ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԾՈՎԱՃԱՅԵՐՆ ՈՒ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Անց­նող շա­բաթ­նե­րուն Լի­բա­նա­նի հան­րու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր օ­րա­կարգ կը դառ­նար Պէյ­րու­թի օ­դա­կա­յա­նին անվ­տան­գու­թեան հար­ցը:

Անվ­տան­գու­թիւ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ կը դառ­նար այս ան­գամ ոչ թէ որ­պէս իս­րա­յէ­լեան կոր­ծա­նիչ­նե­րու թի­րախ (ինչ­պէս ե­ղած էր 2006 թուա­կա­նին, երբ Իս­րա­յէլ սպառ­նա­ցած ու ա­պա հա­րուա­ծած էր օ­դա­նա­ւե­րու վայ­րէջ­քի գե­տի­նը), այլ շրջա­նին մէջ վեր­ջին մէկ տա­րի­նե­րուն բազ­մա­ցած ճա­յե­րուն պատ­ճա­ռով:

Յի­շեց­նեմ, որ ճա­յե­րը, ո­րոնք նաեւ կը կո­չուին ծո­վա­յին ճա­յեր կամ ծո­վա­ծի­ծառ­ներ, թի­ւով անս­պա­սե­լի աճ ար­ձա­նագ­րած էին օ­դա­կա­յա­նին մօ­տա­կայ­քի «Ալ Ղա­տի­ր» գե­տի­նը, մա­նա­ւանդ, «Քոս­թա Պրա­ւա» աղ­բա­նո­ցի գո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով:

Այս­տեղ «աղ­բա­նո­ց» բա­ռը ար­ժա­նի է բա­ցատ­րու­թեան, ո­րով­հե­տեւ երկ­րին մէջ 2006 թուա­կա­նի ամ­րա­ն ծա­գած աղ­բա­հա­նու­թեան տագ­նա­պէն ի վեր (ո­րուն մա­սին քա­նիցս գրած ենք այս սիւ­նա­կով) կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վճռած էր գոր­ծի մղել չորս աղ­բա­կա­յան­ներ, ուր պի­տի հա­ւա­քուէին մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի եւ ա­նոր շրջա­կա­յ­քի ա­րուար­ձան­նե­րու եւ ա­ւան­նե­րու աղ­բե­րը, ա­պա զտու­մի եւ այ­րու­մի գոր­ծը­ն­­թաց­նե­րուն անց­նե­լու հա­մար:

Ու­րեմն «Քոս­թա Պրա­ւա»ն կը հան­դի­սա­նար բա­ւա­կան խնդրա­յա­րոյց «աղ­բա­նո­ց» մը՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ այդ շրջա­նը բա­ւա­կա­նին մօտ էր Պէյ­րու­թի «Ռա­ֆիք Հա­րի­րի» մի­ջազ­գա­յին օ­դանաւա­կա­յա­նին:

Այս ա­ռու­մով բա­ւա­կան խնդա­յա­րոյց ի­րա­վի­ճակ մը կը պար­զուէր 15 Յու­նու­ա­րի ե­րե­կո­յեան, երբ լի­բա­նա­նեան կա­յան­նե­րու մեծ տո­կո­սը կը ցու­ցադ­րէր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ «վար­ձուած» խմբակ մը որ­սորդ­նե­րու, ո­րոնք այդ շրջա­նը կու գա­յին ճայ որ­սա­լու նպա­տա­կով:

Լու­րը ա­րա­գօ­րէն կը տա­րա­ծուէր ու բնա­պահ­պան­ման միու­թիւն­ներ տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­մէն ժա­մեր ետք կը շղթա­յա­զեր­ծէին պայ­քար մը, ո­րուն նպա­տակն ու ա­ռանց­քը վտան­գուած ճա­յե­րը ա­մէն գնով փրկելն էր:

Բնա­կա­նա­բար գլխա­ւոր մե­ղադ­րեա­լը կը հա­մա­րուէր երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն պաշ­տօ­նա­կան բո­լոր բան­բեր­նե­րը կը փոր­ձէին ան­տե­սել հար­ցը եւ ան­տե­ղեակ ձե­ւա­նալ դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Մինչ Լի­բա­նա­նի հիմ­նա­կան օ­դա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Մի­տըլ Իս­թ­»ը (MEA) իր տնօ­րէ­նին՝ Մու­համ­մէտ Հու­թի մի­ջո­ցաւ ա­րա­գօ­րէն կը հա­կազ­դէր կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ հնչած մե­ղադ­րանք­նե­րուն, ան­դին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի թռչնա­զ­գի­նե­րու պաշ­տպա­նու­թեան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Աս­հատ Սըր­հալ մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէր, որ ծո­վա­յին թռչուն­նե­րու դէմ այս կազ­մա­կեր­պուած «ջար­դ­»ը կը կա­տա­րուէր ոչ միայն ճա­յե­րու, այլ նաեւ շարք մը «վտան­գուած» թռչնա­տե­սակ­նե­րու դէմ:

Մու­համ­մէտ Հութ ա­ռանց բա­ռե­րուն ե­տին թաք­նուե­լու կը յայ­տա­րա­րէր, թէ լի­բա­նան­ցի­նե­րը յայտ­նուած են բա­ւա­կա­նին լուրջ ընտ­րու­թեան մը առ­ջեւ: «Կա՛մ թռչուն­ները պի­տի որ­սանք, կամ ալ MEA ըն­կե­րու­թեան օ­դա­­նա­ւե­րը», կ՚ը­սէր ան, նկա­տել տա­լով, որ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­րար­քը տե­ղին է, ո­րով­հե­տեւ այ­լընտ­րանք­ներ չկան:

Երկ­րի կեն­սո­լոր­տի նա­խա­րարն ալ Հու­թի հա­մա­հունչ ո­ճով կը խօ­սէր: Թա­րէք Ալ Խա­թիպ մատ­նան­շե­լով, որ ի­րա­վի­ճա­կը բա­ւա­կան բարդ է եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար հիմ­նախն­դիր է ա­պա­հո­վել Պէյ­րու­թի օ­դա­կա­յա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը՝ նկա­տել կու տար, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաստ է լսել բո­լոր կող­մե­րուն ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Թէեւ մէկ պայ­մա­նաւ, որ այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն մէջ հիմ­նախն­դի­րը ըլ­լար օ­դա­կա­յա­նի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը:

Ան­դին «Լի­բա­նա­նի բնա­պահ­պա­նու­թեան մար­մի­ն» միու­թեան նա­խա­գահ Փոլ Ա­պի Ռա­շէտ բա­ւա­կան կտրուկ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով հան­դէս կու գար եւ «կը հա­ւաս­տիաց­նէ­ր», որ կա­ռա­վա­րու­թեան կա­տա­րա­ծը «ոճ­րա­գոր­ծու­-թիւ­ն» մըն է:

Ան նաեւ կոչ կ՚ուղ­ղէր կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րուն ա­րա­գօ­րէն դադ­րեց­նել «ճա­յաս­պա­նու­թիւ­ն­»ը՝ նկա­տել տա­լով, որ Լի­բա­նան այն եր­կիր­նե­րէն է, որ 1998 թուա­կա­նին ստո­րագ­րած է բնա­պա­հ­­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ AEWA հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:

Նշեմ, որ այս հա­մա­ձա­յնագ­րին հիմ­նա­կան կէտն է պաշտ­պա­նել այն թռչնազգ­իներն ու ա­նա­սուն­նե­րը, ո­րոնք հան­դէս կու գան որ­պէս «հիւ­ր» եւ «յա­րա­տեւ գաղ­թ­»ի ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կ­­՚ըլ­լան: Ու այս հա­մա­ձայ­նագ­րի մէջ տեղ գտած թռչնազ­գի­նե­րու հիմ­նա­կան ցու­ցա­կին մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն ծո­վա­ճա­յե­րը:

Բնա­պահ­պա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն խօ­սե­լով պէտք է ա­ռանձ­նաց­նել ճա­յե­րուն կա­տա­րած «բա­րե­րա­ր» դե­րը: Այս թռչուն­նե­րը, ո­րոնք Լի­բա­նա­նի խօ­սակ­ցա­կան լե­զուով կը կո­չուին «ծո­վու առ­նէտ­նե­ր», աղ­բէն ու ա­նոր մնա­ցորդ­նե­րէն «կը մաք­րե­ն» ծո­վե­զե­րեայ շրջան­նե­րը: Ա­նոնք կը սի­րեն ջու­րը եւ կը բազ­մա­նան աղ­բե­րով «կու­տա­կուա­ծ» շրջան­նե­րու մէջ: Ա­նոնց բազ­մա­նա­լը նաեւ ցու­ցա­նիշ է տուեալ շրջա­նի մը մէջ ա­պա­կա­նու­թեան բարձր աս­տի­ճա­նի գո­յու­թեան:

Այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ է նաեւ, որ ցայ­սօր Լի­բա­նան ու­նի աղ­բա­հա­նու­թեան բա­ւա­կան բարդ օ­րա­կարգ մը: Ու մինչ գոր­ծող կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղած է մաս­նա­կի լու­ծում­նե­րով մայ­րա­քա­ղա­քը հե­ռու պա­հել աղ­բի նոր տագ­նա­պէ մը։ Սա­կայն յստակ է, որ ցարդ կի­րա­ռուած բո­լոր լու­ծում­նե­րը կարկտան ըլ­լա­լու զօ­րու­թիւն ու­նին:

Չմոռ­նանք, որ այս խնդրին մէջ կան մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ ու հար­ցին վերջ­նա­կան լու­ծում մը տա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կը նուա­զի եւ կ­­՚ու­շա­նայ, ո­րով­հե­տեւ ան կա­րիքն ու­նի բո­լոր քա­ղա­քա­կան կող­մե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեան:

Պէյ­րու­թի օ­դա­կա­յա­նի անվ­տան­գու­թեան հար­ցը օ­րա­կարգ կը դառ­նար յատ­կա­պէս անց­նող տա­րուան Ապ­րի­լի, երբ երկ­րի Օ­դա­չու­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ քար­տու­ղար Ֆա­տի Ալ Խա­լիլ բաց նա­մակ մը կը յղէր օ­րուան կա­ռա­վա­րու­թեան, կոչ ը­նե­լով նախ եւ ա­ռաջ փա­կել «Քոս­թա Պրա­ւա»ի աղ­բա­նո­ցը, որ­մէ ետք պէտք է մտա­ծել, թէ ի՛նչ մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի է լու­ծել «ճա­յե­րու տագ­նա­պ­»ը:

Ալ Խա­լիլ կ՚ը­սէր նաեւ, որ ծո­վափ­նեայ օ­դա­կա­յան­նե­րը միշտ ալ ու­նե­ցած են թռչնազ­գի­նե­րու տագ­նապ ու ա­ռա­ջի­նը չէ Պէյ­րու­թը, ո­րուն օ­դա­կայա­նին մօտ ճա­յե­րու կամ ալ ծո­վա­յին թռչուն­նե­րու աշ­խու­ժու­թիւն կը նկա­տուի:

Այս բո­լո­րէն ան­դին «Մի­տըլ Իս­թ» ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը, երբ ա­մէն ա­ռի­թի մատ­նա­ցոյց կ՚ը­նեն օ­դա­կա­յա­նի անվ­տան­գու­թեան հար­ցը, կը յի­շեց­նեն նաեւ, որ 1953-2016 թուա­կան­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին աշ­խար­հի տա­րած­քին (ու յատ­կա­պէս ծո­վա­յին շրջան­նե­րու մերձ ե­ղող օ­դա­կա­յան­նե­րու պա­րա­գա­յին) պա­տա­հած են օ­դա­նա­ւի եօթանասունվեց ար­կած­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով զո­հուած են հա­րիւ­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ: Այս­տեղ խօս­քը բնա­կա­նա­բար կը վե­րա­բե­րի այն ար­կած­նե­րուն, ո­րոնք պա­տա­հած են տուեալ օ­դա­կա­յա­նի մը տա­րած­քին գտնուած թռչուն­նե­րու օդ­ա­նա­ւի մը շար­ժի­չին մէջ «մտնե­լու» հե­տե­ւան­քով:

Բա­ցի թռչուն­նե­րը սպան­նե­լով հար­ցը փա­կե­լու ընտ­րան­քէն, կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­ներ փոր­ձած են շրջա­նին մէջ տե­ղադ­րել «թռչուն քշո­ղ» յա­տուկ սար­քեր։ Այդ սար­քե­րուն հա­նած ձայ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ փոր­ձած էին ճա­յե­րը ան­հանգս­տաց­նել ու «վտա­րել» շրջա­նէն, սա­կայն ի զուր:

Լի­բա­նան­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի բնա­պահ­պան­ներ այս մա­սին խօ­սե­լով ը­սած են, որ ճա­յե­րը «խե­լա­ցի» թռչուն­ներ են, հե­տե­ւա­բար անհ­նար է զա­նոնք խա­բել այդ սար­քե­րով:

Մինչ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր սե­ղա­նին դրած է խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ կա­յաց­նե­լու նոր օ­րէն­քի մշակ­ման հար­ցը, ան­դին օ­դա­կա­յա­նի անվտ­նու­թեան եւ մա­նա­ւանդ աղ­բա­հա­նու­թեան հար­ցե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ լի­բա­նան­ցի­նե­րու հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը:

Ճիշդ է, որ նման հար­ցե­րու լու­ծու­մը կը կա­րօ­տի եր­կար ժա­մա­նա­կի եւ բո­լոր կող­մե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեան, բայց եւ այն­պէս երկ­րին մէջ առ­կայ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը մթնո­լոր­տը առ­նուազն ե­րե­ւու­թա­պէս նոր յոյ­սեր կը ներշն­չէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017