«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Գողութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.15)
Ընկերականութեան մէջ ո՛չ միայն անիրաւ է գողը, որ ուրիշներուն զրկանք կը հասցնէ եւ շատ անգամ մեծ նեղութեան մէջ կը ձգէ, այլեւ՝ աստուածային Նախախնամութեան դէմ ապստամբ է, որու հոգացողութիւնը եւ խնամքը կ՚ուրանայ. հասարակութեան դէմ ապստամբ է, որ միայն փոխադարձ վստահութեան մէջ խաղաղութեամբ կը վայելէ աշխատանքներուն պտուղը: Գողութիւնը յստակ կերպով սիրոյ իրաւունքը կը քանդէ եւ միացած է բազմաթիւ մեղքերու հետ: Գողութեամբ մեծ դժուարութեան կ՚ենթարկուի նոյնիսկ գողը, հեռանալով պատուաւոր եւ բարի մարդոց ընկերութենէն, որոնք համարձակ կրնան ըսել. մենք ո՛չ ոքի վնասած ենք: Գողութիւնը անպատուութեան նշան կը դնէ գողին վրայ: Գողը այս կեանքին մէջ անգամ կը կրէ ամենէն խիստ պատիժներ՝ նաեւ այն ատեն, երբ ուրիշներուն դիմաց գող չէ համարուած. որովհետեւ, միշտ երկիւղի, շփոթութեան եւ անկարգութեան անդունդին մէջ կը տատանի. «Անիրաւութեամբ հարստութիւն դիզողը..., զանիկա իր օրերուն կիսուն պիտի թողու ու վերջը անմիտ պիտի ըլլայ» (Եր 17.11): Գողութիւնը մեծ դժուարութեան մէջ կը ձգէ գողը, երբ կը ստիպուի գողցածը ետ վերադարձնել, որովհետեւ կը տեսնէ իր արարքներուն մէջ անխոհեմութիւն եւ յիմարութիւն ու վնաս՝ իր ժամանակաւոր օգուտին, ինչպէս նաեւ յաւիտենականին. «Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն...: Ո՛չ ալ գողերը, ո՛չ ալ ագահները...» (Ա.Կր 6.9-10):
Աստուած գողութիւնը արգիլելով՝ կ՚արգիլէ ամէն բան, ինչ որ մարդը դէպի գողութիւն կը մղէ:
Գողութեան առաջին եւ գլխաւոր աղբիւրը անգործութիւնն է. ուստի, Աստուած կը պատուիրէ աշխատասիրութիւն, որով կրնանք ամէն տեսակի անիրաւութենէ հեռու մնալ. «Ով որ գողութեամբ կ՚ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (Եփ 4.28):
Գողութեան երկրորդ աղբիւրը անբարոյականութիւնն ու շռայլութիւնն են: Աղքատը, եթէ իր կարողութեան չափով չկանոնաւորէ իր պէտքերը եւ ծախսերը չչափաւորէ, շուտով գողութեան ճանապարհին մէջ կը մտնէ:
Գողութեան երրորդ աղբիւրը ագահութիւնը կամ չափազանց շահասիրութիւնն է, որով շուտով արդարութեան կանոնները կ՚ոչնչանան:
Գողութեան չորրորդ աղբիւրը թեթեւ կարծուած յանցանքներն են. օրինակի համար, պտուղ, ծառ, փայտ եւ այլ նմանատիպ բաներ գողնալը: Խաբեբայութիւնը եւս, որ երբեն մանուկներուն կ՚արտօնեն, սովորական դառնալով՝ դէպի մեծամեծ գողութիւններու կ՚առաջնորդէ: Այս իրողութիւնը շատ անգամ խոստովանած են նոյնիսկ դատապարտութեան մատնուած գողերը:
Գողութեան հինգերորդ աղբիւրը զԱստուած ուրանալն է, որ բոլոր չարիքներուն արմատն է, որով խիղճին մէջ կը ծնին դժգոհութիւն եւ ամէն տեսակի փորձութիւններ:
Աստուած գողութիւնը արգիլելով՝ երկու ընդհանուր պարտաւորութիւններ կը պատուիրէ, որոնցմէ մէկը արդարութեան դէմ մեղանչող մարդիկը պարտաւոր են կատարել, իսկ միւսը առ հասարակ բոլոր մարդիկը: Առաջին՝ պարտաւորութիւնը գողցուած բանը իր տիրոջ դարձնելն է կամ վնասն ու զրկանքը հատուցել. «Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար եւ դրացիին տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, գողը կրկինը պիտի հատուցէ» (Ելք 22.7). «Զաքէոս ոտքի ելաւ եւ Տիրոջ ըսաւ.
