ԵՐԿՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԵՐԿՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՅՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻ՞ՐԸ

«Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ» Յայտնութիւն Յովհաննու 3.11:

Երեւի ասկէ առաջ ըսած եմ, որ երկու պատկանելիութիւններուս հաւասարակշռութեան մէջ է, որ գտած եմ ինքնութեանս գիտակցութիւնը եւ արժէքը: Սփիւռքեան իրականութեան մէջ ապրող ոեւէ հայու իրավիճակն է ասիկա: Կայ աւելին. ներկայ ժամանակներուն հայուն երկու ինքնութիւնները կրնան վերածուիլ նաեւ երեքի ու նոյնիսկ չորսի: Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն ոդիսականն է ասիկա, որուն հետ երեւի պէտք է հաշտուիլ:

Ծնած եմ Պէյրութ եւ ստացած՝ դաստիարակութիւն, կրթութիւն, ստեղծած՝ ընկերային, համայնքային եւ գաղութային կեանք: Բայց նաեւ ապրած եմ Լիբանանի քաղցր-լեղի օրերը: Լիբանանը եղաւ հայրենիք եւ է մինչեւ օրս: Բայց կայ մէջս նոյնքան հայկական ինքնութիւնը, որուն համար փոքր տարիքէս մաքառեցայ պահել ո՛չ միայն մայրենին, այլ նաեւ՝ մշակոյթը, գրականութիւնը, կենցաղը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը: Հայրենիքը՝ Հայաստան եւ Արցախ, իրենց զոյգ դրօշակներով, եկան ամրապնդելու հայրենիքներուս եւ անոնց ինքնութեան առաջին-երկրորդ տարբերակները:

Այս երկու հայրենիք-ինքնութիւնները թերեւս շատեր նկատեն խոչընդոտ, որ ճամբայ բացած է ու կը շարունակէ բանալ երկարատեւ խորհրդածութիւններու եւ նոյնիսկ վիճաբանութիւններու: Լիբանանցի՝ հայկական ծագումո՞վ, թէ՞ հայ՝ լիբանանեան քաղաքացիութեամբ ու տակաւին՝ լիբանանահայ: Ինծի համար կար ու տակաւին կայ յստակ իրականութիւն մը: Ունիմ երկու հայրենիք, երկու ինքնութիւն եւ միշտ ալ ուրախ ու հպարտ զգացած եմ այս զոյգ հարըս-տութիւններով:

Բայց կայ պատմութեան եւ անոր պարտադրած կեանքին ընթացքը, որ մռայլեց երկու հայրենիքներու գոյավիճակը: Լիբանանի պարագային՝ 1975 թուականէն սկսած քաղաքացիական կռիւները, որոնք ստացան տարբեր հոլովոյթներ աւելի քան քառասուն երկար տարիներ: Այսօր ունինք ծայր աստիճան անդամալուծուած հայրենիք մը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Կաշառակերութիւնը եւ անոր հետ քաղաքական ղեկավարութեան ընչաքաղցութիւնն ու փառասիրութիւնը երկիրը հասցուցին սնանկացումի, իսկ ժողովուրդը հասաւ ծայր աստիճան աղքատութեան վիճակի: Տակաւին, քաղաքական ու համայնքային ղեկավարութեան միջեւ անհասկացողութիւնները եւ անհանդուրժողականութիւնը պետական վարչամեքենան հասցուցին ամլութեան եւ զայն դրին անկումի ու փլուզումի սեմին: Լիբանան  այսօր լքուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ եւ ձգուած է ինքն իր ճակատագիրին:

Հայաստան անկախացաւ 1991 թուականին, երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ քայքայուիլ: Մէջտեղ եկան անկախ պետականութիւններ, որոնց կարգին իմ-մեր հայրենիքը՝ Հայաստան: Բնականաբար ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը մեծ էր ինծի եւ  իւրաքանչիւր հայու համար: Մեր ազգային ինքնութեան ամրապնդումը եւ անոր ուժեղացումը տեսայ-տեսանք մեր անկախ պետականութեան եւ անոր հեռանկարին մէջ: Անկախութեան ժամանակաշրջանին պիտի յաջորդէին դժուար եւ թէժ օրեր. Արցախի պատերազմ, շրջափակում եւ տնտեսական ահաւոր ճգնաժամ, որուն հետեւանքը եղաւ արտագաղթ: Ճիշդ է, որ հայրենիքը պիտի վերականգնէր կամաց-կամաց, բայց կային ընկերային եւ քաղաքացիական հսկայական հարցեր, որոնք կը բնութագրուէին կաշառակերութեամբ եւ երկրի հարստութեան կեղեքումով: Ժողովրդային ըմբոստութիւնը ծայր առաւ եւ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» ծնունդ առաւ նոր քաղաքական ղեկավարութիւն մը, 2018-ին: Այս յեղափոխութիւնը կը խոստանար բերել նոր ուխտ եւ նոր տեսիլք: Բայց Արցախի վերջին քառասունչորս օրերու պատերազմը եւ անոր յաջորդած նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը մէջտեղ դրին նոր տուեալներ. Արցախի հողատարածքի մեծ կորուստներ եւ մեծ թիւով նահատակներ, որոնք մտածել կու տան, թէ ի՛նչ պատահեցաւ եւ տակաւին կը պատահի: Ո՞ւր մնացին «թաւշեայ յեղափոխութեան» տեսիլքները, որոնք դրուեցան հայ ժողովուրդին դիմաց՝ իբրեւ ներկայի եւ ապագայի գեղեցիկ եւ խոստմնալից տեսլականներ:

Քուէյթ նստելով՝ կը փորձեմ դիտել երկու հայրենիքներուս եւ անոնց ոչ-բարենպաստ վիճակները: Այսօր երկու հայրենիքներս ճակատագրուած են դէմ յանդիման կանգնելու «լինել թէ չլինել»ու մեծ մարտահրաւէրին: Երկու հայրենիքները, ուրկէ վերացած է համերաշխութիւն, եւ ուր քաղաքական կողմերը՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն թէ այլ, կը պայքարին (եւ շատ անգամ՝ ոչ-մարդկային եւ վեհանձն մակարդակով ու կենցաղով) տիրելու թէ բաժնուելու երկիրը եւ անոր ղեկավարութիւնը:  Որքան մեծ է հակամարտութիւնը, նոյնքան ալ՝ տհաճ ու անմակարդակ, որ չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր եւ ինչի՛ կրնայ առաջնորդել իմ-մեր հայրենիքները:

Կը նայիմ երկու հայրենիքներուս եւ անոնց քաղաքական բեմահարթակի վրայ տեղի ունեցած վերիվայրումներուն: Հոն կան յստակ նմանութիւններ:

Երկու հայրենիքներուն մէջ ակներեւ է մեծ բացակայ մը:  Քաղաքական ղեկավարութեան եւ երկրի տարբեր հակադիր ուժերու միջեւ միացնող միաւոր-օղակը՝ այն քաղաքական ղեկավար-ղեկավարութիւնը՝ իմա միտքը, որ պիտի կարենայ ստեղծել երկրի տարբեր ու հակասող-հակադրուող միտքերու եւ կեցուածքներու միջեւ միաւորող եւ ուժական մեծ միտք մը: Միտք, որ պիտի կարենայ երկրին-երկիրներուն տալ նոր ուժ եւ սլացք՝ դիմագրաւելու համար ներքին եւ արտաքին տարբեր մարտահրաւէրները:

Նոյնքան նաեւ սկսած է երեւիլ  ղեկավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն յոգնածութիւնն ու սպառումը: Յոգնած ու սպառած է քաղաքական միտքը Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Քաղաքական ղեկավարութիւնը պէտք ունի նոր լիցքաւորումի:

Իսկ լիցքաւորո՞ւմը: Այս կրնայ տեղի ունենալ մէկ կողմէ երկրի ներքին մարդուժի, անցեալի, ներկայի ու տակաւին նորի համախմբումով, ուր անհրաժեշտ են շրջահայեացութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ՝ անոնց սփիւռքեան գաղութներէն: Հայաստան եւ Լիբանան օժտուած են լաւ կազմակերպուած սփիւռքեան գաղութներով, ուր կան հրաշալի մարդկային կարողականութիւններ,  որոնք պատրաստ են իրենց օժանդակութիւնը եւ նպաստը բերելու հայրենիքի բարօրութեան:

Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան ոճը եւ բովանդակութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի: Սփիւռքը պէտք չէ դիտել միայն որպէս նիւթական օժանդակութեան աղբիւր: Սփիւռքի օժանդակութիւնը պէտք է ներառէ նաեւ երկրի ղեկավար մտքի եւ անոր առաջնորդութեան աղբիւր: Ներկայ ճգնաժամային օրերը կը պահանջեն նոր տեսիլք, նոր տրամադրութիւն եւ նոր ու վերանորոգուած դիրքորոշում: Այսօրուան առաջնահերթութիւնը եւ իմ-մեր բոլորին հրատապ մարտահրաւէրը մեր «ունեցածը ամուր պահել»ն է: Եթէ ոչ, մեզմէ «կ՚առնեն պսակը»:

