ԼՐՏԵՍ ԿԱՄ «ԾՈՒՂԱԿ»Ը ԻՆԿԱԾ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՈՀ. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԴԵՐԱՍԱՆ ԶԻԱՏ ԻԹԱՆԻԻ «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»Ը

Լիբանանի թատերական կեանքին հետեւող ամէն ոք «ցնցիչ» անակնկալի առջեւ կը դրուէր, լսելէ ետք պէյրութցի անուանի դերասան եւ բեմադրիչ Զիատ Իթանիի ձերբակալման լուրը:

Այս հաղորդումէն անմիջապէս ետք երկրին մէջ շրջան կ՚ընէին տարատեսակ խօսակցութիւններ եւ ասէկօսէներ, ըստ որոնց Իթանի ձերբակալուած էր անհատական խնդրի մը, կամ «սիրոյ պատմութեան» մը հիման վրայ, սակայն եղածը աւելի ծանր էր: Դէպքէն մի քանի օր վերջ արդէն պարզ կը դառնար, որ յայտնի դերասանը ձերբակալուած է Իսրայէլի պետութեան հաշւոյն լրտեսութիւն ընելու ծանրագոյն մեղադրանքով:

Լուրը կը տարածուէր շատ արագ եւ կ՚ունենար «պայթում»ի ազդեցութիւն, յատկապէս որ ոչ ոքի մտքէն կրնար անցնիլ, թէ Իթանիի նման Պէյրութին «կապուած» համարուող արուեստագէտը նման ծանր յանցանքի վրայ «պիտի բռնուէր»:

Լիբանանցի լրագրող Ռատուան Մուրթատայի կարծիքով՝ Զիատ Իթանի թիրախ դարձած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց՝ պարզ անոր համար, որ ան հանրային մեծ եւ կարեւոր կապեր ունէր Պէյրութի հասարակական հնչեղութիւն ունեցող մէկէ աւելի անուանի դէմքերու հետ ու անոր միջոցով էր նաեւ, որ իսրայէլեան մարմիններ պիտի կարողանային իրենց համար «պիտանի» տեղեկութեանց տէր դառնալ:

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՒԱԶԱՆ»ԻՆ ՄԷՋ

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ այսպէս ըսած՝ «արաբական աւազան»ին մէջ ուշագրաւ դէպքեր կը կատարուին: Խօսքը Արաբական ծոցի երկիրներուն ու գլխաւորապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր սերտ գործընկերներուն մասին է, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին մէկէ աւելի առիթներով ու յաճախ թաքուն կերպով կը խօսին Իսրայէլի հետ լեզու գտնելու կարեւորութեան մասին: Տակաւին «արաբական աւազան»ին մէջ «լողացող» ոչ-ռիատամէտ ուժեր հանրութեան կը ներկայացնեն այնպիսի փաստարկներ, որոնց հիման վրայ կ՚ապացուցուի, թէ սէուտցիք թաքուն յարաբերութիւններ ունին Թել Աւիւի հետ:

Իր կարգին, Իսրայէլի վարչամեքենան այս հեռապատկերին վրայ հետամուտ է բացի արաբական աւելի «կակուղ» համարուած կողմերուն հետ համագործակցելէ, «խաղաղութիւն» եւ «խաղաղասիրութիւն» լոզունգներով քարոզչութիւն կատարել իր երկրի քաղաքականութեան ու կեցուածքներուն դէմ եղող երկիրներուն մէջ: Խօսքը այս պարագային Լիբանանի մասին է, ուր մեծ առումով եւ յատկապէս հասարակութեան լայն շերտերուն մօտ երկփեղկումի ընդհանուր գետին մը կայ ու արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան վերաբերեալ կան բաւական տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական տեսակէտներ:

Երբ Լիբանանի հասարակութեան մօտ առկայ երկուութեան կ՚ակնարկենք, ապա հաշուի պէտք է առնել, որ այսօր առկայ երկուութիւնը կապ ունի վերջին տասն տարիներուն երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու բաւական թէժ զարգացումներուն հետ: Օրինակ՝ կարելի է վստահօրէն ըսել, թէ Լիբանանի հասարակութիւնը նախքան Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ 2006 թուականին շղթայազերծուած պատերազմը՝ կարծիք մը ունէր, սակայն պատերազմէն ետք ունի բոլորովին տարբեր կարծիք: Այն առուով որ, լիբանանցիներուն համար նախապէս «Հիզպուլլահ» կը հանդիսանար ներլիբանանեան ազգային ուժ մը։ Սակայն մէկ կողմէ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի (2005թ.) սպանութիւնը, միւս կողմէ 2008 թուականին երկրին մէջ կատարուած քաղաքական-ապահովական դէպքերը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ մը, որ «Հիզպուլլահ» կորսնցուց իր նախկին դիրքը եւ համալիբանանեան մարմին մը ըլլալէ դադրելով դարձաւ որոշ լիբանանցիներուն «առաջնահերթ» ուժը:

