ԱւետիՔ Իսահակեանի Կեանքը Պատմող Խօսուն Իրեր
Բանաստեղծ, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Իսահակեան ծնած է 30 Հոկտեմբեր 1875-ին, Ալեքսանդրապոլ գաւառի Ղազարապատ գիւղը, որ ներկայիս կը կրէ բանաստեղծին անունը՝ Իսահակեան: 81 տարեկանին մահացած Իսահակեան թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
1945-ին մեծ բանաստեղծին ծննդեան 70-ամեակին առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը առանձնատուն մը կը նուիրէ Իսահակեանին: Շէնքը կը կառուցուի ճարտապետ Պերճանոյշ Մսըրեանի նախագիծով եւ Իսահակեանի ցանկութեամբ՝ սրբատաշ սեւ տուֆ քարով:
Բանաստեղծին մահէն ետք անոր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով առանձնատունը կը վերածուի թանգարանի: 1963-ին պաշտօնական բացումը կը կատարուի տուն-թանգարանին, ուր բանաստեղծը ապրած էր իր կեանքին վերջին տասն տարիները:
Թանգարանը ցուցադրուած մեծ վարպետին հնօրեայ գրասեղանը, ձեռագիրները, կարդացած վերջին գիրքերը, անձնական իրերը, գրադարանը շատ բան կը պատմեն անոր կեանքին մասին: Եկէք՝ ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին:
Իսահակեանի կեանքը պատմող խօսուն իրեր
ՉԱՐԵՆՑԻՆ ՆՈՒԷՐԸ
Եղիշէ Չարենցի եւ Աւետիք Իսահակեանի արեւելեան մշակոյթով հրապարակուած ըլլալու մասին կը վկայէ Չարենցին նուէրը իր աւագ ընկերոջը:
Չարենցին դէմ ծայր առած հալածանքներէն եւ կալանքներէն ետք իսկ երկու մեծ գրագէտները շարունակած են հանդիպիլ: Չարենց կեանքին վերջին ամիսներուն տնային կալանքի տակ էր, իսկ Աւետիք Իսահակեան եւ անոր ընտանիքին անդամները կը շարունակէին այցելել կալանաւոր բանաստեղծին: Իսահակեանին հարսը՝ դերասանուհի Պելլա Իսահակեան, կ՚երթայ Չարենցին տեսակցութեան, հանդիպման աւարտին, բանաստեղծը սեղանին վրայ գտնուած արձանիկներէն կը վերցնէ չինական օճառաքարէ արձանիկը, գամով անոր տակ կը փորագրէ. «Սիրելի Աւետիքին, Չարենց, 24/VI 1937 թ.»:
Ասիկա կը համարուի Չարենցի հրաժեշտի նուէրը Իսահակեանին:
ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԴՈՅԼԸ
Իսահակեանի հօրենական տունէն Երեւան փոխադրուած իրերէն կ՚առանձնանայ ջրաման-դոյլը: Այս փոքրիկ դոյլը գրագէտին ամենասիրելի իրերէն եղած է մանկութեան տարիներուն: Ան խաղացած է այս դոյլով, իսկ ընտանիքը սրբութեամբ պահպանած եւ մեր օրերը հասցուցած է զայն:
ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՐԿՂԸ
Այս արկղին մէջ ժամանակին պահուեր են բանաստեղծին գիրքերը եւ անձնական փաստաթուղթերը: Կը պատմեն, որ Իսահակեանին դրացին, որ կօշկակար էր, տունը պատ-ւէրով կօշիկ կը կարէր, եւ քանի որ ատիկա արգիլուած էր եւ բացայայտուելու պարագային կրնար դատուիլ, ան իր գործիքները կը բերէր ու կը պահէր այս արկղին մէջ: Վարպետը զանոնք կը դնէր արկղին յատակը եւ վրան կը շարէր իր գիրքերը:
ՄԱՐՄԱՐԻ ԿՏՈՐՆԵՐԸ
Աթէնքի մէջ Իսահակեան Աքրոփոլիս կ՚այցելէ: Պատմական վայրէն որեւէ քարի կտոր դուրս հանելը արգիլուած էր, բայց փորձութեան չի դիմանար… Աչալուրջ պահակը մոլորեցնելու համար Իսահակեան խորամանկութեան կը դիմէ. ան գետին կը ձգէ գլխարկը եւ երբ կը ծռի զայն վերցնելու, գլխարկին հետ մարմարի երկու փոքրիկ կտոր կը պահէ գրպանին մէջ: Իսահակեան մարմարի կտորները կը բերէ Հայաստան: Անոնք երկար տարիներ կը զարդարեն իր աշխատասեղանը:
ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԸ
Իսահակեաններու ընտանիքը առաջիններէն էր, որ հեռատեսիլ ունէր: Գրագէտին թոռնիկը՝ Աւիկ Իսահակեանը կը յիշէ, որ յաճախ ընկերներով կը հաւաքուէին հեռատեսիլ դիտելու:
Օր մը Իսահակեան խումբ մը երիտասարդներու հետ կը դիտէ «Կանա» ժապաւէնը, ուր համբոյրի տեսարաններ կային: Ան պատշգամ կ՛ելլէ, ծխախոտ մը կը վառէ եւ մտահոգ կ՛ըսէ. «Այս արկղը օր մը կը փճացնէ մեր երեխաները»:
«ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ԵՂՆԻԿԸ» ԱՐՁԱՆԻԿԸ
Աւետիք Իսահակեանի աշխատասեղանի մշտական իրերէն էր «Աղջիկը եւ եղնիկը» արձանիկը: Սիրելի արձանիկը բանաստեղծը միշտ աչքի առաջ կը պահէր: Երբ ան գրասեղանին առջեւ կը նստէր աշխատելու համար, ձեռքի թազբեհը կը կախէր աղջկան վիզէն: Իսահակեանի աշխատասեղանի բոլոր լուսանկարներուն վրայ այս արձանիկը միշտ ներկայ է:
ՄՕՐ ՆԿԱՐՆ ՈՒ ՇԱԼԸ
Բանաստեղծը իր կեանքի տեւողութեան գուրգուրանքով պահեր է մօրը լուսանկարն ու շալը: Արտասահման ապրած տարիներուն լուսանկարը միշտ վարպետին աշխատասենեակը կամ ննջասենեակը կախուած է: Վերջին տարիներուն Իսահակեանը մօրը պատկերը կախած է իր ննջասենեակին պատէն, լուսանկար մը, որ բանաստեղծին ուղեկցած է մինչեւ կեանքին վերջին օրը:
«ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ» ԳՈՐԳԸ
«Սասունցի Դաւիթ» գորգը Իսահակեանին նուիրած է Հայաստանի կառավարութիւնը՝ գրողին ծննդեան 65-ամեակին առիթով: Գորգը յատուկ Իսահակեանին համար հիւսուած է եւ իւրայատուկ է այն իմաստով, որ չմանուած բուրդով գործուած է: Այս գորգը բանաստեղծին սիրելի իրերէն էր եւ կախուած էր հիւրասենեակի պատէն:
ՏՈՒՖԱԿԵՐՏ ՆՍՏԱՐԱՆԸ
Յովհաննէս Թումանեանին դուստրը՝ Թամարը, որ մասնագիտութեամբ ճարտարապետ էր, յաճախ կ՛այցելէր Իսահակեանին: Օր մը վերջինս նստարան ունենալու ցանկութիւնը կը յայտնէ Թամարին:
Բանաստեղծին ծննդեան 80-ամեակին Թումանեանի աղջկան առաջարկով Հայաստանի Ճարտարապետներու միութիւնը, Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագիծով, տուֆակերտ նստարան կը նուիրէ Իսահակեանին: Նստարանը կը զետեղուի թթենիին տակ: Վարպետը շատ կը սիրէր պարտէզը ջրել գիշերով, ապա մրափ մը առնել նստարանին նստած:
***
Զարոբեան 20-ի վրայ գտնուող Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին նպատակն է պահպանել եւ նոր սերունդին փոխանցել այն սուրբ մասունքները եւ իրեղէն վկայութիւնները, որոնք կապուած են մեծ բանաստեղծին անուան հետ: Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ՝ գիտական ընթերցումներ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, բանավէճեր, գիրքերու շնորհահանդէսներ, հանդիպումներ՝ գիտութեան եւ մշակոյթի անուանի դէմքերու հետ:
Նոյնքան հարուստ եւ հետաքրքրական է Կիւմրիի Ա. Իսահակեանի տուն-թանգարանը: Անիկա բանաստեղծին պապենական տունն է, զայն կառուցած է պապը՝ Նիկողայոս Իսահակեանը, 1828-ին: Թանգարանը հիմնադրուած է 1975-ին եւ կը գտնուի Վարդապետաց փողոցին վրայ:
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Լուսանկարները՝ Մետիամաքս
«Ազդակ», Լիբանան