ԱՂՕԹՔ

Նախորդ գրութեան մէջ խօսեցանք առանց կեղծաւորութեան աղօթելու մասին: Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնանք մեր Տիրոջ յայտնած երկրորդ միտքին, որն է ծածուկ կերպով պէտք է աղօթել:

բ) Աղօթել՝ ներքին մարդով, ծածակաբար, վստահ ըլլալով, որ ծածուկ բաները Քննողը, սիրով կը լսէ ծածուկ կերպով կատարուած աղօթքը:

Արդարեւ, Մատթէոսի աւետարանին մէջ այս ուղղութեամբ կը կարդանք Տէր Յիսուսի հետեւեալ թելադրութիւնը՝ ծածկաբար աղօթելու մասին. «Դուն երբ կ՚աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ։ Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի հատուցանէ յայտնապէս» (Մտ 6.6): Այս մի քանի տողին մէջ կը կայանայ ճի՛շդ կերպով աղօթելու գլխաւոր կերպը: Մեր Տէրը յստակ կերպով կը պատուիրէ մեզի, որ երբ մենք ուզենք աղօթել, մտնենք մեր սենեակը, փակենք մեր դռները եւ ծածկապէս աղօթենք:

Շատեր այս համարը սխալ կերպով կ՚ընկալեն կամ կ՚ըմբռնեն: Այս խումբին համար այս համարը ունի առարկայական բացատրութիւն, այսինքն՝ ֆիզիքական հասկացողութիւն: Այս խումբին պատկանողները այս համարին մէջ ըսուածը ֆիզիքապէս հասկնալով ու ըմբռնելով՝ կ՚ըսեն, թէ ըստ Տիրոջ թելադրութեան, պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սենեակը մտնէ եւ այնտեղ աղօթէ, եւ արդարեւ, կարիք չկայ ո՛չ եկեղեցի երթալու եւ ոչ ալ պատարագներու, ժամերգութիւններու եւ այլ հոգեւոր արարողութիւններու մասնակցելու: Այս խումբին պատկանողները սխալ կերպով հասկնալով Տիրոջ թելադրութիւնը՝ կ՚ըսեն, թէ Տէրը Իր այս թելադրութեամբ մեզի կը պատուիրէ, որ անձնական յարաբերութեան մէջ մտնենք Անոր հետ մեր առանձնութեան մէջ, առանց միջնորդի կամ առանց մարդոց ներկայութեան: Աւելի՛ն, այս խումբին պատկանողները ծայրայեղութեան դիմելով, նոյնիսկ կը համարձակին ըսելու, թէ Տէրը ծածկաբար՝ մեր սենեակներէն ներս աղօթելու կարեւորութիւնն ու արդիւնքն ալ յայտնեց, ըսելով, որ մեր երկնաւոր Հայրը, երբ կը տեսնէ մեր ծածուկ կերպով կատարած աղօթքը՝ մեզ կը վարձատրէ յայտնապէս: Այսքանով ալ չեն բաւարարուիր, այլ կը շարունակեն ըսելով, թէ երկնաւոր Հայրը միայն այս կերպ կատարուած աղօթքներուն է, որ կը պատասխանէ, որովհետեւ Ան չ՚ուզեր, որ մենք հրապարակայնօրէն աղօթենք՝ ի տես մարդոց, այլ՝ ծածուկ կերպով՝ ի տես Իրեն: Եւ արդարեւ, երբ հակառակինք այս թելադրութեան եւ փարիսեցիներուն նմանելով մեր աղօթքները մարդոց ի տես կատարենք, Աստուած չի՛ լսեր մեր աղօթքները, ինչպէս նաեւ չի՛ պատասխաներ մեր աղօթքներուն:

Բնականաբար, նման հասկացողութիւնը ծածկաբար աղօթելուն արդիւնքն է հաւատքի կեանքէն եւ Աստուծմէ հեռու կեանք մը ապրելուն: Այլ խօսքով, նման հասկացողութիւն մը, արդիւնք է մոլորուած միտքի մը, որ տարուլեով խաւարային միտքերու իշխանի յարձակումներէն, իրական ճանապարհէն շեղուած է, սակայն կարծելով, որ ինք տակաւին ճիշդ ճանապարհին վրայ է, ճանապարհ՝ որ կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական հանգիստ, այն ինչ իրականին մէջ այդ ճանապարհը հեշտութեամբ զինք կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կորուստ եւ տանջանք:

Տէր Յիսուսի այս թելադրութեան բո՛ւն իմաստը հետեւեալն է. մեր Տէրը թելադրելով մեզի ծածուկ կերպով աղօթել, իրականին մէջ մեզմէ այլ ինչ չէր պահաջեր, եթէ ոչ նոյնիսկ հազարաւոր մարդոց ներկայութեամբ աղօթելու ժամանակ՝ ծածկաբար աղօթենք, այսինքն՝ մտնենք մեր ներաշխարհէն ներս, հոգիով, սիրտով ու միտքով աղօթենք, անկեղծութեամբ, սիրով ու հաւատքով աղօթենք: Այլ խօսքով Տէր Յիսուսի թելադրութիւնը մեր սենեակ մտնելուն՝ ո՛չ այլ ինչ է, եթէ ոչ կտրուիլ առօրեայ աշխարհիկ հոգերէն, մտահոգութիւններէն ու փորձութիւններէն, ամբողջական սիրտով կապ ստեղծել Աստուծոյ հետ եւ աղօթել Անոր: Տակաւին, ծածուկ կերպով աղօթել կը նշանակէ նաեւ աղօթել այնպէս, որ մեր կողքինը անգամ չիմանայ, թէ մենք այդ պահուն կ՚աղօթենք, որովհետեւ աղօթքը նախ եւ առաջ ցուցադրութեան համար պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ կարեւոր նպատակի համար, որն է անկեղծ սիրտով ու հոգիով խօսիլ մեր Արարիչին հետ, փորձել լսել Անոր ձայնը, որպէսզի մեր կեանքի ընթացքին կարողանանք կատարել Անոր Սուրբ Կամքը:

Տակաւին, եթէ ուզենք այլ կերպով բացատրել մեր Տիրոջ վերոյիշեալ թելադրութիւնը. ծածուկ կերպով աղօթել թելադրելով մեզ մեր Տէրը, այդ թելադրութեամբ կարծէք մեզմէ կը պահանջէ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն դռները բանալ Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի Ան ներս մտնելով սրբագործէ զանոնք: Երբ կը կտրուինք մեր առօրեայ հոգերէն եւ դժուարութիւններէն եւ մենք մեզ կը պատրաստենք կապի մէջ մտնելու մեր Արարիչին հետ, այդպէսով մենք մեզ ներքնապէս խաղաղեցուցած կ՚ըլլանք, որպէսզի կարողանանք լաւապէ՛ս լսել մեր Տիրոջ ձայնը եւ առիթ չտալ չարին, որ խաբելով մեզ, մեզի ներկայանայ որպէս Տէր, որովհետեւ աղօթքը՝ սիրտը բանալ է Աստուծոյ դիմաց, իսկ չարը նման առիթները կ՚օգտագործէ, որպէսզի մեզ ծուղակին մէջ ձգէ: Այս ուղղութեամբ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Եթէ հոգիդ անպարկեշտ կիրքերէ մաքուր է, հետեւաբար փողոցին մէջ ըլլաս կամ ճանապարհին, դատարանին մէջ ըլլաս կամ ծովուն, հիւրանոցին մէջ ըլլաս կամ արհեստանոցին, միեւնոյնն է, ուր ալ ըլլաս, դուն կրնաս զԱստուած կանչել եւ խնդրածդ ստանալ»: Իսկ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նախորդ հայրապետ՝ լուսահոգի Շնուտա Գ. սապէս կ՚ըսէ. «Աղօթքը սիրտը բանալ է Աստուծոյ դիմաց, որպէսզի ներս մտնէ ու սրբացնէ զայն»: Արդարեւ, ծածուկ կերպով, այսինքն՝ ճիշդ կերպով աղօթքի կանգնելով, մենք Աստուծոյ առիթ կու տանք՝ մտնելու մեր սիրտերէն ներս, զանոնք սրբացնելու համար, որով հասկնալի կը դառնայ նաեւ Տիրոջ յաջորդ արտայայտութիւնը, որ կ՚ըսէ, թէ՝ «եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի հատուցանէ յայտնապէս». եւ ո՛ր հատուցումը պիտի գերազանցէ այն հատուցումը, որպէսզի մեր Արարիչը մեր սիրտը սրբացնէ, որով սրբացած սիրտերով կր դառնանք Իր արժանի զաւակները, որոնք իրենց Տիրոջ փառքը կը հիւսեն եւ իրենց առաքինի կենցաղով, առիթ կը հանդիսանան շատերուն, որպէսզի արժանանան որդեգրութեան շնորհին՝ դառնալով Աստուծոյ ճշմարիտ զաւակներ:

Արդարեւ, հրապարակաւ կատարուած աղօթքը, այսինքն՝ մարդոց ի ցուցադրութիւն կատարուած աղօթքը ո՛չ մէկ օգուտ կրնայ տալ մեզի, ընդհակառակը աւելի կը վնասէ մեր հոգիին, որովհետեւ ցուցադրութեան համար կատարուած աղօթքին հատուցումը՝ մարդոց տուած գնահատականն է, մինչ ծածկաբար կատարուած աղօթքին գնահատական տուողը՝ Ամենակարող Տէրը Ի՛նք է, որու տուած գնահատականը յաւիտենական է եւ կենդանարար, մինչ մարդոց կողմէ տրուած գնահատականը ժամանակաւոր է եւ անցողիկ:

Տակաւին, ծածուկ կերպով աղօթել կը նշանակէ զգաստութեամբ եւ արթնութեամբ աղօթել, այսինքն՝ ինքնաճանաչողութեան ոգիով աղօթել: Աղօթող հաւատացեալը, երբ զգաստ ու արթուն է, երբ ինքզինք լաւապէս կը ճանչնայ, այսինքն՝ գիտակից է իր ներքին վիճակի իսկութեան եւ չի՛ փորձեր ծածկել զայն, այլ՝ ամենայն անկեղծութեամբ իր ամբողջ ներաշխարհը կը բանայ Աստուծոյ առջեւ, այդ ժամանակ Տէրը անոր սիրտին համեմատ կու տայ, որովհետեւ «աղօթքները եթէ զգաստ եւ հաւատարիմ սիրտէ մըն են եւ անկեղծ սիրով ուղղուած են Աստուծոյ, անոնք երկինքին հիմերը կը ցնցեն» (Հայր Մաթա Ալ Մըսքին):

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան փունջ մը կը ներկայացնէ ծածուկ կերպով աղօթողներու եւ անոնց գործած սխրագործութիւններու մասին: Կարդանք. «Մովսէս մարգարէն ձայնով չէր աղօթեր, սակայն Աստուած անոր ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚աղաղակես»։ Սամուէլի մայրը՝ Աննան, շրթունքները չէր շարժեր, սակայն Աստուած լսեց անոր աղօթքը։ Եզեկիա թագաւորը, մահուան անկողինին մէջ պառկած, երեսը դէպի պատը դարձուցած, ջերմ հոգիով Աստուած աղաղակեց։ Աստուած անոր մահուան վճիռը փոխեց եւ ան առողջացաւ։ Յովնան մարգարէն կէտին փորին մէջէն աղօթեց, ողջառողջ ցամաք դուրս եկաւ, Աստուծոյ դեսպանութիւնը կատարեց։ Դանիէլ մարգարէն առիւծներու գուբին մէջէն աղօթեց եւ անվնաս դուրս եկաւ այնտեղէն։ Լուսաւորիչը Խոր Վիրապի օձերուն մէջ աղօթեց, առողջ դուրս եկաւ, ազգը լուսաւորեց»:

Երբ մարդ սակայն սխալ կերպով ծածկաբար կ՚աղօթէ, այսինքն՝ չի՛ կրնար ճիշդ յարաբերութեան մէջ մտնել իր Արարիչին հետ, այդ պարագային աղօթողը դարձեալ կը տուժէ, որովհետեւ՝ «եթէ դուն հոգեւոր աղօթքներուն հաղորդակից ըլլաս, եթէ ընդհանուր աղօթք մշակես, եթէ դէպի քեզ գրաւես Աստուծոյ օգնութիւնը, եթէ այստեղէն դուրս գաս՝ Աստուծոյ զօրութեամբ պաշտպանուած, ապա չեն համարձակիր գործ ունենալ հետդ ո՛չ սատանան, ոչ ալ չարակամ մարդիկ, որոնք կը ձգտին վիրաւորել ու զրպարտել քեզ։ Եթէ դուն տունէն փողոց դուրս գաս եւ զրկուած ըլլաս այդ զօրութենէն, ապա դիւրին թիրախ կ՚ըլլաս քեզ վիրաւորողներուն համար» (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան): Ոսկեբերան Հայրապետին հետեւեալ տողերը կարդալով, կը հասկնանք նաեւ, որ ծածուկ կերպով աղօթքը՝ հոգեւոր աղօթքն է, այսինքն՝ հոգիով կատարուած աղօթքն է, որ երբ ճիշդ կերպով կատարուի, ապա ո՛չ սատանան եւ ոչ ալ իր արբանեակները կրնան նուաճել աղօթող հոգին, մինչ երբ աղօթքը դադրի հոգիով կատարուելէ, չարը հեշտութեամբ կրնայ ջախջախել իւրաքանչիւր մարդ, որ զուրկ է հոգեւոր աղօթքէն:

Որպէս ամփոփում, կ՚ուզեմ մէջբերել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուսահոգի միաբաններէն՝ Կորիւն Արքեպիսկոպոս Պապեանի մտորումները այս նիւթին վերաբերեալ: Սրբազան հայրը կը գրէ. «Ու ահա թէ ի՛նչ կը պատուիրէ մեր Տէրը աղօթքին համար.

««Երբ դուն կ՚աղօթես, մտի՛ր սենեակդ, փակէ՛ դուռդ, եւ աղօթէ Հօրդ, ծածուկ կերպով»: Սակայն, «մտի՛ր սենեակդ եւ փակէ դուռդ» բացատրութիւնը պէտք չէ առնել տառացիօրէն, լոկ առանձնացած ու շրջապատի մարդերէն ֆիզիքապէս կտրուած վիճակ մը, այլ՝ պէտք է զայն հասկնալ իր փոխաբերական իմաստին մէջ. որովհետեւ, մարդ կրնայ իսկապէս իր նմաններէն ֆիզիքապէս հեռացած ըլլալ, բայց հոգիով կրնայ կապուած զգալ ինքզինք անոնց: Արդ, «մո՛ւտ ի սենեակ քո» կը նշանակէ, կտրուէ՛ արտաքին աշխարհէն, խորասուզուէ՛ հոգիիդ ներքին խորաններուն մէջ, զգա՛, ապրէ՛ միայն Աստուծոյ ներկայութիւնը մէջդ, որովհետեւ, աղօթքը հոգեւոր կեանքի ամենէն սրբազան վայրկեանն է, երբ մարդ ուղղակիօրէն դէմ յանդիման կը գտնուի իր Տիրոջ հետ. որովհետեւ, ան միտքին ու հոգիին ամբողջական վերացումն է առ Աստուած եւ մտերիմ յարաբերութիւնը տկար ու միշտ օգնութեան կարօտ արարածին ու Ամենակարող Արարիչին միջեւ: Աղօթքը, քրիստոնէական իմացումով, լուսեղէն ու երկնաճեմ ճամբայ մըն է, որ զմեզ կը միացնէ ու մասնակից կ՚ընէ աստուածային յաւիտենապէս երանեալ կեանքին:

«Ուրեմն, աղօթել, ո՛չ թէ հրապարակներու վրայ, կամ բարձրաձայն՝ ի ցոյց մարդկանց. այլ՝ աղօթել բոլորէն անտեսանելի, խորասուզուած դէպի ներաշխարհ եւ վերացած առ Աստուած»:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

շար. 2

Վաղարշապատ, 16 յուլիս 2018

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018