ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՍԵՊԱԳԻՐ ՊԱՏԿԵՐԸ

Ձայն. Բարեւ… Էլիթ սրճարան: Այստեղ Նիւ Եորքն է: Ես արաբ Էյուպը կ՚ուզեմ:

Էյուպ. Կը լսեմ:

Ձայնը. Ես դոկտոր Խավիեր Պերես տէ Կույլարն1 եմ, չճանչցա՞ր զիս:

Էյուպ. Ցաւօք, ո՛չ:

Ձայնը. Չեղա՜ւ. ես ՄԱԿ-ի նոր գլխաւոր քարտուղարն եմ: Այս ի՞նչ է. նստաշրջանիս ժամանակը պիտի աւարտի, իսկ դուն դեռ չես ճանչնար զիս եւ անունս իսկ չես սորված:

Էյուպ. Սովորական է, պարոն: Արդարեւ, դեսպաններուն կէսը որոնք իմ անունովս կը խօսին եւ իրենց ձեռքին մէջ է պատառ մը հացս ու ճակատագիրս, չեմ գիտեր անոնց անունները: Իսկ անոնց ոմանց մասին ալ չեմ լսեր բացի այն ատեն, երբ կառավարութիւնը կը կազմուի: Ամէն պարագայի, կը լսեմ, հրամմեցէ՛ք:

Ձայնը. Գիտես, որ Մարդու իրաւունքներու յայտարարութեան յիշատակի տօնին պատրաստութիւնները սկսած են:

Էյուպ. Ո՞ր մարդուն. մարդամեքենայի՞ն:

Ձայնը. Ո՛չ, ո՛չ: Սովորական մարդը, որ միսէ, արիւնէ ու զգացումներէ է: Այն մարդուն, որ կը տնկէ՝ որպէսզի ուտենք: Կը մանէ՝ որպէսզի հագուինք: Կը մեռնի՝ որպէսզի ապրինք:

Էյուպ. Ես ի՞նչ կապ ունիմ այս հարցին հետ:

Ձայնը. Այս տարի ՄԱԿ-ը կը մտածէ իր տարեկան տօնակատարութեան հանդիսութիւնը կատարել Երրորդ Աշխարհի երկիրներէն մէկուն մէջ:

Էյուպ. Երրորդ Աշխարհի երկիրներէն զատ ուրիշ տեղ չէ՞ք գտած մարդու իրաւուքներու տօնը տօնելու համար:

Ձայնը. Ո՛չ. որովհետեւ տեղեկագիրներու համաձայն, այդ երկիրներուն մէջ այս իրաւունքներու [գործադրութիւնը] կասկածելի է: Այդ պատճառով կոչ ուղղած եմ մեծ գրողներու, արուեստագէտներու եւ գիտարուեստի փորձագէտներու, որպէսզի նպաստեն այս տօնակատարութեան, ունենալու վաւերագրական տեսաերիզ մը եւ կենդանի վկայութիւն մը, որով կարենամ լոյս սփռել այս մարդու [Երրորդ Աշխարհի երկիրներուն մէջ ապրող] իրականութեան եւ անոր փափաքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ այն գործօններուն, որոնք իր զարգացումին ընթացքը նուազ կ՚ընեն քան իր ունեցած ներուժն ու հնարաւորութիւնները: Կ՚ուզեմ, որ դուն անձամբ հսկողութիւնը կատարես, դիմաւորես հրաւիրեալները՝ բարի գալուստ մաղթելով անոնց, դասաւորես անոնց նստելու տեղերը, վերանայիս անոնց խօսքերը: Մեծ վստահութիւն ունիմ փորձառութեանդ եւ իմաստութեան վրայ՝ այս տօնակատարութիւնը յաջողցնելու համար:

Էյուպ. Սակայն շատո՜նց է, որ ես գրականութենէն ու քաղաքականութենէն հեռացած եմ:

Ձայնը. Ասիկա գրական կամ քաղաքական խնդիր մը չէ, այլ՝ մարդկային խնդիր մըն է: Մարդկայնութենէ՞դ ալ հրաժարեցար:

Էյուպ. Ո՛չ. սակայն, զարմացուցիր զիս այնպիսի վտանգաւոր պարտականութեամբ մը, որուն ո՛չ հոգեպէս եւ ո՛չ ալ բարոյապէս պատրաստ եմ: Տակաւին, յարմար հագուստներ ալ չունիմ, որոնցմով կարենամ ներկայանալ այս տօնակատարութեան:

Ձայնը. ՄԱԿ-ի հագուստները պիտի հագուիս:

Էյուպ. Լա՛ւ. ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ այդ տօնակատարութիւնը:

Ձայնը. Այդ բոլոր մանրամասնութիւնները նամակով պիտի հասնին քեզի՝ ժամանակին:

Էյուպ. Իսկ հատուցումնե՞րը:

Ձայնը. Գրաւիչ պիտի ըլլայ եւ հիւրընկալող երկրի արժոյթով:

Էյուպ. Ո՛չ. ես ձախակողմեան եմ, եւ բացի տոլարէն ուրիշ բան չե՛մ առներ:

Ձայնը. Աս ինչպէ՞ս մէկ օրէն միւսը ձախակողմեան եղար:

Էյուպ. Ինչպէս պրն. Մուհամմատ Հասանէյն Հէյքալը2 եղաւ: Ան ուրիշներէն աւելի՞ լաւ է:

Ձայնը. Անմիջապէս պատրաստուէ՛ ճամբորդութեան:

***

Էյուպ. Տօնակատարութեան վայր երբ հասայ, այնտեղի պաշտօնեաներուն գլխաւորը՝ որուն յանձնարարուած էր ընկերանալ ինծի եւ ծանօթացնելու տարուած աշխատանքներուն, մօտեցաւ ինծի, ու սկսաւ բացատրել ու խօսիլ այն յոյսերուն մասին՝ որ կապուած են այս տօնակատարութեան, ներկայութեամբ բազմաթիւ պատուիրակութիւններու, լրագրողներու, լուսանկարիչներու, թղթակիցներու, որոնք՝ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր կողմերէն եկած հասած էին այստեղ: Մէկը իր ծխամորճը կը լեցնէր, ուրիշ մը՝ ծխախոտը կը վառէր, մէկ ուրիշը իր խօսքը վերաքաղ կ՚ընէր, կ՚ամփոփէր զայն, կամ կ՚աւելցնէր: Ուրիշներ՝ այս ու այն կողմ, կամ կը ծիծաղէին եւ կամ մեկնաբանութիւններ կը կատարէին: Երբ հանդիսութեան սրահ հասանք, գոռացի ինծի ընկերացողին վրայ, ըսելով.

-Այս ի՞նչ իրարանցում է: Ո՞վ արտօնեց անոնց որ այսպէս պատահական դասաւորութեամբ նստին:

Ընկերացողը. Իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն իրեն համար տեղ մը ընտրեց եւ այնտեղ նստաւ, իսկ ես բան փոխելու իրաւունք չունիմ:

Էյուպ. Իսկ ես այդպիսի իրաւունք ունիմ: Ո՞վ են ատոնք, որոնք առաջին շարքին նստած են ու ոտք ոտքի դրած այդքա՜ն մեծափառութեամբ:

Ընկերացողը. Արաբական աշխարհի պատուիրակութիւններէն են:

Էյուպ. Այս առիթին ի՞նչ եկած են ընելու: Ո՞վ հրաւիրած է զանոնք: Միայն համագումար մը, կամ հանդիսութիւն մը ըլլայ նուիրուած մարդու իրաւունքներուն, կամ նաւարկութեան իրաւունքներուն, կամ նոյնիսկ փոկերու իրաւունքներու, եւ ասոնք պատրաստ են իրենց խօսքերով, թելադրութիւններով, աջակցութեան եւ դատապարտութեան հեռագիրներով: Աստուա՜ծ իմ… Ասոնք իրենց հագուստներով օդակայաններուն մէ՞ջ կը քնանան: Անմիջապէս զանոնք այս սրահէն դո՛ւրս հանէ: Աւելին, եթէ այս շէնքին մէջ նոյնիսկ «արաբական արտաքնոց» մը գտնեմ, անմիջապէս հրաժարականս պիտի ներկայացնեմ ու քաշուիմ:

Ընկերացողը. Չենք կրնար զանոնք նոյնիսկ որպէս դիտորդ պահել:

Էյուպ. Դիտորդ ի՞նչ բանի: Մարդու իրաւունքներո՞ւ: Տգէ՞տ ես դուն: Հաւը կրնա՞ս աղուէսին վստահիլ: Օ՜ն… թող հեռանան այստեղէն, իսկ միւս պատուիրակութիւնները մէկ կողմ թող անցնին, մինչեւ վերադասաւորեմ անոնց նստելու տեղերը, ձեռքիս մէջ եղած եւ իմ կազմած նստացուցակին համաձայն: Սկզբունքներ եւ առաջնային բաներ կան, որ այսպիսի առիթներու պէտք է նկատի ունենալ:

Ընկերացողը. Պրն., ահաւասիկ ցուցակ մը այն ուսումնասիրութիւններուն եւ նիւթերուն, որոնք հանդիսութեան ընթացքին պիտի արտասանուին: Կարդա՞մ զանոնք քեզի:

Էյուպ. Անշո՛ւշտ. աճապարանօք:

Ընկերացողը. Բացման խօսքը պիտի կատարէ Արժանթինէն ժամանած դոկտոր Խորիա Մորիան, որ պիտի ներկայացնէ մարդու իրաւունքներուն պատմական արմատները Ժան Ժագ Ռուսոյի3 մօտ: Ապա, Կեդրոնական Ափրիկէէն ժամանած դոկտոր Կոհօ Մոհոն պիտի խօսի Հեկելի4 համաձայն մարդու տեւականութեան մասին:

Էյուպ. Գերազանց. սակայն աւելի արագ:

Ընկերացողը. Ապա կան արուեստագիտութիւնն ու մարդու ապագան.-

- Առասպելն ու մարդուն երեւակայութիւնը:

- Առասպելաբանութիւնն ու մարդուն ծէսերը:

- Վոլթերն5 ու մարդու հոգին:

- Փիքասոն6 եւ մարդուն խիղճը:

- Պրիժենսկին7 եւ մարդուն մարմինը:

- Շոփէնն8 ու մարդկային թափանցիկութիւնը:

Ապա՝ Պեթհովէնն9 ու մարդուն մեծութիւնը: Ինչպէս նաեւ Երրորդ Սիմֆոնիայէն չորրորդ հատուածը եւ մարդուն ճակատագիրը:

Ապա Ասիան կը կանգնի:

Հարաւային Ամերիկան կը ցնցուի:

Ափրիկէն կը շարժի:

Էյուպ. Գերազանց, գերազանց: Իսկ հիմա, հետեւեալ կերպով պէտք նստեցնել [հիւրերը].

Առաջին շարքին վրայ պիտի նստին՝ երկաթագործները, ատաղձագործները, կապարագործները, յանձնառուները, մաքսանենգները, զուարճանքի սրահներու եւ գիշերային ակումբներու տէրերը:

Ընկերացողը. Պրն., այս ի՞նչ է:

Էյուպ. Ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ առարկութիւն կ՚ընդունիմ այս վերջնական կարգաւորութեան ուղղութեամբ, որ յառաջացած է Երրորդ Աշխարհին մէջ առարկայական լուրջ ուսումնասիրութենէ մը ետք: Տակաւին, եթէ վստահելի չըլլայի ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին համար, ան ինծի այս կարեւոր պաշտօնը պիտի չյանձնէր: Կը խնդրեմ, այլեւս չընդհատէք զիս:

Երկրորդ շարքին վրայ պիտի նստին դրամատուներու սեփականատէրերը, անշարժ գոյքի, կահոյքներու եւ կահաւորանքի առեւտրականները:

Անոնցմէ ետք՝ դեսպանները, հիւպատոսները եւ օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու նախագահները:

Անոնցմէ ետք՝ դատաւորները, բժիշկները, փաստաբաններն ու ճարտարապետները:

Անոնցմէ ետք՝ ուսանողները, ուսուցիչները, զեկուցողներն ու տեսուչները:

Անոնցմէ ետք՝ բանուորները, պարտիզպանները եւ գիշերային պահակները:

Անոնցմէ ետք՝ բեռնակիրները, կօշիկ սրբողները, թափառող ծախողները:

Անոնցմէ ետք՝ քսակահատները, չարագործներն ու ոճրագործները:

Ի վերջոյ, անոնցմէ ետք՝ գրողները, լրագրողները եւ գրիչի վարպետները:

Ապա՝ բոլորին առջեւը զինուորական մոյկ մը թող դրուի:

Յետոյ խօսեցէք ու տօնեցէք այնքան, մինչեւ կայծքարը սկսի տերեւ արձակել…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

Վաղարշապատ


1 Ծնած է 19 յունուար 1920-ին, մահացած է 4 մարտ 2020-ին: Փերուցի դիւանագէտ: Աւարտած Լիմայի պետութեան կաթոլիկական համալսարանի իրաւունքի կաճառը: Շուրջ մէկ տասնեակ երկիրներու մէջ Փերուի դեսպան եղած է: 1982-1986 թուականներուն եղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը:

2 20-րդ դարու արաբ ու եգիպտացի ամենէն նշանաւոր լրագրողներէն մէկը (23 սեպտեմբեր 1923-17 փետրուար 2016): Ֆարուք թագաւորի ժամանակներէն մինչեւ իր մահը, նպաստած է Եգիպտոսի քաղաքականութեան ձեւաւորումին: Մի քանի տասնեակ գիրքերու հեղինակ է:

3 28 յունիս 1712-2 յուլիս 1778: Ֆրանսացի նշանաւոր մանկավարժ, փիլիսոփայ, երաժշտահան եւ գրող:

4 Գերմանացի փիլիսոփայ, բնագէտ, կենդանաբան, բժիշկ, փրոֆեսէօր, ծովային կենսաբան եւ նկարիչ: Ծնած է 16 փետրուար 1834-ին, մահացած է 9 օգոստոս 1919-ին: Կենսաբանութեան մէջ բազմաթիւ նոր եզրոյթներ ստեղծած է, ինչպէս՝ ecology, phylum, phylogeny, Protista, եւ այլն:

5 21 նոյեմբեր 1694-30 մայիս 1778: Բուն անունը Ֆրանսուա-Մարի Արուէ: Ֆրանսացի ամենէն նշանաւոր լուսաւորիչ փիլիսոփաներէն մէկը: Միաժամանակ է նաեւ բանաստեղծ, արձակագիր, երգիծաբան, պատմաբան, հրապարակախօս եւ իրաւապաշտպան: Վոլթերականութեան փիլիսոփայական ուղղութեան հիմնադիրն է:

6 Փապլօ Փիքասօ (25 հոկտեմբեր 1881-8 ապրիլ 1973): Սպանացի արուեստագէտ: 20-րդ դարու ամենէն նշանաւոր արուեստագէտներէն մէկը: Քիւպիզմի (Cubism) հիմնադիրը կը համարուի:

7 28 մարտ 1928-26 մայիս 2017: Լեհ-ամերիկեան դիւանագէտ, քաղաքագէտ եւ հասարակագէտ: 1977-1981 թուականներուն Ամերիկայի նախագահ՝ Ճիմի Քարթըրի ազգային անվտանգութեան գծով օգնականը եղած է:

8 Ֆրետերիք Շոփէն (1 մարտ 1810-17 հոկտեմբեր 1849): Լեհ երաժշտահան: «Ռոմանթիք երաժշտութեան» մեծագոյն վարպետներէն մէկը կը համարուի:

9 Լուտվիկ վան Պեթհովէն (16 դեկտեմբեր 1770-26 մարտ 1827): Գերմանացի նշանաւոր երաժշտահան եւ դաշնակահար:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024