Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ
Կ՚ըսեն.- ամէն մարդ, իր ճամբայէն պիտի քալէ,
Սեփական ափով իր ջուրը պիտի խմէ,
Ամէն մարդ, իր հողը պիտի հերկէ,
Իր աչքերով միշտ պիտի դիտէ,
Ու ամէն մարդ իր սրտով պիտի դատէ:
Նաեւ, ամէն մարդ աշխարհ պիտ գայ իր երազներով,
Մէկը՝ պատմական ճշմարտութիւններով,
Ուրիշ մը՝ կեանքեր քանդելու ծրագրերով,
Այն միւսը, անմարդկային իր պոռթկումներով,
Նաեւ փողի, սուտի մեծ պաշտամունքով:
Շատեր ալ իրենց տաղանդով,
Նոր ճիգ ու միջավայր ստեղծելով,
Նուիրումով, կեանք եւ յոյս ցանելով,
Իրենց ապագան պիտի կերտեն,
Ծրագրած երազին յաղթելով:
Բայց բոլորն ալ օրէնքին հետեւելով,
Ուշ կամ կանուխ Ամենակալին տնօրինումով,
Աշխարհէն պիտ հեռանան ուզել-չուզելով,
Բայց, երանի՜ թէ ամէն մարդ,
Ապրի ու գործէ միայն իր խղճի ձայնով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024