ՄՈԼՈՐԵՑՈՒՑԻՉՆԵՐ
Այսօրուան մեր ընկերութիւնը լեցուն է զանազան եւ բազմաթիւ հոսանքներով ու ուղղուածութիւններով, որոնց ծագումը առաջին հայեացքով այդքան ալ յստակ չէ, բայց բաւարար է քիչ մը ուսումնասիրել եւ շուտով կը հասկնանք, թէ գրեթէ բոլորին ծնունդն ալ մէկն է՝ սատանան, որովհետեւ անոնց գործունէութիւնը մի միայն կը ծառայէ սատանայի շահերուն ու անոր կամքին: Նմանատիպ հոսանքներուն եւ ուղղուածութիւններուն հիմնական նպատակը հիմնայատակ քանդելն է նախեւառաջ ընտանիք հասկացողութիւնը, որուն կը յաջորդէ արժէքներու վերացումը, ազգ-ժողովուրդ հասկացողութիւններու վերացումը, բարոյականութեան խորտակումը, մէկ խօսքով՝ Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիի անունով հակաստուածութիւն կը տարածեն ու կը սերմանեն, մարդը վերածելով ստրուկի մը, որ ո՛չ անհատականութիւն ունի եւ ոչ ալ ինքնուրոյնութիւն:
Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ Տիտոսին ուղղած իր նամակին մէջ այսպէս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել» (Տիտ 1.10-11)։ Փորձենք պարզ կերպով հասկնալ Առաքեալին խօսքերը:
Առաջին հերթին, ան կ՚ըսէ, թէ «բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան». սատանային հետեւորդներն են միայն, որոնք կրնան անհնազանդ, դատարկախօս եւ միտք պղտորող ըլլան, որովհետեւ սատանան ինք առաջին անհնազանդն էր, որ հակառակեցաւ Աստուծոյ: Երկրորդ, առաջին դատարկախօսն ու միտք պղտորողն էր, որ սին խօսքերով խաբեց մեր նախամայրկ՝ Եւան, պատճառ հանդիսանալով զրկուելու աստուածային բարիքներէն ու օրհնութիւններէն: Բնականաբար, այս օրերուն ալ, բորոր անոնք որոնք անհնազանդ կը գտնուին Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ որն է Քրիստոսի խորհրդական մարմինը երկրի վրայ, եւ դատարկախօսութեամբ ու մարդոց միտքերը պղտորելով կը զբաղին, սատանայի կամքն է, որ կը կատարեն եւ ոչ աւելին: Դատարկախօսութիւն է նաեւ Սուրբ Երրորդութեան անունով քարոզելը, Սուրբ Երրորդութեան անունով «հրաշք»ներ գործելը, մինչ խորքին մէջ անձնական շահն է, որ կը հետապնդուի եւ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ Սուրբ Երրորդութեան քարոզն է նպատակը, այլեւ՝ թաքնուած շահը, թաքնուած եսը: Դատարկախօսութիւն, միտքի պղտորում է նաեւ հոգեւորականներու բերանէն հնչած այն քարոզները, որոնք իրենց մէջ հոգեւոր պատգամ չե՛ն պարունակեր. Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանը ո՛չ թէ քաղաքական պատգամներու կամ հռետորական ճառերու վայր է, այլեւ՝ փրկութեան աւետիսը, Աստուծոյ պատգամը փոխանեցելու վայր է Իր ժողովուրդին եւ հոգեւորականը այս պարագային՝ Աստուծոյ դեսպանն է, մարգարէն է, որ Աստուծոյ խօսքը պէտք է փոխանցէ ժողովուրդին եւ ո՛չ աւելին: Քաղաքական պատգամներու եւ հռետորական ճառերու վայրը Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանը չէ, ատոնց համար բազմաթիւ ամպիոններ ու հարթակներ կան: Դատարկախօսութիւն եւ միտքի պղտորում է նաեւ, բոլոր այն աղանդաւոր քարոզիչներուն որդեգրած ուղղութիւնը, որով իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս ճշմարիտ քարոզիչներ, եւ ժողովուրդը կը հեռացնեն իրենց Մայր Եկեղեցիէն, պատճառաբանելով, որ Մայր Եկեղեցին սխալ ընթացքի մէջ է, թէ Մայր Եկեղեցին հեռացած է ճշմարտութենէն եւ այլն, եւ այլն. այո՛, կրնայ ըլլալ, որ Մայր Եկեղեցին թերութիւն արձանագրէ, որովհետեւ անոր ներկայացուցիչները մահկանացու մարդիկ են, որոնք ենթակայ են սխալի, սակայն այդ Եկեղեցւոյ Գլուխը Քրիստոս Ի՛նքն է, որ Ճշմարիտ է եւ Ճշմարտութեան Թագաւորը:
Տակաւին, նոյն այդ «ճշմարտութեան» քարոզիչները, յաջողելով մարդիկ որսալ Մայր Եկեղեցիէն՝ զանոնք վերստին կը մկրտեն, ըսելով, թէ փոքր տարիքին մկրտուիլը եւ կամ ընդհանրապէս Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն կողմէ իրականացած մկրտութիւնը վաւերական չէ: Այդպիսիները, սակայն, կարծէք կամայական կերպով կ՚անտեսեն Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքերը. «Մէկ է Տէրը, մէկ՝ հաւատքը, եւ մէկ է մկրտութիւնը» (Եփ 4.5). բնականաբար այդ «քարոզիչ»ները իրենց կամայական մեկնութիւնն ալ կու տան հետեւեալ խօսքին, խաբելով հոգեւոր սնունդի կարօտ ունեցող մարդիկը: Իսկ մանկամկրտութեան մասին կը բաւարարուիմ Մարթին Լուտերի հետեւեալ խօսքերով. «Այն որ մանուկներու մկրտութիւնը հաճելի է Քրիստոսին, կ՚ապացուցուի Իր իսկ անձի գործողութեամբ, այսինքն՝ այն բանով որ Աստուած անոնցմէ շատեր սուրբեր կ՚ընէ եւ Սուրբ Հոգին տուաւ անոնց, որոնք այդպէս մկրտուեցան, եւ այժմ շատ են անոնք որոնք ունին Սուրբ Հոգին ինչպէս ուսմունքով, այնպէս ալ իրենց կենցաղավարութեամբ...: Եթէ Աստուած չընդունէր մանուկներու մկրտութիւնը, ուրեմն բոլոր ժամանակներուն, մինչեւ օրս երկրի վրայ ապրող մարդոցմէ ոչ մէկը կրնար քրիստոնեայ ըլլալ...: Ասոր համար կ՚ըսենք, մեզի համար կարեւորագոյնը այն չէ թէ մկրտուողը կը հաւատայ կամ չի հաւատար, քանզի ասոր համար մկրտութիւնը չի դառնար ոչ-ճշմարիտ, հապա ամէն ինչ կախում ունի Աստուծոյ խօսքէն ու պատուիրանէն: Մկրտութիւնը ջուրն է եւ Աստուծոյ Խօսքը, մէկը միւսին հետ...: Իմ հաւատքը չի ստեղծեր մկրտութիւն, այլ՝ կ՚ընդունի զայն»:
Սուրբ Կիպրիանոսը խօսելով նմանատիպ «քարոզիչ»ներու եւ անոնց հոսանքներուն եւ ուղղութիւններուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Թշնամին յօրինած է հերետիկոսութիւններն ու հերձուածները, որպէսզի հաւատքը կործանէ, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրէ, միութիւնը խաթարէ: Անոր սպասաւորները հաւատքի անուան տակ հաւատուրացութիւն կ՚աւետեն, հակաքրիստոսին՝ Քրիստոսի անուան տակ, եւ կեղծիքը ճշմարտանմանութեամբ, նուրբ խորամանկութեամբ քօղարկելով՝ ճշմարտութիւնը կ՚ոչնչացնեն»:
Երկրորդ՝ Առաքեալը կ՚ըսէ. «մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել». արդարեւ, հրեաները նշանաւոր են իրենց քարացած եւ կոյր նուիրուածութեամբ: Քրիստոսը եկաւ, սակայն անոնք չընդունեցին զԻնք եւ շարունակեցին կառչած մնալ Հին Ուխտի տառին, որով զրկուեցան Քրիստոսի փրկարար այցելութենէն: Նոյնը կ՚ընեն նաեւ այսօր այդ զանազան ու տարբեր հոսանքներուն հետեւող անհատներ, որոնք կուրօրէն կառչելով Աստուածաշունչի տառին, զայն վերածած են իրենց սեփական շահերու պաշտպանութեան զէնքին, եւ ըստ այնմ իրենք մոլորուածներ ըլլալով կը մոլորեցնեն նաեւ շատերը, զրկելով Քրիստոսի շնորհքէն ու օրհնութենէն: Բնականաբար, այսօրուան հրէադարձները իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն Քրիստոսի անունին ապաւինելով, բայց իրականին մէջ անոնք պարզապէս սատանային գործիքներն են եւ կը կատարեն անոր չար կամքը, եւ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, որ «բերանը պէտք է փակել» անոնց:
Երրորդ՝ Առաքեալը շարունակելով իր միտքը՝ կ՚ըսէ. «որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել». բաւարար է, որեւէ շրջանի մը մէջ միայն քսան տուն այցելել եւ արդէն հասկնալի կը դառնայ Առաքեալին այս խօսքը, որովհետեւ այդ դատարկախօս եւ միտք պղտորող մոլորուածները իրենց դատարկաբանութիւններով մարդոց տուները կը քանդեն, այդ տուները վերածելով մասնատուած բաժիններու: Ի՞նչ կը հասկնանք մասնատուած ըսելով. մասնատուած ըսելով կը հասկնանք բաժան-բաժան եղած ընտանիք մը, որով եթէ ընտանիք մը կը բաղկանայ եօթ անդամներէ, կը նկատենք, որ այդ եօթ անդամներէն երկուքը կը յաճախեն այսինչ հոսանքին, ուրիշ մը՝ այլ հոսանքի, միւս երկուքը՝ Մայր Եկեղեցի, իսկ մնացեալ երկուքը ընդհանրապէս ո՛չ եկեղեցի եւ ոչ ալ որեւէ հոսանք կը յաճախեն: Երբ փորձենք հասկնալ պատճառը, հոսանքներ յաճախողները կ՚արդարանան ըսելով, թէ մենք Քրիստոսը աւելի կը սիրենք քան մեր մարմնական ծնողներն ու հարազատները, թէ մենք կը հետեւինք Անոր խօսքին, թէ «ան որ իր հայրը կամ մայրը, քոյրը կամ եղբայրը Ինձմէ աւելի կը սիրէ, Ինծի արժանի չէ», իսկ մենք կը նախընտրենք Քրիստոսին արժանի ըլլալ: Բնականաբար առողջ հաւատք եւ տրամաբանութիւն ունեցողը պիտի հասկնայ, որ ասիկա հիւանդ եւ սխալ մտածելակերպի արդիւնք է, որովհետեւ այդպիսիները իրենց «քարոզիչ»ներուն շնորհիւ սխալ կերպով ըմբռնած ու հասկցած են Քրիստոսի այդ խօսքերը: Եթէ իրենց մտածածին ու հասկցածին պէս ըլլար, հապա ինչո՞ւ Աստուած կը պատուիրէ մեզի յարգել մեր հայրն ու մայրը, սիրել մեր նմանը մեր անձին պէս: Արդեօք հակասութիւն կա՞յ... Քա՛ւ լիցի: Իսկ ինչո՞ւ այդպէս կ՚ընեն, Առաքեալը կը շարունակէ՝ «շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել»։ Արդարեւ, վերը նշեցի, թէ այդ մոլորուածները Աստուածաշունչը որպէս զէնք կ՚օգտագործեն, եւ որպէս այդպիսին օգտագործելով զայն, իրենց շահերուն համաձայնեցնելով Աստուածաշունչին մէջ արձնագրուած ճշմարտութիւնները՝ կը խաբեն իրենց հետեւորդները իրենց մոլորեցնող ուսուցումներով: Այստեղ չեմ ուզեր անդրադառնալ այդ մոլար ուսուցումներուն, որոնք առաջին հերթին այդ պիղծ հոսանքներու հովիւներու բերաններէն իսկ կ՚արտաբերուին, որովհետեւ շարքը երկար է անոնց:
Աղօթքով եւ Աստուածաշունչի ամէնօրեայ ընթերցանութեամբ ու հնազանդելով Սուրբ Եկեղեցւոյ է միայն, որ կրնանք զերծ մնալ ատանայի գործիք դարձած այդ մոլորեցուցիչներուն մոլորեցնող ճանապարհներէն, որոնք միտուած են մարդիկը դատապարտութեան եւ յաւիտենական տանջանքներու առաջնորդելու, Եկեղեցիէն բաժնելու:
Պէտք է մէկ բան նկատի ունենալ, որ Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին երկու հազարամեակէ աւելի նոյն հաւատքն է, որ ունի ու անով կ՚ապրի, մինչ այսօրուան այսպէս կոչուած հոսանքներն ու ուղղութիւնները, որոնք իրենք զիրենք եկեղեցի կ՚անուանեն, հազարումէկ իրար հակասող բաներ կը քարոզեն, նոյնիսկ նոյն հոսանքին պատկանող քարոզիչները: Իլարիոն Եպիսկոպոս այսպէս կը գրէ այդ ուղղութեամբ. «Եկեղեցիին մէջ հաւատքը հազարամեակներով նոյնը մնացած է՝ մշտապէս ինքնիրեն հաւասար: Սակայն, այն գրեթէ ամէն օր կը փոխուի Եկեղեցին ուրացողներուն մօտ: Մշտապէս նոր հերետիկոսներ ու աղանդաւորներ կը յայտանուին եւ ամէն անգամ անոնց ուսուցիչը տարբեր կերպով կը քարոզէ: Յստակ է, որ առանց Եկեղեցւոյ նախ եւ առաջ կը կորսուի Քրիստոսի վարդապետութիւնը եւ կը փոխարինուի մարդկային ժամանակաւոր իմաստութիւններով»:
Ի վերջոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին խիզախութիւնը ունենալով միշտ կրկնենք հետեւեալ խօսքերը. «Կ՚ուզեմ վռնտել ո՛չ թէ հերետիկոսները, այլ՝ հերետիկոսութիւնը», որով կարելի կը դառնայ նուազագոյնի իջեցնել այդ հակաքրիստոսեան հոսանքներու ու ուղղութիւններու թիւը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
18 փետրուար 2019, Վաղարշապատ