ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Բ.
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ամուսնութեան օգտաւէտութիւնը առողջապահական տեսակէտէ: Պատճառները: Ազապներու հիւանդութիւնները: Ժուժկալութեան վատ հետեւանքները կնոջ վրայ: Ամուրիներու ջղային դրութիւնը: Հիստերիա եւ խելագարութիւն: Ընտանեկան կեանքի բարոյական կողմը:
Բազմաթիւ բժիշկներ այն կարծիքը յայտնած են, թէ սեռական ժուժկալութիւնը ո՛չ մէկ վնաս կը հասցնէ մարդուն, թէ մինչեւ ամուսնութիւնը պէտք է անարատ մնալ: Անկասկած, ժուժկալութիւնը ո՛չ միայն չի կրնար ոչ մէկ հիւանդութիւն յառաջացնել, այլ՝ ընդհակառակը, ազատ երիտասարդները զերծ կը պահէ զանազան հիւանդութիւններէ: Սակայն, մեր կարծիքով այդ իրաւացի է միայն մինչեւ որոշ տարիքի, քանի որ տղայի սեռական գործարանները իրենց զարգացումի վերջնական աստիճանին չեն հասած: Անկարելի է ենթադրել, որ կարգ մը կարեւորագոյն գործարաններ կրնան անգործ մնալ, առանց որեւէ կերպով ազդելու մարդու ամբողջ կազմուածքին վրայ:
Այր մարդու վերաբերմամբ այդ կարծիքը թերեւս ճշմարիտ ըլլայ, սակայն կնոջ վրայ բացառիկ ողջախոհութիւնը չի կրնար առանց հետեւանքի մնալ: Եւ, իրապէս, կնոջ սեռական գործարանները բաղկացած են շարք մը խոշոր մասերէ, որոնցմէ կարեւորագոյնը զաւակատունն է. կարելի է վստահ ըսել, թէ կինը նախ եւ առաջ ստեղծուած է որդեծնութեան համար: Անոր սեռական գործարանները չափազանց զարգացման հասած են՝ ի վնաս միւս գործարաններուն, զինք աւելի նուաստ ու թոյլ դարձնելով քան այր մարդը: Կնոջ արգանդն ու ստինքները իրենց մէջ կը կեդրոնացնեն անոր՝ այսպէս ըսած, զգայնական կարողութեան մէկ խոշոր մասը, կարծես անոր ջիղերուն գլխաւոր կեդրոնացման տեղերը ըլլան: Տեսէ՛ք, ի՛նչ կը դառնայ յղի կին մը, որուն արգանդը ապագայ երեխային սաղմը կը կրէ եւ որուն ծիծերը կաթի ճնշումէն փքուած են:
Այսպիսի կարեւոր մարմինի անդամները չեն կրնար երկար տարիներու ընթացքին անգործունեայ մնալ առանց ամբողջ կազմուածքը վտանգելու: Շարք մը ջղային խանգարումները (գրգռումը կամ ընկճումը) հետեւանք կ՚ըլլան յաճախ հասունցած կնոջ սեռային երկարատեւ ժուժկալութեան: Իւրաքանչիւր «պառաւած աղջկայ» վրայ առօրեայ հոգերէն տեսակ մը յուսահատ յոգնածութիւն, դիւրագրգռութիւն, ջղայնութեան եւ հիստերիայի երեւոյթներ կը նկատուին: Աւելի բարձր աստիճաններն են անքնութիւնը, կամ սարսափելի երազներով եւ տարփական տեսիլքներով լի քունը, յետոյ կու գան սեռական անդամներու գրգռումները, միաւորութեան անսանձ պահանջքը (սանձած, սակայն, կամքի ուժով կամ ամօթխածութենէն), յափշտակումը այն ամէն ինչով, ինչ որ տարփական է. ի վերջոյ փայտացում (քաթալեփսիա) եւ խելապակասում: Այս վերջինը հարիւր