ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21-ԷՆ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 27

Սոյն թուականի սեպտեմբերի 17-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանի դիմակաւոր ու զինեալ ծառայողներ Որոտանի ճամբուն վրայ կեցուցած են՝ 15-16 տարեկան ֆութպոլ խաղացող արցախցի պատանիներ փոխադրող հանրաշարժ մը։ Դիմակաւոր զինուորները հանրաշարժը 10-15 վայրկեան պահելով, պատանիները վիրաւորած, հայերը սպաննելու ատելութեան կոչեր հնչեցուցած, անոնց «Արցախը Ատրպէյճան է» հասկցուցած ու յատուկ տեսանիւթեր գտնելու պատրուակով անոնց հեռախօսները ստուգած են։ Այդ ընթացքին նաեւ հանրաշարժի վրայի Արցախի դրօշակը դանակով քերած ու ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն մէջ հպարտութեամբ հրապարակած են՝ տեսախցիկէն իրենց երեսները թաքցնող հայ պատանիները ահաբեկելու յաղթական տեսանիւթը...

Շնորհաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակ։

Այս քանի մը վայրկեանները դիտելէ վերջ հպարտութիւն առթող որեւէ երեւոյթ բաւարար պիտի չըլլայ իմ կախուած գլուխս բարձրացնելու։

Առաջին անգամը չէ՛ անշուշտ, որ նման՝ ատրպէյճանցի զինուորականի մը կողմէ հայու վրայ գործադրուած ահաբեկում, վիրաւորանք կամ խոշտանգում մը կը տեսնեմ, բայց առաջին անգամն է, որ կ՚արտայայտուիմ, որովհետեւ «զոհերուն» դեռ պատանի ըլլալն է, որ զիս առաւելաբար խոցեց։

Նոյն տրամադրութեամբ պիտի շարունակե՞ն ֆութպոլ խաղալ այս տղաները «իրենց» հողերուն վրայ...

Չեմ խօսիր այլեւս բանտարկուած գերիներուն, անհետ կորսուածներուն, պատերազմի զոհերուն ելլող-իջնող, դեռ պաշտօնապէս չհաստատուած թիւին ու տակաւին հոս-հոն որոնումներու ընթացքին գտնուած աճիւններուն  մասին։ Անոնք գացին, անմահացան, մնացինք մենք, այս պատանիները՝ ապրելու, այս օրերը տեսնելու եւ շարունակելու։

Շարունակենք ուրեմն։

Հետեւողները գիտեն, որ անթիւ են այլեւս՝ ամիսներէ ի վեր ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ներկայութեան պատճառով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ եւ սահմանէն ներս օրէնքներու, մարդկանց կեանքի ու ազատ շարժելու իրաւունքներու խախտման փաստերը:

«Հետեւողները» ըսի, որովհետեւ գիտեմ, որ շատեր այս եղածներուն ծանրութիւնը հոգեպէս շալկելու անկարող ըլլալնուն համար կամովին ընտրած են չհետեւիլ, չտեղեկանալ ու չազդուիլ, որպէսզի կարենան շարունակել. յարգելի ընտրութիւն է, անկասկած, բայց անոնց չազդուիլն ու շարունակելը կամ այդպէս ձեւացնելը, որ հաւանաբար աւելի դժուար է իրականութեան հետ առերեսուելէն, այս ու այլ իրողութիւններուն պատահիլը չի՛ հերքեր։

Անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան, օրինակ, Սեւ լիճի տարածքին մէջ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու անօրէն ներկայութիւնը անվտանգային խնդիրներ կ՚առաջացնէ շրջակայ՝ ատրպէյճանցի զինուորներու արձակած կրակոցներու թիրախ բնակավայրերուն մէջ։ Աւելին, մարդիկ չեն կրնար զբաղիլ անասնապահութեամբ, որ իրենց ընտանիքներու եկամուտի աղբիւրն է։ Գեղարքունիքի մէջ այլեւս կը դժուարանան եղջերաւոր կենդանիները պահել արօտավայրերուն մօտիկ գոմերու մէջ, ատոնց ջուր խմցնել կամ արածել, քանի որ վտանգուած է ջրային պաշարներու հասանելիութիւնը ո՛չ միայն Սիւնիքի, այլեւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Դեռ աւելին, կան ջուրէ զրկուած գիւղեր, դեռեւս Խորհրդային շրջանէն իրենց պատկանող տուներէն, հողատարածքներէն, խոտհարքերէն զրկուած ընտանիքներ... լուրջ խնդիրներ, որոնց մասին Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր աւարտած իւրաքանչիւր ակնարկին տակ կ՚արձանագրէ փոխանցել պետութեան պատկան մարմիններուն, բայց...

Դեռ... պարսկական բեռնատար մեքենաներէն որպէս հարկ գանձուած գումարները, բարեացակամօրէն բացուած օդային ճանապարհը, Արցախի Հանրապետութեան տօնին Արցախ չայցելած Հայաստանի ղեկավարները, պարտութիւնը կարծես ընդունած եւ անոր յաջորդող ու յաջորդելիք բոլոր զիջումներուն պատրաստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որուն զիրար լսելու հանդուրժողականութիւն չունեցող պատգամաւորները պարգեւավճար ստացան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով։

Շնորհաւոր անկախութեան 30-ամեակ։

Իրականութիւններ են ասոնք եւ այլք։  

Դարեր շարունակ պետականութիւն կորսնցնող հայ ժողովուրդին համար 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին ծնած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Արագածի կատարէն կախուած, աշխարհին լոյս տուող Լուսաւորչի կանթեղը, Ոսկեդարի մեր մատենագիր նախնեաց մեզի աւանդած ու ճանչցուցած, Սուրբ Արարատին շուրջ բոլորուած հայկական լեռնաշխարհը, մեր երակներուն մէջ հոսող հայկազեան արիւնը, ազգային մեր ինքնութիւնը, չորս ծագերուն խաղաղութիւն աւետող մեր անդաստանը, աշխարհի որեւէ անկիւն հանդիպելիք երկու հայերուն կերտելիք հայրենիքը...

Ասոնք ալ իրականութիւն չե՞ն։

Եթէ «չեն»ը փոխեմ «չէին»ի, շատերու պէս յուսահատ պիտի ըլլամ եւ ուրիշ շատեր ալ «մի՛ յուսահատիք» պիտի ըսեն մեզի...

Ցաւօք, երկու իրերամերժ իրականութիւններու բարձունքներուն միջեւ տարածուած տառապանքի հովիտին մէջ ինքզինքս խաբելով չեմ կրնար ըսել «յուսահատ չեմ», բայց կրնամ վստահեցնել՝ «յուսահատներէն մի՛ վախնաք»։

Մի՛ վախնաք այս բոլորը ապրելով յուսալքուող, բայց ոչինչ մոռցողներէն, քանի որ յիշողութեան կորուստն ու թէկուզ թմրութիւնն է, որ սարսափելի է իսկապէս...

Տօները կու գան, եկան, կ՚անցնին, պիտի անցնին, ամեակները պիտի սահին, պիտի մնան ֆութպոլ խաղացող վիրաւոր այդ պատանիները, հին ու նոր հազարաւոր զոհերուն զաւակները, Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ պատրաստուող, հայերէն սորվող, բայց օտար լեզուով մտածող ու արտայայտուող աշխարհաքաղաքացի մեր զաւակները, որոնց պարտաւո՛ր ենք հաւատեաւ փոխանցել մեզի աւանդուած բոլոր իրականութիւնները, մեր ծնողներուն եւ դասատուներուն ըրածին պէս՝ զանոնք անոնց հոգիներուն անջնջելիօրէն փորագրել, որպէսզի չմոռնան, մի՛շտ յիշեն ու ապագայի ըլլալիքները այդ յիշողութեամբ ընկալեն, գործեն, տքնին, մաքառին...

Յիշելով ապրին ու յաջորդները ապրեցնեն։

ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021