ԽՈԶՈՒԿԸ

​Կէտ, կէտ, ստորակէտ,
Քիթ ու բերան՝ շրջանակ...
Անլեզու մանուկը կը զուարճանայ թուղթ ու գրիչով,
վրդովմունքը կը խաղաղի այսպիսով:
Մինչ մայրը՝ ուրախ այս գիւտին յայտնաբերումէն,
տաքուկ համբոյր մը կը դրոշմէ ձագուկին ճակտին:
... եւ մարմնի լեզուն կը բարբառէ,
մանուկին աւանդումով:

***

Կէտ, կէտ, ստորակէտ...
Չէ, բան մը փոխենք, ամէն օր նոյնը կ՚ըլլա՞յ.
միօրինակութենէն խոյս տալով մայրը կը փոխէ գծուած պատկերը,
ստորակէտերուն կը փոխարինեն երկու շեղ հակառակ գիծեր,
քիթ ու բերանին՝ շրջանակի մը մէջ երկու կէտիկներ,
շրջանակին վերեւը երկու փոքր կոտոշիկներ...
-Տե՛ս, ձագս, ասիկա ինչի՞ կը նմանի:
Մանուկը նոր թոթովանքը ճանչցած, հնչիւններ կ՚արտաբերէ:
-Խո-զո՛ւկ, ըսէ՛ ձագուկս, ասիկա խոզուկի դէմք է:
... Ու օրեր շարունակ, նոր բառին վանկերով ուրախ,
մանուկը իւրաքանչիւր ամուր քայլին վանկ մը կը փակցնէ՝
ու խո-զուկ, խո-զուկ, խո-զուկ...

***

Թուղթն ու գրիչը՝ անբաժան ընկերները,
կը կապկեն մօր պատկերները
ու կը դառնան առօրեայ խաղալիք,
թանկագին նուէրները մէկդի...
չէ՞ որ շնրհքն է,
որ մանկութենէն կը յայտնուի...:
Եւ ամէն տեղէ կը գտնուին խո-զուկ, խո-զուկ մակագրուած պատկերներ...

***

Օր մըն ալ, երկու եղբայր,
ոտաբոպիկ
կը մտնեն սենեակը մայրիկին.
մէկուն ձեռքը թուղթ ու գրիչ,
միւսին՝ քանդուած խաղալիք ինքնաշարժի կտոր մը:
իրարու լռութեան նշան ընելով,
մատիկները շրթներուն, մօրը ճիշդ կողքին՝
ծունկի,
ձեռքերը միացած
աչքերը փակ կը նստին...

***

Այսօր ձագուկները՝ մէյ-մէկ երիտասարդ
մէկուն պահարանի փեղկին ներսը խոզուկի առաջին գծագրութիւնը փակած,
միւսին՝ առաջին քանդուած խաղալիքին կտորը.
մէկը՝ յաջողակ գծագրիչ ու երաժիշտ,
միւսը՝ ճարտարապետ,
կը քալեն կեանքի իրենց ուղին...:

***

Հանրախանութներուն այս տարուան ցուցադրուած խոզուկներուն մէջ,
մայրը ի զուր կը փնտռէ իր ձագուկին խոզուկը.
բայց, ժպիտը դէմքին ու թարմացած յուշերը մտքին մէջ,
տոպրակներով դուրս կ՚ելլէ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018