ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՆՋՐՊԵՏԻ ՏԻԵԶԵՐԱՆԱՒԸ

Արաբ խօսնակ մը. Արաբ ժողովուրդը մէկ մարդու նման բռնկելէ եւ իր անկախութիւնը՝ քրտինքով, արցունքներով եւ արիւնով ձեռք բերելէ ետք: Ինչպէս նաեւ մեր երկրէն բռնապետութիւնը վռնտելէ ետք: Ջրանցքը ազգայնացնելէ ետք, դիմակայելէ ետք եռակողմ թշնամական յարձակումին եւ Սուէզի ճգնաժամին գրանցեցինք հերոսական եւ ֆիտայական հրաշալի տողեր:

Զէնքի մենաշնորհը բեկանելէ ետք եւ «կը թշնամանանք մեզի թշնամացողին, կը հաշտուինք մեզի հետ հաշտուողին հետ» կարգախօսը հռչակելէ ետք:

«Պաղտատի դաշինքը», «Այզընհաուըրի սկզբունքը»1 եւ «Ճոնսընի նախագիծը» տապալելէ ետք, ինչպէս նաեւ հաստատելէ ետք ոչ-խտրականութեան կանոններ եւ որդեգրելէ ետք դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, հեռու՝ մեծ տէրութիւններու գերակայութենէն:

Տարածաշրջանէն ներս Արաբական ազատագրական շարժումը սկսելէ ետք, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի ժողովուրդներու հարուածներուն տակ, մէկ առ մէկ սկսան փլուզուիլ յետադիմական պալատները:

Մեր ուժերը համախմբելէ ետք, ինչպէս նաեւ մեր մամուլն ու ծրագիրները այնպէս կազմելէ ետք, թէ՝ Իսրայէլը բռնատիրութեան ժանիքն է եւ փուշ մը՝ Արաբական աշխարհի մէջքին: Մինչ մենք զայն արեւելքէն կը սպասէինք, յանկարծ արեւմուտքէն եկաւ: Հետեւեալ կարգախօսը հրապարակեցինք. «Ինչ որ ուժով կ՚առնուի՝ ուժով կը վերադարձուի». ատոր վրայ Խորթումի2 նշանաւոր ոչերը. «Ո՛չ հաշտութեան, ո՛չ ճանաչումի, ո՛չ բանակցութիւններու»:

Հոկտեմբերի պատերազմին այս բոլորը յաղթահարելէ ետք, երբ ազատագրեցին արաբական կամքը եւ բոլորին աչքին դիմաց ոչնչացուցինք իսրայէլեան յոխորտանքը:

Քարիւղի մատակարարումը դադրեցնելէ ետք այն երկիրներուն, որոնք կ՚աջակցէին թշնամական յարձակումին, ստիպեցինք այդ երկիրներու առաջնորդներուն եւ անոնց արդիւնաբերական ոլորտի ղեկավարներուն շտապել մեզի մօտ՝ ներողութիւն խնդրելու, մտերմութիւնը ցուցաբերելու եւ շողոքորթելու:

Ֆիտայական գործը ապրելէ եւ զայն հովանաւորելէ ետք՝ դրամով ու զէնքով, այնքան որ անոր մէջքը ուղղուեցաւ եւ բռունցքը ամրացաւ՝ ցամաքին, ծովուն, օդին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ. ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ամպիոն բարձրացաւ՝ միջազգային ամենէն բարձր բեմը:

Մեր բարկացկոտ կեցուածքը ունենալէ ետք Սատաթի նախաձեռնութեան, Քեմբ Տէյվիտի համաձայնագիրին եւ Միայնակ հաշտութեան համաձայնագիրին դէմ, եւ մենք Եգիպտոսը մեկուսացուցինք թէ՛ որպէս ժողովուրդ եւ թէ՛ ալ պաշտօնապէս, եւ Արաբական գագաթաժողովի կեդրոնական գրասենեակը Գահիրէէն Թունիս փոխադրեցինք:

Այն բանէն ետք երբ մենք հաստատեցինք, թէ Ազատագրութեան կազմակերպութիւնը միակ եւ օրինաւոր ներկայացուցիչն է պաղեստինցի ժողովուրդին, եւ թէ պատերազմի ձայնէն աւելի բարձր ձայն չկայ:

Այն բանէն ետք երբ մենք յաջողեցանք առաջքը առնելու Լիբանանի պատերազմին եւ արգիլեցինք Իսրայէլին իրագործելու իր ընդարձակուելու ծրագիրները, որ արդիւնք էր հերոսական համախմբուածութեան՝ լիբանանցի եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն՝ ընդդէմ իսրայէլեան պատերազմական ամբարտաւան համակարգին:

Այն բանէն ետք երբ ըմբռնեցինք Պարսից ծոցի պատերազմը եւ ձեռք ձգեցինք յառաջադէմ Օոաքս AWACS (Airborne Warning and Control System) գործարքը3, հակառակ Իսրայէլական լոպիի (lobby) ջանքերուն ամերիկեան քոնկրէսէն ներս եւ դուրս, աջակից ունենալով ազդեցիկ անձնաւորութիւններ ամերիկեան վարչակազմէն:

Այն բանէն ետք երբ յաջողեցանք զսպել ընդդիմութեան հակառակութիւնները Լիբանանէն դուրս գալէ ետք, ինչպէս նաեւ հաստատեցինք պաղեստինեան որոշումին ժողովրդավարութիւնը, եւ շեշտեցինք, որ այն պէտք չէ մենաշնորհը դառնայ այս կամ այն կողմին:

