«ՕՊԼՈՄՈՎ»

Ռուսական գրականութիւնը ունի աշխարհահռչակ գրականական բազմաթիւ հրաշալիքներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ յաճախ կը պատմեն ժողովրդական հարցերն ու իրողութիւնները։ Այս շարքին ռուս յայտնի գրող Իվան Կոնչարովի 1859 թուականին հեղինակած «Օպլոմով» հատորը առանձնացած է իր պարունակութեամբ։

«Օպլոմով» Իվան Կոնչարովի վէպն է, որ կը համարուի հեղինակի ամենայայտնի ու նշանաւոր ստեղծագործութիւնը։ Կոնչարով իր առաջին վէպի՝ «Սովորական պատմութիւն մը»ի հրատարակութենէն անմիջապէս վերջ մտադրած է գրի առնել «Օպլոմով»ը։ Սոյն հարտորը հրատարակութենէն քիչ ժամանակ անց լայն արձագանգ ստեղծած է բովանդակ Ռուսական կայսրութեան մէջ։ Վէպը քննադատուած ու ուսումնասիրուած է բազում գրականագէտներու կողմէ։ «Օպլոմով» երկրի սահմաններէն դուրս ալ լայն տարածում գտած է։ Արեւմտեան երկիրներու ժողովուրդներուն կողմէ դժուար եղած է ըմբռնել «Օպլոմով»ի պատմութիւնը, որովհետեւ գիրքի ցոլացուցած մարդկային կերպարը ոչ մէկ տեսանկիւնէ ծանօթ էր անոնց համար։ 

Ռուսական կայսրութիւնը այդ ժամանակ կը պատրաստուէր յեղափոխութեան մը եւ այս պատճառով ժողովուրդի առօրեայ կեանքը, ապրելակերպը, սովորութիւնները եւ մշակոյթը մեծ մասամբ ենթարկուած են փոփոխութեան։ Կոնչարովն ալ «Օպլոմով»ի միջոցաւ անդրադարձած է այս իրադարձութեան եւ բաղդատական մը ըրած է իր ու արեւմտեան երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ։ Արեւմտեան երկիրներ միջնադարէ սկսեալ սովորութիւն դարձուցած էին անդադար աշխատութիւնը եւ միջին դասակարգը պայքարներ մղած էր այս բարքի մնայուն դառնալուն համար։ Որքան որ ալ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ազդեցութիւն գործած ըլլայ այս արմատական փոփոխութիւնը, դիւրին չէ եղած ազատիլ անոր յառաջացուցած անտարբեր զգացողութենէն։ 

«Օպլոմով» յառաջ քշած է մարդկային բնաւորութեան տեսակի մը հոմանիշ։ Գիրքին մէջ զգուշութեամբ ներկայացուած է կալուածատէր Իլիա Իլիչ Օպլոմովի կեանքի համայնապատկերը։ Ան նստակեաց, ծոյլ, ոչ-աշխոյժ ապրելակերպ ունեցող անձ մըն է եւ բազմոցին վրայ ժամերով կը պառկի ոչինչ ընելով, բացի երազելէ։ Իր մարմնաւորած նկարագիրը հետզհետէ դարձաւ «օպլոմովութիւն», որ կը խորհրդանշէ գիտակցաբար ծուլութեան պարագան։ Ան կը նշանակէ ոչ թէ թմրութեան, այլ արթնութեան, գիտակցութեան եւ հեռատեսութեան երեւոյթ. այսինքն՝ յետագային իրականանալիք հաւանական արգելքները գուշակել եւ ճամբու մը վրայ քայլ առնելու եւ յառաջանալու կամքը չունենալ։ 

Իլիա Իլիչ Օպլոմով ներկայացուած է նաեւ մարդոց ներաշխարհի երեսակներէն մի քանին ցոլացնող կերպար մը։ Օպլոմով՝ նոյնպէս Տոն Քիշոթի, Համլեթի եւ բազում դասական ու արդիական գրական հերոսներու, հայելի կը փռնէ մարդկային բնաւորութեան մէկ տեսակին։ Միշտ խորհող, եռանդուն, սակայն նպատակը իրականացնելու համար ոչինչ ընող անձնաւորութիւն մըն է ան։ Ունի բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք երբեք կեանքի պիտի չկոչուին։ Ծովածաւալ խորհուրդներու մէջ կը խեղդուի ան եւ չի կրնար յստակ գաղափար մը յայտնել որեւէ նիւթի մասին։ Ան իր երազներու մէջ կը կորսուի եւ չ՚անդրադառնար ժամանակի թաւալման։ Այս մասին հակիրճ խօսքերով արտայայտուած է նաեւ ռուս յայտնի քաղաքական գործիչ եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավար Լենինը. «Օպլոմովութիւնը կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել երկրի բազում ոլորտներու մէջ՝ ներառեալ խորհրդարանը։ Ան մեծ ազդեցութիւն գործած է երկրին վրայ եւ դժուար պիտի ըլլայ ձերբազատիլ անկէ: Մեր երկիրը տեսած է երեք յեղափոխութիւն, սակայն օպլոմովներ պահեցին իրենց առկայութինը։ Եթէ քննարկելու ըլլանք մեր աշխատանքներն ու անոնց ընթացքը, պիտի տեսնենք, թէ Օպլոմովը մեր մէջն է»։

Այժմէական ամենավտանգաւոր ու ամենաազդեցիկ հարցերէն մին կը նկատուի «օպլոմովութիւն»ը։ Ան նաեւ կը դասուի հոգեբանական հիւանդութիւններու շարքին։ Մեր ժամանակակից օպլոմովները կրնանք ըսել, որ անհոգ, անշահագրգիռ, նաեւ շահախնդիր են։ Այս անտարբեր վերաբերմունքը կրնայ կապուած ըլլալ իրենց բարոյական զարգացման եւ կամ նիւթական հարստութեան՝ ունեւորութեան։ Անոնք վարժուած են իրենց փափաքածին դիւրութեամբ հասնիլ եւ կամ տէրը դառնալ, այս պատճառով չեն կրնար ըմբռնել իրենց պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները։ Անհամար նիւթերու մասին անդադար կը գանգատին, սակայն չեն կրնար առաջարկ ներկայացնել խնդրի մը լուծման համար։ 

Խորհինք աւազան մը։ Եթէ աւազանի համակարգը չի կրնար ջուր ճարել աղբիւրէ մը, ծորակներէն ջուր չի հոսիր, ապա աւազանը կը մնայ պարապ։ Մարդիկ ալ նոյնպէս առա՛նց աշխատանքի եւ առանց սորվելու, չեն կրնար լեցնել գիտութեան աւազանը եւ կը մնան սին ու անօգուտ։

Ո՞Վ Է ԿՈՆՉԱՐՈՎ

Իվան Ալեքսանտրովիչ Կոնչարով ծնած է 6 յունիս 1812 թուականին Ռուսական կայսրութեան Ուլիանովսկ քաղաքին մէջ։ Ուսումը ստացած է Մոսկուայի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ։ 1852-1854 թուականներուն «Բալլատա» ռազմանաւով ճանապարհորդութիւններ կատարած է բազմաթիւ երկիրներ եւ այս մասին 1858 թուականին հրատարակած է «Բալլատա առագաստանաւը» ակնարկաշարը։ Հեղինակի առաջին վէպն է «Սովորական պատմութիւն մը»ն, որ լոյս տեսած է 1857 թուականին «Սովրեմեննիք» թերթին մէջ։ 1859 թուականին ալ հրատարակուած է «Օպլոմով»ը, որուն շնորհիւ Կոնչարով ընդունուած է՝ որպէս քննադատական իրապաշտութեան (critical realism) ականաւոր ներկայացուցիչներէն մին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019