ՍԿԶԲՈ՞ՒՆՔ, ԹԷ՞ ՆՊԱՏԱԿԱՅԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

Վերջին օրերուն բուռն քննարկումի թեմայ դարձած է «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթը առանձին կարգով դպրոցէն ներս դասաւանդելու նպատակայարմարութիւնը, որ, սակայն, ըստ էութեան, նորութիւն չէ: Այս իմաստով փաստերու եւ հակափաստերու սակաւութիւն ալ գոյութիւն չունի: Ան պարփակած է բոլոր շերտերը՝ իրաւական կարգաւորումներէ սկսած, մինչեւ կրօնական քարոզչութիւն, ազգային փոքրամասնութիւններու խտրականութեան խնդիր, միասնական մէկ պատմութեան հարց՝ զայն հայ ժողովուրդի պատմութիւն կամ գրականութիւն դասանիւթին մէջ ներառնելով, մինչեւ «աշխարհիկ կրթութեան» սկզբունք, գիտաարհետավարժական եւ մրցունակ հանրոյթ ստեղծելը, մինչեւ քաղաքական որոշում եւ քաղաքական շահարկումներ, «առաջադիմականներ» ու «յետադիմականներ», եւ այլն:

Անձնապէս, իմ պատկերացումներս ունիմ այս հարցին նկատմամբ, եւ ընդհարապէս կրթութեան վերաբերեալ, որու մասին հիմա չեմ բարձրաձայներ՝ զայն ուրիշ առիթի մը ձգելով, եթէ անհրաժեշտութիւն զգամ, այստեղ միայն փորձելով զայն պարզաբանել հռետորական հարցադրումի կամ հարցադրումներու միջոցով: Ես, ըլլալով «յետադիմական եւ խաւարամիտ» դասի ներկայացուցիչ, որ ուսանած է Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանէն ներս, ապա պսակաւորի կոչում ստացած Անգլիոյ Լիտսի համալսարանէն, ապա՝ Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի լաւագոյն բարձրագոյն հաստատութիւններէն Գոնգորտիա համալսարանէն՝ որպէս կենսաբարոյագիտական (bioethics) գիտութիւններու թեկնածու վկայուելով, կը փափաքիմ հետեւեալ պարզ հարցադրումը կատարել.

Ո՞վ է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւ ինչպէ՞ս կը դասաւանդուի հանրակրթական դպրոցէն ներս, որպէս աղօթասա՞ց, գրական հեղինա՞կ, միստիկ աստուածաբա՞ն, Վերածնունդի ռահվիրա՞յ, պատմական կերպա՞ր, քաղաքական գործի՞չ, գիտնակա՞ն, ի վերջոյ, որպէս հա՞յ, քրիստոնեա՞յ, դաւանանք ունեցո՞ղ, թէ՞ անդաւանանք կերպար:

Նոյն հարցադրումը կը վերաբերի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւին. նոյնը՝ Սրբոց Թարգմանչաց ամբողջ փաղանգին. նոյնը՝ Սուրբ Մովսէս Եպիսկոպոս Խորենացիին, Սուրբ Դաւիթ Վարդապետ Անյաղթին, Եզնիկ Վարդապետ Կողբացիին, Կորիւնին, Եղիշէին, Մամբրէ Վերծանողին, Սուրբ Յովսէփ Կաթողիկոս Հողոցմեցիին, Սուրբ Ղեւոնդ Երէցին, Սուրբ Յովհան Կաթողիկոս Մանդակունիին, եւ ուրիշներու:

