ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ… ԿԱՄ ԱՆՍԱԼՈՎ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՀՆՉԵՂ ԿՈՉԻՆ

Կարծէք այս վարակը, որ դանդաղ բայց «հաստատուն» քայլերով «գրաւեց» մեր աշխարհը, կարեւոր առիթներ բացաւ մեզի, որպէսզի աւելի խոր նայինք մեր շուրջ ու ամենակարեւորը մտածենք վաղուան մասին։

 Ինչպիսի օր պիտի ունենանք վաղը, ու ամենակարեւորը պիտի կարողանա՞նք քայլ պահել արագօրէն փոփոխութիւններու, եւ նոյնիսկ մեզ զարմացնելու միտուած մեծ զարգացումներուն հետ։ Ճիշդ է, ինչպէս իր ժամանակի կարեւոր վկայագրողներէն մին՝ Կոստան Զարեան կը գրէ, որ մեր երկիրը, մեր Հայաստանը, փոքրիկ երկիր մըն է, իր խնդիրներով, իր տեսակով ու, մանաւանդ, իր այլ երկիրներէն զատորոշուող տեսլականով։ Սակայն խնդիրը հոն չի կայանար, խնդիրն այն է, որ մենք կը կարողանանք կարեւոր այս փուլին դուրս չմնալ նոր կազմուելիք քաղաքակրթութեան ընդհանուր ընթացքներէն։ Քաղաքակրթութիւն մը, որ մեզի համար ալ պիտի ըլլայ բաւական նոր, բաւական անսպասելի եւ նոյնիսկ բաւականին անկանխատեսելի։ Քաղաքակրթութիւն մը, որուն մէջ գերակշռողը դրամը չէ, շահը չէ, այլեւ՝ մարդն է, որ կանգնած է այս ժամանակներու մեծ տարաժամներու դիմաց եւ կը փորձէ դիավարել ոչ միայն ապրելու, այլ նաեւ ստեղծելու եւ ստեղծագործելու համար։

Անցնող օրերուն մէկէ աւելի հարթակներու վրայ յստակօրէն ընդգծուեցաւ, որ այսօրուան աշխարհը ունի բաւականին մեծ հիմնահարցեր։ Եթէ օրինակ մը տալու ըլլանք, ապա պիտի նշմարենք ու լաւապէս նկատենք, որ մեզմէ շատերուն համար քաղաքակրթութեան կեդրոն եւ սիրտ համարուող Եւրոպան մտած է վտանգներով լեցուն նոր փուլ մը, որուն առաջին նախանշանները արդէն իսկ դարձան երեւելի ու այս բոլորին առընթեր յստակ է նաեւ, որ երբեմնի հզօր Եւրոպան պիտի չունենայ իր նախկին դերը, ու աշխարհին մէջ «մարդասիրական», քաղաքական եւ քաղաքացիական դերէն զատ, նախ եւ առաջ մտածէ իր գոյութիւնը ապահովելու մասին։ Այս բոլորին ի տես, մենք պիտի կարողանանք ճիշդ կողմնորոշուիլ, ճիշդ ընկալել հնչած ահազանգը ու մանաւանդ գրաւ դնել ճիշդ յենարաններու վրայ։

 Այդ ցոյց պիտի տայ վաղուան օրը եւ այդ վաղուան օրը, որ սպասուած է «սարերու ետեւում չէ»։

Ամէն պարագայի այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ իմ ընթերցողներուն պիտի առաջարկեմ կարդալ Կոստան Զարեանի «Հայութեան կոչումը» խորագրեալ հրաշալի յօդուածը, որ յատկապէս այս օրերուն մէկէ աւելի առումներով ուսանելի դրուագներ կը պարունակէ։ Նշեմ, որ յարգելով թերթիս մօտեցումը, յօդուածը արեւմտահայերէնի վերածած եմ, անշուշտ նաեւ արդար յիշատակում մ՚ընելով, որ մեծն Զարեանի արեւելահայերէնը, շատ ալ հեռու չէ արեւմտահայերէն լեզուի նրբին մօտեցումներէն։

«ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ» ԸՍՏ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ

Արդ՝ հարց կը ծագի. մենք՝ հայերս, կանգնած երկու այդ հսկայ աշխարհներու՝ մշակութային Արեւելքի եւ քաղաքակրթական Արեւմուտքի միջեւ՝ ի՞նչ կերպով պիտի կարողանանք իրագործել մեր պատմական ճակատագիրը:

Պիտի կառչի՞նք մեռնող եւրոպական քաղաքակրթութեան, թէ առաջին փլանի վրայ կանգնած՝ արեւելեան մտքի նոր ճառագայթումի եւ նոր ստեղծագործական թափին հետ, պիտի հանդիսանանք ներուժ մշակութային կեդրոն: Պիտի կրկնե՞նք մեր նախնիներու սխալը, թէ գիտակցօրէն, հերոսաբար, պիտի կարողանանք՝ հակառակ մեզ շրջապատող անողոք պայմաններուն՝ դրսեւորել մեր ազգային եսը, ընդունիլ պատմութենենէն մեզի վիճակուած խորհրդաւոր, հակատրամաբանական ճակատագրական դերը:

Քաջութիւնը ունենանք խորհելու եւ նաեւ քաջութիւնը ունենաք համարձակելու:

Մեծ մշակոյթները առաջ եկած են միշտ ալ հակառակ առարկայական, հակառակ տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն: Մշակոյթը, եթէ կ՚ուզէք, հոգեկան արկածախնդրութիւն է. վսեմ խենթութիւն մը, որով տիեզերքը կը գտնէ իր իմաստը: Մշակոյթը կը պահանջէ մեծ ճիգ, հաւատք եւ զոհաբերութիւն՝ առաքինութիւններ, որով հայ ժողովուրդը լիովին օժտուած է: Այլապէս կարելի չէ հասկանալ անոր ամբողջ պատմութիւնը, անոր դարաւոր մարտիրոսութիւնը, անոր թափած արիւնի համաշխարհային իմաստը:

Եթէ մենք՝ հայերս, կուրօրէն ենթար-կըւինք ներկայ քաղաքական պայմաններուն, մեզի վիճակուած է ռուսական ապագայի հսկայ տնտեսական կազմակերպութեան մէջ չնչին արտադրողի դիմազուրկ եւ աղքատիկ վիճակ:

Երբ այս օրուան հայ համայնավարները՝ չնայած ժամանակաւոր եւ երեւութական զիջումներուն՝ կ՚աշխատին ազգային եւ կրօնական զգացումը միանգամայն քանդել, հայ գաղթականները տարածել Ռուսաստանի մէջ, եւ երկիրը վերածել տնտեսական միաւորի, անոնք կը գործեն տրամաբանօրէն եւ հաւատարիմ իրենց իտէալին: Անոնք կ՚ուրանան մշակութային արժէքները եւ իբրեւ դրամատիրական մտքի ծայրայեղ ներկայացուցիչներ, կը ձգտին բոլոր տարրերը ձուլել, որոշ արդիւնաբերական նպատակներու համար: Եւ պէտք չէ զարմանալ, երբ հայ վաճառականները եւ արտասահմանեան հարուստները իրենց ծարաւ աչքերը կը յառեն համակրանքով դէպի համայնավարութիւնը:

Գայլը կը ճանչայ իր ձագը: Այրուող տան փլատակներու վրայ անոնք կը տեսնեն ապագայ կարելիութիւններ: Նոյն ցեղի եւ նոյն մտայնութեան մարդիկ՝ անոնք գիտեն, որ իրենց կռիւը ժամանակաւոր է, թիւրիմացութիւնը կ՚անցնի եւ ձեռք ձեռքի տուած դարձեալ միասին կ՚աշխատին:

Անոնց աշխարհայեացքը նոյն տարրերէն է կազմուած. նիւթապաշտ են, կ՚ուրանան վերացականը, հոգեկանը, կ՚ուրանան մշակոյթը:

Սակայն, բաւական է թեթեւ հայեացք նետել մեր քարտէսի վրայ, ըմբռնելու համար, որ մեր երկիրը մեծ արդիւնաբերական ապագայ չունի: Հայոց աշխարհը, ինչպէս Հիմալայայի ստորոտը եւ Հռոմէական բլուրները, գերազանցապէս կրօնական է: Աշխարհը խաչաձեւող տնտեսական ճանապարհներէն դուրս՝ անոնք կը հանդիսանան իբրեւ խորհրդաւոր կէտեր, ուր երկրագունդը վայրկեանով մը կանգ կ՚առնէ եւ երկար կը շնչէ: Մեր հոգեկան սնունդը Արարատէն կու գայ՝ չոր ու ցամաք, տնտեսապէս անպէտք լեռ մը:

Եւ ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդը պատմութեան մէջ չտեսնուած չարչարանք կրած է, միլիոնաւոր զոհեր տուած, ծով արիւն թափած՝ այդ լեռը պահելու համար:

Եթէ մենք ուրանանք մեր անցեալը, դաւաճանենք մենք մեզ, եւ հետեւելով իրապաշտ առաքեալներու դաւանանքին, ընդունինք քաղաքակրթական շուկային մէջ մեզի վիճակուած փոքրիկ խանութպանի դերը, ապա մենք կը ստորագրենք մեր մահը: Հայաստանը կ՚ըլլայ, ինչպէս այսօր, Մոսկուայի առջեւ դողացող մշտնջենական մուրացիկ, որը պէտք ունի դրամագլուխի, որպէսզի աշխատի, պէտք ունի շուկայի, որպէսզի ծախսէ, պէտք ունի դրական գիտութեան, որպէսզի մտածէ:

Ես կ՚ուրանամ ծխնելուզային եւ ստամոքսային այդ Հայաստանը:

Մեր երկիրը այն բախտաւոր ծայրերէն է, որոնք չեն կերակրեր, այլ կը կերակրուին: Այդպէս էր Աթէնքը, այդպէս էր մասամբ Հռոմը եւ այդպէս է Արեւելքի մեծ մասը: Ուստի, հայ ըլլալը կը պահանջէ մեծ ճիգ, հոգեկան կեդրոնացում, զոհաբերութեան ոգի, խոր հաւատք եւ առաքելական մոլեռանդութիւն:

Արեւմուտքը խենթացած գազանի նման, կը գերէ երկրագունդի մակերեսը նոր գանձեր գտնելու համար, եւ անգիտակցաբար կը փորէ իր գերեզմանը: 18-րդ դարէն ան ժառանգած է նիւթապաշտ իմացականութեան դիւրին զէնքը, որով կը կարողանայ հոգեկան արժէքներու աւանդական շաղկապումը, մարդը իրի վերածելով, ազգութիւնը՝ տնտեսական ազդակի ու խորհուրդը՝ նախապաշարումի: Ու իր ծոցէն դուրս եկած լաւագոյն խորհողները՝ Շփինկլըր, Քէյսըրլինկ եւ շատ ուրիշներ, կը վկայեն անոր մօտաւոր մահը:

Պոլշեւիզմը ծնունդ առած է ոչ թէ, ինչպէս շատերը կը կարծեն, ինչպէս ես ալ կը կարծէի, վերջին հարուածը տալու համար մեռնող այս աշխարհին, այլ ընդհակառակը, բռնութեան ուժով շարունակելու համար անոր հոգեվարքը:

Նոր մշակութային շրջանը կը սկսի Արեւելքէն: Չմոռնանք, որ քրիստոնէութիւնը առաջ եկաւ Հրէաստանի ամենայետամնաց եւ աղքատիկ գաւառին մէջ, Հռոմէական կայսրութեան հզօրագոյն դարուն ընթացքին։

Հայոց աշխարհը արիւնի եւ մահի ողբերգական այդ երկիրը այլեւս յղի է բոլոր կարելիութիւններով: Արարատի աստուածաշնչական ոգին պատրաստ է ճառագայթելու. անոր թաքնուած ստեղծագործական թափը, հսկայ սերմի նման պայթելու վրայ է, ու դարը կը մօտենայ, երբ վերջապէս հայ ժողովուրդը պիտի գտնէ ինքն իրեն: Ըլլայ, այն, ինչ որ է՛: Կատարէ իր դերը, ըսէ իր խօսքը:

Մեզի վիճակուած է ապրիլ բարձրաւանդակի վրայ: Մեր դաշտերը եւ մեր լիճերը կը մագլցին դէպի լեռը: Վայ մե՛զի, եթէ վար իջնենք. կ՚իյնանք արդի քաղաքակրթութեան ծխնելոյզին տակ, մեքենայի մաս կը դառնանք կամ խանութպան:

Հայաստանի մէջ դեռ հովիւներ կան: Անոնք կը ճանչնան աստղերը եւ քաջ գիտեն բոլոր ճանապարհները:

Մշակոյթը հովիւներու գիտութիւն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2020