ձեւ կ՚ընդունի, -հասարակ անամօթ շարժումներէ եւ ցինիկ խօսքերէ սկսած մինչեւ զազրելի գերզգայնութիւնը, որ ֆրանսական բժիշկները կնքած են fureur uterine (արգանդային կատաղութիւն) անունով: Միջին դարերուն կիներու մենաստաններուն մէջ տարփականութեան համաճարակաները անպակաս էին,- բազմաթիւ աղջիկներ, միասին բանտարկուած, դատապարտուած ստիպողական կուսութեան, սեռական կատաղի գրգռումին մէջ տարփական տեսիլքներ կ՚ունենային: Անոնք կը պատմէին, թէ այս ինչ քահանան կամ այն ինչ գարշելի դեւը, գիշերները իրենց ննջարանը կը մտնէ ու սեռական յարաբերութիւններ կ՚ունենայ իրենց հետ, կամ իրենք կը թռչին ու Սաբբա կ՚երթան, դեւերու խնջոյքին, իսկ գիշերները զազրելի բագոսներու մէջ կ՚անցընէին: Ու կը պատմէին այս բոլոր գարշելի մանրամասնութիւններով, համեմելով վաւաշոտ շարժումներով ու զազրելի հայհոյանքներով, առանց ամչնալու, եւ որ գլխաւորն է, առանց վախնալու զարհուրելի հաւատաքննութենէն, որ հարիւրներով ու հազարներով ողջ-ողջ կ՚այրէր զանոնք այդ դիւականութեան յանցանքին համար1:
Ազապ մարդը սեփական օճախ չունենալով, «դուրս կը նետէ զինք» իր ամայի ցուրտ տունէն եւ դուրսը կը փնտռէ այն, ինչ որ կը պակսի անոր: Անկանոն եւ անժամանակեայ սնունդ զանազան հիւանդանոցներու մէջ, անկանոն ու անժամանակեայ քնանալ-արթննալը ազապին մարսողութիւնը, սիրտի ու միւս գործարաններուն կանոնաւոր գործունէութիւնը կը խանգարեն եւ հարիւր տեսակ հիւանդութիւններ կը յառաջացնեն: Միւս կողմէ տաղտկալից մինակութիւնը, անկեղծ սիրոյ եւ յարգանք անշահասէր խնամատարութեան եւ նոյնիսկ բարեկամութեան բացակայութիւնը, ի վերջոյ սեռական կեանքի անկանոնութիւնը -այս բոլորը ամուրի մարդը ջղային կը դարձնէ ու կեանքէն կը հիասթափեցնէ, անոր հոգեկան ուժերը կտրելով, ակներեւ ընելով սիրտի դատարկութիւնն ու աշխատանքի տագնապին աննպատակութիւնը: Կեանքէն այս ջղային դրութիւնը, այս հիասթափումն ու անբաւականութիւնը ամուրի մարդուն կը հասցնէ կա՛մ ծայրայեղ եսամոլութեան կամ ծայրայեղ յուսահատութեան: Խելագարութիւնը եւ ինքնասպանութիւնը աւելի յաճախ ազապներուն (մանաւանդ այրերուն) կը պատահին, քան ամուսնացածներուն մէջ: Պերտիլիոնիի համաձայն, մինչդեռ այս վերջիններէն հարիւրը անձնասպանութիւն կը գործեն, ամուրիներէն իրենք զիրենք կը սպաննեն 115-ը, իսկ այրիներէն՝ 256-ը: Նշանաւոր եւ հասկնալի երեւոյթ է այրի ինքնասպաններուն այս ահագին թիւը: Մարտէնի ըսելով, խելագարութիւնը գրեթէ երկու անգամ աւելի է ամուրիներուն մէջ, քան պսակուածներուն: (Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ, որ շատերը ուղղակի հոգեկան հիւանդութիւններու պատճառով չեն ամուսնանար):