Կրնան այս դիտարկումները նկատուիլ երազական, utopic եւ անհասանելի: Բայց երբ հայրենիք(ներ)ը հասած են ահազանգային վիճակի, որ կրնայ սպառնալ իրենց ազգային անվտանգութեան, ապա անհրաժեշտ կը դառնայ մտածել իրականացնել նոյնիսկ իտէալական սեպուած ծրագիրը: Ապրահամ Լինքոլն ըսած է. «Լաւագոյն ձեւը ապագան կերտելու, զայն  ստեղծելն է»: Եթէ ներկայի վտանգուած ու ահազանգային վիճակները պիտի յաղթահարենք աւելի լաւ ապագայի մը համար, անհրաժեշտ է այսօր ստեղծել ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային նոր ռազմավարութիւն եւ տեսիլք:

Երկու հայրենիք, երկու ինքնութիւն: Հապա անոնց ճակատագի՞րը: Հոս կ՚արժէ բանալ փակագիծ մը՝ վեր առնելու քրիստոնէական աստուածաբանութեան բացատրութիւնը «ճակատագիր» հասկացողութեան:

Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը հաւատայ, որ ճակատագիրը մարդկային կեանքի մէջ կը բնութագրուի  երկու դիրքերու մէջէն: Առաջինը՝ աստուածայինը, ուր Աստուծոյ կամքը կը գերակայէ մարդուն եւ անոր կեանքին: Երկրորդը՝ մարդունը, ուր ճակատագիրը կ՚որոշուի նաեւ նոյն մարդուն ընտրութեամբ եւ որոշումով: Այս երկուքին ներդաշնակութեամբ կ՚ամբողջանայ մարդուն ճակատագիրի կազմաւորումը: «Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցաւե» (Սաղմոս 139:15): Դաւիթ թագաւոր այսպէս կը յստակացնէ Աստուծոյ գերակայութիւնը մարդուն եւ երկրին խորութիւններուն մէջ: Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը հաստատէ, որ մարդը ստեղծուեցաւ եւ իրեն տրուեցաւ բարոյական ընտրութիւններ ու որոշումներ կատարելու առանձնաշնորհումը: Այս իմաստով մարդը պատասխանատու կը դառնայ իր տուած ու տալիք որոշումներուն եւ ճակատագիրի ընտրութիւններուն: Աստուած յստակ ընտրութեան որոշում տուաւ Իսրայէլի ժողովուրդին՝ երբ ըսաւ. «Նայէ՛, այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի» (Բ. Օրինաց 30:15):

Աստուած բարին շնորհեց իր ստեղծագործութեան մէջէն, ներառեալ մարդուն՝ որպէս կեանքի ճակատագիր: Բարին կեանքն է: Մարդուն կը մնայ ընտրել, թէ իր ճակատագիրը եւ անոր ուղղութիւնը ըլլան բարի՞ն՝ կեանքը, թէ՞ չարը՝ մահը: Մարդն է, որ նոյնքան ըսելիք եւ ընելիք ունի իր ճակատագիրի որոշման մէջ:

Երկու հայրենիք: Իմ երկու ինքնութիւններս, որոնք դարձած են կեանքիս արժէքը: Ասոնք «իմ ունեցածներս են», եւ զորս կ՚ուզեմ «ամուր բռնել»: Իսկ ամուր բռնելու համար պէտք է որոշեմ ճակատագիրիս ուղղութիւնը: Եթէ կայ Աստուծոյ գերակայութիւնը, նոյնքան կայ իմ՝ մարդուն որոշումը եւ ընտրութիւնը:

Երկու հայրենիք, երկու ինքնութիւն՝ նոյն ճակատագի՞րը: Ճակատագիր մը, որ կեանք կը շինէ՞, թէ՞ կը քանդէ:

Հայաստան եւ Լիբանան: Պէտք է որոշենք եւ ընտրենք:

Ես եւ բոլորս: Կեանքը՝ հայրենիք(ներ)ը շինե՞լը, թէ՞ մահը՝ հայրենիք(ներ)ը  քանդելը:

ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Քուէյթ

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021