ԱՊՐԻԼԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
«Քա՛յլ արա, մերժի՛ր Սերժի՛ն»
Կը գոռայ ժողովուրդը հազիւ զինք առաջնորդող քաջ մը գտած: Հերոսացած՝ ան կը յառաջանայ քաշելով ժողովուրդը իր ետեւէն, կը խուժէ համալսարաններ, հաստատութիւններ, կոչ կ՚ընէ միանալու՝ «Մի՛-ա՛-ցի՛ր»..., խանդավառ ժողովուրդը կը կրկնէ առաջնորդին հնչիւնները: Կը միանան երիտասարդներ, կիներ, աղջիկներ, տղաք, մամիկներ, պապիկներ: Կը միանան Հայաստանի մարզերուն մէջ ալ հանրահաւաքներ կազմակերպելով: Կը միանան բոլոր անոնք, որոնք իրենց մաշկին վրայ դառնութիւններ զգացած են, հայրենիքը իւրաքանչիւր լքողին ետեւէն անոնց աչքերը արցունքոտած են, ծերունիներուն չնչին թոշակներուն համար ափսոսացած են, համալսարանական բարձրագոյն վկայականներով անգործներուն ի տես վշտացած են, վերնախաւի ու իրենց միջեւ հսկայ տարբերութիւնը նկատած են, ու մանաւանդ տասնամեակ մը շարունակ լսած են խոստումներ, եւ տասը տարին բաւարար եղած է, որ այդ խոստումներուն հանդէպ հաւատքը չքանայ, սպառի, բայց իւրաքանչիւր խոստումի չքացման հետ զայրոյթ մը կաթած է անոնց բաժակներուն մէջ, ու ահա այդ կաթիլներուն յորդումին հետ լոյսի պէս յայտնուած է առաջնորդը, որ ըմբոստ այդ յորդումները հաւաքելով ձայն մը գոյացուց այս մի քանի օրուան ընթացքին՝ ժողովուրդին ձայնը՝ «Մենք ունենք հիմնարար փոփոխութիւնների կարիք»:
Ժողովուրդին ձայնը սկսաւ բարձրանալ, յանձին առաջնորդին, իսկ հետեւա՞նք, արդի՞ւնք, կ՚ակնկալե՞ն միթէ անոնք: Անհատին մերժումին անունին ետին անոնք ուրիշ բան մըն է, որ կը մերժեն: Անունները կրնան փոխուիլ երկրի առաջնորդներուն փոփոխումով, սակայն էականը, էականը թերեւս համակարգի մը փոփոխութիւնն է, որ կ՚ակնկալէ այս բարձր ձայնը:
Անկախ ամէն ինչէ, սակայն, այս տարուան Ապրիլի այս երեւոյթը յուսադրիչ է, որ կը ներկայացնէ հզօրութիւն մը, տկարութիւններու կուտակումով պոռթկում մը հզօր, որուն ձայնին բարձրացումով կարելի է դրական վերելքներ ակնկալել, հայ երիտասարդին՝ ապագայ ղեկավարին ձայնն է, որ կը բարձրանայ ու պատրաստ է տոկալու ամէն տեսակի դժուարութիւններու եւ յաղթահարելու ամէն խոչընդոտ հայրենիքի բարելաւման ի խնդիր:
Ապրի՛լ, ի՞նչ ամիս ես դուն...
Կը թերթեմ համացանցը, ահա ցուցարարներու տեսանիւթ մը եւս: Լոս Անճելըսի մէջ երիտասարդ ցուցարարներ «NO WAR ON SYRIA» գրուած պաստառներով ոտքի են, դարձեալ կառավարութեան դէմ, այն կառավարութեան, որուն որոշումով, մի քանի օր առաջ, Դամասկոսի վրայ տեղացին հարիւրաւոր հրթիռներ: Նոյն պատճառով ոտքի են նաեւ ցուցարարներ Յունաստանի մէջ, որոնք կը մեղադրեն երեք գերպետութիւնները Սուրիոյ մէջ կատարուած հրթիռակոծութեան համար: Ո՞վ է ոտքի կոխան դարձողը, իբրեւ թէ՝ քիմիականի զոհ դարձած մանուկներուն, երիտասարդներուն, կիներուն... սըր-տաճմլիկ պատկերները դեռ կը դառնան մտապատկերիս մէջ: Այս հրթիռներուն սոսկումն ալ եկաւ խորացնելու անոնց նոր, արդէն խոր վէրքերը ու սգոյ սրահին մէջ խըն-դացողի մը պէս անոնք անզգացած, դուրս թափեցան յաղթողի հոգեբանութեամբ: Ի՞նչ ըսել ժողովուրդին:
Ու կը գծագրուին հարազատներուդ, բարեկամներուդ, թաղեցիներուդ, թաղիդ, արուարձանիդ պատկերները մտքիդ մէջ, կը բացուին տակաւին չսպիացած վէրքերը եւ դուն չես ուզեր աւելին պատկերացնել, հազիւ շունչ առած ժողովուրդին ուրախ լուսանկարները կը դիտես համակարգիչիդ պաստառին վրայ եւ կը խօսիս անոնցմէ մէկուն հետ, ու՝ «Վախը սրտիս գացի այդ ելոյթին, ահա հիմա հրթիռ մը կը սուրայ, մտածելով. չեմ հաւատար, որ խաղաղ է ամէն ինչ», ըսաւ ան: Ինչպէ՞ս հաւատալ...:
Վերջերս հեռատեսիլի պաստառին վրայ կը ցուցադրուին Ծառուկեան հիմնադրամի նուիրատուութիւնները Ապրիլեան քառօրեայի նահատակներուն ծնողաց: Աս ալ ուրիշ ցաւոտ դէպք մը Ապրիլին առընչուող: Հիմնադրամը, որպէս մխիթարութիւն, կ՚իրականացնէ նահատակներուն երազանքները, բայց կարելի՞ է բալասանել խոր ու անբուժելի վէրքը անոնց ծնողներուն...
Ապրիլ..., չէ՞ր բաւեր միթէ հարիւրամեակ մը առաջ կատարուածը, որ ամէն տարի մարդկային մաշկին վրայ գոյացող գարնան փշտիկի նման կը ցաւի, կը թարախակալի, կ՚արիւնի, խունկին մխացող հետքին նման բոյրը կը սփռէ հայու հոգւոյն ու խղճին մէջ, ջահերուն ու մոմերուն հետ կը նորոգուի ձայնը նահատակներուն, որ կը յուսայ հասնիլ մարդկային խղճին փակ դռներուն ու գոռալ, գոռալ մինչեւ որ սթափի անիկա իր խոր քունէն, ձայնին կը միանան ղօղանջներ եղերական, անմարմին հոգիներու կանչեր, որոնք հանգչելու համար աղօթքէն, խունկէն ու ծուխէն աւելի բան մըն է, որ կ՚ակնկալեն, կ՚ակնկալեն հասնելու իրականութեան, որ կ՚ուշանայ...
Ապրի՛լ, պոռթկում կը բուրես, ցասում կը բուրես, մահ ու արիւն կը բուրես, որոնք իմաստիդ երբեք յարիր չեն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