Մարդը Սիրող Ամենէն Հարուստ Աղքատը
Ներկայ ժամանակներու մէջ, երբ արժէքները այլեւս շատ յարաբերական դարձած, երբեմն ալ անհետացած են, առասպել կը թուին այսպիսի անձնաւորութիւնները: Աշխարհի ամենէն աղքատ նախագահը. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Ընդունելի՞ է անոր ապրելակերպը, դիւանագիտական ձեւականութիւններուն կը համապատասխանէ՞: Մարդիկ կ՚ընդունի՞ն ատիկա: Իսկ հայերուն լաւ, անկեղծ բարեկամը աշխարհի ամենէն աղքատ նախագահը եղած է: Բարեբախտաբար կան այնպիսի անձեր, որոնք իրենց հոգիներուն մէջ պահպանած են մարդկային իսկական հարուստ գանձեր, որոնց շնորհիւ ալ կը կոչուին ՄԱՐԴ:
*
ԱՅՍ ՄԱՐԴԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ԱՂՔԱՏ ՆԱԽԱԳԱՀՆ Է, ԲԱՅՑ ՊԱՏՃԱՌԸ, ԹԷ ԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՂՔԱՏ Է, ՁԵԶ ՊԻՏԻ ԶԱՐՄԱՑՆԷ
Կրնայ ըլլալ, որ չհաւատաք, բայց Խոսէ Մուխիկա , Որուկուայի նախկին նախագահը (2010-2015), ճանչուած է որպէս աշխարհի ամենէն աղքատ նախագահը: Խոսէ Մուխիկա իր աշխատավարձին՝ ամիսը 12 հազար տոլար, աւելի քան 90 առ հարիւրը կը նուիրէ աղքատներուն եւ մանր առեւտուրով զբաղողներուն:
Այս մարդուն համար իր արտաքին երեւոյթը կամ հագուստները արժէք չունին: Խոսէ Մուխիկա քննադատուած է իր արտաքին երեւոյթին կամ հագուստներուն համար: Սակայն ինք փոխարէնը կեանքի մէջ այլ բաներ կ՚արժեւորէ:
Նախքան նախագահ ըլլալը Խոսէ Մուխիկա անդամ էր զինեալ խմբակցութեան մը՝ Թուփամարոս, որ կը գործէր Ռոպին Հուտին նման: Անոնք բառացիօրէն կը կողոպտէին սատանայական դրամանատուներ, զէնքի ակումբներ եւ խարդախ առեւտրական հաստատութիւններ՝ աղքատներուն բաժնելու համար: Խոսէ Մուխիկա իսկապէս կը հաւատայ, որ իր արժէքը յաւելեալ դրամ շահիլը չէ, այլ՝ իր երկրին եւ ժողովուրդին բարեկեցութիւնը:
Ան երկու անգամ բանտարկուած է (ընդհանուրը՝ 14 տարի), վեց անգամ անոր վրայ կրակած են փախուստի փորձէն ետք: Բայց ան, նոյնիսկ Ուրուկուայի նախագահի բարձր պաշտօնին վրայ, տակաւին կը շարունակէ պայքարիլ ժողովուրդին համար:
Մուխիկա կրնայ բնակիլ նախագահական այս գեղեցիկ տան մէջ, բայց ան աւելի համեստ վայր մը ընտրած է բնակելու համար: Ան անկեղծ օրինակ մըն է նախագահի մը, որ անձնական հանգիստը կը զոհէ այլոց բարեկեցութեան համար:
Ահաւասիկ նախագահին տունը, ագարակի հողին վրայ, ուր ան կը բնակի կնոջ, անասուններուն եւ շան հետ:
Մուխիկա կ՚աշխատի նախագահական շքեղ պալատը վերածել թանգարանի մը, որ կը պատուէ երկրի նախկին նախագահները:
Պատճառ մը չկայ դրամի, հռչակի եւ քնանալու համար աղուոր վայրի մը մէջ, երբ դուն կրնաս համեստ ըլլալ եւ բնակիլ ագարակի հողին վրայ:
Այս նախագահը կեանքը կ՚ապրի՛:
Ագարակի կողմնակի աշխատանքին միջոցով ան ծանօթ կ՚ըլլայ կեանքին եւ պայքարներուն, որոնց մէջէն կ՚անցնին երկրի բազմաթիւ բնակիչները: Նախագահը իր ագարակին մէջ նոյնպէս կ՚աճեցնէ եւ կը վաճառէ ծաղիկներ:
Դուք կրնաք յաճախ զինք տեսնել 1987 թուականի իր հին Ֆոլքսվակըն Պիթըլը վարած ատեն: Ինք պէտք չունի շքեղ Պենթլի ինքնաշարժի մը, որովհետեւ իր հոգը չէ շռայլ, այլանդակ երեւոյթը: Իրեն համար կարեւորը իր ժողովուրդն է:
