ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ. «Հպարտութիւնը, նկատի ունիմ ինքզինք տեսնելը, աւելի զօրաւոր է քան անմարմին զօրութիւնները, այսինքն՝ սատանան, մինչ խոնարհ հոգին եւ մարդուն գիտակցումը իր գործած մեղքերուն, այնպէս ըրին, որ աւազակը առաքեալներէն առաջ դրախտ հասնի»: Դարձեալ. «Հպարտութիւնը մեղքին մայրը, հիմքը եւ աղբիւրն է»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «Հպարտութիւնն ու նախանձն էր, որ սատանան մղեցին աստուածանալու ցանկութեան, ու հիմա ալ կը ջանայ բոլոր մարդոց կողմէ երկրպագուիլ»:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ կը գրէ. «Ով որ աշխարհային հարստութեամբ, իշխանութեամբ, շնորհով մը կամ առաքինութեամբ մը փքուելով կը հպարտանայ՝ կարծես ամպերուն վրայ որոտալով, այդպիսիին վրէժխնդիրն ու թշնամին Աստուած է՝ անոր պարտութեան մատնելու եւ անդունդները նետելու համար։ Որովհետեւ, մեր բնութեան համար ամբարտաւանութենէն աւելի չար եւ վնասակար բան չկայ։ Ինչ մեղք եւ մեծագոյն չարիք ալ ներկայացնես, ամբարտաւանի դատաստանին հաւասար դատաստան չունի, քանի որ միւս բոլոր մեղքերը մօտենալով մարդուն, անոր միայն մեղաւոր կը դարձնեն, իսկ ամբարտաւանութիւնը՝ մարդուն ամբողջովին սատանայ կը դարձնէ»:

Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ. «Հպարտութենէն աւելի մեծ մեղք չկայ, որովհետեւ իր հետ շղթայուած ունի բոլոր մեծամեծ մոլութիւնները։ Որովհետեւ, հպարտը չ՚ուզեր որ ուրիշ մէկը իրմէ աւելի բարձր ըլլայ, այդ պատճառով նախանձոտ կ՚ըլլայ եւ ուրիշներուն յաջողութիւնները չտանելով՝ բարկութեամբ կը վարուի, չկարենալով անոնց յաջողութիւններուն արգելք ըլլալ՝ կը յուսալքուի եւ ծուլութեան մէջ կ՚իյնայ։ Իսկ որովհետեւ ծոյլը այլեւս շահելու յոյս չունի, ագահ կը դառնայ։ Ագահութեամբ ձեռք բերուած դրամը կը գրգռէ անոր ուտելու-խմելու ախորժակը եւ անիկա որկրամոլ կը դառնայ։ Եւ շատ կերակուրներէն ու խմելիքներէն ցանկութեան ախտը կը բորբոքի եւ ան բղջախոհ կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, հպարտութիւնն է բոլոր մոլութիւններուն մայրն ու դայեակը, անկէ կը յառաջանան մեղքերու անհաշուելի ծնունդները, որոնցմէ մէկն իսկ բաւարար է մարդը կորուստի հասցնելու։ Ուստի, պէտք է փախչիլ հպարտութենէն, քան՝ մահաբեր թոյնէն»: Դարձեալ. «Խոնարհը բարի եւ օգտակար գործը վարժուած է ծածուկ կատարել՝ գովութեամբ չհռչակուելու համար, որովհետեւ Տիրոջմէ կ՚ակնկալէ հատուցում ստանալը։ Իսկ հպարտը փոքր բարի գործ մը որ կը կատարէ, կը ցանկայ հրապարակել, որպէսզի մարդոցմէ գովեստներ ստանայ՝ որպէս իր գործերուն վարձքը, եւ հետեւաբար այլեւս Տիրոջմէ վարձք չի ստանար։ Խոնարհը եթէ մէկէ մը իր մասին գովեստ լսէ, կ՚ամչնայ ու կը տրտմի, իսկ հպարտը կը գոռոզանայ ու կ՚ուրախանայ եւ կ՚ուզէ աւելին լսել»:

Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեան կը գրէ. «Ամէն չափազանցութիւն իրեն հետ կը բերէ զեղծում եւ ապականում անձին եւ զզուանք ուրիշներուն. համեստութիւնը, ամէն պայմաններու մէջ գերադասելին է. ինքնիրեն շարունակ հաւնողը, նշաւակ կ՚ըլլայ ուրիշներու նողկանքին»։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Անտոն Անապատական կը գրէ. «Իմացի՛ր, որ խոնարհութիւնը այն է, որ բոլոր մարդիկը քեզմէ լաւ համարես, բոլոր սիրտովդ վստահ ըլլալով, որ անոնցմէ աւելի մեղաւոր ես եւ գլուխդ խոնարհած ըլլայ իսկ բերանդ ալ բոլորին ըսէ՝ ներէ՛ ինծի»:

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին կը գրէ. «Մեր բոլոր գործերուն ամփոփումը՝ մեր հնազանդութիւնն է Աստուծոյ, որ միաբանութիւն կը հաստատէ ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ։ Այն ատեն ամէն ծունկ կը խոնարհի երկինքին, երկրի եւ դժոխքին մէջ, եւ ամէն լեզու կը խոստովանի, որ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրն է։ Այսպիսով, ամբողջ ստեղծագործութիւնը մէկ մարմին կը դառնայ, բոլորը կը պատուաստուին մէկը միւսին վրայ, եւ Քրիստոսի Հօր հանդէպ մարմինին այդ հնազանդութիւնը իրեն կը բերէ»:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ. «Խոնարհութիւնը իրարմէ անսահման հեռաւորութեամբ բաժնուած բնութիւնները միաւորեց, որովհետեւ չկայ այնպիսի վայր, ուր Աստուած ներկայ չըլլայ՝ բացի ամբարտաւան հոգիէն։ Ինչքան հեռու է արեւելքը արեւմուտքէն, բիւրապատիկ աւելի հեռու է Աստուած ամբարտաւան հոգիէն, սակայն երբ վերջինս կը կտրէ եւ մէկ կողմ կը նետէ չար արմատը եւ կը խոնարհի, անմիջապէս Աստուած կը մօտենայ»:

Պաիսիոս Աթոսացին կը գրէ. «Խոնարհութիւնը կեանքի զարդն է եւ բոլոր առաքինութիւններուն գեղեցկութիւնը: Արդարեւ ան մարդկային հոգիին համար անձրեւի նման է, որ չոր հողին վրայ կ՚իջնէ: Ցած հարթավայրերը բարեբեր ու բերքառատ են, մինչ բարձր լեռները ընդհանրապէս անջրդի կը մնան: Կանգուն մնացած հասկերը դատարկ կ՚ըլլան, մինչ չոքած հասկերը՝ ցորենի հատիկներով լեցուն կ՚ըլլան: Հետեւաբար, դուք եւս ձեռք ձգեցէք խոնարհ սիրտ մը, որով պիտի պտղաբերիք հոգեւոր պտուղներ, որոնք ձեր փրկութիւնը կ՚ապահովեն»: Դարձեալ. «Խոնարհութեան վրայ վստահ, ըսէ՛ անոր. «Այլեւս չեմ խաբուիր, ո՛վ Բանսարկու եւ չեմ հնազանդիր քու մեքենայութիւններուդ, չեմ իյնար քու որոգայթներուդ մէջ, այլ` Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդած եմ եւ Քրիստոսի խոնարհութիւնը ընդունած։ Քրիստոսի համար եղած աղքատութիւնը, նեղութիւնները, նախատինքներն ու հալածանքները աւելի լաւ կը համարեմ, քան այս աշխարհի բոլոր հարստութիւններն ու փառքը»։ Եւ սատանան, այսպիսի խօսքեր լսելով չի՛ կրնար դիմադրել ու այս խօսքերը հանդուրժել, այլ` փայլակի նման հեռու կը փախչի»:

Անանիա Նարեկացի Վարդապետը կը գրէ. «Խոնարհութիւն է, երբ մարդիկ քեզ կը փառաբանեն եւ պարգեւներ կու տան, սակայն դուն քու անձիդ արժանիքներուն չես վերագրեր, այլ՝ զԱստուած կը փառաբանես, Աստուծմէ կը գոհանաս եւ կ՚ըսես, թէ այդ Քու ողորմութենէդ է եւ ոչ ըստ իմ արժանիքներուս, ինչպէս որ Սողոմոնը կ՚ըսէ. “Ինչքան մեծութեան ալ հասնիս, դուն քեզ խոնարհ պահէ եւ շնորհք ու ողորմութիւն կը գտնես Աստուծոյ առջեւ”»:

Շնուտա Գ. Հայրապետը կը գրէ. «Խոնարհութիւնդ որպէսզի պահես, շարունակէ պահել աշակերտութիւնդ, եւ եթէ զգացիր թէ ուսուցիչ եղար եւ աշակերտութեան մակարդակէն բարձր, լաւ գիտցիր թէ սկսած ես հպարտութեան մէջ իյնալ»:

Հարցում. Ի՞նչը կ՚առաջնորդէ ուղիղներուն:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ՚առաջնորդէ» (Առ 11.3): Դարձեալ նոյն գլուխին յաջորդող համարներուն մէջ Առակագիրը կը գրէ. «Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ» (Առ 11.5). եւ՝ «ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ՚ազատէ» (Առ 11.6):

Քրիստոնեաներուն համար բացարձակ ճշմարտութիւնը Տէր Յիսուս Ի՛նքն է. ուստի անոնք որոնք ուղիղ կերպով կ՚ընթանան, անոնց Առաջնորդը Տէրը Ի՛նք է, Ով կ՚ըսէ մեզի. «Թող չխռովին ձեր սիրտերը: Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ Ինծի: Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան. եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ: Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ: Եւ դուք գիտէք թէ ո՛ւր կ՚երթամ եւ անոր ճամբան ալ գիտէք:

Թովմաս ըսաւ Իրեն.

-Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ՚երթաս. արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գիտնալ:

Յիսուս պատասխանեց անոր.

-Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ: Եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք. եւ այժմէն իսկ դուք գիտէք զայն եւ տեսած էք զայն» (Յհ 14.1-7):

Հ. Ի՞նչ պիտի ըլլայ անօրէններուն վախճանը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ՚ընէ» (Առ 11.3): Անօրէններուն ծռութիւնը. այո՛, որովհետեւ մեղքի կեանքը ծռութեան նշան է, ծռիլ ուղիղ ճանապարհէն, մոլորիլ ճշմարտութեան ճանապարհէն եւ ծռելով յայտնուիլ մեղքի աշխարհին մէջ: Եւ եթէ մարդ չգիտակցի իր ծուռ ընթացքին, եւ կամ գիտակցելով հանդերձ շարունակէ ընթանալ նոյն ծռութեան մէջ, ապա արժանի պիտի ըլլայ պատիժի:

Յաջորդող համարներուն մէջ Առակագիրը դարձեալ կը գրէ. «Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ՚իյնայ» (Առ 11.5). եւ՝ «բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին» (Առ 11.6):

Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Սրբազան Պօղոս առաքեալը խօսելով ծառաներու պարտաւորութեան մասին, ձեւով մը նաեւ կու տայ արդարներուն եւ անօրէններուն սպասելիք հատուցման նկարագրական, երբ կը գրէ. «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց: Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսին է որ կը ծառայէք: Իսկ անիրաւը իր անիրաւութեան հատուցումն է որ պիտի ստանայ. որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի՛ դներ մարդոց միջեւ» (Կղ 3.23-25):

Հ. Վերջին դատաստանին օրը հարստութիւնը կրնա՞յ օգտակար ըլլալ զայն ունեցողներուն համար:

Պ. Բնականաբար ո՛չ մէկ օգուտ կրնայ ունենալ հարստութիւնը զայն ունեցողներուն համար, եթէ այդ հարստութիւնը օգտագործած են աշխարհիկ հասկացողութեամբ, եւ չե՛ն օգտագործած իրենց շնորհուած աշխարհիկ հարստութիւնը ծառայեցնելու երկինքին մէջ հարստութիւն դիզելու համար: Առակագիրը կը գրէ. «Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ՚ըներ, բայց արդարութիւնը մահուընէ կ՚ազատէ» (Առ 11.4): Իսկ Պօղոս առաքեալ այսպէս կը թելադրէ իր սիրելի աշակերտ՝ Տիմոթէոսին, որպէսզի յորդորէ հարուստներուն. «Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք: Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ: Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք բերելու համար» (Ա. Տմ 6.17-19):

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը երկու տեսակի հարուստներու մասին, այսինքն՝ երկու տեսակ հարստութիւններու մասին կը խօսի, ըսելով. «Ով որ կը ցանկայ հարուստ ըլլալ, միշտ ալ դրամի կարիք կը զգայ, իսկ ով որ չի՛ ցանկար հարուստ ըլլալ, միշտ ալ բաւարարութիւն կը ստանայ: Ոչ թէ հարուստ ըլլալ, այլ՝ չցանկալ հարստանալ, ահաւասիկ թէ ի՛նչն է հարստութիւնը: Օրինակի համար ըսեմ. հարուստ կայ, որ անխտիր բոլորը կը թալանէ, եւ հարուստ ալ կայ, որ իր հարստութիւնը աղքատներուն կու տայ, մէկը հաւաքելով կը հարստանայ, միւսը՝ ծախսելով, մէկը հողը կը ցանէ, միւսը՝ երկինքը կը մշակէ»:

Իսկ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ. «Երկրային հարստութեամբ ձեռք բերէք երկնայի՛ն հարստութիւնը: Աստուած զուր տեղ քեզի հարստութիւն չտուաւ, եւ Իր հարստութեան վրայ վերակացու կամ մատակարար կարգեց, ո՛չ թէ որպէսզի անվայել բաներու վրայ ծախսես եւ մեղք գործես, այլ՝ որպէսզի ատոր միջոցով անճառ բարիքը ժառանգես, ինչին թո՛ղ որ բոլորս հասնինք՝ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով եւ մարդասիրութեամբ»:

Հ. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է խոհեմ եւ իմաստուն մարդոց ներկայութիւնը մարդկային ընկերութենէն ներս:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ՚ըլլայ» (Առ 11.14): Եւ միթէ նահապետներէն սկսած մինչեւ առաքեալները, եւ առաքեալներէն ետք մինչեւ մեր օրերը Աստուծոյ խօսնակները եղողները Առակագիրին ըսած խոհականները, խորհրդականները չե՞ն, որոնց միջոցով Աստուած մարդկութիւնը դէպի փրկութիւն առաջնորդեց եւ կը շարունակէ առաջնորդել:

Հ. Ճի՞շդ է երաշխաւոր ըլլալ ոեւէ մէկուն:

Պ. Երբե՛ք: Երաշխաւորութիւնը դէպի մեղք տանող ամենէն զօրաւոր կամուրջներէն մէկն է, ուրկէ անցնողը սատանան եւ անոր արբանեակները կ՚ուրախացնէ: Առակագիրը կը գրէ. «Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի, բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է» (Առ 11.15): Առաջին հատուածով Առակագիրը մատնանիշ կ՚ընէ օտարականի մը երաշխաւոր ըլլալու հանգամանքը, սակայն երկրորդ հատուածով ընդհանուր սահմանում մը կու տայ, ըսելով թէ երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է, այսինքն՝ ո՛չ միայն օտարականին, այլ՝ բոլորին նկատմամբ: Որպէսզի ընթերցողը աւելի յստակ հասկնայ այս հանգամանքը, դիմենք նոյնինքն Սողոմոն Իմաստունին, ով 6-րդ գլուխին մէջ երաշխաւորութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Որդե՛ակ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր, քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար: Որդեա՛կ իմ պատուէրս կատարէ, որպէսզի ազատիս: Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար, գնա՛ քու բարեկամիդ խոնարհէ ու թախանձէ անոր: Աչքերուդ՝ քուն ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար. ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ՚ազատի» (Առ 6.1-5):

Հետեւաբար, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ հեռու մնայ երաշխաւոր ըլլալէ ոեւէ մէկուն, որովհետեւ մարդը փոփոխական է, այսօր աջ է, վաղը կրնայ ձախ ըլլալ:

Միակ ճշմարիտ Երաշխաւորը Տէր Յիսուս Ի՛նքն է. արդարեւ, Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ խօսելով յաւիտենական Քահանային՝ Տէր Յիսուսի մասին, այսպէս կ՚աւարտէ իր միտքը. «Աւելին, այս նոր քահանայութիւնը երդումով տրուեցաւ, մինչդեռ միւսներուն քահանայութիւնը երդումով տրուած չէ: Քրիստոս քահանայ եղաւ Աստուծոյ երդումով, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.

“Տէրը անդառնալի երդում ըրաւ, ըսելով.

‘Դուն յաւիտեան քահանայ ես’”:

Ի վերջոյ, միւս քահանաները թիւով շատ կ՚ըլլային, որպէսզի մէկուն կամ միւսին մահով՝ քահանայութիւնը չընդհատուէր: Բայց որովհետեւ Յիսուս յաւիտեան կ՚ապրի, Իր քահանայութիւնն ալ անվախճան է: Ուստի նաեւ կրնայ վերջնականապէս փրկել անոնք՝ որոնք Իր միջոցաւ Աստուծոյ կու գան, որովհետեւ միշտ կենդանի ըլլալով՝ տեւաբար բարեխօս կ՚ըլլայ անոնց համար» (Եբր 7.20-25):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 22

4 դեկտեմբեր 2022 Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022