ՆԱՐԻՆԷ ՓՈԼԱՏԵԱՆ. ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ԵՐԵՒԱՆ ԽԱՉՔԱՐԱԳՈՐԾ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԵՐԱԶՈՎ…

Մեր օրերու մոխրագոյնին մօտեցող ընդհանուր պատկերին մէջ անգամ յոյսի նշոյլներ կը ծնին։

Խօսքը անոնց մասին է, յատկապէս, որոնք մէկդի դնելով ամեհի վիշտի ու տագնապի շիթերը, դեռ կը հաւատան երազին։

Անոնցմէ մին է Նարինէ Փոլատեան՝ պէյրութցի արմատներով հայուհին, որ Երեւան հաստատուելէն ետք քալած է յոյսի ճամբով մը եւ ինքզինք վերագտած խաչքար պատրաստելու եւ խաչքար կերտելու նուիրական արուեստ-արհեստին մէջ։

Ստորեւ՝ Նարինէ Փոլատեանի հետ օրերս հեռավար կապով կատարուած զրոյցը։

*

-Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ դուք ընտրէք խաչքարագործութեան ոլորտը, քանդակելը քարերու վրայ, ինչպէ՞ս եղաւ առաջին հանդիպումը եւ ուրկէ՞ բխաւ այդ սէրը:

-Երբ 2018 թուականին վեց ամիսով որպէս կամաւոր Birthright («Դէպի Հայք») ծրագրով Հայաստան եկայ, նախ երեք ամիս Կիւմրիի մէջ պիտի աշխատէի, ապա երեք ամիս Երեւանի մէջ: Դեռ Կիւմրիի մէջ կամաւորութեան շրջանիս Երեւան այցելած ժամանակս, երբ պատահմամբ անցայ Արամի փողոցով եւ տեսայ այնտեղ աշխատող խաչքարագործները, մէջս տարօրինակ զգացում մը ծնաւ, որովհետեւ մինչ այդ յատուկ հետաքրքրութիւն մը չէի ունեցած եւ անտաբեր էի խաչքարերու նկատմամբ: Թերեւս զիս գրաւողը անոնց աշխատանքի գործընթացն էր, կամ արհեստանոցի տեսքը, որ բացօթեայ, ճամբուն վրան էր, կամ արդեօք այն միտքը, որ բոլորը տղամարդ են եւ իգական սեռի ներկայացուցիչ խաչքարագործ չկար: Եւ այդ զգացումէն մղուած որոշեցի մօտենալ եւ հարցնել իրենց, թէ կրնա՞մ ես ալ սորվիլ, պատասխանը դրական եղաւ: Շատ ուրախ էի, անհամբերութեամբ կը սպասէի, որպէսզի Կիւմրիէն Երեւան գամ ու սկսիմ սորվիլ խաչքար քանդակելու արհեստ-արուեստը։ Ապա կամաց-կամաց զգացի, թէ որքան կը սիրեմ այս գործը. փոշին, պարզութեան մէջ աշխատիլը, մթնոլորտը, այդ բոլորը գրաւեցին զիս։

-Կ՚ըսեն, որ Հայաստանը քարի երկիր է, երբ աշխատանք կը տանիք քարին վրայ, ի՞նչ կ՚ըլլան ձեր զգացումները։ Ի վերջոյ այդ «Քարէ Հայաստան»ը ի՞նչ իմաստ եւ նշանակութիւն կ՚ունենայ։

-Յայտնի երեւոյթ է, որ ամէն երկիր ինչով որ հարուստ է, այդ հարստութիւնը օգտագործած է իր առօրեային մէջ, կամ այս պարագային՝ արուեստին մէջ: Մենք բախտաւոր ենք, որ քարի երկիր ենք, մանաւանդ որ ունինք հրաբխային քարը՝ տուֆը: Շատ լաւ յատկութիւն մը ունի տուֆը, որ մարդու նման է, այսինքն հոգի եւ բնաւորութիւն ունի, իբր այդ ալ իրեն հետ խօսիլը շատ հաճելի է: Տուֆ քար կայ, որ շատ կարծր է, կարծր բնաւորութիւն ունի, իրեն հետ խօսիլը, աշխատիլը դժուար է. կայ փափուկ տուֆ, փափուկ բնաւորութեամբ, որուն հետ շատ զգոյշ պէտք է «խօսիլ», կրնաս զինք նեղացնել եւ ջարդել: Այս տարբեր բնաւորութիւններուն համար կը սիրեմ այս քարը: Որքան ուզես աշխատէ քարի մը վրայ, տեղ մը կը հասնի, որ պիտի ստիպուիս իր բնաւորութեան հետ հաշուի նստիլ ու անոր համապատասխան աշխատիլ:

-Դարաւոր գործի մը հետ կապ ունիս, որովհետեւ մեր նախահայրերը միշտ սիրած են քարին հետ «խօսիլ» եւ առընչուիլ, սակայն չէ պատահած կամ թերեւս մեզի ծանօթ չէ, որ կանայք եւս ներգրաւուին այս գործին: Ի՞նչ են ձեր մտածումները այդ մասին, շրջապատը ինչպէ՞ս կ՚ընկալէ ձեր մօտեցումը:

-Նախ ըսեմ, որ այս կէտը, այսինքն իգական սեռի ներկայացուցիչ խաչքարագործ ըլլալը, զիս շատ աւելի կը քաջալերէ եւ ուժ կու տայ, որպէսզի շարունակեմ այս գործը: Շատերու համար զարմանալի կը թուի, թէ ինչպէս կրնամ այս ծանր կամ «այր մարդու գործը» ընել, նոյնիսկ ծնողքս զարմացած էր, որ որոշած էի մասնագիտութիւնս մէկդի դնելով այս գործը շարունակել: Բայց ուրախութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ կ՚ընեմ այս գործը, հետեւաբար չեմ զգար գործին ծանրութիւնը: Ֆիզիքական յոգնութիւնը վստահ կայ, բայց չեմ մտածեր ատոր մասին, որովհետեւ կ՚ուզեմ աշխատանքի աւարտին հասնիլ, որպէսզի տեսնեմ լաւ արդիւնքը:

Վստահ եմ հին ժամանակ ալ եղած են կին խաչքարագործներ, կամ եթէ ոչ խաչքարագործներ, ապա հաստատ՝ կիներ, որոնք օգնած են իրենց ամուսիններուն կամ զաւակներուն՝ խաչքար քանդակելու ժամանակ: Եւ ես այս գործին մէջ տարբերութիւն չեմ դներ՝ աղջիկ է ընողը կամ տղայ, որովհետեւ մենք բոլորս պարտաւոր ենք պահպանել մեր մշակոյթը: Շատ ուրախ կ՚ըլլամ, եթէ ապագային ուրիշ իգական սեռի խաչքարագործեր ալ ըլլան, եւ ես շուտով պիտի զբաղուիմ այս գործով՝ աղջիկներուն սորվեցնելով:

-Կը կարծէ՞ք, որ այս ոլորտին մէջ տակաւին զարգանալու, նոր բան աւելցնելու տեղ կայ կամ թէ բոլոր ճանապարհները արդէն յստակ են, բոլոր մօտեցումները, որոնք կան արդէն, գործադրութեան կը դրուին եւ աւելցնելիքը շատ քիչ է, ի՞նչ կը մտածէք դուք:

-Վստահ մ, որ զարգանալու տեղ շատ կայ, որովհետեւ դարերու ընթացքին միշտ ալ փոփոխութիւններ եղած են եւ այդպէս խաչքարագործութիւնը միշտ ալ զարգացած է... դարերու ընթացքին խաչքարերը սկսած են ուղղանկիւնաձեւ ըլլալ կամ խաչերը սկսած են թեւաւոր ըլլալ, յետոյ սկսած են երկրաչափական, բուսային, ծաղկային եւ աստ-ւածաշունչի կերպարներներով խաչքարերը… Այսինքն միշտ ալ նորութիւններ եղած են եւ պէտք է ըլլան, անշուշտ հինը պահելով: Արուեստը կեանքի պէս է, կը շարունակուի:

-Սովորոյթ մը կայ, որ սփիւռքի մէջ շատ կը սիրեն Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքարեր, քարէ քանդակներ տանիլ իրենց հետ, տեղափոխել այլ տեղ, ըլլայ այն եկեղեցիներու բակերու մէջ կամ որպէս արձաններ, կիսնադրիներ կամ նոյնիսկ գերեզմանի խաչքարեր: Ինչո՞ւ սփիւռքահայերը միշտ Հայաստանի քարին վրայ կը դնեն «գրաւը», ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:

-Այս բոլորը կապուած է թէ՛ հայրենիքի կարօտի հետ եւ թէ մշակոյթի հանդէպ սիրոյ հետ, որովհետեւ սփիւռքահայերը միշտ ուզած են Հայաստանէն մասնիկ մը ունենալ կամ տանիլ իրենց հետ, որ այս պարագային մեր յարգի տուֆ քարն է, որով Հայաստանը իւրայատուկ է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021