ՇՈՒՔԻ ԳՈՐԾԸ
-Հարսի հագուստին տեղը ազատ ձգեցէք, շատ մի՛ խճողէք: Աջին՝ շուքի գործը, իսկ ձախին նշանտուքի հագուստը թող ըլլայ, որուն կողքին նախ տղու տունին նուիրած գիշերային հագուստները կը շարէք, ապա ձեր գնածները, այսպէս է կարգը,- Կը յորդորէր Գայիանէ մօրաքոյրը, որ երեք աղջիկ կարգած էր եւ հմուտ դարձած՝ օժիտ փռելու արարողութեանց:
***
Հաճելի իրարանցում մը կայ տան մէջ, օր մը առաջ արդէն պարպուած է տան ամենաընդարձակ սենեակը, յատակն ու պատերը լաւ մը մաքրուած, առաստաղին անկիւնները իրարու կապող բարակ խողովակներ լարուած, որոնց վրայ ալ մաքուր, սպիտակ սաւաններ կախուած են ու պատրաստ՝ օրուան արարողութեան:
Ու եռուզեռը կը սկսի: Արդուկի սեղանները կը լարուին, պայուսակներով օժիտը բերուած ու դրուած է գետին, որմէ մէկ-մէկ կը հանուին կտորները, որոնց փոքրերը կ՚արդուկեն երիտասարդուհիները, մինչ մեծ կտորները՝ սեղանի եւ մահճակալի ծածկոցները կը յանձնուին աւելի մեծերուն, փորձառու հարուածներու կը կարօտին անոնք: Արդուկուած կտորները կ՚որոշուին ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս դասուիլ. ձեւաւոր ու գունագեղ թուղթերու վրայ կը գնդասեղուին մանր ձեռագործները, յատկապէս անոնք, որոնք միլով, ասեղով կամ հլունով հիւսուած են, գնդասեղուած կտորներէն կը թափանցէ թուղթերուն գոյնը: Գնդասեղուած ձեռագործները իրարու կը միացուին ծաղիկի կամ այլ գեղեցիկ ձեւերով ու կը տեղաւորուին ներդաշնակ գոյնով ծածկոցներուն վրայ: Ուրախ երաժշտութեան հետ տարոսներ կը տեղան ամուրի երիտասարդուհիներուն վրայ:
Հագուստներն ու գիշերանոցները կը կախուին առանձին պատի մը վրայ, խոհանոցի առարկաներն ալ կը գրաւեն առանձին պատ մը: Ու կախուած սաւաններուն տակ կը շարուին սեղաններ, որոնց վրայ ալ ապրանքներ պիտի տեղաւորուին ըստ պատշաճի: Գիշերանոցներուն տակ՝ տնային հողաթափներ, զարդարուն կողովի մը մէջ՝ սպիտակեղէններ, ներքնազգեստներ, գոհարեղէններ, շպարներ, անուշահոտեր, ցամքոցներ, անձեռոցներ. եւ այս բոլորը կը գեղեցկացնէր նշանտուքի շաքարամանը, որուն մէջ գունաւոր շաքարապատ նուշեր կը լեցուէին եւ կը հրամցուէին օժիտտեսի եկող հարազատներուն, անշուշտ՝ խմիչքով:
Այցելուները շատ գոհ կը ձեւանային, բայց անպայման պակաս բան մը կը նկատէին ու թերութիւնները կը քննարկուէին այցելութենէն վերջ. մինչեւ տուն տանող ճամբուն վրայ կը ծեծուէր օժիտին նիւթը.
-Հաւնեցա՞ք,- կ՚ըսէր մէկը:
-Լաւ էր, բայց մարգայով բան մը չտեսայ ես, բոլորը տեղական էին,- կը պատասխանէ ուրիշ մը:
-Տեսա՞ք ինչպէս շարած էին ներքնազգեստները, ամօթ է ճանըմ,- կը բամբասէ ուրիշ մը:
-Բայց գէշ չէր, ահագին ձեռքի գործ ունէր մեծ մօրմէն ու մօրմէն մնացած:
-Կարեւորը այն է, որ ի՛նքը այդ գործերը աշխատիլ գիտնայ:
-Ի՛նչ գեղեցիկ նուէրներ տարինք, բայց փոխարէնը քիչ էր հիւրասիրութիւնը:
Կիներուն բամբասանքը ո՛չ սկիզբ ունի, ո՛չ ալ՝ վերջ:
Հարսանեկան տարազին անկիւնը, հագուստին տակ կը դրուէր պսակի բացիկը՝ գեղեցիկ երկտող մըն ալ կցուած կ՚ըլլար, որ փեսացուին հրաւէրն է հարսնացուին ուղղուած: Նոյն օրուան հագցուելիք ամէն ինչ՝ կօշիկ, ձեռնոց, թագ կամ մազի զարդ, ներքնազգեստ, պայուսակ գեղեցիկ համադրութեամբ մը կը շարուէին.
-Հա, չմոռնամ առաջինը իմ անունս գրեմ կօշիկիդ տակ, ոտքդ քսելով կը քալես, հա՛, որ շուտ ըլլայ տարոսը ինծի,- կ՚ըսէ հարսին նշանուած ընկերուհին իր անունը հարսին կօշիկին տակ գրելով եւ գրողներուն շարանը կը սկսի...:
Հարսանեկան անկիւնին մէջ նաեւ տեղ կը գրաւէին թաշկինակները, որոնց վրայ տպագրուած կ՚ըլլային պսակուելիք զոյգին անուններուն սկզբնատառերը, պսակի տեղն ու ժամը, երբեմն ալ եռագոյն գիծեր կը տպուէին այս սպիտակ թաշկինակներուն այն մասին վրայ, որ երբ թաշկինակը ծալլուէր, երեւելի ըլլար ամբողջ տպագրութիւնն ու եռագոյնը, քանի անոնք պիտի կապուէին օժիտ կրելու արարողութեան ընթացքին ինքնաշարժներու վարորդներուն ձախ թեւին: Այո՛, արարողութիւն էր այդ ալ եւ տեղի կ՚ունենար պսակի Կիրակիին նախորդող Ուրբաթ օրը, երբ հարազատներ ու բարեկամներ փեսային հետ ինքնաշարժներով կու գային ու աղջկան տունէն օժիտը կը կրէին դէպի նորապսակ զոյգին բնակարանը: Ինքնաշարժներն ալ կը զարդարուէին եռագոյն ժապաւէններով, արդէն այդ օրուընէ քէֆը սկսած էր, կ՚ուտէին, կը խմէին, կը պարէին ու կը ցատկէին, իսկ ինքնաշարժները ետեւ-ետեւի կը քալէին ու ճչակներուն սուլոցէն արդէն անցորդները կը տեղեկանային, որ անոնք օժիտ կը կրեն:
Խոհանոցի պաստառին տակ կը շարուին խոհանոցային իրեր՝ զարդեղէններ, բռնիչներ, գոգնոցներ, անձեռոցներ եւ այլք: Հագուստներուն տակ շարուած կ՚ըլլան տեսակաւոր կօշիկներ: Հոն անկիւն մըն ալ յատկացուած է նուէրներու՝ այս ալ աւանդական կարգ մըն էր, ըստ որու հարսը իր հետ կը տանէր զարդարուն կողովի մը մէջ շարուած նուէրներ փեսայի տան բոլոր անդամներուն համար:
***
Եւ Շուշիկին ձեռքին հպած կարծրութիւն մը կը սթափեցնէ զինք, շուքի գործով ծածկոցին վրայ օժիտ փռելու ժամանակ արդուկով այրած էր անկիւնի պզտիկ մէկ մասը, որ կարծրութիւն մը գոյացուցած էր այնտեղ: Շուշիկ նշանուած ժամանակ սորված էր այդ գործը ու իր մատներով հիւսած: Ան միայն այս ձեռագործը հետը բերած է Հալէպէն, որ կշիռքով թեթեւ է, բայց յուշերով՝ ծանր: Ահա Երեւանի մէջ երկու տարուան ընթացքին չորրորդ տունն է, որ կը փոխադրուի, յուշերը ծրար-ծրար հետը փոխադրելով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