ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ յօդուածին մէջ խօսեցանք վստահութեան մասին, զայն բաժնելով երկու մասերու: Առաջին՝ վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ (այս մասին անդրադարձանք նախորդ յօդուածով), իսկ երկրորդը՝ վստահութիւն մարդու նկատմամբ, որու մասին պիտի անդրադառնանք մեր այս յօդուածով:

Արդարեւ, ի՞նչ կը նշանակէ վստահութիւն մարդու նկատմամբ:

Մարդ արարածը բանաւոր էակ մըն է: Ինք որպէս անհատականութիւն, առանձին էակ է, սակայն կ՚ապրի ընկերութեան մէջ: Առանց այդ ընկերութեան, մարդ չի՛ կրնար ինքզինք իրականացնել: Այլ խօսքով, մարդը այնպիսի արարած մըն է, որ մնայուն կարիքն ունի շփումի, փոխյարաբերութեան: Շփում եւ փոխյարաբերութիւն իր նմանին հետ, ինչպէս նաեւ՝ Անտեսանելիին հետ: Այդ շփումին ու փոխյարաբերութեան շնորհիւ է, որ մարդ ինքզինք կը գտնէ, լաւապէս կը հասկնայ իր գոյութեան նպատակը եւ ճիշդ կերպով կ՚ընկալէ իր կոչումին գիտակցութիւնը:

Նշեցի, որ մարդը կ՚ապրի ընկերութեան մէջ եւ այդ ընկերութեան շնորհիւ է, որ ինքզինք կ՚իրականացնէ, ինքզինք կը հասկնայ: Սակայն, մարդ որպէսզի հասնի ինքնաիրականացման եւ ինքզինք հասկնալու, անպայմանօրէն կարիքն ունի վստահութեան: Վստահութիւն՝ Աստուծմէ եւ վստահութիւն մարդոցմէ:

Մարդը, սակայն, ինչպէ՞ս կրնայ շահիլ կամ ստանալ այդ վստահութիւնը: Առաջին հերթին մարդ այդ վստահութիւնը կրնայ շահիլ, երբ ինքն իր անձին հետ հաշտ է եւ վստահութիւն ունի ինքն իր վրայ:

Ի՞նչ կը նշանակէ, սակայն, վստահութիւն ունենալ ինքն իր վրայ: Կը նշանակէ, որ մարդ իր համոզումներուն, իր հաւատալիքներուն եւ սկզբունքներուն վրայ հաստատ գիտակցում ունի, եւ այդ բոլոր արժէքները պարտադրաբար կամ ժառանգաբար չէ՛, որ կը կրէ, այլ՝ կատարեալ գիտակցութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ: Օրինակ մը տամ. շատ յաճախ հայ մարդոց կողմէ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեան, թէ՝ «ես հայ առաքելական եմ» կամ «ես լուսաւորչական եմ»: Այնքան շատ է գործածութիւնը այս երկու նախադասութիւններուն, որ մարդ կը տարուի մտածելու, թէ լա՛ւ, այդ նախադասութիւնը, զոր մարդիկ կ՚ըսեն, արդեօք կը գիտակցի՞ն իրենց ըսածին, թէ ժառանգուած սովորութիւն մըն է, զոր թութակի նման կը կրկնեն: Իրականութեան մէջ, այդ նախադասութիւնը արտասանողներուն մեծ տոկոսը անգիտակացաբար է, որ այդ նախադասութիւնը կը կրկնէ, որովհետեւ գիտակցումը չունի այդ հասկացողութեան: Մինչ, անոնք որոնք գիտակցութեամբ կ՚ըսեն այդ նախադասութիւնը, անոնց համար առաջին հերթին, չկայ «ես լուսաւորչական եմ» արտայայտութիւնը, այլ՝ «ես հայ առաքելական եմ», իսկ առաքելական եմ, որովհետեւ.

ա) Կը պատկանիմ Հայ Եկեղեցւոյ, որ Քրիստոսի լոյս հաւատքը ընդունեց Իր իսկ աշակերտներէն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներէն:

բ) Կը պատկանիմ Հայ Եկեղեցւոյ, որ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոսի Հայաստան բերած Քրիստոսի լոյսը վառ պահող եւ տարածող երկրորդ Լուսաւորիչի՝ Սուրբ Գրիգորի հետեւորդն եմ:

գ) Կը պատկանիմ Հայ Եկեղեցւոյ, որ Իր հիմքերը կերտած է Աստուածաշունչի եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերուն գրութիւններուն վրայ:

դ) Կը պատկանիմ Հայ Եկեղեցւոյ, որ կ՚ընդունի Տիեզերական առաջին երեք սուրբ ժողովները, ուր մանրամասն կերպով բացատրուած են Սուրբ Երրորդութեան վերաբերող բոլոր մութ կողմերը:

ե) Կը պատկանիմ Հայ Եկեղեցւոյ, որ ժառանգորդն է Թարգմանչաց եւ Վարդանանց սուրբ սերունդներուն:

զ) Կը պատկանիմ Հայ Եկեղեցւոյ, որ ցեղասպանուած ըլլալով հանդերձ կառչած կը մնայ իր սուրբ հաւատքին, հաւատարիմ կը մնայ Սուրբ Երրորդութեան:

Կրնանք երկարել շարքը, սակայն այսքանը բաւարար է, հասկնալու համար թէ ի՛նչ կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ ինքն իր անձին վրայ, այլ խօսքով՝ ինքնավստահ ըլլալ:

Բնականաբար ինքնավստահ ըլլալու կան այլ միջոցներ ալ, որոնք սակայն լրացուցիչ մասերն են միայն ինքնավստահութեան առաջին ոլորտին՝ հաւատքի կամ դաւանանքի ոլորտին:

Այսքանը, ինքնավստահութեան մասին: Հիմա փորձենք հասկնալ, թէ մարդ ինչպէ՛ս կրնայ իր նմանին վստահութիւնը շահիլ կամ ունենալ:

Շատեր կրնան դժուարանալ այս հարցումին պատասխան մը գտնելու: Սակայն, խորքին մէջ, պատասխանը շատ դիւրին է: Մեր նմանին վստահութիւնը շահելու ամենէն դիւրին միջոցը՝ անկեղծութիւնն է: Երբ մարդ իր նմանին նկատմամբ անկեղծ է, եւ երբ իր նմանը ո՛չ միայն կը տեսնէ այդ անկեղծութիւնը, այլ՝ կը զգայ զայն, այդ ժամանակ անվերապահ կերպով կը վստահի իր նմանին:

Մարդոց վստահութիւնը շահելու միջոցներէն մէկն է նաեւ՝ հաւատարմութիւնը: Երբ մարդ հաւատարմութիւն ցուցաբերէ իր նմանին, դիւրութեամբ կրնայ շահիլ անոր վստահութիւնը: Հաւատարիմ մարդը՝ դժուար թէ վնաս պատճառէ իր նմանին: Հաւատարիմ մարդը՝ դժուար թէ դաւաճանէ իր նմանին: Հաւատարիմ մարդը՝ դժուար թէ ուրանայ իր նմանը յանուն փուճ խոստումներու կամ ցանկալի բարիքներու:

Այլ միջոց մը մարդոց վստահութիւնը շահելու՝ նուիրուածութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ նուիրուածութիւն սակայն: Նուիրուածութիւնը մարդ արարածի այն յատկանիշներէն մէկն է, որ զինք կը տարբերէ միւս բոլոր կենդանի արարածներէն: Արդարեւ, նուիրուածութիւն կը նշանակէ իր նմանին համար ընել այն՝ զոր շատ յաճախ մեր նմանն անգամ կը վախնայ ընելու: Մէկու մը նուիրուիլ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ ամէն տեսակի զոհողութեան յանուն իր նմանին, պատրաստ ըլլալ կատարել անկարելին, իր նմանին համար: Նուիրուածութեան գերագոյն օրինակը մեր Տէրը՝ Քրիստոս Ի՛նքն է, որ Իր անձը պատարագեց մարդու փրկութեան համար: Ան Իր այդ արարքով, որպէս Մարդ եւ որպէս Աստուած, շահեցաւ Իր նմաններուն՝ մարդոց կատարեալ վստահութիւնը:

Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ.-ը, խօսելով վստահութեան մասին, կու տայ հետեւեալ գաղափարը՝ ըսելով. «Անոր որուն նպատակը Աստուած է, իր կապին մէջ վստահելի կ՚ըլլայ Աստուծոյ, մարդոց եւ ինքն իր հետ»: Հայրապետը այս նախադասութեամբ յստակ կերպով կու տայ վստահութեան սահմանունը: Ըստ անոր, այն մարդը, որ իր կեանքին համար նպատակ ընտրած է զԱստուած, հետեւաբար այդպիսին կրնայ վստահելի ըլլալ թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ իր նմանին եւ թէ ալ ինքն իր հետ: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ զԱստուած նպատակ ունենալ: Շատ պարզ. զԱստուած նպատակ ունենալ կը նշանակէ՝ կատարել Աստուծոյ կամքը եւ ապրիլ Անոր պատուիրաններուն եւ ուսուցումներուն համաձայն: Եթէ մարդ Աստուծմով կ՚ապրի, այլ խօսքով, եթէ մարդ իր մէջ ունի ու կը զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, այդպիսին բնականաբար վստահելի կ՚ըլլայ բոլորին, որովհետեւ իր մէջ կը կրէ վստահութեան Թագաւորը:

Մարդ-մարդ վստահութիւնը, սակայն, մանաւանդ մեր օրերուն, դրական ազդեցութիւն ունենալէ աւելի, շատ յաճախ բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ, որովհետեւ մարդ արարածը սկսած է նիւթին աւելի արժէք տալ, քան հոգեւորն ու բարոյականը: Եւ, բնականաբար, երբ նիւթը սկսած է իշխել մարդու բանականութեան վրայ, այդ պատճառով մարդու ներաշխարհին մէջ սկսած են գոյանալ հակառակութիւններ, անմարդկային արարքներ ու այս բոլորին պատճառով յառաջացած է անվստահութիւն: Մարդը, որ իր բնութեամբ կոչուած է վստահելի ըլլալու Աստուծոյ եւ իր նմանին՝ մարդուն նկատմամբ, իր նիւթականացած մտածելակերպին պատճառով սկսած է հեռանալ իր արժէքներէն եւ սկզբունքներով, վերածուելով անկենդան գործիքի մը, ուր կը տիրէ միայն սեփական շահն ու հաճոյքը:

Այսպէս, ընկերութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ այլնի ղեկավարներ եւ տնօրէններ, իրենց ղեկավարած հաստատութիւններուն, կառյոցներուն եւ այլնի մէջ գործող կամ աշխատող որոշ մարդոց նկատմամբ կը տածեն անվերապահ վստահութիւն, մեկնելով այն իրողութենէն, որ անոնք իրենց ստանձնած բոլոր գործերուն մէջ իրենք զիրենք լաւագոյնս դրսեւորած են. աւելի՛ն, իրենց վստահուած բոլոր գործերը յաջողած են պսակել փայլուն եւ գերազանց յաջողութեամբ: Աւելի՛ն, այդ անհատները իրենց ղեկավարներուն վստահութիւնը շահած կ՚ըլլան իրենց ունեցած մարդկային լաւ որակներ ունենալուն պատճառով, որ կ՚արտացոլուի անոնց առօրեայի ընթացքին ցուցաբերած հոգատարութեամբ միւս աշխատողներուն նկատմամբ, ամենէն համեստ պաշտօնեայէն սկսեալ, հասնելով ամենէն բարձր պաշտօնեային:

Շատ յաճախ տածուած վստահութիւնը վերոնշեալ մարդոց նկատմամբ արդար եւ իրաւ կ՚ըլլայ, որովհետեւ անոնք իրականութեան մէջ այդպիսին են, եւ այն վարուելակերպը, զոր կը ցուցաբերեն իրենց ապրումներուն արտացոլացումն է պարզապէս եւ ոչ թէ կեղծիքի հետեւանք: Միւս կողմէ սակայն, վերոնշեալ մարդոց մէջ կ՚ըլլան այնպիսիներ, որոնք հակառակ իրենց դրսեւորած եւ ստացած վստահութեան եւ յարգանքին, իրականին մէջ այդ բոլորը կ՚ընեն պարզապէս ծածկելու համար իրենց բուն իսկութիւնը: Այդպիսիներուն համար, օրինակ, բաւարար է երբ իրենց ղեկավարը բացակայի աշխատանքի վայրէն, իրենց միւս աշխատակիցներու ներկայութեան, կը դիմեն այնպիսի արարքներու, որոնք առաջին հերթին ամօթանք է իրենց համար, եւ աւելի ահաւորը ամօթանք է՝ իրենց ղեկավարի հասցէին, որ անվերապահ կերպով վստահած է իրենց: Այդպիսիները, իրենց ղեկավարներուն բացակայութեան պարագային նոյնպէս կը դիմեն անբարոյականութեան, առանց մտածելու կամ նոյնիսկ վախը ունենալու, որ յանկարծ իրենց ղեկավարը կրնայ մտնել եւ յայտնաբերել իրենց իսկական կերպարը: Աւելի՛ն, տրուած վստահութիւնը այդպիսիները շատ յաճախ կ՚օգտագործեն ընտանեկան սրբութիւնները ոտնահարելու համար եւս: Այսպէս, նոյն հաստատութեան մէջ աշխատող երկու անձինք, յանկարծ կրնան սիրավէպի մէջ յայտնուիլ, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական ընտանիքը: Սակայն, այդ ամէնը մէկդի ձգած եւ չարաշահելով իրենց տրուած վստահութիւնը, ո՛չ միայն կը պղծեն իրենց ընտանեկան յարկերը, այլեւ՝ կը կեղտոտեն իրենց ղեկավարին բարի համբաւն ու վարկը, հակառակ անոր, որ իրենց անբարոյականութիւնը երեւան եկած չէ: Վստահութեան այսպիսի չարաշահումը ամենէն ստոր չարաշահումի կերպն է, ինչ որ մարդ կրնայ կատարել:

Տակաւին երկա՜ր է շարքը վստահութեան դիմաց ամօթ եւ անարգանք պարգեւող երեւոյթներու, որոնցմէ շատերը ընթերցողներուն կրնան յայտնի ըլլալ, որովհետեւ այդ երեւոյթները ո՛չ թէ մեզմէ հեռու են, այլ՝ մեր իսկ ապրած ընկերութեան մէջ են:

Ի վերջոյ, վստահութիւնը եղած է, որպէսզի մարդ իր կեանքը աւելի գեղեցկացնէ եւ դիւրացնէ, որպէսզի կարողանայ կատարելագործել այն կոչումը, որուն համար ինք գոյութիւն ունի: Ընտրութիւնը կը մնայ մարդուն, կա՛մ լաւագոյնս օգտագործել իրենց տածուած վստահութիւնը եւ կամ չարաշահելով զայն ամօթանք բերել ինքն իր վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ

19 Յունիս 2018

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018