ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կայ արդարութեան ճամբուն մէջ:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ» (Առ 12.28):

Հ. Ի՞նչ կ՚ընէ իմաստուն տղան:

Պ. «Իմաստուն տղան իր հօրը խրատը մտիկ կ՚ընէ» (Առ 13.1):

Խրատ լսելը համազօր է աշխարհի մեծահարուստներէն մէկը ըլլալուն, որովհետեւ իսկական հարուստները անոնք են, որոնք խրատ լսելու ականջ ունին, իսկ անոնք որոնք խրատ չեն լսեր, ենթակայ են ամէն տեսակի դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու:

Խրատ լսելը իրեն ընկերակից ունի նաեւ յանդիմանութիւն լսելը, քանի որ առանց յանդիմանութեան չկա՛յ իրաւ խրատ, առանց յանդիմանութեան կարելի չէ ճիշդ ճամբուն մէջ մնալ. մարդը, որովհետեւ, ապրելով այս աշխարհին վրայ, միշտ ենթակայ է փորձուելու եւ շեղելու ուղիղ ճանապարհէն, ապա երբեմն-երբեմն մեզի ուղղուած յանդիմանութիւնները պէտք է ընկալենք որպէս մեզի ուղղուած բարիք, խրատ, մեզ ուղիղ ճամբուն մէջ ձգելու համար:

Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ սիրող մարդն է, որ կը յանդիմանէ ու կը խրատէ, իսկ չսիրողը, նախանձողը երբեք չի՛ յանդիմաներ եւ ո՛չ ալ կը խրատէ, ընդհակառակը կը քաջալերէ, որպէսզի մեր սխալ ընթացքին մէջ մնանք: Այդ պատճառով, երբ մեր կողքինները կը խրատեն մեզ եւ երբեմն ալ երբ կը յանդիմանեն, պէտք է մեր ականջնենրը լայն բանանք, լսենք, մտածենք ըսուածին մասին, փորձենք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար յանդիմանութիւն ստացանք, եւ փորձենք ուղղել մեր սխալ ընթացքը, որպէսզի յաջողութեան ու բարօրութեան հասնինք:

Հ. Ի՞նչ կ՚ընէ չարութիւնը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ» (Առ 13.6): Պարզ ու յստակ է Առակագիրին ըսածը: Չարութիւնը, այլ խօսքով մեղքը, մեղաւորները կորուստի կը մատնէ, այլ խօսքով՝ կը կործանէ մարդը: Մարդ ինչքան չարութենէն, մեղքէն հեռու մնայ, այդքան ինքն իրեն լաւութիւն ըրած կ՚ըլլայ, ու ինքզինք կորուստէ ազատած ու փրկած կ՚ըլլայ:

Յիշենք Պօղոս առաքեալին խօսքերը ուղղուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայի. «Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.21): Հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը նուիրական կոչում մը ունի գործադրելիք, չպարտուիլ չարէն, այլ՝ բարիով յաղթել չարին: Ինչպէ՞ս կրնանք իրագործել այս մէկը. շա՜տ դիւրութեամբ. երբ կառչած մնանք մեր մարդ տեսակին ու գիտակցինք մեր աստուածային պատկերին ու նմանութեան: Իսկ Յովհաննէս առաքեալը իր ընդհանրական երրորդ նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Սիրելի՛ս, չարը թող օրինակ չըլլա՛յ քեզի, այլ՝ բարիէն օրինակ առ. որովհետեւ բարին գործողը Աստուծմէ ծնած է, մինչդեռ չար գործողը երբեք զԱստուած տեսած չէ» (Գ. Յհ 11):

Հ. Աստուածաշունչը երեւութասէր մարդոց մասին որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:

Պ. Հետաքրքրական արտայայտութիւն մը ունի Սողոմոն Իմաստունը, ուր կ՚ըսէ. «Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին, մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին» (Առ 13.7):

Պահ մը եթէ մեր ընկերութեան նայինք, ապա այնտեղ պիտի հանդիպինք բազմաթիւ երեւութասէրներու, որոնք ըստ Առակագիրին իրենք զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, մինչ իրականութեան մէջ աղքատ են, հոգեպէս աղքատ են, իսկ աղքատներ ալ կան, որոնք իրենք զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, մինչ իրականութեան մէջ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ հոգեպէս աղքատ են եւ ոչինչ ունին:

Հարուստներ կան, որոնք հակառակ իրենց ունեցած նիւթական եւ հոգեւոր հարստութեան, իրենք զիրենք աղքատ կը զգան՝ միշտ Աստուծոյ ողորմութեան եւ շնորհքին կարիքաւոր, որով իրենց ունենցածը մնայուն կերպով կ՚աճի ու կը բազմանայ, եւ անոնք իրենց ամբողջ ունեցուածքը կ՚օգտագործեն Աստուծոյ փառքին համար:

Պօղոս առաքեալ հետեւեալ պատուէրը կու տայ հարուստներուն. «Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք։ Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։ Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանք ձեռք ձգելու համար» (Ա. Տմ 6.17-19):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 30

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023