ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՎ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՍՊԱՍԵՆՔ ՄԻԱՅՆ ԳԱՐՆԱՆ

Բախտորոշ ժամանակներ չենք ապրիր արցախեան հիմնախնդրի լուծման տեսակէտէ։ Այս առումով ալ տեղի ունեցած վերջին շփումները ուրուագծուեցան մասնաւորապէս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ կայացած հանդիպումով, որ հերթական բնոյթ մը ունենալէ անդին նորութեան օղակ մը չաւելցուց տագնապի լուծման համար առկայ ընդհանուր շփումներու շղթային։

Ճիշդ է, որ պաշտօնական Երեւանի համար, նոյնիսկ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» տարած յաղթանակի առաջին օրերուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զանազան առիթներով ու քիչ մըն ալ դրական շեշտերով ակնարկեց Արցախի հարցով շփումներու աշխուժացման խնդրին։ Ան նոյնիսկ իր գործընկեր՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ ունեցաւ չնախատեսուած կամ չծրագրաւորուած խօսակցութիւններ ու անկէ զատ ալ զանազան առումներով փորձեց «բաց ափեր»ու լեզուով խօսիլ Պաքուի վարիչներուն հետ։

Արդիւնքները սակայն ոգեւորիչ չէին… Այսօր՝ երբ մասնաւորապէս այս փուլին, զանազան մակարդակներու վրայ կը խօսուի բանակցութիւններու կաղացման, անարդիւնաւէտութեան կամ նոյնիսկ նահանջին մասին, քիչ չէ մասսան այն վերլուծաբաններու, որոնք կը կարծեն, թէ այսօր առկայ իրադրութիւնը կրնայ շատ աւելի վատ տեղեր տանիլ բանակցող կողմերը։

Կայ տպաւորութիւն, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ զիջումներու եւ այդ մօտեցումը արդէն կը ստեղծէ նախատպաւորութիւն մը, որուն համաձայն ներկայ փուլը կ՚իմաստաւորուի յաւելեալ ժամանակ շահելու սկզբունքով։

Յստակ է նաեւ, որ ժամանակ շահելու դրոյթին մէջ ոչ թէ Պաքուն է, որ կը շահի, այլ կը կորսնցնեն բոլորը։ Անշուշտ, եթէ հաշուի առնենք այն փաստը, ըստ որուն արցախեան հիմնախնդրի վերջնական հանգուցալուծումը դրական նոր ճամբայ մը պիտի բանայ երկու հարեւան երկիրներուն, նաեւ այդ երկիրներու «արանք»ը մնացած Լեռնային Ղարաբաղի անկախ տարածքին համար։

Այս բոլորէն անդին, յստակ է նաեւ, որ արցախեան կողմը բանակցութիւններու մէջ ներգրաւելու դրոյթը, որ բնականօրէն հայկական կողմի մօտեցումներով առաջ կը քաշուի, բանակցութիւնները կը դարձնէ աւելի վաւերական ու որոշիչ։

Ի վերջոյ գաղտնիք չէ, որ Արցախի տագնապի հիմնական ողնասիւնը այդ հողերուն վրայ դարերէ ի վեր ապրող հայ ազգաբնակչութեան անկախութեան, ազատ ինքնորոշման, նաեւ անվտանգ ապրելու խնդիրն է, որուն համար ալ արցախցիները պայքարեցան երկար տարիներ եւ ստիպուած եղան յենուլ ոչ թէ միջազգային հանրութեան, կամ կողմերու նեցուկին, այլեւ վստահիլ միայն ու միայն իրենց բազուկին։

Անոնք՝ արցախցիները իրենց սեփական մաշկով, սեփական օրինակով ու նուիրուածութեամբ կարողացան արդար տեղ մը ունենալ, ինչպէս նաեւ միջազային հանրութեան ըսել, որ իրենց համար անկախ ապրելու մօտեցումը միայն ձեւական բան մը չէր, այլ աւելի՛ն էր, անհրաժեշտութիւն էր։

Ամէն պարագայի գետնի վրայ ընթացող շփումները, սահմանին առկայ ընդհանուր (համեմատաբար) խաղաղ իրավիճակը ցոյց կու տան, թէ Արցախի հարցով յառաջիկայ ամիսներուն անհնար է սպասել մեծ փոփոխութիւններու։ Պատերազմի վտանգ, բանակցութեանց աշխուժացում կամ փոխզիջումներով յառաջացած ընթացակարգ. այս բոլորը ի յայտ պիտի գան առաջիկայ գարնան ու մինչ այդ, այսօր առկայ ընդհանուր իրադրութիւնը յստակ է, որ պիտի շարունակուի։

ՏԵՍԱԿԷՏ ԱՐՑԱԽԷՆ

Արցախի նախագահի խորհրդականը՝ Տիգրան Աբրահամեան հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Այսպէս, ըստ Տիգրան Աբրահամեանի, հակամարտութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի կողմէ ծայրայեղ դիրքորոշման պնդումը կը յանգեցնէ բանակցութիւններու դադրեցման։ Աբրահամեան վերջերս նման կարծիք յայտնեց խօսելով լրագրող Անի Գէորգեանի հետ։

-Պարոն Աբրահամեան, պաշտօնական Պաքու ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ իր դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ հիմնախնդրի կարգաւորումը հնարաւոր կը համարէ միայն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ, յարգելով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Այսպիսի դիրքորոշման պարագային բանակցութիւնները կրնա՞ն արդիւնաւէտ ըլլալ: Արդեօք այդ փաստաթուղթով Ատրպէյճան կը փորձէ՞ պատասխանել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ արտայայտուած մօտեցումներուն:

-Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշման տարածումը երկու երկրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ, արդէն իսկ կը խօսի այն մասին, թէ կառուցողական երկխօսութիւն կառուցելու հնարաւորութիւնները կտրուկ կը նուազին:

