ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀՆՀՆՈՒՔՆԵՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ

Շատ բնական է կարծել, որ ամէն հայ իրաւունք ունի բողոքելու, թէ ի՛նչ ըսել է մէկ ազգ, բայց երկու լեզու, եւ ամէն հայ իրաւունք ունի պատկերացնելու մէկ ընդհանուր լեզու, որ իրողապէս չկայ, բայց ոմանց միտքին մէջ կրնայ ծագիլ․ մէկը կ՚ըսէ գրաբարը վերակենդանացնենք․ միւսը կ՚ըսէ թող ատիկա արեւելահայերէնը ըլլայ, երրորդը կ՚ըսէ շինենք նոր լեզու, ասկէ պատառ մը արեւմտահայերէն, անկէ պատառ մը արեւելահայերէն կը կցենք, կը մոռնանք «ծառիցն» ու «ծովիցը», կ՚որդեգրենք «ծառէն», «ծովէն» բարեհունչ հոլովաձեւը, կ՚որդեգրենք «գրում եմ» ձեւը, ա՛լ կարիք չի մնար «կը գրեմ կոր» ըսելու մեղքը գործել․․․ Եւ այսպէս շարք մը․․․ վերջացաւ գնաց, եղաւ միասնական հայերէն։

Ասիկա հին երազ է, որ հիմա կրկին կ՚առկայծի․ ինծի կը թուի, թէ Լոս Անճելըսէն անցած մարդիկ ատիկա երազելու աւելի իրաւունք ունին։ Հայաստանի անկախացումէն ետք այնտեղ երկու գրականները համատեղ կ՚ապրին։ Քիչ մըն ալ Հայաստան։ Ու մի զարմանաք, որ այդ միասնական հայերէնը լեզուաբանական քղամիդով ներկայացնելու ճիգ մըն ալ կը կատարուի։ Ի՞նչ է այդ հայերէնը - շինծու լեզու մը, որ կը դառնայ գրական լեզու, հիմքը գրաբարն է․ թող միւս հայերէնները ապրին, արեւմտահայերէնն ալ, արեւելահայերէնն ալ, թող ամէն մարդ իր գիտցած հայերէնով խօսի, բանաստեղծութիւն գրէ, երգէ, բայց միասնական հայերէնը պարտադիր գրական լեզու ըլլայ, 10, 50, 100 տարուան ընթացքին կը ձեւաւորուի կը քալէ։

Այս բարի ցանկութեան դէմ ըսելիք չունինք։ Բայց, մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի ըսէք, մեր ժողովուրդի նոյնիսկ հայախօս զանգուածը գրաճանաչ դարձնելու մեր ճիգը բաւարար չ՚ըլլար հիմա, մինչեւ 18 տարեկան հայկական դպրոց յաճախած տղոց քանի՞ տոկոսին համար կարելի է ըսել, որ սահուն կը կարդայ ու վարժ կը գրէ․․․ Ալ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ նոր կանոնակարգով լեզուական որակ մը իւրացնել տալ անոր։

Միասնական հայերէնի հասնելու երկու ելակէտ կայ․ առաջինը ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆն է․ երկու հատուածներու համատեղ ապրելու ու կենսագործելու պայմանը․ նման բան կ՚երեւի Լոս Անճելըսի մէջ, քիչ մըն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Բայց դեռ բաւական չէ։ Երկու գրականներու միաձուլման համար Հայաստանի մէջ գործող արեւմտահայ բարբառներն ալ դեր չեն կրցած ունենալ՝ Շիրակի եւ Սասնոյ բարբառներ, 1946-1948-ի արեւմտահայերու մեծ հայրենադարձութիւն։ Դեռ հարց է, որ համակեցութիւնը որքանո՞վ կրնայ ազդել գրական-պաշտօնական լեզուին վրայ։

Երկրորդ գործօնը ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ յստակ քաղաքականութիւնն է։ Լեզուաբանները իւթոփիաներով չեն զբաղիր, անոնք կը քննեն այս կամ այն տարբերակին իւրայատկութիւնները, երբեմն զուգադրութիւններ կ՚ընեն, շատ շատ կը խօսին երկու գրականներու մերձեցման հնարաւոր եզրերուն մասին։ Այսքան։ Մնացեալը չկայ, այսինքն չեղածը ինչպէ՞ս ուսումնասիրել։ Եւ բնական է տեսնել, որ լեզուաբանութիւնը վերածուած է չոր գիտութեան․ կը հաստատես լոլիկը, բայց կ՚ըսես պամիտոր։ Օտարաբանութիւնները կը հեղեղեն արեւելահայերէնը։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ հայրենի իրականութեան մէջ լեզուի ուսումնասիրութիւնը ճիգ չի թափեր կեանքէն բան մը փոխելու համար։ Միւս կողմէ բոլորս ալ կը խօսինք մերձեցման անհրաժեշտութեան մասին, այսինքն ամէն փոփոխութիւն համաձայնեցնել միւս գրականին հետ ու չկատարել այնպիսի փոփոխութիւն, որ աւելի եւս կը հեռացնէ գրականները․ օրինակ, էական բայի եզակի երրորդ դէմքի համար շատ տարածուած է ա ձեւը՝ գրում ա, տալիս ա, պէ՞տք է մտցնել գրականին մէջ թէ ոչ, անշուշտ ոչ, որովհետեւ ատիկա արեւելահայերէնը աւելիով կը հեռացնէ արեւմտահայերէնէն։ Պէ՞տք է ընդունիլ նիս, նիդ, նին յոգնակի ստացականութիւնը թէ ոչ (գիրքերնիս, գիրքերնիդ, գիրքերնին), անշուշտ ոչ, որովհետեւ ատիկա աւելի եւս կը հեռացնէ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնէն։ Այսպէս՝ շարունակ։ Բայց եկուր տե՛ս որ մերձեցման մասին լուրջ ու հետապնդող վերաբերմունք չկայ, մեր երկու գրականները աւելիով կը հեռանան բառագիտական ու քերականական համակարգերով, շատ կը հեռանան։

Եւ այս անհոգութիւնն ալ կ՚աշխուժացնէ միասնական հայերէն «շինող»ներու խանդավառութիւնը։

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023