Նախագահ Խոսէ Մուխիկայի թիկնազօրը կը բաղկանայ երկու պահակներէ եւ իր եռոտանի շունէն: Թէեւ ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենէն աղքատ նախագահը, ան կտրականապէս տարակարծիք է: «Ես ամենէն աղքատ նախագահը չեմ: Ամենէն աղքատը ան է, որ ապրելու համար շատ բան կ՚ուզէ: Իմ ապրելակերպս իմ վէրքերուս հետեւանքն է: Ես զաւակն եմ իմ պատմութեանս: Տարիներ եղած են, երբ ես երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ պարզապէս մահիճ մը ունեցած ըլլայի»:
Այս նախագահին օրինակը վկայութիւն մըն է, որ մենք մեր կեանքը ինչպէս պէտք է ապրինք: Երջանիկ ըլլալու համար մենք կարիքը չունինք յաւելեալ բաներու: Իրականութեան մէջ աշխարհի ամենէն հարուստ մարդոցմէ ոմանք իրենց հարստութիւնը ներդրած են անձնուրացութեան, ազնուութեան եւ իսկական սիրոյ մէջ:
Թերեւս ասիկա փոփոխութեան ժամանա՞կն է: Աշխարհը Խոսէ Մուխիկայի նման բազմաթիւ մարդոց կարիքը ունի: Համաձայն չէ՞ք:
«Ասթոնըպըլ»
Միւս կողմէ, 1915-ի 95-րդ տարելիցին Ուրուկուայի նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիկա բացումը կատարած է Մոնթեվիտէոյի Հայկական հրապարակին վրայ կառուցուած խաչքարին:
2015-ին, նախքան իր պաշտօնը լքելը, նախագահը հանդիպում ունեցած է հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ընդգծած է հայերուն ներդրումը Ուրուկուայի մէջ: (…)
Ան շեշտած է, որ անցեալը կարելի չէ փոխել, սակայն պէտք է դասեր քաղել անկէ եւ ընդունիլ մարդոց կողմէ գործուած վայրագութիւնները՝ ապագային այդպիսի ոճիրներ կանխելու նպատակով:
Պէտք է նշել, որ Մուխիկա Խորհրդային Միութեան տարիներուն ապրած է Հայաստան:
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ԽՈՍԷ ՄՈՒԽԻԿԱՅԻ ՄԱՍԻՆ
- «Ան լաւ օրինակ է համեստութեան, բայց ատիկա ընտրանք մըն է: Ես կը հասկնամ ապրելու անոր փիլիսոփայութիւնը, այլոց օգնել՝ չի նշանակեր, որ դուն չես կրնար հաճոյք առնել քու կեանքէդ»:
- «Մենք պէտք է ընդունինք, որ այլոց ծառայելուն եւ օգնելուն մէջ շատ աւելի հաճոյք կայ: Ուրիշներուն կարիքները աւելի առաջնահերթ դարձնելը իսկական երջանկութիւն կը պարգեւէ»:
- «Ագարակի մէջ կ՚ապրի, աժան հագուստներ եւ կօշիկներ ունի, տգեղ, հին ինքնաշարժ մը կը վարէ, բայց կ՚ուզէ համեստ կեանք մը ապրիլ, զգալ իր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը: Այսպէս ընելով՝ ինք հաճոյք կ՚առնէ կեանքէն, որովհետեւ իր նպատակներն ու երազները կ՚իրականանան՝ առանց վերջին նորոյթ ինքնաշարժներ վարելու եւ օդանաւերով ճամբորդելու»:
- «Ասիկա միայն նախագահներու ուղղուած պատգամ մը չէ, ասիկա բոլորիս համար օրինակ մըն է՝ գնահատելու եւ հետեւելու: Նախագահներ, ծերակուտականներ, կառավարիչներ, տնօրէններ եւ այլք, մենք գոնէ անգամ մը պէտք է մեր ուշադրութիւնը շեղենք նախագահութենէ, կամ քաղաքականութենէ եւ հարցնենք, թէ մենք նոյնը պիտի ընե՞նք, եթէ ընտրուինք, կամ՝ նշանակուինք: ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ աւելի առաջ, քան՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ»:
- «Կարգ մը մարդիկ այնքան աղքատ են, որ իրենց ունեցածը միայն դրամ է: Այս մարդը ունի սէրը, որ իր կեանքը ամբողջական կը դարձնէ»:
- «Այս մարդը հերոս մըն է: Ինծի համար ան կը պատկերացնէ յաջողութիւնն ու երջանկութիւնը, որ չի չափուիր դրամատնային հաշիւովդ, այլ դուն որքանով պատրաստ ես ուրիշներու տալու, զոհուելու»:
- «Ամէն մարդ կրնայ այս մարդը ըլլալ: Պարզապէս երեւակայեցէ՛ք, թէ քանի՛ հոգի կը չարչարուի, որպէսզի ունենայ մասնիկ մը քու վրադ տեսածէն»:
- «Երկիրը ղեկավարելու համար մենք կարիքը ունինք այսպիսի մարդու մը, որ իսկապէս կը ծառայէ իր ժողովուրդին, մեծ օրինակ մըն է ոչ միայն քաղաքական գործիչներու մեծամասնութեան համար, այլ մարդկութեան»:
- «Ամէն բան լաւ թող ըլլայ քեզի համար, օրհնը-ւա՛ծ մարդ: Շատեր քարեր պիտի նետեն վրադ, բայց անոնք պիտի օրհնեն քեզ՝ բռնատիրութեան այս շրջապատին մէջ»:
- «Ասիկա օրինակ մըն է, որմէ պէտք է սորվին բոլորը: Նախագահ ըլլալով՝ դուն պաշտօնը եւ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը տեսնես, ի՞նչ կրնաս ընել ծառայելու՝ փոփոխութեան սիրոյն: Նախագահութիւնը հա-ըրստութեա՞ն, հռչակի՞, աղուոր ճառերո՞ւ, որոնք կ՚ընենք, թէ՞ հասարակ մարդոց շահերուն, լաւ քաղաքականութեան, կամ քեզ այդ պաշտօնին բերած մարդոց համար է»:
- «Այս մեծ մարդը պէտք է դաստիարակիչ օրինակ ըլլայ ոչ միայն նախագահներու, այլեւ մեր բոլորին համար: Մենք մեզի պէտք է հարցնենք՝ արդեօք կեանքը շքեղ տան մը մէջ բնակի՞լը, կամ սուղ ինքնաշարժ մը վարե՞լն է: Իմ ափրիկեցի հայրենակիցներուս ես այս հարցումը կ՚ուղղեմ. մենք ե՞րբ այսպիսի նախագահ մը պիտի ունենանք»:
- «Երբ մենք հասկնանք, որ կեանքը առանձնաշնորհում մըն է, այլ՝ ոչ իրաւունք, ատիկա կը փոխէ առօրեայ կեանքին հանդէպ մեր տեսակէտը»:
- «Մարդու մը կեանքը բաղկացած չէ իր ստացուած-քին առատութեամբ»:
- «Մեծութեան իսկական աստիճանը ժողովուրդն է, որուն կեանքին մէջ արժէքներ աւելցուցած ես»:
- «Ան ամենէն հարուստ անանձնական նախագահն է»:
- «Կը խորհիմ, որ ան ամենէն երջանիկ մարդն է, որովհետեւ ամէն բան կրնայ ունենալ որեւէ ատեն: Ան կը հասկնայ, որ ինչ է կեանքը: Ունայնութիւն ունայնութեան վրայ, ամբողջովին ունայնութիւն է»:
- «Օրինակելի, առասպելական մարդ մը: Իսկական մարդ մը՝ արժանապատիւ եւ հարուստ: Թագաւորներ եւ նախագահներ պէտք է ամչնան այս մեծ մարդուն մասին կարդալով»:
ԱՇԽԱՐՀԻ 10 ԱՄԵՆԷՆ ԱՂՔԱՏ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
10- Պորութ Փահոր, Սլովենիա, 44.280$
9- Ֆետերիքօ Ֆրանքօ, Փարակուայ, 40.000$
8- Սի Ճինփինկ, Չինաստան, 39.720$
7- Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Սպիտակ Ռուսիա, 33.873$
6- Փրանապ Քումար Մուխըրժի, Հնդկաստան, 32.216$
5- Մարին Ռայքով Նիքոլով, Պուլկարիա, 26.929$
4- Ռոպըրթ Մուկապէ, Զիմպապուէյ, 18.000$
3- Համիտ Քարզայ, Աֆղանիստան, 6.300$
2- Մահմուտ Ահմատինեժատ, Իրան, 3.000$
1- Ֆրանսիսքոս Պապ, Վատիկան, 0$
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան