ՍՐՈՂԸ

Աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր այս գործը կ՚ընէ արդէն։ Ռուսաստանէն վերադարձին, դեռ քսան տարեկան, երբ ձախողեր էր իր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը իբր պանդուխտ, ու ձեռքերը գրեթէ պարապ վերադարձեր էր հայրենի գիւղ՝ բազմած Արայի լանջին, դրացի Մկուչենց տունէն գտեր էր գործիքն այս։ Նախկին տէրը Ռուսաստան էր գացեր, տան բանալին իրենց ձգելով։

Դանակ սրելու գործիք։ Վերցուցեր էր խոհանոցէն հատ մը, նեղ ու կարճ։ Սպասածէն աւելի դիւրին էր եղեր։ Շաբաթ մը ետք, երբ տեսեր էր, որ իրապէս անճար պիտի մնար, կայացուցեր էր որոշում. մտեր էր Մկուչենց տուն, «ներող եղիր Մուկօ» մը շշնջացեր, վերցուցեր գործիքը, բերեր իրենց բակ, ու մաքրեր։ Նոյն կէսօրէ վերջ նստեր էր հանրակառք ու քաղաք իջեր։

Հիմա, քանի մը տարի անց, քաղաքի կեդրոնական մասի փնտռուած դանակ սրողն էր։ Գործիքը կը նետէր ուսին, կը քալէր ճաշարանէ ճաշարան, մսավաճառէ մսավաճառ, տունէ տուն նոյնիսկ։ «Պէ՞տք է» կը հարցնէր բարձրաձայն կամ ձեռքով։ Հաւանական պատասխանն առնելուն պէս կ՚իջեցնէր գործիքը ուսէն, կը բանար ոտքերը անոր, կը դասաւորէր, յետոյ կը մտնէր խանութ։ Քիչ անց, ներսէն հանած դանակները մէկ առ մէկ սրելու գործին կ՚անցնէր։ Ոտքով կը թափահարէր սեղմակը վարի, անիւը թափք կը հաւաքէր, վերի քարէ սկաւառակը երթալէն աւելի արագ դառնալ կը սկսէր։ Դանակը զգուշութեամբ կը մօտեցնէր սաստկութեան, ու հազիւ իրարու հպող կողմերը ճչալ կը սկսէին։

Այսօր, շուկայի վերի կողմը, երբ գործիքը ուսին դրած կը քալէր, յանկարծ գլխուն վրայ, շատ մօտէն, քաղցր ձայն մը լսեց. «ներեցէք»։ Կանգ առաւ անմիջապէս, տեսակ մը շոյուած ձայնի քնքշանքէն։ Նայեցաւ աջ, վեր. ճիշդ վրան, փողոց կախուած պատշգամէն, իրեն կը նայէր աղջիկ մը երիտասարդ, մազերը արձակ, սրունքները ձիգ։ «Սրո՞ղ էք», հարցուց. առաջին անգամն էր, որ մէկն իրեն այդպէս կը դիմէր։ «Սրող եմ», արձագանգեց շունչը բռնած։ «Սպասէք մօտենամ», արագ ըսաւ աղջիկը, վազեց ներս։

Տարօրինակօրէն չհասցուց գործիքը բանալ ու պատրաստել այս անգամ։ Յանկարծ նկատեց, որ աղջիկը դիմացն էր, ձեռքին երկու խոհանոցի դանակ։ Գործիքը կը մնար ուսէն կախուած։ Ամչցաւ, արագ իջեցուց զայն ուսէն, բացաւ քիչ մը անճարակօրէն։ Դիմացը երկու ձեռք կար. երբեք այդքան զգայուն չէր եղած մարմնի այդ մասերու հանդէպ. դողալով վերցուց դանակներէն առաջինը անոնց վրայէն։ Դողալով մօտեցուց թափահարուող սկաւառակին. եւ հնչեց երգը սրման։ Ապա երկրորդը, որուն ընթացքին համարձակեցաւ, ի զարմանս իրենց, արագ բարձրացնել հայեացքը վեր ու, ի զարմանս իրեն, ժպիտ մը տեսաւ. դանակը փախաւ տեղէն, մատը դպաւ քարին ու վառեցաւ։ Վերջ, սրուած էր ամէն ինչ։ Յանձնեց, գումարը ստացաւ առանց անդրադառնալու, ու բերանը հարցուց մէկէն, անկախ իրմէ. «ուրիշը չկա՞յ»։

«Կայ...» պատասխանեց աղջիկը, քանի մը ակնթարթ անշարժ նայեցաւ աչքերուն մէջ իր, ու «դա էլ վաղը երեւի...» աւելցուց համարձակօրէն։

Սրուած էր ամէն ինչ։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021