Նոյն հարցադրումը կը վերաբերի Սուրբ Յովհան Օձնեցիին, Խոսրովիկ Վարդապետ Թարգմանիչին, Սահակ Կաթողիկոս Ձորափորեցիին, Ստեփանոս Եպիսկոպոս Սիւնեցիին, Մաշտոց Կաթողիկոս Սեւանցիին, Անանիա Վարդապետ Շիրակացիին, Անանիա Վարդապետ Սանահնեցիին, Անանիա Վարդապետ Նարեկացիին, Յովհաննէս Վարդապետ Սարկաւագի, Յովհաննէս Վարդապետ Գառնեցիին, Բարսեղ Վարդապետ Մաշկեւորցիին, Գրիգոր Վարդապետ Տուտեորդիին, Ստեփանոս Մետրոպոլիտ Սիւնեցի Օրբելեանին, Երանելի Մխիթար Գօշ Վարդապետին, Վանական Վարդապետ Տաւուշեցիին, Խաչատուր Վարդապետ Տարնօցիին, Վարդան Վարդապետ Արեւելքցիին, Կիրակոս Վարդապետ Գանձակեցիին, Վարդան Վարդապետ Այգեկցիին, Պօղոս եւ Մոմիկ քանդակագործ վարպետներուն, Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիին, Յովհաննէս Արճիշեցի Վարդապետ Ոսպնակերին, Ներսէս Եպիսկոպոս Լամբրոնացիին, Կիրակոս Վարդապետ Երզնկացիին, Թորոս Ռոսլինին, Սարգիս Պիծակին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին, Գրիգոր Վկայասէր եւ Գրիգոր Տղայ հայրապետներուն, Կոստանդին Կաթողիկոս Բարձրբերդցիին, Թովմա Վարդապետ Մեծոփեցիին, Մխիթար Վարդապետ Հերացիին, Ամիրտաովլաթ Ամասացիին եւ Բունիաթ Սեբաստացի բժշկապետերուն, Սուրբ Յովհան Վարդապետ Որոտնեցիին, Եսայի Վարդապետ Նչեցիին, Ներսէս Վարդապետ Մշեցիին, Սուրբ Գրիգոր Վարդապետ Տաթեւացիին, Սուրբ Մովսէս Կաթողիկոս Տաթեւացիին, Յակոբ Կաթողիկոս Ջուղայեցիին, Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցիին, Ներսէս Կաթողիկոս Աշտարակեցիին, Գէորգ Դ. Կաթողիկոսին, Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանին, Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանին, Կոմիտաս Վարդապետին, Կարապետ Եպիսկոպոս Տէր Մկրտչեանին, Գարեգին Կաթողիկոս Յովէփեանին, եւ բազմահարիւր այլ մեր մեծ հայրերուն:

Անկեղծ ըլլալու համար, վստահ չեմ, որ համապատասխան ոլորտին մէջ վերոյիշեալ մեր մեծ հայրերէն շատերուն անուններն անգամ լսած ըլլան: Գիտական առումով եւս անոնք եղած են թէ՛ իրենց ժամանակներու գիտութեան հիմնարար հեղինակները եւ թէ՛ մինչեւ այսօր մնացած են չգերազանցուած եւ զօրաւոր հիմք ստեղծած են ժամանակակից գիտակրթական նուաճումներուն համար: Այսքանով հանդերձ, հարցումս կը վերաբերի կրթութեան՝ հանրակրթութեան եւ այլապէս, մեթոտաբանութեան եւ չափորոշիչներուն: Արդեօք, եթէ դպրոցէն ներս վերոնշեալ հայրերուն վաստակը կ՚ուսումնասիրենք, ի՞նչ մօտեցում կը ցուցաբերուի անոնց եւ անոնց ժառանգութեան նկատմամբ: Եթէ լոկ որպէս գրական հեղինակներ եւ գործեր, արդեօք անոնց ժառանգութիւնը չ՚աղճատուի՞ր ու չի՛ կեղծուի՞ր: Նախ, եթէ լոկ գրականագիտական արժէքով կ՚ուսումնասիրուին, ապա անիկա կիսատ ու թերարժէք կը մնայ՝ պարզապէս գրաբարի չիմացութեան պատճառով եւ այդպիսով անհաղորդ՝ խորքային լեզուամտածողութեան, որով անոնք արարած ու ստեղծագործած են: Երկրորդ, բնականաբար անոնց ամբողջական կերպարն ու ինքնութիւնը կեղծուած կ՚ըլլայ, հետեւաբար նաեւ ուսումնասիրողին ամբողջական գիտելիքը: Եթէ որպէս աղօթասաց, աստուածաբան եւ հոգեւոր հեղինակներ ներկայացուին, արդեօք ասիկա ինքնաբերաբար արդէն իսկ կրօնական քարոզչութիւն չէ՞, որ նաեւ այլադաւան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու երեխաներուն իրաւունքը կը խախտէ, եւ ի վերջոյ չի՞ խախտեր այդքան տարփողուած «աշխարհիկ կրթութեան» սկզբունքը: Ազգային փոքրամասնութիւնները ինչո՞վ «մեղաւոր» են, որ դպրոցէն ներս հայ գրականութիւն եւ հայագիտական դասանիւթեր ուսումնասիրել պարտադրուած են: Արդեօք արդէն իսկ չէ՞ խախտուած երեխային սահմանադրական իրաւունքը, եւ հետեւաբար, պէտք է դպրոցէն ներս նման դասանիւթերու պարտադիր ուսուցումը բացառել: Ի վերջոյ, ուրկէ՞ առնուած է հայոց առաջին թարգմանութեամբ՝ «ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» նախադասութիւնը, որ այդքան հպարտօրէն զետեղուած է հայոց դպրոցներու ճակատներուն վրայ կամ դասասենեակներէն ներս: Միթէ Աստուածաշունչ Մատեանի Առակաց գիրքէն չէ՞, հետեւաբար նաեւ այս արտայայտութիւնը եւս պէտք է հեռացնել, որովհետեւ կրնայ կրօնական քարոզչութեան տարրեր պարունակել ու խաթարել երեխային դաւանական պատկերացումները կամ սահմանադրական իրաւունքները:

Անկեղծօրէն, հարցադրումներուն շարքը շա՜տ երկար է, սակայն կը շեշտեմ ու կը խօսիմ ՍԿԶԲՈՒՆՔի մասին: Եթէ վերոնշեալ փաստերն են պատճառները «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթի հանրակրթական դպրոցէն ներս դասաւանդումի աննպատակայարմարութեան կամ Հայոց Պատմութեան կամ գրականութեան ուսուցանուող դասանիւթերուն մէջ ներառնելուն, ապա ատով դարձեալ պիտի չի՞ խախտուի «աշխարհիկ կրթութեան» սկզբունքը, ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ անխտրական վերաբերմունքը, երեխային այլադաւան ըլլալու հանգամանքը կամ սահմանադրական իրաւունքը, թէ՞ այս անգամ դարձեալ «հին ու բարի» ժամանակներու հնագոյն կիսատ եւ կեղծ գիտելիք պիտի մատուցենք մեր ինքնութեան եւ ինքնաճանաչողութեան հաշիւին:

Վերոնշեալները պարզ հարցադրումներ են՝ նպատակ ունենալով զուտ բովանդակային քննարկում ծաւալելու՝ հեռու ամէն տեսակի պաթոսներէ եւ շահարկումներէ: Ու կը կարծեմ, վաւերական հարցադրումներ են այսօրուան փաստերու խորապատկերին, որոնք համակողմանի քննարկման կարիքն ունին՝ յստակ եւ պարզ ՍԿԶԲՈՒՆՔի վրայ հիմնուած: Ի՞նչ պիտի մատուցենք, կեղծ եւ կիսատ գիտելիք՝ յարմարեցուած ժամանակի պահանջներուն կամ թելադրութիւններուն, թէ՞ ազնիւ ուսմունք ինքնաճանաչողութեան ամբողջական գիտակցութեամբ, որ չեմ կարծեր, թէ երբեւէ արգելք եղած է գիտաարհեստավարժական կրթութեան զարգացումին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019