ԹՐԱՄՓ ԵՐԵՒՈՅԹԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԵՄԻՆ
Արդէն քանի մը ամիսներ անցած են Թրամփի վարչական իշխանութենէն, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէ Պրն. Նախագահին արտաքին քաղաքականութիւնը։ Յստակ է, սակայն, թէ ինչ որ յատկանշեց, ընտրարշաւի ատեն, Տանըլտ Թրամփի գրգիռը, մարտունակութիւնը եւ անփութութիւնը, վերապրած են ու կը շարունակուին։ Արդէն իշխանութեան հասնելէ ետք, Թրամփ կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ ընդունուած կանոններու, շեղիլ դիւանագիտական աւանդութիւններէ, հակադարձելով իմանալի գրգռութիւններու՝ նախատինքներով եւ սպառնալիքներով։ Իր արտաքին քաղաքականութեան պատգամին էութիւնը հետեւեալն է. Ամերիկա պիտի չթոյլատրէ այլեւս, որ բարեկամները կամ դուրսի թըշ-նամիները իրմէ օգտուին։ Տասնամեակներ «կորսնցնելէ» ետք այլազան երկիրներու՝ այնուհետեւ «առա՛ջ՝ Ամերիկա» լոզունգով պիտի սկսինք վերաշահիլ։
Կրնայ ըլլալ որ պարզապէս Թրամփ, այսուհետեւ, կարծր սակարկութեան սկզբունքը գործադրէ, ինչպէս որ կը սիրէ այս ձեւ կոչել «համաձայնութեան արուեստը»։
Ժամանակին նախագահ Ռ. Նիքսընն ալ որդեգրած էր «խենդի տեսութիւնը», այն իմաստով, որ իր հակառակորդներուն հաւատալ կ՚ուզէր տալ, թէ յիմար բան մը կրնար ընել, եթէ իր հակառակորդները իր պահանջները չգոհացնէին։ Նիքսըն «խենդ մարդու» ռազմավարութիւնը փորձեց հիւսիսային վիեթնամցիներուն վրայ, բայց ձախողեցաւ։ Նախագահ Թրամփ, որ հաստատ համբաւն ունի փոփոխականութեան, որոշապէս ատակ է գործածելու նմանօրինակ ռազմավարութիւն մը։
Այսուհանդերձ, հարցը ա՛յն է, թէ խօսակցութիւնները կրնան երբեմն ձախողիլ, իսկ հակառակորդները յաճախ լիրբ են եւ անգուշակելի։ Նախագահ Թրամփ կարողութիւնն ունենալու է խոհականութեամբ եւ յաջողապէս գործադրելու իր վարկածը։ Մինչ ձախող գործառնութեան մը պարագային կողմերը կրնան յուսախաբ բայց անվնաս բաժնուիլ, դիւանագիտական ձախող նախաձեռնութիւն մը կրնայ առաջնորդել քաղաքական անկայունութեան, ծախսալից առեւտրական ու դիւանագիտական պայքարի, վտանգաւոր զինարշաւի, մինչեւ անգամ՝ պատերազմի։
Արդարեւ, լուրջ կարելիութիւն կայ, որ դէպքերը գահավիժին, առաջնորդուելով ապագայի մը, որու ընթացքին Թրամփի անկայուն ու մոլորեալ ոճը, ճակատումի քաղաքականութիւնը հակամարտութեան առաջնորդեն արդէն փխրուն աշխարհի կարգը, յանգելով բացայայտ բախումի, շատ հաւանականօրէն Իրանի, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հետ։
Սայթաքումի հետեւանքով պատերազմ Իրանի հետ
