ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ Է ՈՒԺԸ, ՈՒՐԿԷ ԿՈՒ ԳԱՅ

Գրեթէ անվիճարկելի է, որ Ռուսաստանի համար հայ ժողովուրդն ու իր խնդիրները միշտ եղած են ընդամէնը օսմանցիներու եւ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու միջոց։ Հայաստանն ու հայերը երբեք ռուսական քաղաքականութեան թիրախ չեն եղած: Հայերը կրնան միայն տարաձայնութիւններ ունենալ ռուսական քաղաքականութեան մեթոտներուն շուրջ, որոնց լոյսին տակ ալ ոմանք ի դէմս Ռուսաստանի՝ կը տեսնեն փրկիչ, ոմանք ալ թշնամի։

Եթէ մեր ժողովուրդը կամ գոնէ անոր քաղաքական դասը տարրական պատկերացում ունենար միջազգային քաղաքականութեան տրամաբանութեան մասին, նման հակասական ընկալում ընդհանրապէս չէր յառաջանար։ Բոլորը կ՚իմանային, որ աշխարհի վրայ ընկերներ ու փրկիչներ չկան։ Կայ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ ուժերու հաւասարակշռութեան սկզբունքը եւ անոնք, որոնք սա կը հասկնան, կը կարողանան պաշտպանել իրենց շահերը։ Անոնք գիտեն՝ ինչպէս պաշտպանել, քանի որ կը գիտակցին, թէ ի՛նչ է ուժը եւ ուրկէ՛ կու գայ զայն: Իսկ չիմացողները միշտ հովանաւորութիւն կը փնտռեն։ Հովանաւորի բանը դժուար է. ան կա՛մ կը խնայէ իր յաճախորդը, կա՛մ ալ ոեւէ մէկուն կու տայ՝ խժռելու:

Բայց եւ այնպէս՝ հովանաւոր կոչուածը, որ պարբերաբար կը զոհաբերէ հովանաւորեալը, միշտ կը կարողանայ իր զոհը համոզել, թէ ինքն է անոր փրկիչը։ Սա է քաղաքական կեանքի ճշմարտութիւնը, զոր հայերուս մեծ մասը դժուար կը հասկնայ։ Բայց սա առանձին խօսակցութեան նիւթ է: Հիմա փորձենք հասկնալ, թէ ուրկէ կու գայ Ռուսաստանի նկատմամբ հայերու այս կայուն հակասական վերաբերմունքը։ Անոր համար պարզապէս պէտք է յետահայեաց դիտարկել վերածնուած հայկական պետականութեան տարածքն ու բնակչութեան կազմաւորման գործընթացը։

Սա ինչո՞վ առանձնայատուկ է: (…) Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնած է Շահ Ապպաս Ա.-ի կողմէ աւերուած տարածքի մը մէջ՝ անոր «վայրի» գոյութենէն երկու դար անց։ Իսկ պատճառը աննշան էր։ Կովկասէ ներս աշխարհաքաղաքական նոր խաղացողին՝ Ռուսաստանին նոր ծրագրեր պէտք էին եւ այդ ծրագրերը հայերու հետ կապուած էին: Այսպէս, ուրեմն, Ռուսաստան որոշած է զանոնք վերադարձնել լքուած «աւետեաց երկիր»։ Շեշտենք՝ հայերը վերադարձան բնիկներէն դարերով զրկուած, գրեթէ աւերակուած տարածք մը, ուր բնակեցուած էին այստեղ քշուած (…) փոքրաթիւ քոչուոր ցեղեր։ Բայց սկիզբին վերադարձան նոյնպէս սակաւաթիւ հայեր՝ հիմնականին մէջ վերաբնակիչներու ժառանգներ Պարսկաստանէն։

Հայերու համար այս ճակատագրական վերաբնակեցման պատմութիւնը նոյնպէս աննշան էր։ Պարսկաստանի ներքին քաղաքական ճգնաժամին բերումով Ռուսաստան 1722-ին Կովկասի մէջ ձեռնարկեց արշաւ մը, որու արդիւնքին ստացաւ Կասպից ծովու արեւմտեան ափը։ Օսմանեան կայսրութիւնը եւս յառաջ գացած էր այնտեղ։ Երկու կայսրութիւններն ալ 1724 թուականին պէտք է պայմանագիր կնքէին՝ ճանչնալով տարածաշրջանէ ներս Ռուսաստանի տարածքային ձեռքբերումները։ Փաստաթուղթի դերը այն էր, որ տարածագօտին այդուհետ կը դադրէր պատկանիլ բացառապէս միջազգային պայմանագրերու առարկայ Սեֆեան Պարսկաստանին եւ Օսմանեան կայսրութեան։ 1724 թուականէն Ռուսաստանը դարձած էր նման պայմանագրերու անփոխարինելի մասնակից։

Ճիշդ է, Ռուսաստանը երկար ժամանակ Կովկասէ ներս յառաջխաղացման ցանկութիւն չունէր, սակայն Փաւել Ա. ցարը 1801-ին կտրուկ փոխեց ռուսական քաղաքականութիւնը Կովկասէ ներս եւ համաձայնեցաւ Վրաստանը ընդունիլ Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ։ Պարսկական կայսրութեան այս կարեւորագոյն նահանգին դէմ ոտնձգութիւնը յանգեցուց պատերազմի: Պարսկաստանի հետ պատերազմը սկսաւ 1804 թուականին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1813։ Այդ թուականին կնքուած Կիւլիստանի պայմանագրով Ռուսաստանին անցած էր ամբողջ հիւսիս-արեւելեան Կովկասը։ 1826-ին Պարսկաստանի հետ սկսաւ պատերազմ մը եւս, իսկ երկու տարի անց՝ նաեւ Թուրքիոյ։ Երկու հակամարտութիւններն ալ աւարտեցան Ռուսաստանի յաղթանակով։ 1828-ին Պարսկաստանը դուրս եկաւ պատերազմէն եւ Թուրքմենչայի պայմանագրով ռուսերուն տուաւ Երեւանի ու Նախիջեւանի խանութիւնները։ 1829-ին օսմանցիներու հետ պատերազմէն վերջ Կովկասի սեւծովեան ափը մտաւ Ռուսաստանի կազմին մէջ եւ Թուրքիան ամբողջովին հրաժարեցաւ Վրաստանի վերաբերեալ իր յաւակնութիւններէն։

Այստեղէն ալ սկսան հայութեան համար ճակատագրական փոփոխութիւնները։ Ռուսաստանի մէջ բարձրաստիճան հայերը սկսան հանդէս գալ ինքնավար հայկական մարզ մը ստեղծելու գաղափարով՝ սեփական դրօշով եւ հայ կառավարիչներով։ Ռուսական բանակի հայ սպաները՝ Լազարեւը եւ այլոք, մշակեցին ռուսական հովանաւորութեան ներքեւ ինքնավար հայկական կազմաւորում ստեղծելու ծրագիրը: Սակայն Նիքոլայ Ա. ցարը մերժեց այդ միտքը՝ հաստատելով Էրիվան մայրաքաղաքով հայկական շրջանի ստեղծման ծրագիրը, ըստ որու՝ շրջանի կառավարումը պէտք է իրականացուէր ռուս կառավարիչներու կողմէ։

Հայկական մարզը կազմաւորուեցաւ 1828 թուականի մարտի 21-ին։ Թէ ո՞րն է այս թագաւորական ձեռնարկի ճակատագրական իմաստը՝ պէտք է խօսիլ առանձին։

ՄԱՆՈՒԷԼ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
(ACNIS review)

Արեւմտահայերէնի վերածուած

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2023