Այն բանէն ետք երբ Ֆասի4 առաջին գագաթաժողովին հասկցանք ու ըմբռնեցինք տարածաշրջանէն ներս առկայ եղող խնդիրին բոլոր հանգամանքները, արաբական, պաղեստինեան եւ Ծոցի երկիրներու մակարդակով, իսկ Ֆեսի երկրորդ գագաթաժողովին արդէն որակական թռիչք կատարեցինք:

Այն բանէն ետք, երբ այդ գագաթաժողովէն յառաջացած Եօթնեակի կոմիտէն աշխարհով մէկ շրջագայութիւն կատարեց՝ Ամերիկայէն Ռուսաստան, ապա Ֆրանսա, Անգլիա եւ Չինաստան, բացատրելու համար արաբական կեցուածքը տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող պայքարին մասին, ինչպէս նաեւ վերջ դնելու Իսրայէլի ցեղապաշտական եւ ընդլայնումի նկրտումներուն:

Այն բանէն ետք երբ միջազգայնօրէն մերկացուցինք Իսրայէլը եւ զայն խեղդող մեկուսացման մատնեցինք, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցներուն հետ համաձայնութեան եկանք՝ որոշում կայացնելու զայն վռնտելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր մշակութային, տնտեսական եւ արուեստագիտական յանձնախումբերէն, որոնք ծնունդ կ՚առնեն ՄԱԿ-էն:

Այն բանէն ետք երբ արաբները յաջողեցան ովկիանոսէն մինչեւ ծով առաջատար դեր խաղալու պատերազմին մէջ, եւ իրենց կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջոցով ո՛չ ըսին Ռեկընի նախագիծին, ինչպէս նախապէս ոչ ըսած էին Ռոժէրի նախագիծին եւ 242 ու 334 բանաձեւերուն, նաեւ այն բոլոր յանձնուողական եւ լուծարման առաջարկներուն ու լուծումներուն:

Այն բանէն ետք երբ արաբական տեղաբնակ եւ արտասահմանեան մամուլը իր քաղաքակրթական դերը խաղաց ներկայացնելու իրականութիւնները առարկայականօրէն եւ միջազգայնօրէն մերկացնելու սիոնիզմը՝ մշակութային, մամուլի եւ յայտարարութիւններու գետնի վրայ:

Այն բանէն ետք երբ արաբական քարիւղը իր առաջնորդական իւրայատուկ դերը կատարեց՝ քաղաքական, տնտեսական, մամուլի, մտաւոր, գեղարուեստական եւ հեռատեսիլային գետիններու վրայ, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներով, որպէսզի դարմանէ բացուածքը եւ խնայէ արաբական ջանքերը՝ պատերազմի մէջ տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան:

Այն բանէն ետք երբ մենք հաստատ մնացինք մեր համոզումներուն վրայ գագաթաժողովի բոլոր համաժողովներուն, Չմիաւորուած պետութիւններուն, Ափրիկեան միասնական կազմակերպութեան, Քոլոմպիոյ մէջ գումարուած Իսլամական համագումարին, Արաբ-եւրոպական երկխօսութեան ֆորումին, Մալթայի մէջ գումարուած Միջերկրականեանի երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր համաժողովներուն եւ առիթներուն, սկսած՝ Կլասպորոյի համաժողովէն՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, մինչեւ վերջին համաժողովը՝ Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ:

Անցորդ մը. սակայն, այսքան թափառելէ ետք, պիտի նստինք 1948-էն ի վեր մեզի համար պատրաստուած ցիցին վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 13

Վաղարշապատ


1 Ամերիկայի 34-րդ նախագահ՝ Տուայթ Այզընհաուըրի կողմէ հրապարակուած արտաքին-քաղաքական ծրագիր, որ իրաւունք կու տար Ամերիկայի նախագահին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ զինուած ուժեր օգտագործելու: Այս սկզբունքը ստորագրուած է 9 մարտ 1957-ին: Այս սկզբունքի մշակումին մասնակցած է Ճոն Ֆոսթէր Տալէսը: Այս սկզբունքը դրսեւորուած է Սուրիոյ մէջ՝ 1957-ին, Լիբանանի մէջ՝ 1958-ին եւ 1967-ին՝ վեցօրեայ պատերազմին:

2 Արաբական չորրորդ գագաթաժողովը, գումարուած՝ 1967-ին, Սուտանի մայրաքաղաք Խորթումի մէջ: Յայտնի է նաեւ երեք ոչերու գագաթաժողով անունով:

3 Ամերիկայի աախագահ՝ Ռանըլտ Ռեկընի վարչակազմին եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ եղող զէնքի գործարք մը: Այս գործարքին արդիւնքով, Ամերիկան Սէուտական Արաբիոյ ծախած է հինգ E-3 Sentry AWACS տիպի եւ ութ KE-3 տիպի քարիւղ լեցնող ինքնաթիռներ, իրենց պահեստամասերով հանդերձ: Ինքնաթիռները յանձնուած են յունիս 1986-էն սեպտեմբեր 1987 թուականի միջեւ եղող ժամանակահատուածին: Այս գործարքը, այդ ժամանակներուն զէնքի վաճառքի առումով, Ամերիկայի ամենէն հսկայ գործարքը եղած է, որ լուրջ առարկութեան եւ հակառակութեան ալիք բարձրացուցած է:

4 Մարոքի քաղաքներէն մէկը: Առաջին գագաթաժողովը 25 նոյեմբեր 1981-ին: Երկրորդ գագաթնաժողովը 6 սեպտեմբեր 1982-ին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024