Ենթադրենք, թէ 2017-ի Սեպտեմբեր ամիսն ենք։ Սպիտակ տունը վիճաբանական յագեցած խորհրդակցութեան մէջ է Իրանի հետ, ձգտեալ վիճակի մը նախօրեակին։ Իրաքի մէջ սպաննուած են տասնեակ մը ամերիկացի զին-ւորներ Իրանի նախաձեռնութեամբ։ Նախագահը փորձութեան մէջ է այս անգամ աւելի յարձակողական հարուածով պատասխանելու, միաժամանակ գիտակցելով, թէ նման քայլ մը կը նախատեսէ բանակը առաջնորդելու ծախսալից եւ անժողովրդական պատերազմի մը, որմէ խոստացած էր խուսափիլ։ Անիկա կ՚անդրադառնայ, թէ նման ճակատում մը անխուսափելի դարձած է, երբ նշանակած էր իր արտաքին քաղաքականութեան անձերու խմբակը, Իրանի հանդէպ իր նոր քաղաքականութիւնը գործադրելու համար։
Իր ընտրութենէն առաջ Թրամփ քննադատած էր Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը, խոստանալով վերջ մը դնել Պարսկաստանի «յարձակողական քաղաքականութեան, որ կը միտէր անկայունացնելու եւ ապա տիրապետելու» Միջին Արեւելքի վրայ։ Իր կարգ մը խորհրդականները - Մայքըլ Ֆլին, Մայք Փոմփիօ, Սթիվ Պրենըն ու Ճէյմս Մեթիս - խորապէս թշնամական էին Իրանի հանդէպ, ու կողմնակից էին ճակատելու անոր դէմ։ Պրն. Նախագահը հետեւողականօրէն մտրակեց հակապարսկական զգացումները, ու մոլորեցուց հանրային կարծիքը հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ։ Անիկա յատկապէս շեշտեց, թէ Ամերիկա «երբեք չօգտուեցաւ» անկէ, եւ թէ թոյլատրած եղաւ Իրանի վերջապէս ունենալու աթոմական ռումբը, եւ 150 միլիառ (պիլիոն) դրամատանց մէջ «սա-ռեցուած» դրամէն (հաւանաբար ակնարկութիւնը կ՚երթայ համաձայնութեան մէկ նախատեսութեան, որ կ՚արտօնէ Իրանի 50 պիլիոն տոլարի օգտագործումը)։
Փետրուար 2017-ին, իբրեւ հակադարձութիւն Իրանի կողմէ հեռավար հրթիռով մը փորձարկութեան, Մ. Ֆլին՝ նախագահին ազգային ապահովութեան խորհրդականը, «պաշտօնապէս կը զգուշացնէր» Պարսկաստանը։ Երկու օր ետք, չուշացան 25 նոր պատժամիջոցներու (sanctions) պարտադրութիւնը իրանական ընկերութիւններու եւ անձնաւորութեանց դէմ, որոնք վերոյիշեալ նախաձեռնութեան հետ կապ ունէին։
Ինչպէս որ նախատեսելի էր, Իրան անտեսեց ամերիկեան իշխանութեանց կարծր դիրքորոշումը, ու շարունակեց հրթիռներու փորձարկումը, պնդելով թէ ո՛չ հիւլէական համաձայնագիրը եւ ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը արգիլած էին նման փորձարկութիւն կատարելու։ Նաեւ անիկա շարունակեց Եմէնի Հութի ըմբոստներուն զինամթերք հայթայթել, ու Պեշար Էսատի իշխանութեան ընծայել զինուորական աջակցութիւն։ Լրացուցիչ կերպով, Ամերիկայի ջանքերը Ռուսաստանի մօտ՝ սահմանափակելու Իրանի դերը Սուրիոյ մէջ, անտեսուեցան, աւելցնելով Սպիտակ տան յուսախաբութիւնները։
Հիւլէական համաձայնագիրը (Յուլիս 13, 2015) չբեկանուեցաւ։ Սակայն, հաւանականօրէն քանի մը ամիսէն, նախատեսուեցաւ Իրանի «Յեղափոխական պահակները» պիտակել իբրեւ ահաբեկիչ կազմակերպութիւն, ու պահանջել ազատ արձակումը երկու հպատակութիւն ունեցող (իրանեան եւ ամերիկեան) պարսիկներուն։ Իբրեւ հակադարձութիւն, Իրանի նորընտիր նախագահը (Մայիս 17-ին) հաւանական է, որ ձեռնարկէ իր երկրին հիւլէական կարգ մը փորձառկութիւններուն, աւելցնելով «հարստացած» (enriched uranium) իւրանիումի իր պահեստը։ Այն ատեն, Միացեալ Նահանգներ պիտի ջանայ տնտեսապէս խեղդել Իրանը, ի հարկին զինուորական կանխարգելիչ հարուած մըն ալ տալով։
Թրամփ համոզուած է, որ այլ երկիրներ նեցուկ պիտի կանգնին իր իշխանութեան կարծր դիրքորոշումին։ Բայց այս ճնշումը չյաջողեցաւ ենթադրուածին նման։ Չինաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Հընդ-կաստան, Ճաբոն, Ռուսական Դաշնութիւն, Հարաւային Քորէա եւ Անգլիա յայտնեցին, թէ համաձայնագիրը կը շարունակէ գործադրուիլ, այպանելով Ուաշինկթընը՝ տագնապ ստեղծելուն համար։ Եւրոպական Միութիւնը նոյնիսկ օրէնք պիտի անցնէր, որ ապօրէն պիտի ըլլար եւրոպական ընկերութեանց՝ գործակցելու Ամերիկայի հետ, անոր երկրորդական, վերջնագոյն պատժամիջոցներու գործադրութեան պարագային։
Լարուածութիւնը Իրանի հետ պիտի սրի։ Հորմուզի նեղուցին մէջ, իրանեան պահակաշրջիկ նաւ մը մօտեցած ըլլալով ամերիկեան յածանաւի մը, այս վերջինը կրակ բանալով պիտի սպաննէ 25 նաւաստիներ։ Հակադարձ վրէժխնդրութիւնը, պիտի չուշանայ։ Իրանի թիկունքը վայելող քաղաքազօրք մը Պաղտատի մէջ պիտի սպաննէ 6 ամերիկացի զինուորներ։ Եւրոպական Միութիւնը պիտի առաջարկէ իր միջնորդութիւնը, յառաջացած ճգնաժամը փարատելու համար։ Իրանի դաս մը տալու համար, Թրամփ պիտի լիազօրէ հրթիռային հարուած մը, որ պիտի կործանէ Իսլամական յեղափոխական պահակազօրքի կեդրոնավայրի երեք շէնքեր, սպաննելով երկոտասնեակ մը սպաներ ու քաղաքացիներ։ Իրանի կողմնակից զինեալ խումբեր յարձակումներ պիտի գործեն ամերիկեան անձնակազմի անդամներուն դէմ, ու ճնշում պիտի բանեցնեն Պաղտատի կառավարութեան վրայ, որպէսզի պահանջէ ամերիկացիներու մեկնումը Իրաքէն։ Ուաշինկթըն պիտի վերահաստատէ հիւլէական համաձայնագրով առկախուած պատժամիջոցները։ Իրան պիտի չուշանայ անտեսելու հարստացած իւրանիումի արտադրութեան վրայ դրուած արգելքները, վտարելով վերահսկող օտար քննիչները, յայտարարելով թէ այնուհետեւ կապուած պիտի չըլլայ կնքուած պայմանագրութեան յօդուածներով։ Ամերիկա պիտի հարուածէ Արաքի, Ֆորտոյի, Սպահանի, Նաթանցի ու Փարչինի հիւլէական արտադրամասերը։ Ամերիկայի նախագահը այն ատեն հարց պիտի տայ, թէ ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ պատերազմական նման գոյավիճակ մը։
Վերոյիշեալ սենարիոն հաւանական է, որ պատահի 2017 Մայիսէն ետք, եթէ դիւանագիտական, շրջահայեաց եւ հակակշռեալ, բայց միաժամանակ հաստատակամ քաղաքականութիւն մը չորդեգրուէր։
Պայքարելով Չինաստանի դէմ
Քուպայի տագնապէն ասդին, Հոկտեմբեր 2017 թուականն է։ Ըստ մասնագէտներու, յոռեգոյն վտանգաւոր ճակատումն է հիւլէական զինանոց ունեցող երկու երկիրներու միջեւ։ Չինաստան-Միացեալ Նահանգներ առեւտրական պատերազմ մը յառաջացած է, երբ ծանր բախումներ պատահած են Հարաւային Չինաստանի ծովուն վրայ, երկու կողմերու՝ ամերիկեան ու չինական նաւերու միջեւ, երկուստեք մահեր պատճառելով։ Շշուկներ կան, որ Չինաստան իր հիւլէակիր ուժերը ահազանգային վիճակի մէջ դրած է։ Ճակատումը, որմէ շատեր կը սոսկային, ընթացք առած է։
Ընտրապայքարի ընթացքին, եւ ընտրուելէ ետք, օտար թիրախներէն առաջնայինը՝ զոր նախագահ Թրամփի քննադատութեան արժանացած էր, Չինաստանն էր։ Այս վերջինը կ՚ամբաստանուէր ամերիկեան գաղտնիքներու գողութեամբ ու գործերու կորուստով։ Պենըն, Մարտ 2016-ին, մինչեւ իսկ պատերազմ նախատեսած էր յառաջիկայ 5-10 տարիներուն։ Թրամփ, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին Թայուանի նախագահին հետ, յայտնեց թէ «մէկ Չինաստան» քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթակայ պիտի ըլլար, եթէ Չինաստան զիջումներ չկատարէր առեւտրական շուկայէն ներս։
Անցեալ Փետրուարին, Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփինի հետ հեռաձայնային խօսակցութենէ մը ետք, Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի յարգէր «մէկ Չինաստան» քաղաքականութիւնը։ Ասիոյ մասնագէտները գոհ էին, որ տագնապ չստեղծուեցաւ, բայց նախագահ Թրամփ մոլեգնած էր ձգուած ա՛յն տպաւորութենէն, թէ ինք տեղի տուած էր այս առաջին դէպքով Չինաստանի հետ, եւ այսուհետեւ պիտի նկատուէր «թուղթէ վագր» մը։
Բախումի հաւանականութեան այլ դէպքեր ալ պիտի հետեւէին։ Պետական քարտուղարութեան պաշտօնին համար թեկնածու Ռեքս Թիլըրսընի ունկնդրութեան, այս վերջինը յայտարարեց, թէ Հարաւային Չինական ծովուն մէջ պիտի արգիլուէր հոն գտնուող կղզիներուն վրայ Չինաստանի մատչումը (access)։ Իբրեւ հակադարձութիւն այս յայտարարութեան, պետական օրկան «China Daily»ն կը զգուշացնէր, թէ վերոյիշեալ քաղաքականութեան գործադրութիւնը կրնար առաջնորդել «լայնատարած ճակատումի», իսկ «Global Times»ի գնահատումով՝ «ծաւալուն պատերազմի»։
Հիւսիսային Քորէայի հարցով, Չինաստան համակարծիք էր ՄԱԿ-ի կողմէ առնուած որոշումին, որ կը դատապարտէր այդ երկրին կողմէ հեռարձակ հրթիռներու փորձարկումը, կամ հիւլէական զէնքերու պատրաստութիւնը։ Սակայն, անկէ անդին, Չինաստանի նախագահը կը նկատէր, թէ Ամերիկա աւելի մեծ վտանգ մը կը ներկայացնէ, եւ հետեւաբար կը մերժէր որեւէ սպառնալիք Ուաշինկթընի կողմէ։
Ազգայնական պոռթկումներ, կամ առեւտրական ու զինուորական հակադարձ միջոցառումները երկու երկիրներու միջեւ, պիտի առաջնորդէին համատարած բախումի, ներքաշելով նաեւ դրացի երկիրները յառաջանալիք պատերազմին մէջ։ Մինչդեռ Թրամփին ուզածը առեւտրական աւելի նպաստաւոր ու շահաբեր պայմաններ ձեռք ձգել էր իր երկրին համար։
Յաջորդ քորէական պատերազմը
Ենթադրենք, թէ Դեկտեմբեր 2018-ն է։ Հարաւային Քորէան ծանր ռմբակոծումի ենթարկած է Սէուլը, պատճառելով հազարաւոր մահեր։ Ամերիկան եւ հարաւ-քորէական ուժերը, փոխադարձ պաշտպանողական դաշնագրի հիման վրայ, ցամաքային եւ օդային ռմբակոծումներու ենթարկած են Հիւսիսային Քորէայի զինուորական դիրքերը, ինչպէս նաեւ օդային պաշտպանութեան կառոյցը, ներառեալ՝ հեռարձակ հրթիռներու կայանը, ուրկէ Փիոնկ-Եանկ հիւլէակիր հրթիռներով կրնար ենթադրաբար ռմբակոծել Միացեալ Նահանգներու ցամաքամասը։ Հասած է այն պահը, երբ Թրամփ պիտի վճռէ շարունակելու պատերազմը, աչքի առնելով հիւլէական զինուորական բախումի մագլցում մը։ Իր խորհրդականներէն ոմանք կը պնդեն վերջացնել գործը, իսկ ուրիշներ զգուշացնելով, որ նման քայլ մը պիտի վտանգէր քորէական Թերակղզիին վրայ գտնուող 28 հազար ամերիկացի զինուորներէն շատերուն կեանքը, տակաւին նկատի ունենալով նաեւ մայրաքաղաք Սէուլի 10 միլիոն քորէացի բնակչութիւնը։
Սակայն ինչո՞ւ հոս պիտի հասնէր հարցը
1994-ին, համաձայնութիւն մը գոյացած էր Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրը կասեցնելու համար։ Բայց 2003-ին, երբ Փիոնկ-Եանկի խարդախութիւնը բռնուեցաւ, Ճորճ Ու. Պուշ աւելի կարծր պատժամիջոցներ հաստատեց։ Բանակցութեանց բազմաթիւ փորձեր անարդիւնաւէտ մնացին։ Ըստ մասնագէտներու, 2017-ին, Փիոնկ-Եանկ արդէն երկոտասնեակէ մը աւելի հիւլէական ռազմամթերանոցներ ունէր։ Նաեւ, հաւանաբար, հիւլէական հեռավար հրթիռներ, որոնք հասանելի էին Ասիոյ մէջ որեւէ թիրախի, մինչեւ իսկ՝ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ 2023-ին։
Բազմաթիւ մասնագէտներ ու պետական նախկին պաշտօնատարներ, թախանձեցին Թրամփի, որ բանակցութեանց ձեռնարկէ Հիւսիսային Քորէայի հետ, տնտեսական եւ ապահովական գրաւիչ միջոցառումներ առաջարկելով, փոխան՝ հիւլէական նախաձեռնութեանց դադարեցումին ու փորձարկութեանց, անշուշտ Չինաստանի ալ օժանդակութիւնը հայցելով։
Սակայն Թրամփի վարչակազմը նախընտրեց ճակատումի քաղաքականութիւնը։ Փետրուար 2019-ին, Փիոնկ-Եանկ փորձարկեց 310 մղոն հեռաւորութեան հասնող հրթիռ մը Ճաբոնի ծովուն մէջ։ Թրամփի երէց խորհրդականներէն Սթիֆըն Միլըր յայտարարեց զինուորական անդիմադրելի զօրուժի կեդրոնացում Հիւսիսային Քորէայի դիմաց։ Միաժամանակ, Թրամփ յայտարարեց 54 պիլիոնի յաւելում ամերիկեան պաշտպանողական ծրագրին՝ 2018 տարուան համար։ Նոյն տարուան ամրան, Սպիտակ տունը որդեգրեց Հիւսիսային Քորէայի վրայ ճնշում բանեցնելու քաղաքականութիւնը՝ Չինաստանի միջոցով։ Իսկ եթէ անկարելի ըլլար անոր հետ գործակցութիւնը, մաքսատուրքերը պիտի բարձրանային, որպէսզի Պեճինկ չշարունակէ տնտեսապէս «լլկել» Միացեալ Նահանգները։
