ԳՕՏԵՊՆԴԻՉ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ
Միտքերու փոխանակութեան ժամանակ յաճախ կը խօսինք օր օրի ընթերցողներու քանակի նուազումի մասին՝ միշտ մենք մեզ հարցադրելով, թէ արդեօք տակաւին կարդացողներ կա՞ն, կամ արդեօք մեր կամ մեր թերթին միւս գրողներուն եւ կամ ընդհանրապէս այսօրուան գրողներուն գրութիւնները կարդացողներ կա՞ն տակաւին, թէ կը գրենք այն յոյսով, որ մեզմէ ետք եկող սերունդներու ներկայացուցիչներէն մի քանի տասնեակ կամ հարիւր «խենթ»եր կարդան, ինչպէս այսօր մենք յաճախ կը թերթատենք մեր նախորդներուն գրութիւնները՝ ընթերցելով զանոնք:
Անցեալ օրերուն Մայր Աթոռի մէջ առիթն ունեցայ հանդիպելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի հետ: Ծանօթ քահանայ հայրերէն մէկը զանգահարեց՝ տեղեկացնելով, թէ Վիգէն Սրբազանը զիս կը հարցնէր: Թէեւ իր մասին կարդացած էի, սակայն անձնամբ չէի ճանչնար սրբազան հայրը: Ուղղուեցայ Վանատուն, ուր կը գտնուէր սրբազանը: Վանատուն մտնելէս ետք բարեւեցի սրբազան հօր, որ հետեւեալ կերպով արձագանգեց.
-Ա՜յ տղայ, քեզ երկրի վրայ կը փնտռէի՝ երկինքին մէջ գտայ:
Պարզուեցաւ, որ սրբազան հայրը թերթիս համարները ստանալով հետեւողականութեամբ կը կարդայ ԺԱՄԱԱԿ-ը, գրութիւններս ու Տաղլեան Հրայրին գրութիւնները իր ուշադրութեան կերդոնն ըլլալով միշտ: Գրութիւններուս պարագային ան մատնանշեց, թէ մեծ սիրով կը կարդայ նաեւ կատարած թարգմանութիւններս՝ մասնաւորաբար մեր դաւանակից Ղպտի եկեղեցւոյ նախկին հայրապետէն՝ Շնուտա Գ.-էն կատարած թարգմանութիւններս։ Տեղեկացայ, որ սրբազան հայրը անձնական մտերիմ ծանօթութիւն ունեցած էր լուսահոգի պատրիարքին հետ:
Շատ հետաքրքրական՝ նոր տեղեկութիւններով ու գիտելիքներով լեցուն զրոյցներ ունեցայ Վիգէն Սրբազանին հետ՝ մեր երկու հանդիպումներու ընթացքին: Այնքան հաճելի էր լսել իր՝ միջեկեղեցական ոլորտէն ներս ունեցած փորձառութեան, զանազան բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ ունեցած մտերմութեան մասին, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական էին սրբազան հօր՝ գիրքերու մասին կատարած շինիչ քննարկումներն ու կարծիքները:
Այս բոլորէն անդին՝ ամենէն ոգեւորիչն ու քաջալերիչը Վիգէն Սրբազանի գնահատական արձագագներն էին գրութիւններուս համար եւ քաջալերանքը նոյն թափով ու եռանդով շարունակելու գրիչ շարժելու ծանր, բայց քաղցր պարտաւորութիւնը:
Սրբազան հայր, ձեր դրուատիքն ու ոգեւորիչ արտայայտութիւնները աւելի քան պարտաւորեցնող են եւ առաւել պատասխանատուութիւն ունենալու ազդակ, լաւագոյնն ու օգտակարը հրամցնելու ընթերցողներուն՝ այն գիտակցութեամբ, որ միշտ կան ձեր նման ընթերցողներ, որոնք թէեւ մեզի անծանօթ, բայց մնայուն կերպով եւ անմռունչ կերպով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ու աշխատակազմին քաջառողջութեան, բարօրութեան եւ գոյատեւման համար աղօթքներ կը բարձրացնեն, երկնային քաջալերութիւն եւ տոկունութիւն պարգեւելով մեզի:
Միշտ լաւ եղէք սրբազան հայր եւ ձեր աղօթքներով գօտեպնդեցէք ու քաջալերեցէք մեզ:
Աստուած օգնական:
Որդիական ջերմ սիրով՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 19 հոկտեմբեր 2023
Հարթակ
- 11/30/2024