ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻՋՈՑ՝ ԿԵԱՆՔԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ
«Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ…։ Եւ բոլոր շնորհքներուն պարգեւիչը Աստուած պիտի կազդուրէ, զօրացնէ ձեզ…» (Ա. Պտ 5.8-10)։
Քրիստոնէութեան ջատագով ու բանիբուն քարոզիչ, յարութեան գաղափարին եւ իրողութեան մեծագոյն պերճաբան եւ հզօրաշեշտ ախոյեան՝ Պետրոս առաքեալ կը յորդորէ իր հաւատակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն արթուն եւ զգօն ըլլալ՝ դիմակայելու համար չարին կողմէն մխացող բոլոր նետերուն։
Չարութեան մարմնացումը՝ Սատանան իր ճիրաններով, փորձութիւններով, իր «արագընթաց» ու վատոտն արբանեակներով, հրապուրիչ երեւոյթներով մշտապէս կը փորձէ մեզ իր մագիլներուն տակ առնել ու իր գործիքը դարձնել։ Այդ պատճառով ալ մենք մեր առօրեայ աղօթքին մէջ, այս պարագային Տէրունական աղօթքին մէջ կ՚ըսենք. «Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէն»։
Ոմանք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ հայրութիւնը, կը շարունակեն ամենայն վստահութեամբ ու յոխորտանքով զԱստուած մեղադրել ըսելով. «Ո՞ւր էր Աստուած երբ այս բոլորը պատահեցան։ Ինչո՞ւ չարգիլեց նման ահալի չարիքի մը ծնունդը»։ Այս հարցումներուն լաւագոյն պատասխանը Յոբ երանելիի պարագան է։ Իմաստութենական այդ գիրքին մէջ Աստուած կ՚արտօնէ, որ չարը փորձէ Յոբը։ Աստուծոյ հաւատարիմ այդ մարդը թէկուզ բազմապիսի փորձութիւններու ենթարկուեցաւ, սակայն անոնցմէ յաղթական դուրս եկաւ։
Պետրոս առաքեալի կողմէ արտասանուած հոգեցունց սա խօսքը մեր առջեւ կը պատկերէ երկու կէտեր.
Ա) Փորձութիւնները միջոց՝ կեանքին տիրանալու. Աստուած երբեւիցէ խաղաղ նաւարկութիւն չխոստացաւ քու կենսընթացիդ մէջ, բայց խոստացաւ ապահով նաւարկութիւն մը։ Աստուած խաղաղ ծով չխոստացաւ, այլ խոստացաւ խաղաղ նաւահանգիստ։ Աստուած չխոստացաւ փորձութիւններէ զերծ կեանք մը, այլ՝ փորձութիւններու յաղթող կեանք մը։ Երբ փորձութեանց կը հանդիպինք, Աստուած զանոնք չի՛ հեռացներ մեր կեանքէն, այլ զանոնք յաղթահարելու միջոցներ կը ստեղծէ (Հմմտ Ա. Կր 10.13)։ Աստուած մեզ փորձութիւններէն դուրս չի՛ բերեր, այլ՝ կու գայ մեզի հետ ըլլալու մեր չարազդեցիկ փորձութիւններուն մէջ։ Ան Սեդրակը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կրակի հնոցէն դուրս չբերաւ, այլ Ի՛նք գնաց անոնց հետ ըլլալու կրակին մէջ (Դն 3.24-25)։ Յովսէփ նոյնպէս երբ բանտ նետուեցաւ, Աստուած զանիկա բանտէն դուրս չբերաւ, այլ Ի՛նք գնաց անոր հետ ըլլալու բանտին մէջ (Ծն 39.20-21)։ Փորձութիւնը Աստուծոյ ներկայութեան արդիւնքն է եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ բացակայութեան արդիւնքը։ Ահա թէ ինչո՛ւ երբ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ, Սադայէլը ի՛նք նաեւ կը փորձէ ներկայ ըլլալ իր ստայօդ փորձութիւններով։ Հետեւաբար, փորձիչին ներկայութիւնը փորձանք մը պէտք չէ ըլլայ մեզի համար, այլ մե՛ր ներկայութիւնն է որ փորձանք պէտք է ըլլայ խաբեբայ փորձիչին համար։
Ո՞վ է Սատանան յարաբերաբար Աստուծոյ. բացարձա՛կ ոչինչ։ Եթէ Սատանան ոմանց համար կարող է, բայց Աստուած ամենակարող է։ Սատանայէն վախնալը Աստուծոյ հանդէպ անվստահութիւն կ՚ենթադրէ։ Ինչո՞ւ վախնանք Չարէն, երբ Աստուած զօրաւոր ախոյեանի մը նման մեզի հետ է (Հմմտ Եր 20.11)։ Անպարտելի Ախոյեանին զաւակներուն վախկոտութիւն միթէ կը վայելէ՞։ Քնարերգակ սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ» (Սղ 27.1)։ Իսկ Աստուած մարգարէին բերնով մեզ կը հաւաստիացնէ ըսելով. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասնզի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Ես 41.10)։
2) Մեղքը պատճառ փորձութեան. Մեր մարդկային կեաքին մէջ եւ մեր կենսընթացի իւրաքանչիւր քայլափոխին ենթակայ ենք փորձութեան։ Ըղձալի փափաքներդ, ստորաքարշ հաճոյապաշտութիւնդ, ցանկասիրութիւնդ եւ այլ երփներանգ հաճոյքներդ քեզ երբեմն դէմ յանդիման կը դնեն փորձութեանց առջեւ։ Փորձութիւն, որուն պատճառաւորեալ պատճառը քու անձդ է եւ ոչ թէ այլ անձնաւորութիւն մը։ Մեղքը փորձութենէն ծնունդ չ՚առներ, այլ՝ փորձութիւնը մեղքէն յառաջ կու գայ։ Մեղքը ինքնեկ երեւոյթ մը չէ, այլ՝ ան կը ծնի մեր ներքին ցանկայարոյց իղձերէն։ Փորձութիւններ կրնան թոյլ տրուիլ մեզ հեռու պահելու որոշ մեղքերէ։ «Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէսզի չմեղանչէք» (Ել 20.20)։ Փորձութիւնը մեղքի առիթ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մեղքէն հրաժարելու առիթ։ Ահա թէ ինչո՛ւ փորձութիւնները սրբագրիչ բնոյթ ունին. Աստուած զանոնք կ՚օգտագործէ մեր մէջ սրբագրելու կարգ մը ախտորոշիչ մեղքեր։
Մեր վրայ եկող փորձութեանց երկրորդ տեսակը կարելի է համարել մեր անմիջական մտերիմներուն կողմէ կատարուող փորձութիւնները։ Ընկեր-ընկերուհիներդ, բարեկամ-բարեկամուհիներդ, հարազատներդ միշտ չէ՛ որ քու բարիքդ կը կամենան, այլ իրենց չարանենգ մօտեցումներով կը ջանան քեզ փորձութեան մատնել։ Երեւոյթ մը, որ գոյութիւն ունի այսօրուան ընկերային եւ բարոյական կեանքին մէջ, ուր ընկերութիւնը հիմնաւորուած է խախուտ հիմերու վրայ։ Նման ընկերներ, իրենց պատրաստած փորձութիւններով ու ծուղակներով, գառնուկի մորթով եւ կերպարանքով մեզի կը մօտենան՝ պարզապէս մեր կեանքը վտանգելու եւ իրենց հաճոյալից ցանկութիւններուն յագուրդ տալու ու բարոյալլկող ձգտումներուն հասնելու համար։
Աստուած մեզի պատահող չարիքները կ՚օգտագործէ մեր բարիքին համար եւ ոչ թէ մեր անկման համար։ Պէ՞տք է մեղադրես զԱստուած, որովհետեւ քու բարիքիդ համար կը գործէ տիւ ու ցայգ։ Նման մօտեցում ապերախտ մարդու ու հեթանոսի մօտեցում է։ Հետեւաբար, «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ՝ թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ» (Յկ 1.13)։
Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուած կ՚ուզէ մեր տկարութիւնները լուսարձակի տակ բերել, որպէսզի մենք տեսնենք զանոնք եւ մտածենք ու շարժինք զանոնք դարմանելու համար։ Որքան ալ մարդ պէտք է զգուշանայ փորձութենէն եւ խնդրէ, որ Աստուած զինք հեռու պահ անկէ, բայց միաժամանակ պէտք է գիտնայ, որ փորձութիւններն իրեն համար են եւ թէ զանոնք պէտք է դիմագրաւէ քաջութեամբ։ Աստուած իրեն հաւատարիմներուն փորձուիլը թոյլ տալով՝ ոչ թէ զանոնք կը լքէ, այլ առիթ կ՚ընծայէ, որ ի յայտ գան եւ փայլին որոշ ճշմարտութիւններ, որոնք մեր կեանքին մաս կը կազմեն։ 1) Մեր հաւատքը եւ հնազանդութիւնը, 2) մեր հոգեպէս արթնութիւնը ու զղջումով ինքնասրբագրումը եւ մեր աստուածադիր առաքինութիւնները։
Վստահ գիտցիր, որ մարդկային ուժերովդ չես կրնար յաղթել Սատանային ու անոր գործակիցներուն, բայց միայն ամբողջականօրէն Աստուծոյ հնազանդելով ու Անոր ապաւինելով։ Ո՞վ կը կարծես Սատանան։ Իմաստութի՞ւն՝ քեզմէ աւելի ունի։ Ո՞ւժ՝ կարծածէդ աւելի զօրեղ է։ Կա՞մք՝ մարդկային կամքը շատ թոյլ ու դիւրաբեկ է անոր յարատեւ ու անհանգիստ առաջարկներուն ու թելադրութեանց դիմաց։ Պայքա՞ր կ՚ուզես մղել՝ աւելի մարտունակ է քան ինքդ։ Արդ, ապաւինէ՛ Աստուծոյ ու պիտի յաջողիս գետին զարնել առիւծի նման մարդիկ՝ որոնք քեզ գետին զարնել կ՚ուզեն (Սղ 17.11-13)։ Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսի սիրով տոգորուած կը խրախուսէ նորադարձ քրիստոնեաները՝ ըսելով. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31)։ Սիրելի հայորդի, Աստուած մե՛ր կողմէն է եւ ո՛չ թէ աշխարհին կողմէն։ Տագնապեցնող եւ վրդովեցնող դէպքերով առլի այս աշխարհին մէջ, մեզմէ ո՞վ չ՚ուզեր զԱստուած ունենալ ի՛ր կողմէն, ի՛ր կողքին, իրե՛ն համար եւ ի՛ր մէջ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