ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄԸ
Միջազգային հարթակներու վրայ բաւական մեծ նահանջ ապրեցաւ ու դեռ ալ կ՚ապրի Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան այս փուլը, որ խորքին մէջ երկար շղթայի մը շարունակական օղակն է։ Այս արիւնալի հակամարտութեան մէջ բեկումնային կարելի է համարել անցնեալ տարուան սեպտեմբերին պատահածները, երբ դարերով հայ ժողովուրդի բնօրրանը հանդիսացած Լեռնային Ղարաբաղը դատարկուեցաւ իր բնիկներէն՝ հայերէն։
Անշուշտ, շատ դժուար է՝ մանաւանդ հայկական կողմին տեսակէտով դիտել այս համայնապատկերը եւ ընդունիլ, որ Արցախի մէջ հայերու կողքին ապրած են ատրպէյճանցիներ։ Յար եւ նման հայերուն, անոնք եւս ունեցած են անցեալ եւ մշակոյթ ու երկար փոփոխութիւններէ, երկար թաւալումներէ անցնելով եկած հասած են այսօրուան՝ կոչուելով Ատրպէյճանի քաղաքացիներ։
Ի հարկէ, պէտք է անպայմանօրէն հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, թէ ինչ ալ ըլլան բացատրութիւնները կամ դրուագները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմահարցը երկու հարեւաններու համար մնացած էր ժառանգութիւն՝ փլուզուած Խորհրդային Միութենէն։ Հրաբուխ մը, որուն բռնկումով ալ ընթացք առած էր նոր ժամանակշրջան մը, որ կը տեւէր երեսուն տարիէ ի վեր, որուն աւարտին ու անկէ ետք այսօրուան նոր սկիզբը կը պայմանաւորուի՝ այս հակամարտութենէն յաղթած կամ պարտուած դուրս եկող կողմերու շեշտակի փոփոխութեամբ։ Առաջին փուլին Հայաստանն էր յաղթականը, իսկ ներկայիս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։ Մինչ առաջին յաղթանակի պարագային Ռուսաստան այդ մէկը չէր համարեր նաեւ իր սեփականը, իսկ երկրորդի պարագային Թուրքիան ո՛չ միայն կ՚ողջունէր Ատրպէյճանի յաղթանակը, այլեւ ինքզինք կը համարէր որոշիչ ուժ մը եւ անոր հեղինակութիւնը հետզհետէ սկսած է բարձրանալ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Ու այս բոլորէն անդին, պարզ եւ մեկին ու յստակութեամբ հարկ է ամրագրել, թէ ի տարբերութիւն Հայաստանին՝ Ատրպէյճանն ու անոր Ալիեւի վարչակազմը մինչեւ այս պահը չեն համոզուած, թէ պէտք է վերջ տալ հակամարտութեան տաք ժամանակներուն որդեգրուած մօտեցումներուն եւ ի վերջոյ հաւատալ, թէ հարկ է նոր էջ մը բանալ հարեւան Հայաստանին հետ։
Այս բոլորին մէջ եւ բազմապիսի պատճառներու բերումով ամենախոցելի կողմը կը շարունակէ մնալ Հայաստանը, որ ո՛չ միայն կը դժուարանայ ընդունիլ պարտուած ըլլալու հանգամանքը, այլեւ ցաւալիօրէն գերլարուած իրականութիւն մը կ՚ապրի՝ կապուած ներքին իրադարձութիւններու, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքարի եւ ներքին անորոշութեան։ Հայաստանի մէջ ստեղծուած սպասողականութիւնը, անշուշտ, կապուած է Ատրպէյճանի հետ ի վերջոյ համաձայնութեան թուղթ մը ստորագրելու հասարակաց փափաքին հետ։ Սա բազում առումներով մինչեւ այս պահը կը համարուի՝ պարտութիւնը մարսելու լակմուսեան թուղթ մը։ Հարցը հիմա այն չէ, որ Երեւանի մէջ ո՛ր իշխանութիւնը քաջութիւնը պիտի ունենայ ստորագրելու այդ համաձայնութեան թուղթին տակ, այլ հարցը այն է, որ Պաքուի վարչակազմը եւ անձմաբ Իլհամ Ալիեւ իսկապէս պիտի ընդունի՞ն խաղաղութեան մը հասնիլը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024