ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԵՐԿՈՒՆՔԷՆ ԵՏՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԻՒՑԱԶՈՒՆՆԵՐ ԿԸ ԾՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ…
Երկնէր երկին,
Երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի...
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ
Նա հուր հեր ունէր, ապա թէ բոց ունէր մօրուսն
Եւ աչկունքն էին արեգակունք…:
Հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացիի փրկած մեր հազարամեայ հեթանոսական դիւցազներգութեան գլուխ գործոց «Վահագնի Ծնունդ»ը, 2500 տարիներ ետք իրականութիւն դարձաւ՝ Ողիմպիական մայրաքաղաք Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ըմբշամարտի մրցահարթակին վրայ: Հայաստանի նոյնքան հնագոյն քաղաք, երկրաշարժներէ վեր յառնած Կիւմրի քաղաքի «Կիւմրի»ի դիւցազուն Արթուր Ալեքսանեան, 9-0 հաշուով գետին զգետնելով իր թուրք մրցակիցը, արժանացաւ հայոց Արքայ Արտաւազդ թագաւորի դափնեպսակին եւ հին աշխարհի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Վարազդատ թագաւորի փառքին: Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը վեր կը բարձրանայ մեր ազգային հիմնի հնչիւններուն ներքոյ, մերօրեայ Վահագնին կապոյտ աչքերը արցունքներով հեղեղուեցան, որ անգամ մը եւս աշխարհին ցոյց տուաւ, թէ արցախեան քառօրեայ պատերազմէն եւ վերջերս տեղի ունեցած քաղաքական երկունքէն ետք, Հայաստան դարձեալ կորիւններ կը ծնանի:
Մինչ նոյն օրերուն Եւրոպայի տարածքը ունեցող, Լատինական Ամերիկայի տիտան Պրազիլի մայրաքաղաքը՝ Պրազիլիայի մէջ՝ բացումը կը կատար-ւէր Հայաստանի դեսպանատան շէնքին, Ռուսաստան նոր ու ծանր զէնքեր կը մատակարարէր Հայաստանի, 200 միլիոն տոլար վարկի դիմաց («Սմերչ» եւ «Թօս»), Միհրան Յարութիւնեան դարձեալ կը զգետնէր իր ատրպէյճանցի մրցակիցը, շատ «կասկածելի» պայմաններու տակ «պարտուելով» իր սերպ մրցակիցէն՝ արժանանլով արծաթէ մետայլի:
Ահա թէ ինչպիսի՜ ողջոյնի խօսք փոխանցեց մեր մարզական հերոսներուն՝ կռփամարտի աշխարհի բազմիցս ախոյեան, մեծ հայրենասէր Արթուր Աբրահամեան. «Կը շնորհաւորեմ համայն հայութիւնը ու ըմբշամարտի արքայ Արթուր Ալեքսանեանը փառահեղ յաղթանակի առթիւ: Քսան տարի յետոյ Հայաստանը ունեցաւ Ողիմպիական ախոյեան:
«Այդ մեծ պատիւ է ոչ միայն մարզիկին, այլեւ՝ ամբողջ հայ ազգին համար:
«Կը շնորհաւորեմ նաեւ «Ռիօ-2016»ի մեր միւս յաղթանակած մարզիկները՝ Միհրան Յարութիւնեանը, Սիմոն Մարտիրոսեանն ու Գոռ Մինասեանը:
«Յարգանքներս ձեզ տղաք, կը հպարտանամ ձեզմով, դուք ուժեղ էք, մենք բոլորս միասին անպարտ ենք», նշեց Արթուր Աբրահամեան:
Մաղթենք, որ այս ողիմպիական յաղթանակները իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունենան Մայր Հայրենիքի կացութեան վրայ: Մանաւանդ, որ դիւցազն Արթուր Ալեքսանեան իր շապիկին վրայ կը կրէր՝ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոս նահատակ պատանի Ռոպերթ Ապաճեանի պատկերը եւ իր յաղթանակը նուիրեց անոր ու բոլոր Հայրենիքի պաշտպաններուն:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ
Հարթակ
- 11/22/2024