Անդրէաս Արծրունի Հայ Մեծ Գիտնականը. Երկրաբան, Հանքագէտ Եւ Մետաղագէտ
10 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, 51 տարեկանին Գերմանիոյ Հոհենհոնոֆ քաղաքին մէջ մահացաւ հայոց հինաւուրց Արծրունի տոհմին վերջին շառաւիղներէն Անդրէաս Երեմիայի Արծրունի (1847-1898):
Համաշխարհային հռչակով մեծ գիտնական է Անդրէաս Արծրունի՝ երկրաբան, հանքագէտ եւ մետաղագէտ, որուն անունով կը ճանչցուին հրաբխային կազմաւորումներու վերաբերեալ շարք մը տեսութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ոսկեայ եւ թանկագին քարերու տեսակներ:
Ծնած է 15 նոյեմբեր 1847-ին: Թէեւ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը իբրեւ ծննդավայր կը յիշատակէ Մոսկուան, բայց ինչպէս որ գերմանական եւ ամերիկեան աղբիւրներն ալ կը հաստատեն, Ա. Արծրունի ծնած է Թիֆլիզ եւ եղբայրն է հայ քաղաքական մտքի մեծանուն ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Արծրունիի, որուն թիֆլիզեան «Մշակ» թերթը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ազգային ազատագրական շարժման զարթօնքին մէջ:
Համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի, Դորպատի եւ Հայտելպերկի համալսարաններուն մէջ: 1871-ին աւարտած է Հայտելպերկի համալսարանը՝ քիմիագէտի բարձրագոյն կոչումով:
Թէեւ մեծարժէք հայ գիտնականը բախ-տը չունեցաւ երկար ապրելու, բայց անուանի դասախօս եղաւ գերմանական հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ՝ փնտռուած դասախօսութիւններ կարդալով երկրաբանութեան, հանքագիտութեան եւ յատկապէս մետաղագիտութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ:
Նաեւ՝ գործնապէս ու հողի վրայ գիտական հետազօտութիւններ կատարող գիտնականը եղաւ Ա. Արծրունի, որ համապատասխան արշաւախումբեր կազմակերպեց ոչ միայն Ուրալի շրջաններուն մէջ, այլեւ՝ Հարաւային Կովկասի տարածքին ու յատկապէս ի Հայաստան: Ա. Արծրունի գիտական արշաւախումբեր կազմակերպեց նաեւ դէպի Ափրիկէ՝ հասնելով մինչեւ Հարաւային Ափրիկէի հանքերը: Հանքային մետաղ մը իր անունը (Արծրունիտ) կը կրէ, եւ իր գիտական յայտնագործումներէն շատեր նոր ուղղութիւն բացին երկրաբանութեան, քիմիագիտութեան եւ, մանաւանդ, մետաղագիտութեան մարզերէն ներս: Իր գիտական յայտնութիւններուն առ ի գնահատանք՝ ան պատուոյ եւ թղթակից անդամի կոչումներու արժանացաւ գերմանական եւ եւրոպական շարք մը գիտութիւններու ակադեմիաներու կողմէ, իսկ 1895-ին ստացաւ Ս. Փեթերսպուրկի գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամի աստիճան:
Առաւելաբար Գերմանիոյ մէջ ապրելով եւ իր գիտահետազօտական աշխատանքները կատարելով՝ Անդրէաս Արծրունիի գիտնականի համբաւը յատկապէս Գերմանիոյ մէջ եւ գերմանացիներու ճամբով աշխարհով մէկ տարածուեցաւ, այն աստիճան, որ միջազգային գիտական հանդէսներու կողմէ ան երբեմն կը յիշատակուի իբրեւ գերմանացի գիտնական:
Բայց հայ իրականութենէն կտրուած մարդ չեղաւ Ա. Արծրունի՝ ողջ կեանքը գիտական հետազօտութեանց նուիրելով հանդերձ: Եղբօր՝ Գրիգոր Արծրունիի հետ ազգային քաղաքական հայեացքներով սերտ կապի մէջ մնաց եւ անոր մահէն ետք, 1895-էն մինչեւ 1898-ի իր վաղաժամ մահը, անուանապէս արտօնատէրն ու հրատարակիչը դարձաւ «Մշակ»ի: Նաեւ՝ երկու տարբեր առիթներով, առաջինը 1873-1875-ին եւ երկրորդը՝ 1892-ին, Ա. Արծրունի երկու մեծ արշաւախումբեր կազմակերպեց դէպի Հայաստան, հայրենի երկրաբանական կառուցուածքը եւ հանքային նիւթերը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար:
1894-ին ան բարձրացաւ փոքր Մասիսի գագաթը եւ առաջինը եղաւ, որ իջաւ մարած հրաբուխի խառնարանը՝ իր հետազօտութիւնները ամբողջական դարձնելու նպատակով: Ան հերքեց մինչ այդ տարածուած գիտական այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի հրաբուխները ուղղաձիգ տեղադիրք ունին: Նաեւ՝ Վանայ լիճի մակարդակի տատանումները բացատրեց երկրաբանական գործօններով, եւ իր տեսական այդ մօտեցումը կէս դար յետոյ գիտականօրէն հաստատուեցաւ:
Վերջապէս Անդրէաս Արծրունի ի՛նք եղաւ, որ 1890-ականներուն նախատեսեց Դիլիջանի ապագան՝ իբրեւ առողջարանային կարեւոր կեդրոնի:
Գերմանական «Մետաղագիտական Հանդէս»ը, իր 12-րդ հատորով, յատուկ մահագրութեամբ մը, Անդրէաս Արծրունին կ՚արժանացնէ մեծարժէք գիտնականի կոչումին: Կ՚ընդգծէ, որ հայ-ըգիտնականը հեղինակ էր աւելի քան յիսուն արժէքաւոր աշխատասիրութիւններու, որոնք գերմաներէնով, ռուսերէնով եւ իտալերէնով հրատարակուած են գիտական հեղինակաւոր հանդէսներու մէջ, ներառեալ՝ «Մետաղագիտական Հանդէս»ը: Կը շեշտէ, որ երկու հանքային մետաղներ՝ groddeckite եւ utahite առաջին անգամ գիտականօրէն յայտնաբերուած ու նկարագրուած են Անդրէաս Արծրունիի կողմէ: Կ՚ընդգծէ նաեւ, որ երրորդ մետաղի մը (chilian) գիտական յայտնագործումը, որուն վրայ Անդրէաս Արծրունի կ՚աշխատէր 1895-1896-ի ձմեռը, Բրիտանական Կինէայի մէջ, չկրցաւ իր աւարտին հասցնել, որովհետեւ տասնամեակներու իր տքն անկողին գամեց զինք: Ստիպուեցաւ ապաքինման համար երկար ժամանակով մնալ Զուիցերիոյ Ռայնի առողջարանները եւ մահացաւ 10 սեպտեմբեր 1898-ին ու փոխադրուեցաւ Թիֆլիզ՝ թաղուելու համար իր ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Մեծանուն հայ գիտնականը իր ետին թողուց նաեւ երկու հիմնական աշխատասիրութիւններ, որոնք բազմաթիւ հրատարակութեանց արժանացած են եւ իրենց բնագաւառին մէջ կը նկատուին դասական արժէքով գործեր: Առաջինը 1883-ին լոյս տեսած «Բիւրեղներու քիմիական բաղադրութեան եւ անոնց քիմիական ու ֆիզիքական յատկութիւններու կապը» անունով աշխատասիրութիւնն է, երկրորդը «Բիւրեղներու ֆիզիքական քիմիան» կը կոչուի եւ լոյս տեսած է 1893-ին:
Իսկ Գերմանիոյ Ախենի համալսարանին Բազմարհեստից կաճառի (փոլիթեքնիք) շէնքի մուտքին, ուր երկար տարիներ դասախօսեց եւ հետազօտական աշխատանք կատարեց հայ գիտնականը, առ ի գնահատանք անոր մեծ ներդրումին՝ կանգնեցուած է Անդրէաս Արծրունիի կիսանդրին:
Մարդ, որ իր գիտութեամբ եւ գործով իւրովի փայլք աւելցուց հայ անունին վրայ:
Նաեւ ու մանաւա՛նդ ՀԱՅ մարդ, որ գաղափարական խոր պաշտամունքով փարեցաւ իր եղբօր՝ Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ» թերթին՝ անոր մէջ տեսնելով հայութեան ազգային զարթօնքին եւ գաղափարական վերանորոգումին կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը:
Այդ առումով, «Մշակ»ին եւ անոր օրինակով գաղափարական կոչումի տէր մամուլին վերաբերեալ Անդրէաս Արծրունիի մտորումները ուղեցոյց կրնան հանդիսանալ մերօրեայ հայ մամուլին համար.
«Ընթերցողները կը հասկանան, որ «Մշակ»ը ուժ է, որ՝ նա չի շողոքորթում հասարակութեանը, որ՝ նա իր կարծիքից եւ ուղղութիւնից չէ շեղւում, եւ ոչ թէ իր օգուտն ունի աչքի առաջ, այլ՝ հասարակաց օգուտը, եւ որ՝ որքան եւ դառն լինեն ճշմարտութիւնները, «Մշակ»ը դրանց ուղիղ երեսին է ասում՝ արդար եւ ազնիւ վարուելով, բարձր պահելով իր դրօշակը, որ արդարութեան, ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան դրօշակն է»:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