Ընտանեկան կեանքը, ամուսիններու երկարակեացութեան նպաստելով, պահպանելով զանոնք զանազան հիւանդութիւններէ՝ ջղայնութենէ, խելագարութենէ եւ յուսահատութենէ, կը կազմէ այն բարոյականացնող հնոցը, որու մէջ կը դարբնուին-կը կոփուին աւելի տոկուն, աւելի զօրաւոր բարոյական սկզբունքներ: Պսակուած մարդը թէ կինը անհամեմատ աւելի բարոյական են, քան ամուրիները, մանաւանդ երբ ամուսիններուն կապը ամրապնդուած է զաւակի սրբազան կապով: Այսպէս, ամուսնացածներուն մէջ յանցանքներուն թիւը դարձեալ երկու անգամ աւելի քիչ է, քան ազապներունը: Իսկ յանցաւոր պսակուածներուն մէջ կը նկատուի, որ զաւակատէր ամուսինները աւելի քիչ յանցանքներ կը գործեն, քան անզաւակները, գոնէ այդ ապացուցուած է մօր վերաբերմամբ: Այլ խօսքով, ամուլ կիներու մէջ աւելի յաճախ կը պատահին քրէական յանցաւորներ, քան զաւակ ունեցողներուն մէջ, -զաւակի ներկայութիւնը աւելի բարոյական կը դարձնէ կինը:
Մինչեւ հիմա, մենք, ժողովրդագրական թիւերու վրայ հիմնուելով, աշխատեցանք ցոյց տալ ամուսնական կեանքի առաւելութիւնները: Տեսանք, որ պսակուած մարդը աւելի առողջ է, աւելի գործի ընդունակ, աւելի բարոյական: Այդ են ամուսնութեան, այսպէս ըսած, ֆիզիքական շօշափելի առաւելութիւնները:
Կայ նաեւ բարոյական կողմը, որու բարիքները ո՛չ մէկ թուանշաններով կարելի է արտայայտել:
Ամուսնական կեանքը, յետոյ երեխային ներկայութիւնը ընտանիքին մէջ, ազնուացնող եւ մարդուն մէջ իւրաքանչիւր զգացմունքը զարգացնող խթաններ են:
Մարդու գործունէութիւնը երկու աղբիւրէ կը բխի՝ մտաւոր եւ զգացողական. այլ խօսքով, ան կը գործէ կա՛մ որեւէ գաղափարի մը, կամ որեւէ հոգեկան տրամադրութեան տակ (կիրք, սէր, ատելութիւն, մոլութիւն, եւ այլն): Ընտանեական կեանքը մեծ զարկ կու տայ այս երկու ձեւի գործողութիւններուն:
Ամենէն առաջ կը նկատուի կենսուժի, գործելու ուժի աւելնալը,- ինչպէս կը նկատէ Սփենսըր:
Մարդը թէ կինը ամուսնանալով մեծ պատասխանատուութիւն մը յանձն կ՚առնեն: Անոնք ո՛չ միայն պիտի օգնեն եւ իրարու ուղեկցին կեանքի փշալից ուղիով, այլ՝ պէտք է նոր սերունդի բարօրութեան եւ երջանկութեան մասին հոգ տանին: Անոնց համար ո՛չ մէկ աշխատանք ծանր եւ ձանձրալի կը թուի մինչեւ այն աստիճան, որ իր սիրած էակներուն աւելի երջանկութիւն տալու համար մարդը աւելի կ՚աշխատի, քան իր ուժերը թոյլ կու տան անոր եւ չափազանցումի մէջ կ՚իյնայ, ի վնաս իր սեփական առողջութեան:
«Ոչինչ աւելի ընդունակ է մեղմացնելու մարդը, ազնուացնելու անոր բնաւորութիւնը, անոր ներշնչելու առողջ եւ բարձր գաղափարներ, քան էակի մը հետ ապրիլը, որուն կը սիրէ, որմէ կը փափաքի յարգուած ու սիրուած ըլլալ» (Մարտէն):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ
1 Մանրամասնութիւնները տե՛ս իմ՝ «Հիպնոտիսմ», Բ. հատոր: