ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՍՊԻՏԱԿ ՁԵՌՆՈՑՆԵՐԸ
Արաբ Հերակլ Պուարոն վերադարձաւ իր գրասենեակ յոգնած, ու հարցուց իր քարտուղարուհիին՝ Ֆաթմային, թէ իր բացակայութեան ոեւէ մէկը հարցուցա՞ծ էր իր մասին, ու ան հերքեց այդ: Ան անտարբերութեամբ թերթատեց իրեն հասած նամակներն ու հեռագիրները, ապա մէկ կողմ դրաւ՝ անոնց մէջ կարեւոր բան չըլլալուն համար, ապա պառկեցաւ իր սովորական բազմոցին վրայ, իր ոտքերը կօշիկներով երկարեց թերթերու, շաբթական թէ ամսական պարբերականներուն վրայ, որոնք այդ առաւօտ լոյս տեսած էին, ու սկսաւ ծխախոտին ծուխը օդին մէջ փչել, մինչ կ՚երազէր մեծ դատին մասին, որ կը ցնցէր հասարակական կարծիքը… Այդ կը փրկէր զինք իր երկարամեայ յանցաւոր անգործութենէն ու իրեն կը վերադարձնէր իր նշանաւոր անունը եւ համբաւը, որպէսզի ամենէն փայլուն խուզարկու մասնաւոր մասնագէտ՝ յանցագործութեան եւ յանցագործներու աշխարհին մէջ:
Յանկարծ, հեռաձայնի զանգը հնչեց, յամառ զանգով, ուստի ան վերցուց հեռաձայնը, նստաւ իր աթոռին վրայ՝ ուրախ տեսք մը ստանալով ու խօսելով.
Ձայնը. խնդրեմ պարոն արաբ Հերակլ Պուարոն:
Պուարօ. ի՛նքն է անձամբ:
Ձայնը. պարոն, ես Արեւելք ընկերութեան դանդաղ գնացքի վերաքննիչն եմ: Այս առաւօտ ուղեւորներէն մէկը սպաննուած գտանք եւ օգնութեանդ կարիքն ունիմ՝ ձերբակալելու համար մեղաւորին:
Պուարօ. ո՞վ է սպաննուածը:
Ձայնը. յայտնի չէ:
Պուարօ. իր իրերուն կամ գրպաններուն մէջ բան մը չգտա՞ք, որպէսզի փաստէ անոր ո՛վ ըլլալը:
Ձայնը. ո՛չ մէկ կարեւոր բան գտանք, բայցի Պաղեստինի մաշուած քարտէսէ մը:
Պուարօ. իսկ մի՞ւս ուղեւորները:
Ձայնը. մեծամասնութիւնը արաբ են:
Պուարօ. ի՞նչ կ՚ընեն հիմա:
Ձայնը. կը նախատեն զինք:
Պուարօ. անմիջապէս կու գամ: Մի՛ ձգեր, որ ոեւէ մէկը գնացքը լքէ:
Ճամբորդներու մեծամասնութեան հաւաքուելուն պատճառով սպաննուածի դիակին վրայ, համբուրելու եւ շոյելու անոր ճակատը ու արցունք թափելու անոր կուրծքին վրայ, Արաբ Հերակլ Պուարոն չյաջողեցաւ ուշադրութիւն գրաւել իր գալուստով, ինչպէս նաեւ իր հրամանները՝ լուռ եւ հանդարտ մնալու, որպէսզի իր աշխատանքին սկսի, ապարդիւն անցան՝ վրէժխնդրութեան գոռոցներու, ուշաթափութիւններու, հագուստներ պատռելու, երկու բազուկներով կուրծքերը ծեծելու եւ զոհուածին բարի կողմերը թուարկելու մէջ. ինչպէս օրինակ՝ տան սիւն, սիրոյ կամուջ, վերադարձի կամուրջ, մեր երիտասարդներուն ծաղիկը, մեր պայքարի պահապան:
Այդ պատճառով, օգտագործեց այս առիթը եւ վերաքննիչը առնելով մէկ կողմ քաշուեցաւ:
Պուարօ. ո՞ր նստարանին նստած էր:
Վերահսկաիչը. իրականութեան մէջ յատուկ նստարան մը չունէր: Մէյ մը այստեղ կը նստէր, մէյ մը այնտեղ, մինչեւ որ միջանցք հասաւ, ուր հիմա իր յաւիտենական քունով կը քնանայ: Ան թէ՛ իր կեանքի ընթացքին եւ թէ մահացած վիճակով կեանքի ընթացքը կը խանգարէ, ինչպէս կը տեսնես:
Պուարօ. զարմանալի: Ո՛չ մատնահետքեր, ո՛չ բռնութեան հետքեր: Ո՛չ մէկ մազ, ո՛չ ալ ծխախոտի մոխիր:
Ուղեւոր մը. մենք չենք ծխեր: Ծխելը կը վնասէ առողջութեան:
Պուարօ. ո՞վ է այն մարդը, որ պառկած է սպաննուածի կողքին:
Վերաքննիչը. չեմ գիտեր, սակայն կ՚ըսէ, թէ կ՚ուզէ անոր հետ թաղուիլ:
Պուարօ. հէ՜յ, դուն, կանգնիր եւ նստարանդ վերադարձիր:
Ուղեւորը. անկարելի է: Կ՚ուզեմ անոր հետ թաղուիլ: Փորիչ մը եւ թի մը տուէք: Իրմէ ետք այլեւս չեմ կրնար ապրիլ:
Պուարօ. ո՞ւր էիր երբ դիակը յայտնաբերուեցաւ:
Ուղեւորը. նստարանիս նստած էի, Պաղեստինի ալիքը կը լսէի: Ո՜հ, իմ սիրելիս, ի՜մ Պաղեստին:
Պուարօ. իսկ դո՞ւն:
Ուրիշ ուղեւոր մը. Մահմուտ Տարուիշի1 «Պաղեստինէն սիրահար մը» գիրքը կը կարդայի:
Պուարօ. իսկ դո՞ւն:
Ուրիշ ուղեւոր մը. Ահմատ Տահպուրի2 «Պաղեստինցի տղան» գիրքը կը կարդայի:
Պուարօ. իսկ դո՞ւն:
Ուրիշ ուղեւոր մը. լրագրողական հետաքննութիւն մը կը կարդայի, արաբական տարածքներէն ներս Իսրայէլի կատարած ցեղապաշտական գործողութիւններու մասին: Ա՜խ, ինչքան պիտի դիմանայ այս ժողովուրդը։
Պուարօ. իսկ դո՞ւն:
Ուրիշ ուղեւոր մը. Ֆէյրուզի3 «Կը վերադառնանք» երգը կը լսէի:
Պուարօ. իսկ դուն, դէպքի գիշերը ե՞րբ քնացար:
Ուրիշ ուղեւոր մը. լոյսերու մարելու ժամին, ես շատ կանոնաւոր եմ եւ անմիջապէս սկսայ Եաֆայի ու Հայֆայի նարինջը երազել:
Պուարօ. անոր երազները հետաքննութեան տարէ՛ք:
Վերաքննիչը. անմիջապէ՛ս, պարոն:
Պուարօ. իսկ դուն, դէպքի գիշերը ե՞րբ քնացար:
Վերաքննիչը. պարոն, ասիկա ձախակողմեան է, չի՛ քնանար եւ ո՛չ ոքի կը ձգէ որ քնանայ:
Պուարօ. իսկ ո՞վ անիկա, որ գնացքի վերջաւորութեան կանգնած է ու իր կռնակը կը քերէ պատերուն եւ բռնակներուն:
Վերաքննիչը. քաղաքականպէս քոսացած մըն է: Ո՛չ ոք կը մօտենայ անոր եւ ինք ո՛չ ոքի կը մօտենայ:
Պուարօ. իսկ անիկա որ ուռած դէմքով փլած է գետնին:
Վերաքննիչը. ուշաթափած է:
Պուարօ. սոխ մը դրէք քթին առջեւ, որ հոտը առնէ:
Վերաքննիչը. սոխ, հող, նարինջ եւ ինչ բան որ ուշքի կը բերէ հոտոտալ տուինք իրեն, բայց առանց արդիւնքի: Սակայն, երբ իր պաշտօնակիցներէն մէկը վճարագրի տետրակը հոտոտալ տուաւ անոր՝ արթնցաւ:
Պուարօ. հէ՜յ, դուն, ի՞նչ ըրիր, երբ դէպքի մասին լսեցիր:
Ուրիշ ուղեւոր մը. անմիջապէս կոչ ըրի մեզ բաժանող բաները մէկ կողմ դնել, մոռնալ տարբերութիւնները եւ ուժերը կեդրոնացնել:
Պուարօ. իսկ դո՞ւն:
Ուրիշ ուղեւոր մը. արցունքները հոսեցան աչքերէս եւ մինչեւ հիմա չեն կանգնած եւ պիտի չկանգնին ալ, մինչեւ որ որճրագործը չյայտնաբերուի եւ իր արդար պատիժը չստանայ:
Պուարօ. 25 տարի առաջ այս օրը, ի՞նչ ընթրեցիր:
Ուղեւորը. այդ ի՞նչ կապ ունի այս դէպքին հետ:
Պուարօ. ես կը հարցնեմ, իսկ դուն կը պատասխանես:
Ուղեւորը. այդ օրերուն չէինք ընթրեր:
Պուարօ. ինչո՞ւ:
Ուղեւորը. դժուարին օրեր էին, պարոն:
Պուարօ. ի՞նչ կ՚աշխատէիր:
Ուղեւորը. դրամատուներէն մէկուն մէջ սովորական պաշտօնեայ մըն էի:
Պուարօ. իսկ հիմա՞:
Ուղեւորը. դրամատուն ունիմ:
Պուարօ. ինչպէ՞ս հասար այս վիճակիդ:
Ուղեւորը. մօրս աղօթքներով:
Պուարօ. իսկ դուն, ի՞նչ է մասնագիտութիւնդ:
Ուրիշ ուղեւոր մը. պարոն, ես պարզ պաշտօնեայ մըն եմ հասարակական գործերու մէջ:
Պուարօ. ասիկա առաջի՞ն անգամն է, որ գնացքով կը ճամբորդես:
Ուղեւորը. եւ վերջին անգամը: Եւ ասկէ ետք անձնական օդանաւէս բացի ուրիշ բանով պիտի չճամբորդեմ:
Պուարօ. անձնական օդանա՞ւ ունիս: Ուրկէ՞ քեզի այդքան դրամ, որ անձնական օդանաւ գնես:
Ուղեւորը. ամսականէս, պարոն:
Պուարօ. ուրկէ՞ այդքան դրամ բերիր:
Ուղեւորը. իրականութեան մէջ, փաստօրէն, այս ծանր պայմաններուն մէջ…
Պուարօ. կը բաւէ՛, կը բաւէ՛: Ինչպէ՞ս էր ձեր յարաբերութիւնը սպաննուածին հետ:
Ուղեւորը. եղբայրական, պարոն: Մեր զրոյցները, հանդիպումները եւ ընթրիքները եղբայրական էին: Նոյնիսկ, մենք բոլորս «Քարամազով եղբայրները» հեքիաթը կը կարդայինք:
***
Կարելի եղածին չափ տեղեկութիւններ հաւաքելէ ետք առանձնացաւ վերաքննիչը սենեակէն ներս, ու սկսաւ իր հետաքննութիւնները կատարել՝ անելէ մը ուրիշ անելի մը երթալով: Յանկարծ, իր միտքին մէջ մտածում մը փայլատակեց, որ նոյնիսկ իր գլուխին մազեր կանգնեցան ատոր համար. Ակաթա Քրիսթիի «Արեւելք ընկերութեան արագ գնացքին մէջ՝ ոճրագործութիւն» պատմութիւնը յիշեց, որու մէջ զոհուածին դիակին վրայ դանակներու հարուածները կը համապատասխանէին գնացքի ուղեւորներու թիւին, եւ անմիջապէս դուրս եկաւ սենեակէն եւ կրկնեց փորձը: Եւ երբ յայտնաբերեց, թէ գնացքի ուղեւորներուն թիւը կը համապատասխանէ զոհի դիակին վրայ եղող հարուածներու հաշիւին, կայծակնահար եղաւ ու շտապեց փախչիլ գնացքէն, պոռալով. աչքերուս պիտի չհաւատամ, ականջիս պիտի չհաւատամ: Ասկէ ետք աշխատանքի պիտի չերթամ, տուն պիտի չվերադառնամ, պարտքերս պիտի չվճարեմ, փոքրիկներս մանկապարտէզ պիտի չղրկեմ: Ապու Սալման4 եւ վերադարձի ուրիշ շէյխեր իրենց գերեզմաններէն ելլեն ու մանկապարտէզ երթան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 33
Վաղարշապատ
1 Պաղեստինցի եւ արաբ ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը (13 մարտ 1941-9 օգոստոս 2008): Իր անունը կապուած է յեղափոխութեան եւ հայրենիքի հետ: Տարուիշը կը համարուի ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը, որ նպաստած է արաբական արդի բանաստեղծութեան զարգացումին՝ անոր մէջ խորհրդապաշտութիւն մտցնելով:
2 Պաղեստինցի բանաստեղծ (21 ապրիլ 1946-8 ապրիլ 2017): 1948-ին անոր ընտանիքը գաղթած է Լիբանան, ապա Սուրիոյ Հոմս քաղաքը: Ղասան Զաքթան բանաստեղծը զինք նկարագրած է, թէ «ան պաղեստինեան ժամանակակից բանաստեղծութեան ամենէն կարեւոր հիմանդիրներէն մէկն է»:
3 Լիբանանցի նշանաւոր երգչուհի: Բուն անունով Նուհատ Հատատ, որ ծանօթ է աշխարհին Ֆէյրուզ անունով: Ծնած է 21 նոյեմբեր 1934-ին: Մինչ օրս կ՚ապրի Լիբանանի մէջ:
4 Ապըտ ալ-Քարիմ ալ-Քարմի (1909-11 հոկտեմբեր 1980), յայտնի է նաեւ Ապու Սալմա եւ Պաղեստինի ձիթապտուղ անուններով, պաղեստինցի բանաստեղծ, մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ: Կը համարուի արաբ ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը, որ նաեւ միջազգային համբաւ ալ ունեցած է: