ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՎՈԼԱՐԷ - ՏՈՄԵՆԻՔՕ ՄՈՏՈՒՆՅՕ

(VOLARE - DOMENICO MODUGNO)

Բոլոր անոնք, որոնք լսած են այս երգը, անկասկած կը համարեն, որ ան Ճիփսի Քինկ խումբի հեղինակային երգն է։ Իրականութեան մէջ ան շատ աւելի երկար կեանքի պատմութիւն ունի՝ քան խումբին որոշ անդամները:

Երգին ստեղծման հեղինակներն են երկու իտալացի ընկերներ՝ Տոմենիքօ Մոտունյոն եւ Ֆրանքօ Միլյաչին: Անոնք ծանօթացած էին ուսանողական տարիներուն։ Երկուքն ալ տարուած էին երաժշտութեամբ եւ գեղանկարչութեամբ։ Երգին ստեղծման գործին մէջ գեղանկարչութիւնը դեր խաղացած է։ Պատմութիւնը այն է, որ օր մը երկու ընկեր կ՚որոշեն երթալ ծովային զբօսանքի, սակայն Մոտունյոն չ՚երթար: Միլյաչին, օրը կարճցնելու համար, շիշ մը գինի կը գնէ եւ կը վերադառնայ տուն։ Գինովցած քունի կ՚անցնի եւ տարօրինակ ու պայծառ երազներ կը տեսնէ։ Երբ կ՚արթննայ եւ պատահաբար կը նկատէ Շակալի «Կինն ու կարմիր աքաղաղը» նկարի կրկնօրինակը, որ իրեն կը յիշեցնէ նկարիչին մէկ այլ նկարը՝ «Նկարիչն ու բնորդուհին», ուր նկարիչին դէմքը ամբողջութեամբ կապոյտ ներկուած էր։ Անմիջապէս իր միտքին մէջ կը ծագին հետեւեալ տողերը.

«Կը կարծեմ այս երազն ա՛լ ետ չի գար
Ես ներկած եմ ձեռքերս ու դէմքս կապոյտով...
Քամին ինձ անսպասելի իը գիրկն առաւ
Եւ ես սկսայ ճախրել երկնքով...»

Երբ պատրաստ էր երգին որոշ մէկ մասը, անոր միացաւ ընկերը։ Երգին ստեղծագործական աշխատանքները խլեցին աւելի քան վեց ամիս։ Երգը անուանած էին «Կապոյտ երազանք»։ Հակառակ երկարատեւ աշխատանքներուն, բան մը միշտ պակաս կը թուար ըլլալ հեղինակներուն։ Անոնք կը կարծէին, որ եգէն կը պակսի համն ու հոտը: Հերթական ստեղծագործական օր մը, երբ անոնք կ՚աշխատէին երգին վրայ, Մոտունյոն պատուհանը բացաւ ու ձեռքերը լայն տարածելով երգեց «Վոոոո-լաաարէ», որ թարգմանաբար կը նշանակէ թռչիլ։ Ահա երգին մէջ պակսող տարրը։ «Վոլարէ»ն ամբողջացուց երգին աշխատանքները։

1958-ին Մոտունյոն երգը կատարեց իտալական հանրայայտ երգի մրցոյթին՝ «Սան Ռեմոյի» բեմէն։ Երգը կոչած էին «Nel blu dipinto di blu» (թարգմանաբար՝ «Կապոյտով ներկուած կապոյտ»)։ Հանդիսատեսը անմիջապէս գրաւեց Մոտունյոյի կատարման ձեւը։ Ան երգած պահուն «Վոլարէ» արտայայտութեան ժամանակ թեւերը լայն կը տարածէր, կարծես թռչելու համար երկինք։ Հանդիսականը այսպէս ալ յիշեց իրեն եւ տարիներ անց, երբ անոր յուշարձանը կը տեղադրուէր իր հարազատ քաղաք Պոլոնիոյ մէջ, այդ կերպարանքով ալ քանդակուեցաւ անոր արձանը։

«Սան Ռեմօ» մրցոյթէն ետք ան յաղթեց մէկ այլ մրցոյթի մէջ՝ «Եւրոտեսիլ»։ Տարիներ անց, երբ կը տօնուէր «Եւրոտեսիլ»ի 50-ամեակը, հարցումներու արդիւնքով բոլոր յաղթած երգերուն մէջ «Վոլարէ»ն միայն Ապպա խումբին «Ուաթըրլօ» երգին զիջեցաւ իր տեղը։

Ըստ իտալական «Ստեղծագործողներու ընկերութեան» տուեալներուն, «Վոլարէ»ն իտալերէն լեզուով ամենայայտնի երգն է աշխարհի մէջ։ Ան նոյնիսկ գլխաւորած է ամերիկեան Թէժ Հիթ-շքերթը եւ միակ իտալական երգն է, որ ունի երկու «Կրեմի» մրցանակ։

Երգին 50-ամեակին առիթով, իտալական կառավարութիւնը նամականիշներ թողարկեց, ուր պատկերուած էր թռչող մարդ կապոյտ գոյնի վրայ։

Երգը ունի բազմաթիւ վերաերգուած տարբերակներ եւ թարգմանուած է շարք մը լեզուներով եւ թերեւս աւելորդ է նշելը, որ իւրաքանչիւր անհատ, որ կը լսէ երգը, անմիջապէս կը միանայ երգիչին «Վոոոոո-լաաարէ»» երգելով։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019