ՎԱՅՐԵՆՈՒԹԻՒՆ

Եր­գե­ցո­ղու­թեան դա­սա­պահն էր, պի­տի եր­գէինք «Հայր մեր»ը, ու­րեմն երբ հա­սանք «յեր­կինս» բա­ռին, «կինս» մա­սը այն­պի­սի շեշ­տով մը դուրս պոռթ­կաց մեզ­մէ, շուրջ 15-ա­մեայ պա­տա­նի­նե­րէս, որ ու­սու­ցի­չին՝ Պրն. Համ­բար­ձում Պէր­պէ­րեա­նի գա­ւա­զա­նի հա­րուա­ծո­վը սե­ղա­նին կ՚ըն­կե­րա­նար՝ «վայ­րե­նի­ներ, վայ­րե­նի­ներ…»։ Նկա­տո­ղու­թիւ­նը, որ ու­րիշ բան չէր ե­թէ ոչ՝ լռու­թեան կոչ: Քար լռու­թիւն: Ա­պա՝ դա­սա­ւան­դու­թիւն:

Այդ տա­րե­թի­ւէն քա­նի՜ տաս­նա­մեակ­ներ ան­ցաւ ու ա­մէն շրջան ե­թէ հանգ­րուան կո­չեմ, կեան­քի զա­նա­զան պա­րա­գա­նե­րու բեր­մամբ ու­նե­ցած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուս եւ ա­նոնց­մէ՝ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու «վայ­րե­նի­ներ, վայ­րե­նի­ներ»ը կա­րե­լի էր դիւ­րու­թեամբ մտա­բե­րել ու վե­րապ­րիլ. մարդ սպա­նած չէինք, պար­զա­պէս վի­րա­ւո­րած էինք շա­րա­կա­նը իր միտք բա­նիո­վը ալ, ինչ որ վայ­րե­նու­թեան մէկ տե­սակն է ան­տա­րա­կոյս:

Ու կը կար­դաս մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը իր ա­րե­ւա­ծա­գէն ու կ՚ըն­թա­նայ այս­պէս կո­չուած յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, ա­մէ՛ն մար­զի մէջ. մար­տա­կան՝ ա­ռա­ջին հեր­թին. մար­զա­կան՝ ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կա­նը կռփա­մարտն է, երբ ժա­մա­նա­կին ձեռ­նոց­նե­րը կ՚ըլ­լա­յին եր­կա­թէ… Մշա­կու­թա­յին՝ գիր­քե­րու հրկիզ­մամբ. Փի­լի­սո­փա­նե­րու, ո­րոնք երկ­րա­յին ե­րա­զով ի՜նչ խոս­տում­նե­րով, մի­լիո­նա­ւոր­ներ տա­րին մա­հուան ե­րախ­նե­րուն. Կրօ­նա­ւոր­ներն ալ դուրս չմնա­ցին ան­շուշտ, ի մաս­նա­ւո­րի Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծադ­րու­թեան դրուած «հա­ւա­տաքն­նու­թեամբ» - ալ ի՛նչ մնաց, որ մէկ մար­զի մէջ վայ­րե­նու­թիւ­նը, որ մարդ ա­րա­րա­ծը կը վե­րագ­րէ գա­զան­նե­րու ի՛նք չգոր­ծադ­րեց զա­նա­զան պի­տակ­նե­րու տակ: Այ­րե­լու վայ­րե­նու­թիւ­նը յա­ճախ նկա­տի կ՚առ­նուի ա­ռանց նա­յե­լու հար­ցին հա­կա­ռակ կողմն իսկ, որ իբր «փա­փուկ սեռ» ճան­չուած է.-

Դու ան­հոգ նա­յե­ցիր իմ վրայ­

Ու ան­ցար քո խա­ղով կա­նա­ցի­

Ես քեզ­նից դառ­նա­ցած հե­ռա­ցայ­

Ես քեզ­նից հե­ռա­ցայ ու լա­ցի: (Վա­հան Տէ­րեան)

Մի­թէ «կա­նա­ցի խաղ»ը նե­րող սրտին վայ­րե­նու­թիւն չէ՞…

Բայց կա՞յ մի­թէ ել­քի պա­տու­հան մը, ե­թէ ոչ՝ դուռ մը:

Մարդ ա­րա­րա­ծի հնա­րամ­տու­թիւ­նը բնու­թեան վայ­րե­նու­թեան դէմ, որ կը նե­րա­ռէ ի՛ր հոգ­ւոյն վայ­րե­նու­թիւնն իսկ, որ ի սկզբա­նէ է, ու­նի ի­րեն յա­տուկ լու­ծու­մը, ա­նոնց, ո­րոնք ո՛չ իսկ հօր, քա­նի որ ան ար­դէն սպա­ռած է, ո՛չ իսկ պե­տու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք պա­տե­րազ­մե­լու ա­րուես­տը կը մշա­կեն. Այլ՝ միայն ու երկ­նա­յի­նին…

Ա­րե­ւել­քը ե՛ւ հա­րուստ է, ե՛ւ խոր է այս առըն­չու­թեամբ:

Երբ հո­րի­զո­նա­կան թե­ւե­րը կոտ­րած են, կը մնայ միակ ու հաս­տատ կռուա­նը՝ վե՛ր, դէ­պի վեր… Միաս­նու­թեամբ մը՝ ո­րուն հո­րի­զո­նը հե­ռու է մին­չեւ ան­հաս լոյ­սը, ինչ­պէս կա­րա­ւա­նը Ա­պու Լա­լա­յի (Աւետիք Ի­սա­հա­կեան) կամ ինչ­պէս Ժո­ղո­վո­ղին՝ Սո­ղո­մո­նի:

Մինչ այդ՝ պի­տի ապ­րինք կեր­պով մը, ինչ­պէս գե­տը՝ զար­նուե­լով խու­թե­րու… մին­չեւ հաս­նինք… ­բաց ծով:

Երբ հա­ւա­տա­ցի, սուտ ե­լար Աշ­խարհ,

Բայց զիս ա­շա­կերտ ը­րիր դպրո­ցիդ­

Ու սոր­վե­ցու­ցիր բազ­մա­թիւ դա­սեր,

Ու դեռ կ՚ու­սա­նիմ.

Զիս պա­հէ խո­նարհ: (Ս. Ար­մէն)

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017