ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ սակայն այս անգամ երկար շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ. բարեկամ՝ հին ու նոր ընկեր-ծանօթ-աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման եւ աւելին կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի Արարատին, արեւուն, ժամանակին, կեանքին, երիտասարդներուն: Երջանիկ էի: Ամէն օր «չտես» զբօսաշրջիկի նման, առանց յոգնելու, երկար կը քալէի պատմական անուններ կրող փողոցներէն, պողոտաներէն, հրապարակներէն: Հսկայ ու մանր շէնքերու ու խանութներու ու թատերասրահներու առջեւ երկար «կը սլքտայի» եւ ամէն քայլափոխիս հոգիս ալ իր կարգին յաճախ կը պոռթկար, եւ երբեմն ալ կը հրճուէր: Բայց անկեղծօրէն, ըսելով առաջին անգամս չէր, որ հայրենիք կ՚այցելէի, սակայն ինծի այնպէս կը թուէր, թէ իրապէս նոր եկած էի այս երկիրը: Ըսի չէ, ուրախ էի, որովհետեւ պապերուս հողին վրայ էի: Դարձեալ Արշակ թագաւորը յիշեցնող հպարտութեամբ: Կարծես նոյնիսկ այդ նոյն Արշակն էի:

Բայց այս հրճուանքի պահերուն ետին կար նաեւ կեանքի միւս երեսը: Տեսանելի էր այս մէկը: Այսպէս, շատերու մօտ ատելութիւնը գողցած էր յարգանքն ու սէրը նոյնիսկ գիտակցութիւնը: Տակաւին կային մարդիկ, հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը ցանկային... բայց չէին կրնար ունենալ: Նոյն մարդիկ մայթերուն վրայէն կը քալէին, մտածկոտ, անանուն ցաւեր շալկած: Շատեր նոյնիսկ տառապանք հագած: Այցելութեանս առաջին օրերուն կային լուռ եւ նոյնքան ալ աղմկոտ բողոքներ, երեկոյեան ցոյցեր, ընդվզումի պոռչտուքներ: Բացայայտ էր, թէ բոլորն ալ անմեղ զոհերն էին հայրենիքի ներքին եւ արտաքին աննպաստ պայմաններուն: Շատերու երազները խորտակուած էին, ուրիշներու աչքերը դէպի օտարութիւն նետուած:

Այս էր հայրենիքը. երկիր մը, որուն թշնամիները իրենց վիզերը երկարած գիշեր թէ ցերեկ զինք կը դիտեն ու կը փորձեն իր սահմանները արիւնով ներկել:

Բայց ինչ որ ալ ըլլար, սա մեր բոլորին հայրենիքն էր, իր անցեալ ու ներկայ վկայող պայծառութեամբ եւ մանաւանդ՝ իր քաջարի մարտիկներով: Մեր երկիրն էր, որ թէեւ աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր աշխարհի քարտէսին վրայ ազատօրէն կը շնչէր, սակայն տակաւին մինակ էր եւ իր հողերն ալ հայ մարդոցմով՝ ծարաւ:

Աղուոր անկեղծութեամբ մը կը կրկնեմ, եկած էի Հայաստան երկար վայելելու իր լոյսն ու յոյսը, արեւն ու աշունը: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձեմ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, իւրաքանչիւր առաւօտ, լուսաբացին կ՚ուզեմ անպայման տեսնել բոլորի աչքերուն մէջ իրենց երազներու իրականացումը: Մէկ խօսքով նոր սերունդին արթուն աչքերը, որպէսզի վերջ ի վերջոյ ունենային նոր Հայաստան մը, խորունկ, հաստատ եւ հպարտ, մանաւանդ բարգաւաճ՝ ներքին ու արտաքին խաղաղութեամբ եւ հայու հողին հաւատարմութեամբ: Կը կրկնեմ, ամէն առիթով Երեւանի իւրաքանչիւր պատմական յուշարձանին մօտ, մտովի երկար ու համբերութեամբ կը զրուցէի եւ սիրտս «կը պարպէի»:

Ու հակառակ ակնյայտ բացասական երեւոյթներու, ընդհանրապէս հակամէտ եմ առաւելութիւններ տեսնելու: Ճիշդ էր, որ քաղաքական, ընկերային եւ մանաւանդ տնտեսական հարցերը ու մանաւանդ անստոյգ վաղը, մարդոց մեծապէս կը խռովէին: Կը զգայի անոնց տառապանքը ու կը տեսնէի յուսախաբութիւնները: Բայց նաեւ կ՚ուզէի տեսնել նոր արշալոյսի մը ճառագայթները: Հայաստանին նոր յոյսերը: Նոր հայու մտքի կրթուածութիւնը: Ապագայի հանդէպ սէրը: Շատ լաւ գիտէի, որ վտանգաւոր հանգրուանէ մեը կ՚անցնէր հայրենիքը: Կորսնցուցած էր իր միւս հարազատը՝ Արցախը:

Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը: Էականը սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու մաղթանքն մըն է, որուն համար ներքին ու արտաքին կայութիւն է պէտք: Խաղաղութիւն է պէտք: Բայց խաղաղութիւնը միայն զէնքով կարելի էր ձեռք բերել: Յստակ էր:

Ու այս բոլորէն ետք, նաեւ կը հաւատամ, որ հայրենաբնակ մեր նոր սերունդը հակառակ այս տեսակաւոր անորոշութեան պիտի փորձէ շարունակել իր դրօշարաշաւը լծուած ստեղծումի ոգիով: Ու այս մէկը մխիթարական է: Հայ միտքի դրական մտածելու իրաւունքն ու պատեհութիւնը՝ ինքնին յոյս ներշնչող է: Անոր համար, յարկաբաժնիս «Ամիրեան» փողոցի վրայ բացուող պատուհանէն, ամէն առաւօտ եւ մտովի լայն բարի մաղթանքներ «կը ցանէի»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեւան, Հոկտեմբեր 2023

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023