Անկէ ետք էր նաեւ, որ սկսաւ ակնբախ կերպով երեւելի դառնալ սիւննի-շիիթ հակամարտութիւնը, որուն հետեւանքով ալ Ռիատ եւ իր դաշնակիցները սկսան թիրախ դարձնել եւ որպէս «իրական թշնամի» ընդունիլ Թեհրանի ազդեցութեան տակ գտնուող «Հիզպուլլահ»ը:

Ու մինչ «արաբական աւազան»ի բաղկացուցիչները ընթացք կու տային ներքին սուր պայքարի մը, Իսրայէլ կը պատրաստէր նոր ընթացակարգ մը, որուն հիմնական առաջադրանքը եւ նը-պատակը պիտի ըլլար արաբներուն մօտ տարածել «խաղաղութեան» եւ «խաղաղասիրութեան» գաղափարականը:

Թել Աւիւի համար այդ գործը բաւական մեծ յաջողութեան պիտի հասնէր Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ, որոնց բնակիչներուն համար Իսրայէլ առաջուան նման միակ թշնամին չէր, աւելի Իսրայէլ ունէր այնպիսի դիրք եւ քաղաքական հայեցակարգ, որ ոչ միայն կը դադրէր թշնամի դառնալէ, այլ նաեւ ընթացք կը տրուէր Իսրայէլի հետ բարեկամութիւն հաստատելու ընդհանուր մօտեցումին:

Բացի այս բոլորէն, յստակ էր նաեւ, որ իսրայէլացիներուն համար շատ աւելի դժուար եւ «թանկ հաճոյք» պիտի հանդիսանար դէպի Պէյրութ թափանցելու դրուածքը: Պէյրութեան գետինը կարեւոր էր, ոչ անոր համար, որ հոն ըլլալիք քարոզչութիւնը պիտի նպաստէր «խաղաղութեան» գաղափարի տարածման, այլ պէյրութեան գետինը իւրացնելը եւ զայն խաղաքարտի վերածելը Իսրայէլի համար պիտի դառնար արժէքաւոր դրոյթ մը: Այսինքն՝ Պէյրութի մէջ սպանութիւն մը, առեւանգում մը, քաղաքական դէմքի մը դէմ կատարուելիք քայլ մը կրնար ազդեցութեան նոր ալիք մը ստեղծելով խառնել եւ խառնակչութեան նախաքայլ մը դառնալ ամբողջ Արեւելքին համար: Ու ակներեւ էր նաեւ, որ Թել Աւիւ շատ լաւ գիտէր, թէ Պէյրութը հեշտ գետին մը չէ: Այն իմաստով, որ եթէ հոն «որսեր» փնտռելն ու գտնելը կրնային հեշտ ըլլալ, բայց եւ այնպէս այդ «քատրեր»ը պահելը պիտի ըլլար դժուարին ու անկարելի բան մը:

Իբր այդ ալ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին Պէյրութի ապահովական մարմիններուն կողմէ կատարուած քօղազերծումները, հետախուզումներն ու ձերբակալութիւնները ցոյց պիտի տային, որ իրօք երկրին գետինը դիւրաւ թափանցելի եւ «վերահսկելի» չէ:

ԶԻԱՏ ԻԹԱՆԻՆ, ԱՆՈՐ ԴԷՄ ԼԱՐՈՒԱԾ ԹԱԿԱՐԴԸ... ԵՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանէն սփռուող «Լ՚իլնաշր» («Հրապարակելի») յայտագիրը յատուկ թողարկում մը տրամադրեց ապահովական մարմիններուն կողմէ ձերբակալ-ւած Զիատ Իթանիի մասին: Այդ յայտագրին ընթացքին հնչեցին կարեւոր փաստեր՝ Իթանի դէմ պատահածին եւ անոր իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան «որս» մը հանդիսանալուն մասին:

Այսպէս եւ ըստ ներկայացուած տուեալներուն՝ Իթանիի եւ իսրայէլացի գործակալուհիի մը առաջին կապը տեղի կ՚ունենար 2014 թուականի առաջին ամիսներուն ընթացքին: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Իթանի ամուսնալուծուած էր ու ընկերային ցանցերուն մէջ «պտըտելու» ընթացքին կը ծանօթանար, ինքզինք որպէս շուէտացի ներկայացնող գեղեցկատես տիկնոջ մը հետ: Ատեն մը ետք Իթանիի եւ այդ կնոջ միջեւ կապերը կը բարելաւուին։ Քոլէթ Վիանվի անունը կրող կինը կը բացայայտէ, որ ինք կը գործէ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց համար: Այդ խօսքէն եւ բացայայտումէն ետք Իթանի բաւական զարմացած ու վախցած կը յայտնէ, որ ինք կ՚ուզէ հրաժարիլ այս «խաղ»էն ու իր կապերը խզել Քոլէթ Վիանվի հետ, որն իր կարգին վերջինիս կը սպառնայ, որ եթէ այդ քայլին երթայ, պիտի ստիպուի հանրայնացնել այն բոլոր ձայնագրութիւններն ու տեսանիւթները, որոնց մէջ ինք եւ Իթանի ունեցած են բաւական «մտերմիկ» պահեր ու կան բաւական «բաց» տեսարաններ:

Խօսքը անշուշտ «Ֆէյսթայմ»ի շնորհիւ կատարուած հեռախօսային կապերուն ու անոնց արձանգրուած տարբերակներուն մասին է, որոնց օգնութեամբ ալ Քոլէթ Վիանվի պիտի կարողանար խայտառակել եւ մինչեւ բանտ հասցնել Զիատ Իթանին: Անշուշտ այս փաստերը հանրութեան կը ներկայացուին, հիմնուելով երկրի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի գլխաւոր վարչութեան կողմէ, յատուկ կարգ մը լրագրողերու ուղարկուած դատաքննութեան լսումներու թեքստերուն հիման վրայ: 2015 թուականին արդէն պարզ կը դառնար, որ Իթանի ինկած էր ծուղակը, որմէ դուրս գալը բաւական բարդ էր, տրուած ըլլալով, որ Պէյրութի մէջ կը կատարուէին զգայացունց ձերբակալութիւններ ու դերասանը մեծ մտավախութիւններ ունէր, որ կրնար ինքն ալ իյնալ ապահովական մարմիններուն ձեռքը:

Իթանի իր կատարած խոստովանութիւններուն ընթացքին խօսած է իսրայէլացի կնոջ «պահանջներ»ուն մասին՝ նշելով, որ Քոլէթ Վիանվի անկէ խնդրած է նախ կապ հաստատել երկրի հանրային ոլորտի գործիչներու եւ մամլոյ խօսնակներու հետ, ապա անոնց հետ մտերմանալէ ետք կապ հաստատել անոնց վերնախաւի ու բարձրագոյն մակարդակի գործիչներու հետ:

Հետապնդման առարկայ եղողներու շարքին եղած են շուրջ տասն լրագրողներ, ինչպէս նաեւ սիւննի երկու ազդեցիկ գործիչներ՝ Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ ալ Մաշնուքը եւ Վարչապետ Հարիրիի մերձաւոր եւ «Ալ Մուսթքպալ» կուսակցութեան երիտասարդ առաջնորդներէն՝ Ահմատ ալ Հարիրին:

Աւելի վերջ յստակ պիտի դառնայ, թէ ի՛նչ հիմունքներով կը գործէր Իթանին, ի՛նչ միջոցներով իր «պատուիրատուի»ին կը հասցնէր հաւաքագրած տեղեկութիւնները եւ ի վերջոյ ի՛նչ էր անոր գլխաւոր թիրախն ու նպատակը: Այս բոլորը անշուշտ լրտեսական շարժապատկերի մը մանրամասնութիւնները չեն, այլ անոնք Իթանիի բերնէն ելած տեղեկութիւններ են, որոնք նաեւ կը ներկայացնենք արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան նուրբ մէկ երեսակը, որուն մասին ալ միշտ չէ, որ կարող ենք տեղեկութիւններ ստանալ:

Ամէն պարագայի, այս բոլորը նաեւ կը մատնեն, որ հակառակ կարգ մը արաբական տէրութեանց Իսրայէլի հետ բնականոնացման երթալու փորձերուն, տակաւին կայ եւ գոյութիւն ունի ընդդիմադիր եւ բուռն ճակատ մը, որ դէմ է Թել Աւիւին հետ նոր էջ մը բանալու բոլոր փորձերուն:

Այդ կողմը եւս իրաւունք ունի իր տեսակէտը պաշտպանելու, պարզ անոր համար, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծումը ընթացք պէտք է առնէ Երուսաղէմէն, ոչ թէ Ռիատէն կամ Պէյրութէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017