Ի՞ՆՉ ՍՊԱՍԵԼ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԹԵԼ ԱՒԻՒ ՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ

Նոյեմբերի 6-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան կը ժամանէր Թել Աւիւ:

Հայաստանի դիւանագիտութեան պետին այցելութիւնը, որ առաջինն էր Նալպանտեանի համար, կը կատարուէր տարածքաշրջանային առումներով բաւական բարդ եւ նոր վիճակներով յղի փուլի մը ընթացքին:

Պատմական արագ հայեացք մը նետելով՝ պէտք է յիշատակել, որ Հայաստան-Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Նալպանտեանի այցը կը համարուի հայ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ Թել Աւիւ տրուած այցելութիւններուն հինգերորդն ու ամենակարեւորը: Այսպէս, 1992 թուականի Ապրիլէն ի վեր (յարաբերութիւններու հաստատումէն ասդին) հերթաբար Թել Աւիւ այցելած են. Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներ՝ Վահան Փափազեան (1994, Դեկտեմբեր) եւ Վարդան Օսկանեան (1998, Հոկտեմբեր), իսկ նախագահական այցելութիւններու առումով ալ նախագահներ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան նոյնպէս այցելած են Իսրայէլ առաջինը՝ 1995 թուականի Փետրուարին, իսկ երկրորդը՝ 2000 թուականի Յունուարին:

Նալպանտեանի սոյն այցելութիւնը յաւելեալ կարեւորութիւն կը ստանար մանաւանդ նկատի առնելով Արցախի զարգացումները եւ այդ առումով ալ Թել Աւիւ-Պաքու բաւական յառաջացած յարաբերութիւնները եւ ռազմական համագործացութեան բարձր մակարդակը: 2016 թուականի Ապրիլին, երբ Արցախի մէջ տեղի կ՚ունենար քառօրեայ պատերազմը, այդ օրերուն էր նաեւ, որ հայկական կողմին համար ամենէն «վատ անակնկալ»ը կը համարուէր Ատրպէյճանի բանակին անօդաչու սարքերու օգտագործումը, որ մի քանի առումներով ալ կարեւոր առաւելութիւն համարուեցաւ Պաքուի համար: Ու այդ օրերուն էր նաեւ, որ հայկական տարբեր շրջանակներուն մօտ քննարկման «տաք» օրակարգ կը դառնար Թել Աւիւ-Պաքու յարաբերութիւնները՝ միշտ նկատի առնելով, որ ատրպէյճանեան բանակի օգտագործած լաւագոյն անօդաչու սարքերը կը կրէին Made in Israel մակնիշը: Այդ փուլէն ետք էր նաեւ, որ հակառակ այդ երկրին մէջ հնչած բողոքի ձայներուն՝ Իսրայէլի կառավարութեան Ատրպէյճանին արդիական զէնքեր վաճառելու վերաբերեալ, պաշտօնական Թել Աւիւ կը շարունակէր «փայլուն» յարաբերութիւններ մշակել Պաքուին հետ։ Այս ծիրէն ներս ալ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու 2016 թուականի Դեկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէր Պաքու:

ԹԵԼ ԱՒԻՒ-ՊԱՔՈՒ ՆՈՐ ՏԱԳՆԱ՞Պ

Նալպանտեանի այցելութիւնը, որ ինչպէս վերը նշեցինք, տեղի կ՚ունենար շրջանային բաւական «հազուադէպ» պայմաններու ներքեւ ու կը պսակուէր յաջողութեամբ: Հայկական կողմին համար արձանագրուած այս դրական տեղաշարժը բնականաբար կը համարուէր առաջին նախաքայլ՝ շրջանին մէջ ազդեցիկ տէրութիւն համարուող Իսրայէլի ուղղութեամբ:

Նախքան Նալպանտեանի Թել Աւիւ տուած այցելութիւնը՝ իսրայէլեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներ կը գրէին տեղական ռազմարդիւնաբեարական ազդեցիկ ընկերութեան դէմ ընթացող հետաքննական-որոնողական գործընթացի մը մասին: Եւ ըստ պաշտօնական մարմիններուն, տուեալ ընկերութիւնը խախտած է ու վտանգաւոր զէնքեր վաճառած կողմի մը, որ տուեալ զէնքերը կիրառած է Իսրայէլի ոչ թշնամի երկրի մը դէմ, եղածը համարելով դատապարտելի եւ անընդունելի «առեւտրական» քայլ մը: Ըստ The Times of Israel թերթին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը քրէական հետաքննութեան ձեռնարկած է անօդաչու սարքեր արտադրող իսրայէլեան այն ընկերութեան դէմ, որուն արտադրութեան միջոցով 2017 թուականին Ատրպէյճան փորձած էր ռմբակոծել հայկական դիրքերը:

Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի. «Aeronautics Defense Systems Ltd. ընկերութեան նկատմամբ հետաքննութիւն կ՚ընթանայ՝ գնորդի մը հետ կատարուած գործարքին շուրջ»:

Հետաքննութիւնը կը վարէ Իսրայէլի ոստիկանութեան Միջազգային յանցագործութիւններու յատուկ միաւորը՝ Yahbal: Հետաքննութեան լուրը բացայայտուած էր Նոյեմբերի 13-ին, իսրայէլեան դատարանին այդ մասին հաստատած տեղեկատուութեան արգելքի վերացումէն ետք:

Aeronautics Defense Systems ընկերութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ նշելով, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու հետաքննութեան եւ ընելու առաւելագոյնը, որպէսզի հետա-քըննութիւնը կարելի եղածին չափ արագ արդիւնք տայ:

