ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ (CORONA-VIRUS)
Կարծեմ բոլորդ համաձայն էք, որ ներկայիս ամենաշատ գործածուող բառն է այս աշխարհի բոլոր լեզուներով ու բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ տակաւին շատ երկար պիտի պահէ ան իր արդիականութիւնը: Պարագան տարբեր չէ հայ իրականութեան մէջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս:
Բժշկագիտական տեղեկութիւններ պիտի չտամ, այլ նպատակս միայն… լեզուական բնոյթ ունի. հարցը կը վերաբերի այս եզրի հայերէն հաւանական թարգմանութեան:
- Հայաստանի մէջ ան միանշանակ կորոնավիրուս է ու վե՛րջ:
- Սփիւռքի մէջ՝ գորոնա ժահր, քորոնա ժահր, պսակաձեւ վարակ:
Ուրեմն չորս տարբեր անուանումներ եւ ուղղագրութիւններ, ուր սփիւռքը եւ Հայաստանը հակադրուած են իրարու, իսկ սփիւռքը իր կարգին, հակառակ զգալի միօրինակութեան, ունի իր անմիօրինակութիւնները:
Առհաւական ու յաւիտենական անէծքն է, որ կը հալածէ մեզ, որ չենք յաջողիր միասնական ուղղագրութիւն մը ստեղծել ամենատարրական մարզերու մէջ իսկ, նոյնիսկ հոն, ուր իրարմէ այսքան հեռանալու պատճառ չկար:
Ստորեւ քննենք խնդրոյ առարկայ եզրերը, ապա բերենք մեր առաջարկը:
* * *
Virus լատիներէն է եւ կը նշանակէ թոյն: Բառին հիմնական իմաստն է այս:
Ասոր հայերէն հոմանիշն է ժահր, որ նմանապէս կը նշանակէ թոյն:
Ուրեմն՝ իրենց մեկնակէտային իմաստով՝ ասոնք բացարձակ նոյնանիշ են:
Ծանօթ.- Ըստ Աճառեանի, ժահր-ը պարսկական փոխառութիւնն է zahr բառին, որ կը նշանակէ թոյն: Այս իմաստով ալ թրքերէնը այսօր կը կիրարկէ զայն. ան տարածուած էր նաեւ թրքախօս արեւմտահայոց մէջ եւ մինչեւ հիմա ալ ան բացակայ չէ մեր կարգ մը հայրենակիցներու բառամթերքէն:
Պէտք չէ միամտաբար մտածել, թէ ան զահր է, իսկ մեր բառը՝ ժահր, ուրեմն տարբեր բառեր են ասոնք: Ո՛չ. պարսկական Z հնչիւնը, անցնելով հայերէնին, դիւրաւ կու տայ Ժ. օրինակ՝ պարսկերէն zamanak-ը հայերէն տուած է ժամանակ. ուրեմն՝ Z>Ժ:
Լատիներէն եզրը փոխ առած են եւրոպական գրեթէ բոլոր լեզուները, մինչ ժահրը մնացած է,- եթէ պէտք կայ ըսելու,- միայն հայերէնի մէջ: Կը տեսնէ՞ք, նոյնիսկ փոխատու լեզուն ինքը՝ պարսկերէնը, չի ճանչնար այս արտասանութիւնը: Է՜հ, ի՞նչ ընենք, հայերէնի ճակատագիրն է այս՝ առանձնակի, միակի, եզակի ըլլալու վեհութիւնը եւ դատապարտութիւնը…
Զարմանալիօրէն ժամանակին հետ այս զոյգ եզրերը այդ օտար փոխառու լեզուներուն եւ հայերէնի մէջ ունեցած են իմաստային փոխաբերական զգալի հանգիտութիւններ:
Կը համադրենք օտար բառարաններու բացատրութիւնները:
- Կպչուն, մածուցիկ, կպրային գարշահոտ ու ճահճային հեղուկ։
- Որեւէ գործօն, որ կը թունաւորէ միտքը եւ հոգին:
- Նենգութիւն, դառնութիւն, ատելութիւն:
Տեսնենք մեր բառարանագիրներուն տուած իմաստները:
ա) Պոլսահայ բառարաններ
- Նոր հայկազեան - թոյն, մահադեղ
- Արմատական - թոյն
- Գաբամաճեան - թոյն
բ) Արեւելահայ բառարանագիրներ
- Մալխասեան - թոյն, գարշահոտ թարախ
- Աղայեան - թոյն, գարշահոտութիւն, մաղձ, մոլութիւն, ախտ, դառնութիւն
- Ակադեմիա - թոյն, մահադեղ, թարախ, մաղձ, մոլութիւն
գ) Արեւմտահայ բառարանագիրներ
- Գայայեան - թոյն, մահադեղ, մաղձ, դառնութիւն
- Ճիզմեճեան - թոյն, մահադեղ, թարախ
- Տէր Խաչատուրեան - թոյն, մաղձ, թարախ, դառնութիւն
- Կռանեան - թոյն, մահադեղ, մաղձ, դառնութիւն
Ինչպէս նկատելի է բառիս իմաստը օտար եւ հայ լեզուներու մէջ ունեցած է նիւթական եւ վերացական մօտաւորապէս նոյն զարգացումները:
* * *
Օտար բառարաններու մակարդակին, լատինական virus-ը վերջին դարերուն դարձած է նաեւ բժշկագիտական եզր մը՝ բնորոշելով մանրէներու տեսակ մը. առ այդ կը գտնենք հետեւեալ սահմանումը. «Ենթամանրադիտակային ախտագին մանրէ, որ կ’աճի ու կը բազմանայ մասնաւորաբար ապրող էակներու՝ մարդկային, կենդանական եւ բուսական բջիջներուն մէջ՝ աւերելով անոնց կառոյցը»:
Ահա այս տուեալն է, որ կը պակսի ժահր-ին՝ մեր հին ու նոր բոլոր բառարաաններուն մէջ:
Արդ, մեր բառարանները, գոնէ արեւմտահայ իրականութեան մէջ, չեն յաջողած լեզուի հարազատ թարգմանը դառնալ՝ մասնաւորաբար ժահր բառի պարագային, քանի որ աւելի քան դար մըն է այս եզրով մեր մէջ բնորոշուած են ենթամանրադիտակային զանազան մանրէներ: Եւ ճիշդ այս աւանդոյթին վրայ յենելով է, որ արեւմտահայ գրեթէ բոլոր արդի թերթերը սփիւռքի մէջ corona virus-ին իսկոյն տուին քորոնա ժահր կամ գորոնա ժահր անուանումը, ինչ որ Սուրբ հոգիի ներգործութեամբ չբուսաւ մեր մէջ, այլ արդէ՛ն կար ու ծանօ՛թ էր, թէկուզ արձանագրուած չըլլար:
Արեւելահայ իրականութեան ծանօթ չեմ. ենթադրելի է, որ այստեղ ան երբեք ալ մանրէի յատկացուած չէ, մանրէ բնորոշած չէ: Սակայն ենթադրութիւն մըն է այս:
Եւ ահա այս պատճառով ալ ոչ մէկուն մտքէն անցաւ կորոնա ժահր կոչել զայն, ինչպէս արեւմտահայերէնի մէջ է, որ հայացուցած է virus-ը, սակայն պահած է corona-ն, որ պարզապէս թագ կամ պսակ կը նշանակէ (1):
Այս բացատրութեանց լոյսին տակ, կրնանք դիւրաւ եզրակացնել, որ այդ եզրին ամբողջական հայացումը պիտի տայ «պսակաձեւ ժահր»:
Կը մնայ, որ վաղը եւեթ, քայլ մը աւելի առաջ երթալով, այսպէս ալ կոչեն զայն արեւմտահայ թերթերը՝ ամբողջութեամբ հայացնելով եզրս:
Եւ սրտագին կոչ ուղղենք մեր արեւելահայ եղբայրներուն, որ հետեւին մեզի՝ այս մէկն ալ գումարելով այն հարիւրաւոր օտար եզրերուն վրայ, որոնք հայանալու կը սպասեն:
Ծանօթ.- Բարեկամ մը առաջարկած է «պսակաձեւ վարակ» անուանումը:
Այս եզրին անպատեհութիւնը հետեւեալն է. վարակ-ը ընդհանրական բնոյթ ունի. ան կը տրուի ամէն տեսակ մանրէի:
Մինչդեռ ինչպէս virus-ով, այնպէս ալ ժահր-ով կը բնորոշուին ենթամանրադիտակային մանրէները, այսինքն՝ այնպիսիները, որոնք տեսանելի չեն մանրադիտակով եւ որոնց գոյութիւնը կամ ինքնութիւնը կը հաստատուի մասնաւոր՝ աւելի բարդ հետազօտումներով:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
(1) Խնդրոյ առարկայ ժահրը կամ մանրէն պսակաձեւ կոչուած է որովհետեւ ունի ճիշդ ականազարդ եւ օղակաձեւ պսակի մը՝ թագի մը ձեւն ու տեսքը:
Հարթակ
- 11/30/2024