-Տէ՛ր, ահա ունեցածիս կէսը աղքատներուն պիտի տամ եւ եթէ ոեւէ մէկը անիրաւած եմ՝ քառապատիկ պիտի հատուցեմ անոր» (Ղկ 19.8): Գողցածը ետ վերադարձնելով, մարդ իր ճշմարիտ զղջումը կը յայտնէ, առանց որուն հնրաւոր չէ մեղքերու թողութիւն ստանալ: Իսկ ով որ անկարող է ետ վերադարձնելու, պէտք է Աստուծոյ ողորմութեան դիմէ, Քրիստոսի անունով թողութիւն խնդրելով եւ խոստանալով՝ հատուցել, երբ կարողութիւն կամ միջոց ունենայ: Ետ վերադարձնելու միակ պայմանը՝ ամբողջութեամբ ետ վերադարձնելն է, ինչպէս նաեւ աւելցնել այն շահը կամ վաստակը, որ գողցուած ստացուածքը կրնար ունենալ, եթէ իր տիրոջ մօտ մնար: Մարդ ինչքան հնարաւոր է, պէտք է շուտ կատարէ այս գործը, որովհետեւ ինչքան ուշանայ՝ այնքան կը ծանրանայ, եւ մանաւանդ, թերեւս մահը վրայ հասնի եւ դատապարտութեան տակ մնայ: Վճառելէ երբեք պէտք չէ՛ փախչիլ, այլ՝ կամաւորաբար հատուցել, կատարեալ զղջումով եւ ճշմարիտ ցանկութեամբ, որով մարդ կրնայ ի սպառ ջնջել իր անիրաւութեան հետքերը եւ Աստուծոյ հետ հաշտուիլ: Եթէ գողը չի՛ գիտեր, թէ որո՞ւ պիտի վերադարձնէ գողցուածը, այսինքն՝ չի՛ ճանչնար տէրը կամ անոր ժառանգները, այն ատեն, պարտաւոր է փոխադարձը՝ Աստուծոյ հատուցել, այսինքն՝ բարերութեան համար ի գործ դնել. «Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդը ոեւէ ազգական չունենայ, որուն այդ վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տիրոջ հատուցուելով, քահանային պէտք է ըլլայ...» (Թւ 5.8): Նմանապէս, վատ ճանապարհով ստացած բանը պէտք չէ՛ մեր մօտ պահել: Երկրորդ՝ ընդհանուր պարտաւորութիւն է պահել եւ պահպանել մեր ընկերոջ սեփականութիւնը, վնասներէ հեռացնելով, իր օգուտը իմացնելով եւ կամ անձամբ օգնելով:
ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16)
Այս պատուիրանը կ՚արգիլէ ընկերոջ կամ հասարակութեան վնաս հասցնել, կը զգուշացնէ դատաւորին առջեւ ճշմարտութեան դէմ չվկայել, յանցաւորը չպաշտպանել եւ անմեղը դատապարտել: Ս. Գիրքին մէջ սուտ վկայութեան մասին, մի քանի օրինակներ կան, ինչպէս՝ Ս. Ստեփանոսի նահատակութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանակի սուտ վկաները. «Մինչ այդ, աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն։ Բայց չգտան, հակառակ անոր որ շատ մը սուտ վկաներ ալ եկան» (Մտ 26.59-60): Ով որ սուտ վկայութեամբ յանցաւորը կ՚արդարացնէ, ան պատասխանատու է ամէն տեսակի չարիքներուն համար, որ հասարակութիւնը կը կրէ՝ յանցաւորին անպատիժ մնալուն պատճառով, որով ընկերութեան կարգը կը խախտուի, երբ անմեղը կը դատապարտուի եւ մեղաւորը ազատ կ՚արձակուի: Սուտ վկաները ոտնակոխ կ՚ընեն այն մեծ նպատակը, որուն մարդկային արդարութիւնը կը փափաքի հասնիլ: Այս յանցանքը միշտ ծանր է, որովհետեւ երդմնազանցութեան հետ առընչուած է: Ամէն ժամանակ եւ բոլոր ազգերուն մէջ սուտ վկաները միշտ անարժան համարուած են եւ պատիժով ալ դատապարտուած. «Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք» (Բ.Օր 19.18-19): Սուտ վկայութիւնը, սովորական խօսակցութեան մէջ, բամբասանք կ՚անուանուի, որ ընկերոջ վրայ վնասակար բաներ խօսիլ կը նշանակէ, կամ, առանց հիմնովին տեղեկանալու՝ կրկնել ուրիշներուն խօսածները եւ այսպէս ճշմարտութեան դէմ մեղանչելով՝ ստութիւնը աներկիւղ տարածել:
Թէեւ բամբասանքը իր մէջ երդմնազանցութիւն չի՛ պարունակեր, բայց աւելի չար եւ վնասակար է, քան թէ սուտ վկայութիւնը. ահաւասիկ պատճառները.
ա) Բամբասանքը անիրաւ եւ վնասակար է, որովհետեւ բամբասողը առանց դէմ յանդիման խօսելու՝ միշտ կը պահուըտի եւ ծածկաբար կը յարձակի իր ընկերոջ վրայ, որով բամբասուողը առիթ չ՚ունենար իր անձը եւ պատիւը պաշտպանելու եւ արդարանալու:
բ) Բամբասողը այս գաղտնի ճանապարհով իր ընկերը վարկաբեկելով, պատիւէ կը զրկէ, որ մարդուն համար ամէն բանէ թանկագին է եւ պատուականագոյն՝ քան պատուական ակերը: Բամբասանքէն ու վարկաբերկումէն մեծ վնասներ կրնան հասնիլ մարդուն, եւ այս պատճառով է, որ Դաւիթ մարգարէն չար լեզուն սուր ածելիի կը նմանցնէ. «...լեզուովդ կը վիրաւորես սուր ածելիի պէս եւ նենգութիւն կ՚ընես։ Բարիքէն աւելի՝ չարիքը կը սիրես, ճշմարտութիւնը խօսելէն աւելի՝ ստութիւնը» (Սղ 52.2-3). «Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել» (Յկ 3.5):
գ) Բամբասանքը այնպիսի անարդարութիւն է, որու փոխադարձ հատուցելը դժուար է եւ գրեթէ անկարելի, որովհետեւ, թէ՛ շատ շուտ կը տարածուի եւ թէ ալ մարդիկ բամբասանքին աւելի կը հաւատան քան թէ բամբասանքէն յետոյ արդարանալուն:
դ) Բամբասանքը ինչ աղբիւր ալ ըլլայ, թէ՛ նախանձէ, թէ՛ ատելութիւնէ, թէ՛ չարութենէ եւ թէ ալ թեթեւամտութենէ, միշտ ատելի եւ սատանայական գործ է, որովհետեւ Ս. Գիրքին մէջ չար հոգիին տրուած սատանայ անունը ստախօս, բամբասող կը նշանակէ. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.44):
ե) Բամբասողը միշտ հասարակութեան համար ախտ համարուած է եւ օրէնքներուն պատիժին արժանի, ուստի Ս. Գիրքը եւս բամբասողը այնպիսի մեղաւորներու կարգը կը դասէ, որոնք չենք կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 19
Վաղարշապատ