ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ -Դ-

Մեր յօդուածը կը շարունակենք արեւմտահայերէնի դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման հեռանկարներու շուրջ։

դ.- Դժուարութիւններու յաղթահարման եղանակներ

Բնականաբար վերոնշեալ դժուարութիւններուն յաղթահարումը ծրագրուած ու համապարփակ մօտեցումեր կ՚ենթադրեն ու նոյն մտահոգութեամբ տեղի ունեցած խորհրդաժողովները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ՝ իրենց որոշումներով պարտաւորութիւնը ունին տեսական դաշտէն անմիջապէս ուղղուելու դէպի իրական աշխարհ (տեսական-գրականի ու իրական-առօրէականի բացը նամանաւանդ սփիւռքեան գաղութներուն մէջ մեծ է):

Արեւմտահայերէնի նահանջի կանխումը ու տեղ մըն ալ անոր ծաղկումի ապահովումը կը կատարուի առաջին կարգով ընդհանուր հայ ժողովուրդի ու յատկապէս այս պարագային դասական սփիւռքի թուաքանակի բարձրացմամբ ու արեւմտահայ մշակոյթի, գրականութեան, արուեստի ու զանազան բնագաւառներու յառաջընթացով, ինչ որ կը պայմանաւորուի համահայկական ամենաբարձր գործագցութիւններով: Կը բաւարարուինք նշել կարգ մը հիմնական կէտեր՝ հասնելու համար յիշեալ յառաջընթացին.

ա.- Արեւմտահայերէնի մատչելիութեան ու որակի փոխյարաբերութիւններու վերանայում աւելի պատշաճեցում ու քաշողականութիւն ապահովելու համար նոր սերունդին քով:

բ.- Գրականութեան դերի բարձրացում՝ զանազան ոլորտներու մէջ արեւմտահայ չնաշխարհիկ գրականութիւնը վերածելով ո՛չ միայն խորհրդանիշի, այլեւ վերանորոգուող ու վերանորոգող դաշտի:

գ.- Դասաւանդման ու ուսումնական ոլորտի արդիականացումը արեւմտահայերէնով, ամէն գնով զայն վերածելու նորովի, արդի լեզուի

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023