Միջնորդները կա՛մ պէտք է կանխէին, կամ անկէ յետոյ պէտք է հրապարակային կերպով արձագանգէին Ատրպէյճանի այդ քայլին։ Սակայն ընդհակառակը, անոնց լուռ համաձայնութեամբ իրականացաւ քայլ մը, որ կը հակասէ նոյնիսկ համանախագահներու համատեղ յայտարարութիւններուն:

Այս ձեւով քաղաքական շփումները չեն կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ բանակցութիւններու վերսկսման կամ անոնց բնականոն հուն տեղափոխելուն վրայ:

-ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի նիստի ժամանակ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լարուածութիւնը բարձրանալու իրական սպառնալիք կայ։ Այս փուլին պատերազմի վերսկսման վտանգ կը տեսնէ՞ք:

-ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի այս գնահատականը լաւագոյն ձեւով ցոյց կու տայ այն ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, որ գոյութիւն ունի եւ այն վտանգները, որոնք կրնան տարածքաշրջանային ցնցումներու յանգեցնել: Թէեւ միջնորդները իրենց ամփոփիչ յայտարարութիւններով փորձած էին նաեւ դրական ուժականութիւն մը ցոյց տալ՝ հրադադարի խախտումներու նուազման կամ լրագրողներու փոխայցերու կտրուածքով, այնուամենայնիւ, ընդհանուր մակարդակով, բանակցային գործընթացի առկայ վիճակը աւելի շատ վտանգներ կը պարունակէ, քան դրական տեղաշարժ:

-ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրէն ներս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ կայացաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Երեքուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն որեւէ դրական տեղաշարժի կրնա՞նք սպասել:

-Այդ հանդիպման ամենադրական հանգամանքը յաջորդ հանդիպման ուրուագծումն է, որ կը նախատեսէ նաեւ ամենաբարձր մակարդակով հանդիպման կազմակերպում: Սակայն այս ամէնուն ամենաառանցքային հարցը այն է, որ համանախագահները իրենց յայտարարութեան մէջ, որպէս բանակցութիւններու հիմք կը ներկայացնեն փաստաթուղթ մը, որու վերաբերեալ կողմերը այդպէս ալ վերջնական դիրքորոշում չեն արտայայտած:

Յայտնի երեք սկզբունքներն ու տարրերը պարունակող առաջարկի 2009-2012 թուականներու տարբերակի վերաբերեալ գոնէ հրապարակային գնահատականներ չկան: Անուղղակի ձեւով կողմերը անոնց կ՚անդրադառնան իրենց պաշտօնական դիրքորոշումներով, Հայաստանի վարչապետն ալ քանի մը առիթով նշած է, որ տարընթերցումներ չըլլալու համար այդ առաջարկներու շուրջ, անհրաժեշտ են լրացուցիչ պարզաբանումներ:

Բանակցութիւններու մէջ առաջ շարժելու համար անհրաժեշտ է, որ կողմերը պաշտօնապէս արձագանգեն՝ պատրա՞ստ են եղած առաջարկներու ծրարով շարժիլ, թե՞ պէտք է նոր առաջարկներու ուղղութեամբ աշխատիլ: Կամ թէ մարդասիրական բնոյթի պայմանաւորուածութիւնները, փոխայցերը եւ այլն, անոնք զուգահեռ ընթացող գործընթացներ են:

-Այնպէս կը թուի, որ համանախագահները կ՚առաջարկեն յառաջանալ այն փաստաթուղթով, ինչ որ դրուած է նախորդ իշխանութիւններու առջեւ:

-Այդպէս է. կը թուի, որ համանախագահները արդէն քանի անգամ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նոյնիսկ այդ առաջարկները հաստատած են, որովհետեւ տասը տարի առաջ, ընդունուած Մատրիտեան փաստաթուղթը զանազան ժամանակահատուածներու ընթացքին տարբեր մշակումներ ունեցած է, միջնորդները կ՚առաջարկեն անոր նախնական մշակումներու բնագիրը:

-Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով Պաքուի մէջ խօսած էր փոխզիջումներու հնարաւորութիւններու առկայութեան մասին, առանց Արցախը բանակցութիւններու մէջ ներգրաւելու։ Այս առումով կրնա՞յ քննարկում ըլլալ:

-Փոխզիջում ըսուածը շատ յարաբերական ձեւակերպում է: Ի դէպ, Ատրպէյճանը իր յայտարարութիւններուն մէջ պարզորոշ ձեւով ցոյց կու տայ, որ բանակցութիւններուն մէջ իր մասով փոխզիջման տեղ չի տեսներ: Այս պարագային միջնորդները պէտք է աշխուժացնեն աշխատանքը Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ անոր արտայայտած դիրքորոշումը ծայրայեղ բնոյթ կը կրէ, իսկ այդ դիրքորոշման պնդումը պիտի տանի բանակցութիւններու դադրեցման, որովհետեւ յառաջ շարժուելու տեղ չի ձգեր:

Այս ողջ նիւթի ամենակարեւոր հարցը Արցախի ուղիղ ներգրաւուածութիւնն է, որ Ատրպէյճանը ամէն կերպով կը փորձէ շրջանցել: Սակայն որքան ալ խուսափի, գոնէ միջնորդներու համար պարզ է, որ առանց Արցախի, որեւէ պայմանաւորուածութիւն որեւէ արդիւնքի չի կրնար յանգիլ: Որքան շուտ Արցախը ուղղակի ներգրաւուածութիւն ունենայ բանակցութիւններուն, այնքան արագ հնարաւոր կ՚ըլլայ շփումներն ու բանակցութիւնները աւելի արդիւնաւէտ փուլ տեղափոխել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019