեզի համար ալ բաւական մտահոգիչ է, որովհետեւ որեւէ զարգացումի կամ որեւէ համաձայնութեան մը պարագային հայութիւնը եւ յատկապէս Երուսաղէմի Սուրբ աթոռը առընչուած պիտի ըլլայ գալիք զարգացումներուն հետ: Այսինքն՝ մեզի համար շատ կարեւոր է, թէ նոյնիսկ համաձայնութեան մը պարագային ի՞նչ կարգավիճակ պիտի ունենայ հայկական թաղամասը, ի՞նչ նոր սահմաններ պիտի գծուին, եթէ պիտի գծուին անշուշտ, կամ ի՞նչ ընդհանուր կարգավիճակ պիտի ունենայ Երուսաղէմի հին քաղաքի այդ հատուածը, ուր կը գտնուի մեր Սուրբ եւ դարաւոր աթոռը:

Նաեւ կ՚ուզեմ շեշտել, որ ցաւօք Իսրայէլի կառավարութիւնը արդէն այսօր իր ձեռքը դրած է հայկական մի քանի կալուածներու վրայ եւ յայտարարած է որպէս ազգային «park»՝ պարտէզ եւ այդտեղ մենք՝ հայերս ոչ մէկ շինարարութիւն, վերակառուցում կամ կառուցում կատարելու իրաւասութիւն ունինք, եւ ատիկա մեզի համար ցաւոտ կէտ մըն է:

-Սրբազան հայր, որոնք են այդ հայկական կալւածները, որոնք անցած են Իսրայէլի իշխանութեան ձեռքը:

«Մին Սուրբ Փիլիպպոսի կալուածն է, որ նաեւ սրբավայր է, եւ միւսը՝ Ակեղթամայի կալուածն է, որ Երուսաղէմի մէջ է, ուր նաեւ գոյութիւն ունեցած է մեր պատմական գերեզմանատունը, որ դարերու կեանք ունի: Անշուշտ այս կալուածները Սրբոց Յակոբեանց վանքի հարեւանութեան մէջ կը գտնուին ու անկէ հազիւ 10 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ:

-Ձեր կարծիքով՝ Թրամփի այս որոշումը կը գործադրուի՞, դուք այդ առումով հեռանկար կը տեսնէ՞ք:

-Ճիշդն ըսելով մինչեւ ՄԱԿ-ի այդ յատուկ նստաշրջանին գումարուիլը բաւական հարցական վիճակ մը գոյութիւն ունէր, հակառակ անոր որ նոյնինքն նախագահ Թրամփ կը յայտարարէր, որ Իսրայէլի մօտ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրուելու գործընթացը պիտի տեւէ երկու տարի, բայց իմ կարծիքով՝ ամերիկացիք պատրաստ չեն այս ռիսքը առնելու, յատկապէս ՄԱԿ-ի յատուկ նստաշրջանի ընթացքին այս որոշումին դէմ եղած բաւական աղմուկ բարձրացնող «ոչ»էն ետք: Հետեւաբար ճիշդ է, որ կը դժուարանամ ըսել ինչքան կրնայ տեւել այս դեսպանատան փոխադրութեան խնդիրը, բայց ներկայիս, ըստ եղած զարգացումներուն՝ ան յառաջիկայ շրջանին դժուար թէ իրականութիւն դառնայ:

Անշուշտ այս բոլորին մէջ կայ այն վտանգը, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ Երուսաղէմ փոխադրէ իր դեսպանատունը, սա արդէն կը նշանակէ, որ Ամերիկա կ՚օրինականացնէ Իսրայէլի կողմէ հին Երուսաղէմի գրաւումը եւ անոր քայլին կրնան հետեւիլ շարք մը պետութիւններ, իրավիճակը դարձնելով աւելի տագնապալի եւ մտահոգիչ:

-Սրբազան հայր, այս յիսուն եւ աւելի տարիներու արաբ-իսրայէլեան կամ պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութիւնը արդեօք կը լուծուի՞ օր մը: Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:

-Բաւական բարդ հարցում մը ուղղեցիք, որովհետեւ այս խնդրի լուծման համար երկու կողմերը՝ թէ՛ պաղեստինցիները եւ թէ իսրայէլացիները պէտք է գան որոշ համաձայնութեան եւ նախեւառաջ ունենան համաձայնելու մտադրութիւն: Հարցը շատ խճճուած է, այսօր Երուսաղէմի մէջ եթէ կ՚ապրին 220 հազար արաբներ, անդին կան շուրջ կէս միլիոն հրեաներ եւ հրեաներու թիւը օրէ օր կը բազմանայ շնորհիւ, ինչպէս քիչ առաջ նշեցինք՝ վերաբնակեցման աշխատանքներուն, կան նաեւ նոր գիւղեր, որոնք հիմնուած են Երուսաղէմի ծայրամասերուն վրայ, ուր կ՚ապրին մեծ թիւով հրեաներ: Հետեւաբար այս բոլոր գործօնները նկատի առնելով, կարեւոր է որ երկու կողմերը պատրաստակամութիւն ունենան քով քովի գալու եւ սեղանի մը շուրջ բանակցելու, ինչպէս ըսիք, այս արդէն յիսուն եւ աւելի տարուան կեանք ունեցող եւ ամբողջ աշխարհը մտահոգող տագնապը լուծելու համար:

Պէտք է աւելցնել, որ պաղեստինեան կողմի պարագային շուրջ երեսուն տարիներ առաջ անոնք կը մերժէին ընդունիլ Իսրայէլի պետութեան գոյութիւնը: Այսօր իրավիճակը այդպէս չէ, անոնց մօտ բաւական դրական տեղաշարժ կայ, բայց հարցերու հարցը կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմը, որ երկու հակամարտող կողմերուն համար կը համարուի գլխաւոր քաղաք մը կամ ինչպէս կարելի է ըսել՝ սիրելի մայրաքաղաք մը:

Այս բոլորին մէջ կայ նաեւ քրիստոնեաներու տեսակէտը։ Ըստ իս, անոնց որդեգրած մօտեցումը, որուն մասին մենք խօսեցանք այսօր՝ ամենէն նշանակալից, ամենէն արդիւնաւէտ եւ ամենէն խաղաղարար մօտեցումն է, որն է՝ Երուսաղէմը դարձնել բոլորին համար յատուկ կարգավիճակ մը, գոյավիճակ մը ունեցող եւ բոլորին համար բաց եւ սուրբ քաղաք մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018