ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԱՆԱԽՈՐԺ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ…

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պետական թէ գիտական հաստատութիւններու պաշտօնակատարներ առօրեայ իրենց խրատներով կը ջանան համոզել երկրի քաղաքացիները, որպէսզի պատուաստուին վերոյիշեալ ժահրի դէմ։ Սակայն կան մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով տակաւին կը դժկամին ենթարկուիլ այդ աղաչանքներուն։

Ոմանք կ՚առարկեն, թէ այդ պատուաստը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թոյն՝ որ կը սրսկուի իրենց մարմիններուն մէջ։ Ուրիշներ կը խորհին, թէ եթէ զգոյշ ըլլան, չեն վարակուիր… Տակաւին կան ուրիշներ, որոնք կրօնական համոզումներու հետեւելով՝ չեն ուզեր պատուաստուիլ։

Ուրեմն Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցարդ պատուաստուողներու թիւը միայն բնակչութեան 48 տոկոսն է, իսկ Գալիֆորնիոյ մէջ՝ այդ տոկոսն է 51.73։ Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ քաղաքներէն Լոնկ Պիչը տարօրինակ առաջարկով մը կ՚ուզէ իր քաղաքացիները հրաւիրել, որպէսզի պատուաստուին անոնք։ Իսկ ի՞նչ է այդ առաջարկը, հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Վերոյիշեալ քաղաքի պատասխանատու պաշտօնակատարներ պատրաստ են իւրաքանչիւր պատուաստուող անձի տալ գլանիկ մը, որ կը պարունակէ մոլախոտ (տես նկարը), այսինքն՝ weed։ Իսկ պարզ բառերով այս կը նշանակէ marijuana, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ մեր գիտցած թմրեցուցիչ խոտը։ Այս արտասովոր հիւրասիրութեան միակ պայմանը այն է, որ անձը ըլլայ քսանմէկ տարեկանէն վեր։

Կրնա՞ք երեւակայել որ պետական մարմինները յուսահատութեան այն աստիճանի հասած են, որ ստիպուած են թմրեցուցիչ հայթայթել, որպէսզի մարդիկ պատուաստուին քորոնաժահրի համաճարակի արգիլման համար… Անոնք արդէն պատրաստած են 4 հազար գլանիկ, ի պահանջել յարկին տալու անոնց՝ որոնք կը դիմեն պատուաստուելու։

Է՜հ, ի՞նչ օրերու հասանք մեր երբեմնի երազային Ամերիկայի մէջ։ Հիմա պիտի ըսէք, որ թող անոնք չպատուաստուին եւ վերջ, սակայն անոնց չպատուաստուելով՝ մնացեալ ժողովուրդը վտանգի կ՚ենթարկեն եւ անոնց ազատութիւնը կը կաշկանդեն, չէ՞ք խորհիր!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021