Կը նշուէր, որ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական ներածման-արտածման վերահսկողութեան գործակալութիւնը Օգոստոսին առկախած էր «գնորդին» Orbiter 1K տեսակի անօդաչու սարք վաճառելու Aeronautics Defense Systems ընկերութեան արտօնագիրը:

Aeronautics մտադիր էր «գնորդին» հետ յառաջիկայ երկու տարուան մէջ կնքելու 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիր: Այդ ժամանակ ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուէր, որ անօդաչու սարք վաճառելու պաշտպանութեան նախարարութեան առկախումը կը վերաբերի միայն «գնորդին»: Կը նշուէր նաեւ, որ արտօնագրի առկախման որոշումը կայացուած էր Հայաստանի բողոքէն ետք:

Նշեալ բողոքին մասին առաջին լուրերը լոյս տեսած էին «Մաարիվ» օրաթերթին մէջ: Հոն գրուած էր նաեւ, թէ նշեալ ընկերութիւնը պատուիրակութիւն մը ուղարկած էր Պաքու, ցոյց տալու համար թէ ինչպէ՛ս իրենց անօդաչու սարքերը «անձնասպանական» առաքելութեամբ կրնան մինչեւ 2 քիլօկրամ կշռող ռումբեր տեղացնել հակառակորդի գլխուն: Այդ առիթով է, որ Ատրպէյճան պահանջած էր առաջարկուած փորձակումը կատարել հայկական կողմին դէմ: Ըստ «Մաարիվ» պարբերականին, Իսրայէլի օրէնքներով՝ իրական թիրախներու վրայ փորձարկումը արգիլուած է, անհրաժեշտ է յատուկ արտօնութիւն: «Այս պարագային քիչ հաւանական էր, որ Aeronautics Defense Systems-ը ստանար նման արտօնութիւն, քանի որ Իսրայէլ Հայաստանը չի համարեր թշնամի պետութիւն»:

Տակաւին յստակ չէ, որ Թել Աւիւի կառավարական մարմիններուն եւ այս պարագային ոստիկանութեան յառաջ քշած հետաքննական աշխատանքը ու ապա անկէ բխած վճիռները ի՛նչ տեսակ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Թել Աւիւ-Պաքու յարաբերութեան վրայ, սակայն յստակ է, որ Պաքու յառաջիկայ փուլին պիտի փորձէ ամէն գնով պատասխանել պատահարին: Պարզ ալ չէ, թէ ի՛նչ տեսակ պիտի ըլլայ այդ «պատասխան»ը, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Պաքուի համար այս խիստ կարեւոր յարաբերութիւնը ներկայ պահուն այլընտրանք մը չունի: Ատրպէյճան Արցախի հետ իր հակամարտութեան մէջ կարեւոր տեղ տուած է թռչող անօդաչու սարքերուն, որոնց ամենէն որակաւորները այսօր կ՚արտադրուին իսրայէլեան ընկերութեանց կողմէ:

ԱՅՑԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՉԷՐ

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Նալպանտեանի այցը կարելի չէ տեղադրել «սովորական» կամ դիւանագիտական այցելութիւններու ծիրին մէջ: Ու այս առումով պէտք է ներկայացնել քանի մը շեշտադրումներ.

ա. Նախ Հայաստան եւ Իսրայէլ այնքան սերտ մակարդակի գործընկերներ չեն, որ տուեալ երկրին դիւանագիտութեան պետը (այս պարագային Նալպանտեան) Թել Աւիւի մէջ խօսելու առիթն ունենայ եւ հանդէս գայ բաւական «յանդուգն» կեցուածքներով՝ անշուշտ կապուած զէնքի վաճառքի վերաբերեալ: Նալպանտեան այդ առումով կը յայտարարէր՝ «Սպառազինութեան առեւտուրը բանջարեղէնի առեւտուր չէ եւ նման առեւտուր միշտ ունի իր սեւ կողմը, որ կրնայ յանգեցնել բացասական որոշ հետեւանքներու։ Հայաստանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մէջ կարեւորը այն է, որ մենք որեւէ հարց քննարկելու համար արգելք չունինք, նոյնիսկ զգայուն հարցերը մենք անկաշկանդ կը քննարկենք եւ կը փորձենք լուծումներ գտնել»։

բ. Ներկայ փուլին Հայաստան այդքան ալ «իւղոտ» յաճախորդ մը չի կրնար համարուիլ Թել Աւիւի համար, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Իսրայէլ շատ լաւ գիտէ ու կը ճանչնայ Հայաստանի տնտեսական ունակութիւնները կամ կարելիութիւնները:

գ. Նախքան ռազմավարական քայլի մը երթալը, երկու երկիրները ունին իրարու հանդէպ վստահութեան պակասի, պատմական անցեալ մը եւ ճակատագիր մը կիսելու եւ այդ փորձառութեամբ իրար զօրացնելու կամ զօրակցելու հարցերը, որոնք որքան ալ ուզենք, չեն կրնար մէկ օրուան մէջ լուծուիլ:

Ամէն պարագայի տակաւին շատ վաղ է ընդհանուր եզրակացութիւններ կատարել Նալպանտեանի սոյն այցելութեան մասին, որովհետեւ նման այցեր բնականաբար կ՚ունենան «երեւելի» երեսակներ, ինչպէս նաեւ երեսակներ, որոնք կը պահուին փակ դռներու ետին: Ու չի բացառուիր, որ Հայաստանի դիւանագիտութեան գլխաւոր ղեկավարին այս այցը համարուի այդ «փակ դռներու յաջողութեան» համար իրականացուած այցելութիւն մը:

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017