Ո՛Չ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ «ԺԵԽ» ՉԷ

Խորքին մէջ չեմ ալ գիտեր, ոչ ալ կ՚ուզեմ իմանալ այս «ժեխ» բառին արմատները։ Գիտեմ միայն, քաջ գիտեմ, որ քստմնելի բառ մըն է, որ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ այն պահերուն, երբ քաղաքական հարթակի վրայ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն անճարակութեան եւ կամ վերատադրուելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրուիլ փորձուեցաւ Հայաստանի ժողովուրդի ուսերուն։ Ու թացը չորին հետ այրելու քաղաքականութեան հետեւանք այս մօտեցումը, ցաւօք, տեղ գտաւ տարբեր հարթակներու վրայ՝ կարծելով, թէ այդ կերպ կարելի պիտի ըլլայ բարւոք եւ յաջող կերպով իշխանափոխութիւն մը իրականացնել։ Իրօք, ո՞վ չի գիտեր, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները բոլոր առումներով եւ առարկայական պատճառներով տապալած են իրենց առաքելութեան մէջ։

Այլ հարց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընկալել այդ առաքելութիւնը կամ նոյնիսկ այլ խնդիր, թէ այսօրուայ դրութեամբ եւ արդէն ամէն օր աւելիով մաշող իշխանութիւնները ի՞նչ կը հասկնային այդ առաքելութիւն ըսուածով։ Ու այս բոլորէն անդին սխալ ընկալումներով ճամբայ ելած այս լոզունգը, որ խորքին մէջ պէտք է դառնար գաղտնաբառ, երբեք չծառայեց իր նպատակին, այլ աւելիով ամրապնդեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր իշխանախումբի դիրքերը։

Նախքան ժողովուրդը պաշտպանելու կամ այս տառապած ու փառապանծ ժողովուրդին մասին կարեւոր նշմարներ կատարելու, հարկ է նշել, որ հասարակութեան մէջ՝ մանաւանդ առողջ հասարակութեան պարագային, միշտ ալ պէտք է յարգել մեծամասնութեան որոշումը։ Եթէ նոյնիսկ խոցելի է այդ որոշումը, նոյնպէս ալ անընդուելի է այդ հասարակութեան դէմ կռիւ տալու դրոյթները, կամ զայն դաւաճան, անխելք ու նոյնիսկ «ժեխ» անուանելը։

Հասարակութիւնը մեզմէ աւելի իմաստուն է։

Այս մօտեցումը ո՛չ մունետիկի, ո՛չ ալ դատավճիռի պէտք ունի եւ պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն ալ փաստուած է, թէ ժողովուրդի խոհեմութիւնը, անոր բնազդային իմաստութիւնը հողին մէջ աւելի խորունկ արմատներ ունի։ Այստեղ խօսելով այս խնդրին մասին, հարկ է անպայման հաշուի առնել սփիւռքի պարագան, նաեւ այն համախոհութիւնը, որ գոյութիւն ունի մէկ կողմէ սփիւռքեան գլխաւոր ուժերուն եւ միւս կողմէ նոյն հասարակութեան միջեւ։ Ի՞նչ է գաղտնիքը այս համակեցութեան, այս համախոհութեան, որ արդէն իննսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր կարողացած է ամրապնդել աշխարհով մէկ տարածուած հայկական կեանքի տարբեր ենթաշերտերը։ Նոյն հայութիւնը չէ՞, ի վերջոյ, նոյն խնդիրներով, նոյն երազներով եւ մանաւանդ՝ նոյն իտէալներով խմորուած հասարակութիւնները չե՞ն արդեօք։ Նոյնն են։

Գուցէ շատ-շատեր առարկութիւն պիտի ընեն, նաեւ պիտի բողոքեն, որ Հայաստանի հասարակութեան պարագային եւ մինչեւ հիմա այդ հասարակութեան մէջ «աշխատող» երակը Սովետական Միութեան երակն է, կամ այն բարքերը, որոնք այսօր կան Հայաստանի մէջ, նաեւ այդ օրերու մնացորդացն են։ Կրնայ եւ այդպէս ըլլալ, ըսելիք չունիմ, բայց ըսել, որ «ասոնք՝ հայաստանցիները բոլորովին ուրիշ տեսակի ժողովուրդ են», ո՛չ միայն անընդունելի է, այլեւ իրականութեան համահունչ չէ։

Ուրեմն ի՞նչն է, որ կը պակսի մեզի՝ աւելի ճիշդ հասկնալու, աւելի ճիշդ ընկալելու եւ մանաւանդ՝ աւելի հանգիստ կերպով մարսելու համար այսօրուան դրուածքները, որոնք տեղ մը, ինչ-որ պահերու մէջ բանեցան ճիշդ մեր ենթադրածին հակառակ ձեւով։

Այսինքն, Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը (680 հազար քուէով) սատարեց եւ իշխանութեան վերադարձուց Փաշինեանը եւ անոր ընկերները։ Ու մենք բոլորս այդ հարցը տալու փոխարէն, կամ հասկնալ փորձելու փոխարէն, թէ այս ժողովուրդը ինչո՞ւ ամէն տեսակի սխալ մարսեց եւ Նիկոլին ի նպաստ քուէարկեց, գացինք մէկ ծայրայեղութենէ միւսը եւ անցանք հակագրոհի մը, որուն թիրախին մէջ ալ պատկերաւոր կերպով դրինք այս ժողովուրդին անունը։

Մենք կրակեցինք «ժեխ»ին վրայ ու նախքան այդ՝ արդէն իսկ ստեղծած էինք այդ «ժեխ»ը եւ գործերուն հեշտը ընտրելով մեր խօսափողերը շրջեցինք դէպի ներսը։

Հեշտ էր այդ անցումը ու պահուան մը համար մէկդի դրինք ամէն ինչ ու անցանք հարցերը աւելի մանրացնելու, աւելի փողոցայնացնելու մօտեցումին, որ անարդիւնք եղաւ։ Գուցէ մօտեցում մըն էր այդ մարտավարութիւնը. այդ ալ էական չէ, բայց տխուրն այն էր, որ այդ մօտեցման տապալման դիմաց ալ մեզմէ ոչ մէկը հարց տուաւ, թէ ինչքա՛ն կարելի է այդ նոյն, անարդիւնաւէտ ու մեզի համար վնասակար ճանապարհով քալել։

Այս բոլորը պատահեցան 10 նոյեմբեր 2020 թուականէն ետք եւ մինչեւ նոյնիսկ արտահերթ ընտրութիւններու փուլը, երբ եղան քանի մը փորձեր՝ հասկնալու համար այս ժողովուրդին ուզածը եւ վարուելու համար այդ տրամաբանութեամբ։

Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ բաւականին բարդ, վէրքերով եւ վտանգներով լեցուն այս օրերուն կարեւոր էր, անշուշտ, որ Հայաստանի մէջ առողջ իշխանափոխութիւն մը կայանայ եւ ատոր իբրեւ արդիւնք՝ երեւան քան նոր, թարմ եւ առողջ ուժեր։ Ու ոչ ալ անոնք դէմ պիտի ըլլային, որ Հայաստանի անցեալ իշխանութիւններուն հետ այս կամ այն կերպով կապ ունեցած դէմքեր մասնակից դառնան այդ գործընթացներուն՝ պայմանաւ, որ այդ անուններուն դէմ այս ժողովուրդը հինէն եկած ատելութիւն մը չունենայ։

Ցաւալիօրէն, այս տրամաբանութիւնը շատերու համար աւելի քան հասկնալի էր, սակայն, մեծ հաշուով անոնք եւ մենք բոլորս ընտրեցինք հեշտ ճանապարհը ու անոր համար ալ չկարողացանք ամբողջական իշխանափոխութեան հասնիլ։

Պատճառը ո՞վ էր, դարձեալ ժողովո՞ւրդն էր, որ համընդհանուր տեղաշարժի մը սկիզբը չդրաւ, մե՞նք էինք, որ ճիշդ չգնահատեցինք պահը, կամ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ազդու դերակատարութեամբ միջազգային խաղացողնե՞րը։

Հիմա կարեւոր ալ չէ այդ բոլորը ու կարեւորը գիտակցիլն է, որ Հայաստանի ժողովուրդը «ժեխ» չէ։ Ուղղակի մենք կարիքն ունինք հասկնալու անոր լեզուն ու ամենակարեւորը՝ խօսինք անոր հետ, որպէսզի վաղուան օրը դարձեալ նոյն վիճակներուն մէջ չիյնանք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022