ՄԱՅՔԸԼ ՍԱՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԸ ԼՈՒՐՋ ԵՒ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ»

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ ամերիկահայ անուանի բարերեր ու գործիչ  Տիար Մայքըլ Սարեան։

-Պրն. Սարեան, տարի մը առաջ դուք հանդէս եկաք կարեւոր նախաձեռնութեամբ եւ բոլորովին անհատական ճիգերով մեծ նուիրատուութիւն կատարեցիք եւ բժշկական արդիական ու պիտանի սարքեր նուիրեցիք Հայաստանի առողջապահական համակարգին։ Այս օրերուն ձեր երկրորդ այցն է դէպի Հայաստան. ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները։

-Հայաստանը աւելի լաւացած կը տեսնեմ: Առաջին գալուս, յեղափոխութիւնը նոր իրականացուած էր, յոյսեր ունէին մարդիկ, որ երկրին վիճակը պիտի փոխուի դէպի լաւը, որովհետեւ տարիներով երկիրը թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ այլ պատճառներով շատ վատ վիճակի մէջ էր, մարդիկ շատ կը գաղթէին, կը լքէին Հայաստանը, կ՚երթային ուրիշ երկիրներ։ Այդ մէկը ցաւալի երեւոյթ էր, ու բոլորիս համար հիմնական պայքարը պէտք է արտագաղթի դէմ պայքարը ըլլայ։ Բոլորս գիտենք Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ այդ դիրքին հետեւանքով ստեղծուած բարդ վիճակները, այդ առումով ալ մենք կարեւոր աշխատանք ունինք կատարելիք, որպէսզի կարողանանք մարդագրական աճ ապահովել Կովկասեան այս տարածքին վրայ։ Այս բոլորէն անդին, ես անձնապէս կը յուսամ, որ մեր նոր կառավարութիւնը Հայաստանի նիւթական-տնտեսական վիճակը բարելաւէ ու վստահաբար երբ մարդիկ աւելի լաւ ապրին, կը հրաժարին դէպի այլ երկիրներ գաղթելու գաղափարէն։ Չմոռնանք, որ այս երկրին մէջ տարիներով տիրեց կաշառակերութիւնը եւ տնտեսական վիճակը շատ վատ էր։ Խաւ մը կար, որ միայն իրենք հարստացած են, իսկ ժողովուրդին 95 տոկոսը օրէ օր աւելի դժուար վիճակի կը մատնուէր։ Ի վերջոյ մենք կ՚ուզենք, որ Հայաստանի տնտեսական վիճակը բարելաւուի, մարդիկ լաւ ապրին, երբ մարդիկ լաւ կ՚ապրին ու լաւ կը վճարուին, չեն մտածեր դուրս երթալու մասին: Ասիկա լաւ նշան չէ մենք՝ հայերուս համար։ Եթէ մենք կ՚ուզենք զօրանալ, պէտք է ըլլանք հինգ միլիոն ժողովուրդ, ոչ թէ մէկուկէս միլիոն, պէտք է մեր թիւերը կրկնապատկենք։

-Դուք երկար տարիներէ ի վեր կը գործէք Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան ոլորտէն ներս։ Ինչպէս վերես յիշեցինք, վերջերս կարեւոր բարերարութիւն ըրիք Հայաստանին։ Մօտէն առընչուեցաք, դէմ դիմաց եղաք Հայաստանի առողջապահական ոլորտին հետ։ Այսօր այդ ոլորտը քիչ թէ շատ գիտէք. ի՞նչ են այն բանալի տարրերը, որպէսզի այդ ոլորտը ոտքի կանգնի, որովհետեւ ինչպէս դուք ալ առիթով մը ըսած էք, առողջապահութեան ոլորտը կարեւորագոյն յենարանն է պետութեան մը:

-Երկրի մը համար առողջապահութիւնը շատ կարեւոր է, մարդոց համար ալ անձնական առողջութիւնը կարեւոր է. եթէ առողջութիւն չունիս, ուզածիդ չափ հարստութիւն ունեցիր, ուզածիդ չափ դրամ ունեցիր, այդ բոլորը բան չեն նշանակեր, որպէս անձ պէտք է առողջ ըլլաս: Իսկ եթէ երկրին ընդհանուր առմամբ նայիս, կան հիմնական բաներ, որոնք պէտք է փոխուին եւ աշխատանք տարուի այդ ուղղութեամբ, ուրախ եմ, որ այդ աշխատանքները սկսած են արդէն: Օրինակ՝ ծխախոտի հարցը, անցեալ անգամ երբ եկած էի, իսկապէս շատ կը տառապէի, ո՛ւր որ երթայի մարդիկ յաճախակի կը ծխէին եւ ամէն տեղ, ինչ որ հարց էր: Հիմա կարեւոր աշխատանք կը տարուի, որպէսզի ծխողներու տոկոսը նուազի։ Ըստ վերջին վիճակագրութեանց, Հայաստանի ժողովուրդին 55 տոկոսը կը ծխէ: Ամերիկայի մէջ թերեւս 20 տոկոսն է, որ կը ծխէ։ Բաւական ազդեցիկ աշխատանք պէտք է տարուի, նուազեցնելու համար այդ ախտը եւ յատկապէս նոր սերունդին մօտ։ Ի դէպ, իմ այստեղ գտնուած օրերուս շատ անգամ ականատես եղայ, երբ 15-16 տարեկան պատանիներ նստած կը ծխեն ճաշարաններու մէջ. նոր սերունդը պէտք չէ ծխէ, աւելի առողջ պէտք է մտածէ, որովհետեւ ծխախոտ գործածելը ամենէն վտանգաւոր եւ մարդս քայքայող հարցերէն մին է ու ամենատարբեր անբուժելի հիւանդութիւններու կը տանի։ Երկրորդը՝ խմելն է, քիչ մը ոգելից օգտագործելը բնական է մարդուս համար, բայց չափազանց խմելը... Այս երկու հարցերը ընդհանուր առմամբ որպէս առողջապահութեան ընդհանուր իրավիճակի բարելաւում՝ բանալի հարցեր են: Նաեւ առողջութեան համար կարեւոր է, որ մարդ միշտ մարզանք ընէ, աշխոյժ ըլլայ. ասոնք հիմնական են եւ երկրին համար ալ կարեւոր, որպէսզի չըլլան սրտի տագնապներ, բարձր արեան ճնշում, շաքարախտ, եւ այլն:

-Դուք նաեւ կապ ունեցաք հիւանդանոցային համակարգին հետ, այսօր այդ ոլորտին մէջ ի՞նչ են գլխաւոր հարցերը եւ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել այդ խնդիրները:

-Ցաւօք սրտի կ՚ըսեմ, որ Հայաստանի բոլոր հիւանդանոցները լաւ վիճակի մէջ չեն, անշուշտ կան բացառութիւններ, անոնք որոնք ունին արդիական սարքեր, բայց առողջապահական ընդհանուր համակարգին մէջ արագ եւ արմատական բարեփոխումներ պէտք է կատարուին։ Հիւանդանոցներու պարագային շէնքը, կառոյցը շատ կարեւոր է: Բազմաթիւ կառոյցներ ահռելի վիճակի մէջ են, պէտք է նորոգուին, եւ անշուշտ այդ բոլորը դրամի կը կարօտին։ Ինչպէս ըսի, լաւ հիւանդանոցներ կան, լաւ բժիշկներ կան, բայց միայն քանի մը հոգիով չ՚ըլլար, պէտք է ամբողջ համակարգը բարեփոխուի։ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, իսկապէս կը փորձէ, գիտէ ու կը հասկնայ վիճակը, կ՚ուզէ փոխել. անշուշտ ժամանակի կը կարօտի, մէկ օրուայ մէջ չի փոխուիր: Յեղափոխութենէն յետոյ մարդիկ կարծեցին, թէ երեք անգամ աւելի դրամ պիտի շահին, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չ՚ըլլար։

-Կ՚ուզէի Ամերիկայի մասին խօսիլ. գիտենք, որ այդ երկիրը աշխարհի տնտեսութեան առաջնորդն է: Այսօր ինչպէ՞ս է ընդհանուր տնտեսական վիճակը Ամերիկայի մէջ:

-Անշուշտ տնտեսական վիճակը շատ լաւ է. մեծ տարբերութիւն կայ ներկայիս եւ Օպամայի տագնապալի օրերուն միջեւ: Այն որ Թրամփ ինք ըրաւ կամ ոչ այդ երկրորդական է: Բայց երկրի ընդհանուր տնտեսական վիճակը լաւացաւ:

-Ի՞նչ է պատճառը, որ Ամերիկան կրցաւ դուրս գալ տագնապէն:

-Քանի մը պատճառներ կան: Անիկա կը վերագրուի Կեդրոնական դրամատան, Federal Reserve-ին. նախ՝ տոկոսները իջեցուց, երբ տոկոսը նուազի, մարդիկ աւելի դիւրիւն դրամ կ՚առնեն. փոխանակ բարձր տոկոս տալու, աւելի քիչ տոկոսով դրամ կ՚առնես եւ կրնաս գործի մը սկսիլ, կամ կրնաս գործդ բարելաւել, որովհետեւ ամէն գործի հիմքը դրամագլուխն է, եթէ դրամագլուխ չունիս, գործ չես կրնար ընել։ Հետեւաբար տնտեսականօրէն երբ դրամը դիւրիւն կը ստանաս, դրամագլուխ առնելը հեշտ է ու տոկոսները նուազ, կամաց-կամաց երկրի տնտեսութիւնը կը բարելաւուի: Երբ մարդիկ գործի սկսան, անգործներու տոկոսը, որ շատ կարեւոր է, 3-3.5 տոկոս էր, կը նշանակէր ժողովուրդին 97 տոկոսը կ՚աշխատի, ուրեմն եկամուտ կայ, դրամ առնողը գնում կ՚ընէ եւ տնտեսական շարժում կ՚ըլլայ, հետեւաբար տնտեսական վիճակը շատ լաւ է ներկայիս: Անշուշտ կառավարութիւնը շատ պարտք ունի, բաց ալ ունի, բայց երկիրը տնտեսապէս աւելի լաւ վիճակի մէջ է այսօր, քան թէ տարիներ առաջ:

-Իսկ երկար շունչի վրայ եթէ նայինք, երբեւիցէ կը մտահոգուի՞ք, որ Ամերիկան օր մը կրնայ մասնատուիլ։

-Չեմ կարծեր, անկարելի է անիկա: Ամերիկան 200 տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու կարգավիճակին մէջ։ Օրինակ մը տամ, Գանատայի մէջ խօսք կար, որ Քէպէքը՝ ֆրանսական մասը պիտի բաժնուի, բայց երբ քուէարկութիւն ըրին, զգացին, թէ աւելի լաւ է Գանատայի մէջ ըլլան քան Գանատայէն դուրս: Եթէ ենթադրենք, որ Գալիֆորնիան որոշէ բաժնուիլ Միացեալ Նահանգներէն, Գալիֆորնիան մեծ տնտեսութիւն ունի, 40 միլիոն ժողովուրդ ունի, աւելի լա՞ւ է, որ Գալիֆորնիան Ամերիկային մէջ ըլլայ կամ դուրս: Չեմ կարծեր, թէ կեդրոնական կառավարութիւնը կը ձգէ, որ որեւէ մէկը բաժնուի: Այսինքն ասոնք տեսութիւններ են, որոնք անկարելի են որ իրականանան. այսինքն բաժանումի հաւանականութիւնը զերօ է: Ես 41 տարիէ ի վեր Ամերիկա կ՚ապրիմ, կը հետեւիմ տարբեր հարցերու, չեմ կարծեր, որ Գալիֆորնիոյ ժողովուրդը ուզէ Ամերիկայէն բաժնուիլ, իսկ Federal (դաշնային) կառավարութիւնը երբեք պիտի չուզէ, որ Գալիֆորնիոյ պէս կարեւոր նահանգ մը բաժնուի։ Մարդիկ կը խօսին, քաղաքական խօսք է, բայց գործնականօրէն անկարելի է:

-Ձեզի համար ինչպէ՞ս տարի մը եղաւ 2019 թուականը, ի՞նչ էր յատկանշականը:

-2019 թուականը ինծի համար, անձնական առումով, դժբախտաբար այնքան բախտաբեր տարի մը չէր, բայց ընդհանուր առմամբ լաւ տարի մըն էր: Անհատական մակարդակի վրայ դժբախտութիւն մը անցուցի, բայց այդ էջը գոցուեցաւ եւ նոր էջ մը բացուեցաւ, երբ 2020 թուականը եկաւ: Ես յոյսով եմ եւ կ՚աղօթեմ Աստուծոյ, որ մեզի յաջողութիւն տայ, առողջութիւն տայ ամէն բանէ առաջ, մեր ընտանիքը լաւ ըլլայ, մեր ժողովուրդը լաւ ըլլայ: Որպէս հայ միշտ մտածած եմ մեր ժողովուրդի շահերուն մասին: Կը յուսամ, որ ընդհանուր հայ ժողովուրդին համար խաղաղութեան տարի մը ըլլայ, որովհետեւ պատերազմը ահռելի բան է, որքան ալ ըսենք պիտի կռուինք, պիտի առնենք եւ այլն, ծանր բան է պատերազմը երկու կողմերուն համար ալ. մահ կայ, կորուստներ կան, դժբախտութիւններ կան… ես չեմ ուզեր հարցերը պատերազմով լուծուին, այլ քաղաքականութեամբ:  Իմ մաղթանքս է, որ հայերն ու ազէրիները, երկու կողմերն ալ նստին ու դիւանագիտական ձեւով լուծեն բոլոր հարցերը, փոխանակ լուծելու պատերազմով ու բռնի ձեւով: Բայց պէտք է ըսել. եթէ խաղաղութիւն կ՚ուզես, պէտք է ուժեղ ըլլաս: Եթէ մենք՝ հայերս ուժեղ ըլլանք, ապա միայն այդ կերպով կրնանք խաղաղութիւն ունենալ։

-Ձեզի համար կարեւո՞ր է Արցախը, Ղարաբաղը եւ ինչո՞ւ համար:

-Նախ եւ առաջ հայկական հող է, մեր հողերն են, անշուշտ որ կարեւոր են մեզի համար: Մենք բնաւ պէտք չէ մտածենք, որ Ղարաբաղը ազէրիներուն տանք, դժբախտաբար եօթանասուն տարի ազէրիներուն ձեռքին տակը մնացած է: Մենք ունինք մեր կրօնը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մենք կ՚ուզենք պահել զանոնք, կ՚ուզենք ազատ ապրիլ, Ղարաբաղի ժողովուրդը հայ է, պէտք է ազատ ապրի։

-Ի՞նչ նպատակներ դրած էք այս նոր տարուան համար, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ազգային-հաւաքական առումով: Ի՞նչ են ձեր գլխաւոր նպատակները:

-Կը մաղթեմ, որ առողջ ըլլանք, առողջութիւնը կաեւոր է, լաւ ըլլանք, մեր ընտանիքներուն հետ ըլլանք։ Բարձրեալը մեզ հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձանքներէ. այս անձնական մաղթանքներս են: Տխուր օրեր ունեցանք 2019-ին, չեմ ուզեր անցեալին երթալ, կ՚ուզեմ ապագային նայիլ: Իսկ մեր ժողովուրդին, կը մաղթեմ, որ ան ունենայ խաղաղութիւն ամէն բանէ առաջ: Հայաստանի համար, որպէս երկիր ունենայ բարգաւաճում, որպէսզի մարդիկ լաւ զգան, լաւ գործ ունենան, աշխատին, անգործութիւն չըլլայ, դրամ շահին: Դրամատիրութիւնը գէշ բան մը չէ, մարդիկ եօթանասուն տարի համայնավարական համակարգի մէջ ապրեցան եւ դժգոհ էին: Հիմա աշխարհը դէպի դրամատիրութիւն կ՚երթայ, նոյնիսկ Չինաստանը, որ ընկերվարական էր, դէպի դրամատիրութիւն կ՚երթայ, որովհետեւ անձնական գործ ունենալն ու դրամ շահիլը ամենէն լաւ բանն է, անշուշտ օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Կարեւորը, Հայաստանը ունենայ լաւ տնտեսական համակարգ, մարդիկ աշխատին, լաւ եկամուտ ունենան, ուրախ ապրին, երբ ուրախ են, չեն մտածեր երկիրը լքելու, գաղթելու մասին: Այս պայմաններով մենք մեծ ներուժ ունինք, որպէսզի Հայաստանը այս տարածքի Զուիցերիան դառնայ։

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԱՐՈՒԱԾ

Այն ինչ որ կատարուեցաւ 18 յունուարին Պէյրութի մէջ, մտածելու տեղի կու տայ այն իմաստով, որ բողոքի ցոյցերու 94 օրէ ետք, ցուցարարներ ոչ թէ իրենց բողոքը արտայայտեցին, այլ մայրաքաղաքը «գրաւեցին» եւ քաոս ստեղծեցին։

Ոչ միայն մեծ հարցականներ կան երէկ ստեղծուած վիճակին մասին, այլ լուրջ մտավախութիւններ, թէ երկիրը կը մտնէ անորոշութեան եւ անիշխանութեան անդառնալի փուլ մը, որ կը պարունակէ մեծ վտանգներ եւ ձեռնտու չէ ոչ ոքի համար, բացի անոնց, որոնք սեւ վարագոյրի մը ետին կանգնելով կը փորձեն Լիբանանը «պարեցնել» ու Մերձաւոր Արեւելքի ամբողջ լէշը հոն թափել։

Երէկուան ցուցարարները կը տարբերուէին վերջին շաբաթներու ցուցարարներէն, իրենց «շնորհներ»ով։ Անոնց մեծ մասը, կամ անոնք որոնք աւելի ուշ միացան իրենց (յատկապէս Թրիփոլիէն եւ Պեքաայէն), անցան վայրագ արարքներու եւ վնասեցին տասնեակ խանութներ ու դրամատուներ։

Դէպքերու աւարտին պարզ դարձաւ, որ վիրաւորներու թիւը հասած է 400-ի եւ մտահոգիչը այն էր, որ թրիփոլիցի ցուցարարներ թիրախ դարձնելով ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը հալածած ու նոյնիսկ հիւանդանոցներ հասնելով գրոհած էին այն զինուորներուն վրայ, որոնք ցոյցերու ժամանակ վիրաւորուած էին եւ տարուած հիւանդանոց։

Նոր բեմագրութիւններ շրջանառութեան մէջ կը դրուին, ըստ որոնց նախատեսուած է ներսիւննիական պայքար, ընդհարում ստեղծել, այդպէսով խառնակչութեան նոր փուլ մը բանալով, առանց որուն ալ անհանգիստ եղող երկրին մէջ։

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ բաւական ուշ արձագանգեց եղածին, նախազգալով գործադրուած սադրանքները՝ կարողացաւ քաոսին վերջ տալ, համաձայնելով երկրի նախագահին եւ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան հետ, որպէսզի բանակի մասնայատուկ ուժեր տարածուին Պէյրութի մէջ։

 Կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին պիտի յամենայ, ու բաւական դժուար է, չըսելու համար անկարելի, որ երկրի նորանշանակ վարչապետ Հասսան Տիապ կարողանայ նոր կառավարութիւն մը կազմել ու իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակել։

Իրենց կարգին, ամերիկեան աղբիւրներ կը խօսին զինուորական կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին մասին, որ թէեւ դժուարին է, սակայն անկանխատեսելի չէ, եթէ հաշուի առնենք իրավիճակի վտանգաւոր ըլլալը։ Այդպիսի ընտրանք լիբանանցիներուն համար «պարտադրուած լուծում» պիտի ըլլայ, եթէ նկատուի, որ փողոցը կը շարունակէ անհանգիստ մնալ ու անկէ անդին բախումները ստանան տարողունակ ձեւաչափ. ըլլան զոհեր ու քաղաքացիական մակարդակով ընթացող բողոքի գործողութիւնները ստանան ներհամայնքային դրոյթ։

Ինծի համար աւելի քան կարեւոր է, որ Սաատ Հարիրին ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ եւ ի՛նչ առաջարկով հանդէս պիտի գայ, յատկապէս որ ան երէկ խօսեցաւ իր հօր կերտած Պէյրութի վտանգուած ըլլալուն եւ Պէյրութը այրելու փորձերուն մասին։

Երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աունի վարկանիշը բաւական ինկած է եւ կարծես թէ ան նախաձեռնելու մեծ ներուժ չունի այլեւս, անոր փոխարէն խաղի ամբողջ հունը առած է իր փեսան, որ լիբանանցիներու գրեթէ կէսին համար (գուցէ աւելին ալ) դարձած է անընդունելի գործիչ եւ մէկը, որ պէտք է դուրս գայ (գոնէ այս փուլին) իշխանական բուրգէն։

Կարեւոր դեր ունի կատարելիք «Ալ Մարատա» կուսակցութեան առաջնորդ Սիւլէյման Ֆրանժիյէն, որ կը համարուի «Հիզպուլլահ»ի ամենավստահելի դաշնակիցներէն մին ու նաեւ ընդունելի կերպար մըն է սէուտցիներուն եւ ամերիկացիներուն համար։ Ան ներկայ պահու դրութեամբ Լիբանանի ամենավստահելի գործիչներէն մին է, եթէ ոչ միակը եւ ամենահաւանական նախագահական թեկնածուն։

Այս բոլորի կողքին երկիրը կրնայ յայտնուիլ «տիֆոլթ» դրութեան մը առջեւ, յատկապէս առողջապահական, վառելանիւթի, սնունդի ոլորտներուն մէջ, սակայն դժուար թէ ամբողջական տնտեսական փլուզում ըլլայ Լիբանանի մէջ։ Եթէ նոյնիսկ երկիրը արեան մէջ յայտնուի, ամերիկացիներուն համար ձեռնտու չէ, որ Լիբանան ամբողջապէս փլուզուի։

Այն մարդիկ, որոնք մեծ ու փոքր գումարներ ունին դրամատուներու մէջ եւ անկարող են իրենց աւանդները ետ ստանալու, պիտի սպասեն, որ քաղաքական լուծումներու փուլը գայ եւ շատ հաւանաբար, անոնք կարողանան իրենց գումարները վերստանալ միայն այն պարագային, երբ Արաբական ծոցի երկիրներ կրկին անգամ կը միջամտեն եւ ինչպէս ամէն անգամ նիւթական մեծ գումարներ կը հոսեցնեն դէպի Պէյրութ, պայմանաւ, որ «Հիզպուլլահ»ն ու անոր առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլան, գոնէ այս եւ յառաջիկայ փուլերուն՝ պահպանեն այսօրուան «հրադադար»ը իրենց ոխերիմ հակառակորդ սիւննի աշխարհի տէրերուն հետ։ Ու ես աւելի քան վստահ եմ, որ «Հիզպուլլահ»ը ունի բաւարար ներուժ հանդէս գալու հաւասակշռուած ու Լիբանանի շահերը պահպանողի իրական դերով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020