Այս ընթացքով հակամարտութիւնը պիտի աւելնար Թրամփի իշխանութեան առաջին տարիներուն։ Հիւսիսային Քորէա պարբերաբար պիտի կատարէր ռմբակոծումները ապառազմականացած (demilitarized) գօտիէն անդին։ Բառերու կռիւը Փիոնկ-Եանկի եւ Ուաշինկթընի միջեւ պիտի մագլցէին։ Թրամփ Twitter-ի միջոցով պիտի ազդարարէր, թէ Փիոնկ-Եանկի հիւլէակիր հրթիռները պիտի չկարենային հասնիլ Ամերիկա։ Երբ զգացին, թէ Քիմ Ժեն Ուն մտադիր է գործածելու հիւլէակիր հրթիռներ, նախընտրելի նկատուեցաւ արձակելէ առաջ զանոնք փճացնել իրենց կայանին մէջ հեռավար հրթիռներով։
Սորվելով անցեալէն
Ապագայի վերոյիշեալ վախազդեցիկ հեռանկարները հեռու են անխուսափելի ըլլալէ։ Արդարեւ, այդ բոլոր խոստումները խզուելու անցեալին հետ, ամերիկեան քաղաքականութիւնը այդչափ ալ յեղափոխական կամ անզգոյշ պիտի չըլլար, ինչպէս շատեր կը վախնան։ Նախագահ Թրամփ արդէն ապացուցանեց իր կարողութիւնը ուղղութիւն փոխելու առանց խղճահարութեան՝ շատ մը հարցերու մէջ։ Իր խելամիտ խորհրդականները կրնան չափաւորել իր վարմունքը։
Նկատի ունենալով Պրն. Նախագահին խառնուածքը, որոշում կայացնելու ոճը, եւ արտաքին քաղաքականութեան ըմբռնումը, այն հեռանկարները, թէ ինչ պիտի պատահի, աննախատեսելի են. արտաքին քաղաքականութեան մէջ աղէտներ կրնան պատահիլ։ Նախընթաց օրինակները մէկէ աւելի են. Ա. Համաշխարհային պատերազմին, 1965-ի Վիեթնամի հակամարտութեան եւ 2003-ի իրաքեան արշաւանքին համատարած աւերները ծանօթ են բոլորին։ Իւրաքանչիւր պարագային անմիտ որոշումներ, թերի գործարկութիւն ու բաղձալի մտածողութիւն առաջնորդած են աղէտի, եւ որոնք սակայն կրնային կանուխէն նախատեսուիլ։
Թերեւս նախագահ Թրամփ իրաւացի է, որ զինուորական ակնառու զօրացում մը, իր անգուշակելի համբաւ ունենալը, բանակցելու ոճը, պիտի մղեն այլ երկիրներ զիջումներ կատարելու, ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու ապահովութեան ու բարգաւաճման։
Բայց եւ այնպէս, նաեւ, սխալ կամ վնասաբեր է նման վարքագիծ մը։
ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ(*)
Ազատ թարգմանութիւն՝ յապաւումներով՝
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
"Foreign Affairs", Մայիս-Յունիս 2017
*Ֆիլիփ Կորտըն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդի երէց անդամներէն է։ 2013-2015 թուականներուն յատուկ օգնական էր նախագահին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի ու Ծոցի շրջանի Սպիտակ տան համակարգողն էր։
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս